Kitabı oxu: «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»

Şrift:

Այլասերում

ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄ

Կա՞յ աւելի սիրտ բզկտող իրականութիւն մը, քան մելամաղձոտ մանուկները…

Տղու մը պարզ ու վճիտ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ տխուր ըլլալ, քանի որ յուսահատութիւնը խիստ բարդ հոգեբանութիւն մը կ՚ենթադրէ։

Բնական երեւոյթ մը չէ այս, այլ ախտաբանական ծնունդ մը , օրէնքէն դուրս շեղում մը, բացառութիւն մը։ Խոստովանինք սակայն որ այս բացառութիւնները հետզհետէ օրէնքի կարգ անցնելու վրայ են։

Նոր քաղաքակրթութեան մեծագոյն վէրքերէն մէկն է այս այլասերումը, վաղուան հիւանդութիւնը, հիւանդութիւններուն յոռեգոյնը՝ որովհետեւ ո՛չ մէկ բժշկութիւն պիտի կրնայ զայն դարմանել։ Իր մանրէն երբեք պիտի չգտնուի։

Հին ցեղեր խարոյկներու վրայ կ՚այրէին իրենց լուսնոտներն ու ջլագարները՝ իբրեւ չար ոգիներ։ Պղատոն իր իտէալ հանրապետութենէն կը վանէր մելամաղձոտները։ Սպարտացիներ իրենց տխուր ծնունդները գետը կը նետէին՝ առոյգ ու զուարթ մանուկներ միայն ընտրելով ցեղին պահպանումին համար. ահա ա՛յս կերպով այդ ափ մը փոքրիկ ազգը պատմական դիւցազուններու մեծագոյն ազգը եղաւ։

Այսօր այդ բարբարոս միջոցները ի սպառ հեռացուած են քաղաքակրթութեան սահմանագլուխներէն. բայց այլասերումի վտանգը երթալով անկարելի համեմատութիւններ կը ստանայ։

Այս երկաթէ դարին համար երկաթէ ուղեղներ են պէտք։

Մինչդեռ, օրը օրին, հեւ ի հեւ, ճգնաժամային ու գինեմոլ գործունէութեան մը մտրակին տակ հալածուող մարդկութիւնը ջլագար ծնունդներ միայն կու տայ։

Ալեկոծ Եւրոպան շատոնց ի վեր կը հնչեցնէ ահազանգը։

Օրէ օր նոր սկզբունքներ կը կիրարկուին, առողջապահիկ խիստ միջոցներ կը հետապնդուին. ախտածին մանուկներու համար լեռնային գաղթավայրեր կը հաստատուին, ու անտառային դասարաններ, ու բացօթեայ վարժարաններ, ու աշակերտական ագարակներ։

Այս բոլոր ճիգերուն նպատակն է այդ այլասերած մանուկներուն ուսմունքէ աւելի արեւ տալ, միտքէն աւելի մարմինն աշխատցնել, զիրենք կղզիացնել, չէզոքացնել, հեռացնել մտաւորական ասպարէզէն։ Որովհետեւ վտանգը միայն անհատական չէ, այլեւ ընկերական։ Իրենց հիւանդագին ու չարչրկուած ուղեղը գիտութենէն միայն թոյն կը ծծէ ու թոյն կ՚արտածորէ։ Իրենց մաղձոտ հոգին կը դառնացնէ նախ իրենց սեփական կեանքը , յետոյ իրեններուն կեանքը, ու յետոյ – ամբողջ ցեղի մը կեանքը…։

Աշխարհիս բոլոր մարդասպաններն ու բոլոր չարագործները ձեռք ձեռքի տուած՝ պիտի չկրնային այնքա՜ն երիտասարդ, այնքա՜ն խոստմնալի, այնքա՜ն ընտրուած հոգիներ սպաննել քան Շօփէնհաուէր մը, Նիցչէ մը, Պայրըն մը…։

Այլասերած մանուկներու օրօրոցներո՛ւն մէջ պէտք է փնտռել անձնասպանութեան քարոզիչները, յոռետեսութեան առաքեալները, ապականութեան մարգարէները։

Անոնք կը ջլատեն գործունէութեան ամէն տենչ, երջանկութեան ամէն յոյս, սրբութեան ամէն հաւատք։

Անոնք չեն յառաջդիմեր այլ կ՚ոստնուն, չեն երազեր այլ կը զառանցեն, չեն օրհներ այլ կը նզովեն, չեն սիրեր ալ կը տռփան։

Իրենց երգը հայհոյանքի մը պէս ամբարտաւան է, իրենց ժպիտը հեգնութեան մը պէս վիրաւորիչ։

Օրինա՞կ կ՚ուզէք։ Բայց ամէ՛ն ազգերէ աւելի Հա՛յ մտաւորականութիւնը կը վխտայ այս բացասական հանճարներով։

Գիտեմ որ հին մշակոյթ ունեցող ցեղերու համար այլասերումը տիեզերական օրէնք մըն է։ Գիտեմ որ մեզ նմանող հին ու անտէրունջ ցեղ մը՝ ինչպէս են Հրեաները՝ նոր ազգերէն քառապատիկ աւելի խենթ կը ծնցնէ։ Սակայն այդ ափ մը Հրեայ ցեղը աւելի բազմաթիւ հանճարներ տուաւ աշխարհին՝ քան ամբողջ եւրոպական ազգերը՝ ձեռք ձեռքի տուած…։

Մենք ալ իրենց պէս ինչո՞ւ չկարենայինք տալ միակ Հայ հանճար մը որուն գոյութիւնով սա խրոխտ Եւրոպան հպարտանար, եւ համայն մարդկութիւնը բանո՛վ մը գոնէ պարտական ու երախտագէտ ըլլար մեզի։

Կէս֊հանճարներ շա՜տ։ Բայց երբ փոքրիկ ցեղի մը մտաւորական բանակը տաղանդաւոր փոքրիկ վիժուկներով միայն կը լենայ՝ անհանդուրժելի, գայթակղեցուցիչ, դատապարտուած ցեղ մը կ՚ըլլայ այն։

Զգո՜յշ , զգո՜յշ։

Եթէ Եւրոպան է որ կը հնչեցնէ այլասերումի ահազանգը, մի՛ մոռնաք որ այդ սարսափելի ախտը ամէնէն առաջ մե՛ր ցեղին կը սպառնայ՝ իբրեւ հին ցեղի մը։

Ու մենք՝ փոխանակ արմատախիլ ընելու, տգիտօ՛րէն կ՚ընտրենք է՛ն ախտավարակ ծիլերը ու զիրե՛նք միայն կը մշակենք։

Այն բոլոր առոյգ, պայքարող, զուարթ ու աչքաբաց երիտասարդութիւնը որ կը լեցնէ մեր վարժարանները, կ՚առնենք օր առաջ գործի տալու համար…։ Իսկ այն քանի մը ճղճիմ, տժգոյն ու տխուր տղաքները, այն պատանի ծերունիները որ արեւէն ու պայքարէն խուսափելով՝ դպրոցի մութ անկիւններուն մէջ թուղթ կը մրոտեն, անոնք դպրոցէ դպրոց, երկիրէ երկիր , համալսարանէ համալսարան կը ղրկենք։

Խեղճե՜րը…։ Անո՛նք կը լեցնեն պանդուխտ ուսանողի գերեզմանները, անոնք կը լեցնեն հարուստի նախասենեակները ու վաճառականի գրասենեակները. հիւանդանոցի խշտեակները անո՛նք կը լեցնեն…։

Ու կը պատահի մեզ ա՛յն ինչ որ ո՛չ մէկ քաղաքակիրթ ազգի չէ պատահած։ Մեր գիւղացի ու շուկայի դասակարգը աւելի՛ մտացի է քան ա՛յն որ մտաւորական կը կոչուի. ընթերցողը աւելի ողջամիտ է քան գրողը. առաջնորդուողը աւելի հեռատես է քան առաջնորդողը. ուրիշ խօսքով՝ մարմինը աւելի խելացի է քան ուղեղը…։

Զարմանալի չէ ուրեմն որ ընթերցողները մեր մէջ հետզհետէ կը քիչնան։ Այսօր արդէն աւելի գրող կայ, քան կարդացող։

Բնախօսական օրէ՛նք մ՚է որ մարմինը իր մէջէն քիչ֊քիչ կը չէզոքացնէ, կ՚անջատէ, կը վտարէ այլասերած մասերը։

Նոյն օրէնքո՛վ միայն կարելի է բացատրել թէ ինչո՞ւ մեր մտաւորականութեան ու մեր հասարակութեան միջեւ գտնուող կապը քիչ֊քիչ կը բարակնայ։ Ցեղը կը մնայ առաւել քան երբեք առո՛ղջը, ու իր մէջէն կը չէզոքացնէ, կ՚անջատէ, կը վտարէ օտարացած ու այլասերած տարրերը։ Գլուխը մարմնին կապող նիհար պարանոցը երթալով կը բարակնայ։ Ու հեռու չէ գուցէ այն օրը երբոր վիզը փրթելով՝ մեր մտաւորականութիւնը անմարմին գլուխ մը պիտի ըլլայ միայն, եւ մեր ցեղը՝ անգլուխ մարմին մը…։

Չէ՞ք տեսներ արդէն թէ ի՜նչպէս շատ մը գրագէտներ լիրբ քաջութիւնը ունին յայտարարելու թէ իրենք ժողովուրդին համար չէ՛ որ կը գրեն։

Ո՛չ, հօտին ու հովիւներուն միջեւ անհասկացողութիւնը երբեք այսքան մեծ չէր եղած։

Գառնուկի պէս անզէն ցեղ մը ամէ՛ն օր, ամէ՛ն օր կը յօշոտուի։ Իսկ մեր գամբռները խելօքցեր, փիլիսոփայացեր, քաղաքակրթուեր են, տիեզերական եղբայրակցութեան մը խօսքերը կ՚ընեն մեզի, ու կ՚երազեն այն հեռաւոր օրուան՝ ուր գայլ ու գառնուկ մէկտեղ կ՚արածուին…։

Մանուկի պէս տգէտ ցեղ մը ուսման կաթին է կարօտ, այն բարի ու անարատ ու սպիտակ կաթին որ հիւանդներն իսկ կարենային մարսել։ Իսկ մեր համալսարանականները, որ մեր մտաւոր ստնտու մայրերը պիտի ըլլային, դեռ կերածնին չմարսած կու գան մեր առջեւ փսխելու…։

Որբուկի պէս անտէր ցեղ մը հուժկու, ու լուսեղ ու սիրտբուխ բարբառի մըն է ծարաւ։ Իսկ մեր գրագէտները հանելուկային, առեղծուածային, խաւարակուռ բաներ կ՚ըսեն իրեն. ու մեր քերթողները՝ գրիչնին հայ արեան մէջ թաթխելէ վերջ՝ չինարէն տաղեր կը գրեն որպէսզի մա՛րդ չհասկնայ…։

Թռչունի պէս վիրաւոր ցեղ մը, փոքրիկ վիրակապի մըն է կարօտ՝ իր թեւերը նորէ՛ն բանալով միջոցին մէջ արծիւի պէս սաւառնելու համար։ Իսկ մեր ընկերաբանները թո՜յն կը փչեն բոյներէն ներս, ու մեզ կը խօսին այն տարտամ ապագաներուն վրայ՝ ուր ազգ ու հայրենիք ու ընտանիք կը լուծուին համաշխարհային միջազգայնութեան մը մէջ…։

Այսպէ՜ս էր նաեւ հին Յոյներուն մէջ։ Երբոր հիւանդ մը փրկելու ամէն յոյս կը կորսուէր՝ բժիշկը կը հեռանար իր սնարէն, ու փիլիսոփայ մը կը նստէր հոգեվարքին մօտ, մահամերձը մխիթարելու համար այն յոյսով թէ օր մը ամէ՛ն կեանք ու ամէ՛ն անհատականութիւն պիտի հալին տիեզերական գոյացութեան մը մէջ…։

Ո՛չ, մենք դեռ այդ օրին չհասանք, մենք դեռ ապրիլ կ՚ուզենք, մեզ հոգիի ու մարմնի բժիշկներ միայն պէտք են։

Հեռո՜ւ մենէ՝ ախտագի՛ն մտաւորականներ։ Դուք ցեղին ուղեղն էք. բայց երբ այդ ուղեղը ուրիշ կերպ չի կրնար խորհիլ քան յուսահատեցնելով մեր կենսունակութիւնը, մենք պիտի փրցնենք ու նետենք այդ ուղեղը։

Մենք նոր միտքեր, նոր սիրտեր, նոր հոգիներ պիտի դարբնենք։

Մեզի կարմիր ու մսուտ շուրթներով, ուժեղ ու ժպտուն գրականութիւն մը պէտք է։

Մեզի առողջ ու երիտասարդ մտաւորականներ պէտք են։ Ձուկն իր գլուխէն կը հոտի, ազգն՝ իր մտաւորականներէն։ Անո՛նք են ցեղի մը գլուխը։

Կրնայ մարմինը շատ ուժեղ ու շատ գործունեայ ըլլալ, բայց երբ ուղեղը խաթարուած է՝ այդ մարմնին շարժումը պիտի ըլլայ միա՛յն յիմարական գործունէութիւն եւ անպտուղ յոգնութիւն։

Ահա թէ ինչո՞ւ իրական վտանգները թողլով՝ հովերուն դէմ ու մենք մեզ դէմ կը պայքարինք։ Ահա թէ ինչո՞ւ փոխանակ յառաջդիմելու՝ խենթերու պէս կեցած տեղերնուս վրայ կը ցատկենք երկու հազար տարիէ ի վեր…։

Այո, մեր ցեղը տարօրինապէս կենսունակ ու աշխատող ցեղ մըն է։ Այո՛, մեր հնամենի նաւը դեռ ջուրերուն վրայ կը ծփայ, դեռ չընկղմեցաւ։ Բայց ի՞նչ է պատճառը որ երէկուան նաւակները մեզ արդէն անցան, ու մենք Ուրուական Նաւին պէս կը ծածանինք դեռ, անխորասուզելի՜, բայց եւ հաստատ ցամաքի մը հասնելու անկարող…։

Ասոր պատճառները շատ բարդ են անշուշտ։ Բայց գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ ա՛յն է որ ղեկին գլուխը կը նստեցնենք մեր է՛ն ախտագին, է՛ն այլասերած, է՛ն անպէտ ծնունդները։

Սակայն ստո՜յգ, ստո՜յգ կ՚ըսեմ ձեզի , վտանգը մեծ է, շատ մեծ, աւելի՛ մեծ, քան կրնանք ենթադրել։

Ժամանա՛կն է հակազդելու , հակազդե՛նք։

Մեզի նոր Ոսկեդար մը պէտք է, նոր Ոսկեդա՜ր մը։

Այլասերո՞ւմ, ո՛չ , Վերածնո՜ւնդ…։

Լօզան , 1911

Մի՛ շնար…

ՄԻ՛ ՇՆԱՐ…

– Բժի՛շկ , – ըսաւ , – զաւակ չունենալու համար ճար մը, ճարակ մը չունի՞ս…։

Ու ա՛յնքան բնական ու մտերիմ կերպով ըսաւ այդ ահագին, գրեթէ ոճրագործային հարցումը, որ զարմացած երեսը նայեցայ. լա՛ւ սնած ու ինքիրմէն գոհ մարդու երես մը, կարմիր ու տափակ, որ կարծես առատ ճաշէ մը վերջ « Փա՜ռք Տեառն» կ՚ըսէր։

Փա՜ռք Տեառն։ Ո՞ւրկէ արթնցաւ մէջս այս միտքը, չեմ գիտեր. յետոյ միայն հասկցայ որ Տիրոջ փառք տալու այնքան ալ զօրաւոր պատճառներ չունէր։

Իր նախնական հագուստ֊կապուստը, իր բարի՛ անասունի աչերը, իր լայն վիզը որ օձիքը չէր սեղմեր, իր ծանրկեկ ոսկի շղթան, հաստ փայտի մաշած գաւազանը՝ որուն կը կռթնէր, ու վերջապէս իր ձեռքի սեւ համրիչը, ինծի հասկցուցին, թէ այս մարդը համոզելու համար՝ իմ փաստերս Գիտութենէն աւելի Կրօնքին մէջ պէտք է փնտռէի, «Աճեցէք ու Բազմացարուք»ին շուրջ։

Բայց խորաթափանց ու խորամանկ, ան իսկոյն զգաց որ իմ Աստուածաշնչական հմտութիւնս շա՜տ տարտամ, ու կրօնական փաստերս ալ շա՜տ տկար էին, ու ինծի ցոյց տալու համար որ փաստերուն զօրաւորագոյնը ի՛ր կողմն էր, իր գրպանին մէջ կամա՜ց մը ձեռքով քանի մը արծաթներ հնչեցուց։

Այն ատեն ա՜լ չի համբերեցի։

– Ի՜նչ , – ըսի , – թող անդին աղքատին զաւակները տասնեակներով ծնին, չոր հացով մը մեծնան փողոցներու մէջ, շան ձագերու պէս, առանց բժիշկի ու կրթութեան, երբ փոքր՝ գերեզմանները կը լեցնեն, երբ մեծ՝ ձեր գործարաններն ու քսակները, ու դո՛ւք՝ որ ամէն դիւրութիւն ունիք առողջ, զարգացած, օգտակար անհատներ հասցնելու՝ եկեր էք զաւակ չունենալու համար ճար ու ճարա՞կ խնդրելու. դո՛ւք որ ձեր ուժին ու ձեր տարիքին լիութեանը մէջն էք, կայտա՜ռ , առո՜ղջ…։

– Առո՜ղջ, առո՜ղջ. ընդմիջեց՝ գլուխը հաստատ֊հաստատ շարժելով։

Բայց ես թող չտուի որ շարունակէր. զիս համոզելու երկրորդ փորձ մը ըլլար թերեւս այն. ու մատենադարանս ցոյց տալով իրեն.

– Կը տեսնէ՞ք , – ըսի , – այս բոլոր գիրքերը. անոնք իմ վարպետներս ու իմ հայրերս են. բոլորն ալ ինծի կը նային, ես իրաւունք չունի՛մ կեանքէն կանխաւ զրկելու այն զաւակները, որոնք թերեւս օգտակար ու երջանիկ պիտի ըլլան կեանքին մէջ…։

Այն ատեն, ծա՛նր֊ծա՛նր կշռելով իր բառերը՝

– Բժի՜շկ, բժի՜շկ , – ըսաւ , – դուն դեռ երիտասարդ ես. առա՛նց գիտնալու մի՜ դատեր. գիտութեան պէս չոր մի՛ ըլլար. այդ մատենադարանին գիրքերը բոլո՛րն ալ կռնակնի՛ն դարձուցեր են կեանքին. մինչդեռ կեա՜նքը… է՛ն երջանիկ կարծուած կեա՜նքը…։

Չի կրցաւ շարունակել. օդին մէջ լա՜յն շարժում մը ըրաւ ձեռքով, ու գլուխը վար հակեց։ Դերասանութի՞ւն էր ըրածը…։

Կը դիտէի այդ հակած գլուխը, որ ո՛չ հանճարի ու ո՜չ չարիքի ուռեցքներն ունէր. կլոր, պարկեշտ, քրիստոնեա՛յ գլուխ մը։ Յետոյ մազերը դիտեցի, քառասունէն֊քառասունը հինգնոց աղ֊պղպեղ մազեր՝ որոնք իր տարիքին ու դաստիարակութեան համեմատ կա՛րճ պէտք էր կտրուած ըլլային. ինչո՞ւ երկայն էին անոնք. տեղ֊տեղ երեւցող բացութիւննե՞րը ծածկելու համար։ Այդ համեստ ու գաղտնի ճաղատութիւնը ուշադրութիւնս գրաւեց. անիկա գագաթին լուսեղէն թագը չէր, ոչ ալ ճակատին պատկառելի բացութիւնը, որոնց առաջինը փորձառութեան, եւ երկրորդը՝ խելացութեան նշան կը համարուին , ու երկուքն ալ քիչ թէ շատ հպարտ են իրենցմէ, ճակատս բաց է֊ի հպարտութիւնով մը։ Ո՛չ, ասիկա պահուըտո՛ղ ճաղատութիւն մըն էր. հազի՜ւ տեսանելի, տե՛ղ֊տեղ միայն անտառին մէջ գտնուող բացաստաններուն պէս՝ որոնք հեռուէն չեն երեւար ու գիտցողնե՛րը միայն կը գտնան։ Յետոյ, մտքի ոստումով մը, խորհեցայ որ ձեռքի հաստ գաւազանը զարդի համար չէր, այլ իր քալուածքը երաշխաւորելու համար…։ Ու իսկո՛յն կասկածը ծագեցաւ մտքիս մէջ, յանկարծակա՛ն, սարսափելի՛, չզսպուո՛ղ, կասկածը։ Ի՜նչ… այդ բարի քրիստոնեայի գլխուն մէջ կը կրծէ՞ր միթէ որդը, աշխարհիս ամէնէն զզուելի որդը…։

Կարելի՞ է սակայն այդքան փոքր բաներէ այսքա՛ն մեծ կասկածներ ունենալ։ Ո՜վ դուք, որ այսպէս կը խորհիք, չէք գիտեր թէ հիւանդութիւն մը կայ որ բոլոր ախտերը իր մէջ կը պարունակէ ու կը գերազանցէ զանոնք. ճաղատութի՞ւն թէ բորոտութիւն, յիմարութի՞ւն թէ անդամալուծութիւն, կոկորդի՞ թէ փորի ցաւ, բոլո՛րն ալ. ու դեռ այնպիսի՛ ցաւեր, որոնք չեն ըսուիր ու չեն խոստովանուիր։ Ու այդ հիւանդութիւնը մեր մէ՛ջն է, ամէնուրէք, ամենազօ՛ր, անտեսանելի՛։ Իր անունին շուրջ մարդկութիւնը դաւադիր լռութիւն մը սարքած է. չարիքին լռութիւնը։ Հարուստ շրջազգեստներու տակ կը պտտի, ներկուած շրթներու վրայ կը ժպտի, մէ՛կ հպումով կը փոխանցուի…։ Ի՞նչ պատճառ կար որ այս մարդը զերծ ըլլար այդ հպումէն։

– Խե՜ղճ մարդ , – ըսի , – քու կեանքիդ մէջ գաղտնիք մը կայ որ ինձմէ կը պահես։

Սարսափա՜ծ՝ դրանս նայեցաւ որ լաւ մը գո՞ց է։

– Գթա՛ ինծի, գթա՛ տարիքիս, բժի՛շկ , – ըսաւ… – բայց քանի որ մատդ վէրքի՛ն վրայ դրիր, լաւ է որ սիրտս բանամ, անգամ մը գոնէ կեանքս թունաւորող ցաւը դուրս թափեմ։ Ա՜խ, եթէ ժամանակին գիտցա՜ծ ըլլայի, խօսա՜ծ ըլլայի, թերեւս իմ ցաւիս ալ դարման մը գտնէին։ Բայց մեզի այս բաները չսորվեցուցին, բժի՛շկ։ Դպրոցները մեզի քառակուսի արմատներ սորվեցուցին. կեանքին արմատը՝ ամօ՛թն է ըսին։ Ու ես՝ քիչ֊շատ դիրքի տէր մարդ, նոր կարգուած մարդ, ես ինչպէ՞ս ըսէի որ ամօթալի ու սարսափելի բա՛ն մը կեանքիս արմատը կը կրծէր…։ Քանինե՛ր գիտեմ որ աներկի՜ւղ ու անպատի՜ժ կը մեղանչեն։ Ես միշտ ժուժկալ ապրեցայ. կնոջմէս զատ կին չճանչցայ…

Կասկածո՜վ երեսը նայեցայ։

– …Բացի մէկէն… մէ՛կ անգամ միայն…։ Ու գլուխը անգամ մըն ալ դուռին կողմը դարձուց, ու ձայնը աւելի ցածցնելով ըսաւ.

– Այն ատեն մենք դեռ նոր ամուսնացեր ու մեղրալուսնի համար Վենետիկ գացեր էինք։ Օր մը, Մեծ֊Հրապարակին վրայ կեցեր՝ աղաւնիները կը դիտէի։ Վրայէս հասկցան որ օտարական մըն եմ. մէկը եկաւ որ ինծի Սուրբ Մարկոսին թուականները պատմէ. միւսը եկաւ որ Տոժերու պալատը պտտցնէ. ուրիշ մը եկաւ որ զիս ապակեզարդերու գործարանները տանիլ կ՚ուզէր։ Վերջապէս չորրորդ մը եկաւ որ սրտէ՛ս խօսեցաւ. «քեզի , – ըսաւ , – աշխարհիս ամէնէն գեղեցիկ բանը ցուցնեմ »։ Արդէն Վենետիկի համար այդ տեսակ խօսք մը լսեր էի։ Գաղջ արեւը արիւնս կը տաքցնէր, առջեւս աղաւնիներ իրա՛ր կը կծծէին… «Աշխա՜րհ գալ ու աշխարհին համը չառած երթա՜լ՝ ըսի. ինչո՞ւ Աստուծոյ շինած հրաշալիքին մօտենալը մեղք ըլլայ…»։ Մօտեցայ ու բերնիս համը առի…։ Երբ պանդոկ դարձիս՝ տեսայ կինս – դեռ տասնեօթը տարու – որ ժպտելով ինծի իր շրթներն երկնցուց, ինքզինքէս զզուեցայ. հասկցա՛յ որ հոգիս թունաւորուեր էր, ամիսներ վե՜րջ միայն գիտցայ որ մարմինս ալ թունաւորուեր էր…։ Ի՛նչպէս կրնայի երեւակայել թէ, կապոյտ աչերով եւ սեւ մազերով այդ փոքր աղջիկը, դժոխայի՜ն սերմնացանի մը պէս՝ մա՜հ էր ցաներ մէջս իր մերկ թեւերով…։

Ու այդ պարկեշտ մարդը, որ ո՛չ Տոժերուն պատմութիւնը գիտէր Վենետիկէն համ առնելու համար, ո՛չ Հառաչանաց֊Կամուրջին անցեալը, ո՛չ Սուրբ Մարկոսին արժէքը, այդ խոնաւ քաղքին մէջ, միայն Վենետիկի վաճառուհին էր տեսեր…։

– Սոդոմ֊Գոմո՜ր, Սոդոմ֊Գոմո՜ր, կը հառաչէր միայն, երկինքին կրա՛կը թող տեղայ այդ մեղքի տուներուն վրայ։

Ուզեցի իր ցաւը մեղմել, ցոյց տալով որ քանինե՜ր կը տառապին իր ախտէն։

– Եթէ , – ըսի , – Սողոմոն իմաստունին հետ քիչ մըն ալ Վոլթէր կարդացած ըլլայիր, աչքերդ աւելի՛ բաց պիտի ըլլային աշխարհային իրողութիւններուն վրայ։ «Երբոր , – կ՚ըսէ այդ ծերունին , – երեսուն հազարնոց բանակ մը հաւասար թիւով բանակի մը դէմ կը ճակատի, կրնանք վստահեցնել որ երկու կողմէն մերձաւորապէս քսան հազար սիֆիլիզ կայ»։

– Ա՜խ, բժի՛շկ, այդ բառը մի՛ ըսեր, այդ բառը կը զզուեցնէ զիս…։ Վոլթէրէն հազարներո՜վ տարի առաջ Աստուածաշունչը՝ աւելի՛ պատշաճ կերպով, արգիլուած պտուղին քով օձ մը նկարեր է…։ Այդ օձը իմ բոյնս քանդեց, ո՛չ թէ միայն իմ արիւնս, այլ զաւակներուս արիւնն ալ թունաւորեց։ Այդ խեղճերը՝ դեռ հազի՜ւ քանի մը ամսու՝ կը վիժէին իրենց մօր արգանդէն, կեանքի գալարումներով, արիւնոտ, զարհուրելի…։ Յետոյ զաւակ մը եկաւ , ինն ամսու. ա՛խ, այդ զաւակը, ի՛մ զաւակս…։ Մարմինն ամբողջ փշտիկ֊փշտիկ, պալար֊պալար, թարախ ու շարաւ…։ Միայն երկու օր ապրեցաւ. բայց այդ երկու օրերը՝ երկու դարեր…։ Ո՛չ, բժի՛շկ, ես ալ զաւակ չեմ ուզեր. եթէ նոյնիսկ ան ապրի, չէ՞ որ զիս անիծելով պիտի ապրի։ Եհովան երբ կ՚ըսէր թէ « Ես վրիժառո՛ւ Աստուածն եմ, ու մինչեւ եօթներորդ սերունդդ կը հարուածեմ քեզ» չէ՞ որ այս հիւանդութեան համար կ՚ըսէր…։

Ու այդ հաստատուն , այդ աստուածավախ մարդը, տղո՛ւ մը պէս, տղո՛ւ մը պէս սկսաւ լալ…։

– Իմ կինս ինծի իր հարստութիւնը բերաւ։ Ան ինձ իր միամտութիւնն ու իր ժպիտը բերաւ, վա՜յ Աստուած, ես ի՜նչ տուի իրեն։ Ան կարծեց դրախտը մտնալ , ես իր դպած տեղը դժոխք ըրի։ Ան երախայ մը ուզեց, ես է՛ն սարսափելի հրէշը նետեցի իր ձեռքերուն մէջ։ Ան իր շրթներն ինծի մօտեցուց, ես իմ երախս բացի. նայէ՛, բժի՛շկ, բերա՞ն է այս…։

Իր բաց բերնէն գաղջ գարշահոտութիւն մը ելաւ. խորը, բերնին խորը, պատառոտած, խոռոչուած, կերուած տեղեր կային. տեղ֊տեղ կարմիր, արիւնոտ, ճերմկոտած, դեղնոտած. «որդնոտած » պիտի կարծէր անփորձ աչք մը։

Ու այս մարդը որ մարդերուն մէջ կը շրջէր, յարգուա՛ծ, որ խունկ ու սաղմոս կը բուրէր, որ այրերուն իբրեւ տիպար այր, աղջիկներուն իբրեւ տիպար ամուսին կը ցուցուէր, այս մարդը՝ իր մէ՛կ համբոյրով, հազար անգամ աւելի թունաւոր քան Յուդայինը, ամբողջ սերունդներ վարակելու պաշտօնը ունէր…։ Ու բախտը, որուն համար կո՛յր է կ՚ըսեն – հազարներո՛ւ մեղքը քաւելու համար կարծես դիտմամբ ընտրած էր այս խե՜ղճ քաւութեան նոխազը, այս պարկեշտ ու տգէտ մարդը, որ նոյնիսկ կ՚անգիտանար թէ իր մէկ լորձունքին մէջ ա՛յնքան վարակիչ ուժ կայ…։

Ոտքի ելաւ. գլուխը երերտկալէն՝ բռունցքը դէպի երկինք վերցուց, եւ կարծես թէ Մովսէսին երկու քարէ֊տախտակները վերցնէր իր երկու ձեռքերուն մէջ, անոնց բովանդակ ծանրութեան տակ ընկճուած՝ ինքնիրեն՝

– Մի՛ շնար… – ըսաւ։

Մի՜ շնար։ Այդ մէ՛կ բառին մէջ պատուէր մը ու պատուհաս մը կար, դաս մը ու դաւադրութիւն մը։ Բոլոր կիրքերը, փորձութիւնները, վայելքները, գաղտնի համբոյրները կը դատէր ու կը դատապարտէր այդ մէ՛կ բառը։ Մի՛ շնար… ամբողջ արքայութիւն մը ու դժո՛խք մը։

Ու երբ ան կը մեկնէր, ես անգա՛մ մըն ալ կը դիտէի իր հաստ փայտէ գաւազանը՝ որ իր անկայուն ու ինկող քալուածքը կ՚ապահովէր, իր մատները՝ որ թեթեւ մը կը դողային, իր թարթիչները որ վարագոյրի պէս վար իյնալու ձեւ մը ունէին, իր բիբերը՝ ասեղի ծակերուն պէս նեղ, ու կը նախատեսէի որ իր քայլերուն ետեւէն կ՚ երթար թապէսը, տռամին վերջին արարուածը, որ մարդուն վրայէն իր աստուածութիւնը կը վերցնէ՝ անոր ծննդագործութիւնը ջնջելով, որ զարհուրելի ցաւերով կը տանջէ, որ կ՚անդամալուծէ ու կը ստորնացնէ, որ մարդկային ամէն սրբութիւն գարշանքի մէջ կը լրացնէ, որ չի՛ մեռնիր, այլ ողջ֊ողջ կը փտեցնէ…։

– Մի՛ շնար…։

Լօզան , 1913

Կէս խենթը

ԿԷՍ ԽԵՆԹԸ

Գեղեցիկ առտու մը անակնկալ նամակ մը առի Պոլսէն։ Յայտնի ընտանիք մը կը խնդրէր ինձմէ իսկոյն Մոնթէ֊Քարլօ մեկնիլ՝ որովհետեւ հոն իրենց տղան յանկարծակի խենթեցեր էր, ու իբրեւ փաստ՝ ներփակ սա՛ տեսակ նամակ մը ղրկեր էին՝ տղուն կողմէ իրենց գրուած.

«Սիրելի սիրեցեալք

Գրութիւննիդ ստանալով ստանալուս պէս ստացայ ու պատասխանը գրելով գրելնիքէն կը գրեմ…»։

Ու այս ոճով 16 խոշոր երեսներ։ Բայց ինչ որ զիս պարունակութենէն աւելի հետաքրքրեց՝ գիրերուն ձեւն էր։ Հազար հինգ հարիւր տարիէ ի վեր Սահակ֊Մեսրոպին գիւտը այսքա՛ն չարչարուած չէր։ Այլանդակ հասակներով, դողդոջո՜ւն, բարակո՜ւկ գիծեր, որոնք կ՚ելլէին, կ՚իջնէին, ո՛ւր երթալնին չգիտնալով կը շարուէին, տեղ մը կը մնային, կամ ինքզինքնին գտնելու համար ծուռ ու մուռ շրջանակ մը կը գծէին եւ խոշոր բառ մը ծակի մը մէջ կը սեղմէին, այնպէս որ բառերը՝ իմաստ մը տալու ճիգով ստիպուած էին կրկնուելու, տասնապատկուելու, քովէ քով շարուելու, գլուխ գլխի տալու՝ զինուորական գծով տողանցքի մը պէս։

«Յարգանքներուս յարգանքներով յարգանքներս…»։

Ու այս 16 էջերուն մէջ ստորակէտ մը, վերջակէ՛տ մը անգամ չկար։ Որովհետեւ այդ ամենափոքր բանը որ կէտն է՝ իր տեղին դնելու համար բաւական որոշութիւն ու վճռականութիւն պէտք է, բա՛ն մը որ շա՜տ խելօքներուն անգամ կը պակսի։ Ու նամակին պարունակութիւնը ա՛յնքան ալ ապուշ չէր։ Տարտամ ու անհամարձակ կերպով ա՛յն կը հասկցուէր որ տղան իր դրամները կերեր, նոր ոսկիներ կ՚ուզէր. (այդ ոսկիներուն թիւը չկարդացուելիք բան մըն էր, թուաբանութիւններու մէջ չմտած բոլորովին նոր թուանշան մը…)։

Ճամբորդ մը ասկէ աւելի խելացի ի՞նչ բան կրնար պահանջել իր հարուստ ծնողքէն։ Բայց անոնք կ՚ենթադրէին որ անպատճա՛ռ տղան իր հարստութիւնը խաղարաններուն մէջ կորսնցնելով խելքին եկած էր։

Շոգեկառքին մէջ 18 ժամեր քանի՜ անգամ կարդացի այդ 16 էջերը՝ մտքիս մէջ լոյս մը ծնցնելու համար, ու ընդհակառակը, այդ բոլոր սիրելիք սիրեցեալները, շոգեկառքին ցնցումները, անիւներուն տկտնկոցը բոլորովին թմրեցուցին ուղեղս։ Այդ նամակին ապշութիւնը անհանգստացուցիչ, գրեթէ վարակի՛չ բան մը ունէր իր մէջ։ Ու կէս գիշերէ մը վերջ, բոլորովին շուարած, իջայ Մոնթէ֊Քարլոյի կայարանը։

Անծանօթ քաղաքի մը մէջ ո՞ւր երթալ այդ մութին։ Նեղ փողոցի մը մէջ, դրան մը վերեւ, աղտոտ լոյս մը կը պլպլար, մի՛ս֊մինակ ու կասկածելի – (չեմ գիտեր ինչո՞ւ )։ Մօտեցայ, պանդոկ մըն էր, աղ֊պղպեղ գէր կին մը սենեակ մը ցուցուց. բայց դրան կղպանք չունենալը անհանգստացուց զիս…։

– Հոս վստահութեան տուն մըն է, ըսաւ կինը… Պարոնը մինա՞կ է…։

– Այո՛, պատասխանեցի… սնտուկս կայարանը ձգած եմ…։

Փոքրիկ սենեակ մըն էր՝ թուղթէ ծաղիկներով։ Գաղջ, թափանցող, անանուն բոյր մը կար օդին մէջ , իգական հոտ մը։ Լայն անկողինը հազի՜ւ ծածկուած էր. ճմռթկած սաւան մը՝ խորհրդաւոր փոսերով։ Մոմս մօտեցուցի, երկու կարմիր աղտեր տեսայ, դեռ թաց…։

– Մնաս բարո՜վ վստահութեան տուն…։

Ու նոր արշաւ մը սկսայ մութին մէջ, փողոցէ փողոց, մինչեւ որ յոգնած գլուխս մաքուր բարձի մը վրայ կարողացայ հանգչեցնել։ Առաւօտուն, սովորական ժամիս արթնցայ։ Դեռ սենեակը խաւար էր. քնացայ ու նորէն արթնցայ, նորէ՛ն խաւար. բայց այնպիսի խաւար մը՝ ինչպէս ըլլալու էր աղջամուղջը, դեռ Աստուած իր նշանաւոր «Եղիցի լո՛յս»ը չարտասանած։ Այս որքա՜ն երկար էին Մոնթէ֊Քարլոյի գիշերները։ Նորէն ու նորէն քնանալ փորձեցի, մինչեւ որ պանդոկապետը, կեանքիս վրայ կասկածելով՝ եկաւ դուռս բանալու։ Ա՛յն ատեն միայն տեսայ որ այդ սենեակը պատուհա՛ն մը, ծա՛կ մը անգամ չունէր։ Կատարեալ տուփ մը։ Գիշերը չխեղդուիլս ալ հրա՛շք մը պարզապէս։ Ոսկեզօծ քաղաքներու գնահատութեան մէջ այս փաստն ալ մի՛ մոռնաք։

Դուրսը կէսօր էր։ Շիտա՛կ խենթիս հասցէին գացի ու տանը դիմաց ճաշարան մը նստայ։ Խորհրդաւոր դուռը բացուեցաւ, գլխուն վրայ կարմիր ֆէսով մարդ մը երեւցաւ , մօտեցայ ու բարեւեցի։

– Աստուծո՜ւ բարին, ինչպէ՞ս էք , – ըսաւ այնպիսի անտարբեր ձեւով մը, որ կարծես օրը տասն անգամ կը տեսնէր զիս։

Հետս ճաշի նստաւ. հին բարեկամներու պէս, ասդիէն֊անդիէն խօսեցանք։ Ճիշդ է որ իր ուռեցած ականջները իրեն դէմքին ապուշ թանձրութիւն մը կու տային, բայց խենթ մը չէր այդ մարդը, հազա՛ր անգամ ո՛չ։ Գաղտնիքին բանալին գտնել կարծեցի՝ իր հետ կիներու մասին խօսելով, երեսը թթուեցուց. խաղարաններուն ակնարկութիւն ըրի, ուսերը թօթուեց։ Արդէն շուարած, աւելի շփոթեցայ։ Հապա եթէ սխալ մարդու օձիքէն բռնած ըլլայի՜…։

Ամուսնացած մարդ մըն էր. ինծի երկար֊բարակ իր կնոջ վրայ խօսեցաւ՝ որ քիչ մը տկար ըլլալուն, այդ օրը միասին չէ կրցած ելլել. իր մեծ տղուն համար ինձմէ զուիցերիական վարժարանի մը հասցէն ուզեց. պզտիկ տղայ մըն ալ ունէր, շատ պզտիկ, որ այս օրերս ակռայ հանելուն՝ փորը քիչ մը թոյլ էր…։

Յետո՛յ միայն գիտցայ որ այս մարդը ո՛չ կին, ո՛չ զաւակ ունէր, այլ պարզապէս ստելու փափաք մը. բայց բոլորովին բնական, անշահախնդիր, անվնաս սուտեր. արուեստը՝ արուեստին համար։

– Ծնողքիդ նամանկ մը գրեր ես , – ըսի անհամարձակ։

– Չե՛մ յիշեր , – ըսաւ։

– Դրամներդ խաղարաններու մէջ կերեր ես։

– Սխա՛լ է։

– Հապա ո՞ւր գացին ոսկիներդ։

– Ցորեկները պաղպաղակ մը կ՚ուտէի…։

– Հարստութիւնդ միայն պաղպաղակո՞վ հատցուցիր։

– Առտուներն ալ կաթ մը կը խմէի , – թոթովեց. աչքերը լեցան, մօրուքին մէջ արցունքներ գլտորեցան։ Մեղքցայ իրեն, զղջացի։ Մարդը իր դրամը կերեր էր. ես ի՞նչ կը խառնուէի…։ Բայց ան այսպէս չէր խորհեր, կ՚ուզէր իր լացովը զիս համոզել իր անմեղութեանը վրայ, կ՚ուզէր որ անպատճառ հաւատամ թէ ինք պարկեշտ մարդ մըն էր. ո՛չ կինը, ո՛չ գինին, ո՛չ խաղը չէին հրապուրած զայն (ու այս ճի՛շդ էր)…։ Բայց մարդիկ չար էին, իր գէշութիւնը կ՚ուզէին, փողոցէն անցած ատեն խորհրդաւոր կերպով իրարու աչք կ՚ընէին. (աս ալ ճիշդ էր, բայց իր գլխուն ֆէսին համար էր )։ Շատեր զինքը սնանկացնելու, կախաղան հանելու կը ջանային, աշխարհիս ամէն ծայրերէն անվերջանալի ու անկարելի հաշիւներ կը ղրկէին՝ իր բնա՛ւ չճանչցած մարդերէն…։ Ա՛ս ալ ճիշդ էր, ու ահա թէ ի՞նչպէս…։

Այս խելօքիկ մարդը երբեմն֊երբեմն իր մեծութեան երազներն ունէր. բայց մեծ ըսածս՝ շա՛տ մեծ, խելքի մտքի մէջ չսեղմող մեծութիւն մը։ Քանի որ բոլոր մարդիկ իրմո՛վ կը զբաղէին ու դաւադրութիւններ կը սարքէին իր շուրջը, ուրեմն կրնար ըլլալ որ անգիտակցաբար ինք նշանաւոր անձ մը ըլլար, ո՞վ գիտէ, թերեւս ապագայ թագաւոր մը…։ Այս մարդը իր երազին հաւատալու դժբախտութիւնն ունէր. ու այս տեսակ հիւանդներու բնական տրամաբանութիւնով, կ՚ուզէր իր պզտիկ կեանքը այդ մե՛ծ գաղափարին պատշաճեցնել կանխաւ…։ Իր բանակին համար ֆրանսական գործարանի մը իշու լաւագոյն կաշիէն թմբուկներ կ՚ապսպրէր՝ բայց ա՛յնքան թիւով՝ որքան էշ չկար աշխարհիս երեսը… եթէ այդ անունով միմիայն համեստ չորքոտանիներուն կ՚ակնարկէր։ Գերմանիոյ կայսեր ինքնագիր նամակ մը կը գրէր՝ անոր պզտիկ աղջկան ձեռքը խնդրելու համար։ Բայց այդ մեծ ամուսնութեան արժանավայել պալատ մըն ալ պէտք էր։ Մոնթէ Քարլոյի բարձունքներուն վրայ սքանչելի ծախու ապարանք մը տեսեր, ու ամենայն պաղարիւնութեամբ, առանց սակարկութեան , թագաւորի վայել ձեւով ստորագրութիւն մը նետեր էր՝ գնելու խոստումի մը տակ։

Այդ օրէն ի վեր գործերը գէշցեր էին, սուտ ու փուճ օրէնքներով իրմէ ահագին դրամներ կը պահանջէին տան մը համար՝ որ գնած չէր, պա՛րզ ստորագրութիւն մը միայն… ։ Ուրեմն իրա՞ւ այնքան մեծ արժէք ունէր իր մէկ ստորագրութիւնը։

Այսպիսի մեծամոլութիւններու մէջ հատցուցեր էր դրամները, ու նորերը գտնելու համար այլանդակ շահադիտութիւններու մէջ կ՚իյնար։

Գիտնականի մը ապսպրեր էր որ իր հաշուոյն արուեստական բրինձի գիւտին աշխատի։

Օր մը կարդալով որ Սթրատիվարիուս ջութակ մը հազարաւոր ոսկիի ծախուեր էր՝ իսկոյն գրեր էր իտալական գործարանի մը, որ իրեն 12 տուզէն Սթրատիվարիուսներ հայթայթեն՝ տասը տարի վերջ տասնապատիկ գիներով ծախելու համար։ Ու գործարանին ամիս մը պայմանաժամ տուեր էր. բայց այդ պայմանաժամին մէջ ինք բոլորովին ուրիշ բաներու վրայ կը մտածէր, ու բացարձակապէս կը մոռնար ջութակները։

Այդ բոլոր մեծաքանակ ապսպրանքներէն միայն երկո՛ւ բան պահած էր իրեն՝ որ սենեակին մէջ տեսայ։ Ահագի՛ն, անծա՜յր֊անվե՜րջ չուան մը որ շուարեցուց զիս։

– Ծովերուն լայնութիւնն ու խորութի՞ւնը պիտի չափես , – ըսի։

– Ո՛չ , – ըսաւ պաղարիւնութեամբ , – այստեղ անվստահելի երկիր է, եթէ սենեակը գան՝ պատուհանէն փախչելու համար է։

Բայց ես գիտէի որ դարձեա՛լ կը ստէր, իր սովորութեան համաձայն, այդ անհատնում չուանը ինքզինքը ձեղունէն կախելու համար էր…։

Ու սնտուկ մը բացաւ. մէջը ի՞նչ կը կարծէք որ ըլլար. ածելինե՜ր, ածելինե՜ր, անթի՛ւ, անհամա՛ր, բոլորն ալ իրարու նման ածելիներու լեռ մը…։ Ես զարմանքէ զարմանք կ՚իյնայի՝ երբ ան միեւնոյն մեծութեամբ ուրիշ սնտուկ մըն ալ բացաւ՝ բերնէ բերան յար եւ նման ածելիներով լեցուն։

– Ասոնք սրցուածներն են , – ըսաւ։

Ասոր վրայ շատ չպնդեցի, դուրս ելայ։ Ահա մարդ մը որ գիշերները հազարաւոր ածելիներ կը սրցնէր, ու ցերեկները խելօք֊խելօք եւ ազատ֊համարձակ փողոցներուն մէջ կը պտտէր. մինչեւ որ անմեղ մը չմեռցնէր՝ Օրէնքը զայն յիմարանոց չէր կրնար նետել. որո՞ւ փոյթ թէ այլանդակ գնումներով փճացուցած ըլլար իր հարստութիւնը. ան կէս֊խենթն էր. արդէն բժշկութիւնն ալ խենթութիւն չանուաներ այս հիւանդութիւնը։ Իր յիշողութեան կորուստը, իր ըրածներուն մանկական տարօրինակութիւնը, իր աւելորդ ստախօսութիւնը, իր յաջորդական մեծամոլութիւնն ու մենամոլութիւնը, ու մանաւանդ իր խօսելու դժուարութիւնը եւ իր թափթփած բառերը, իր գիրերուն պէս՝ լեզուին ու մատներուն ալ դողալը, շատ որոշ հիւանդութեան մը անունը կ՚արթնցնէին մտքիս մէջ։

Ինչպէ՞ս սկսեր էր այդ հիւանդութիւնը. ոչ թէ յանկարծակի (ինչպէս ծնողքը կը գրէին ), այլ ամիսներու ընթացքին։ Բարեկիրթ մարդ մըն էր ան, որ քիչ֊քիչ իր բնութիւնը փոխեց։ Նախ մելամաղձոտ դարձաւ, սենեակին մէջ բանտարկուած՝ օրը հարիւր սիկարէթ կ'այրէր ու կը մարէր. յետոյ բարկացոտ դարձաւ, ընտիր հասարակութեան մէջ յանկարծ զզուելի շարժում մը կ՚ընէր, գարշելի բառ մը կ՚արտասանէր։ Ծնողքը նախամեծար համարեցին զայն ճամբորդութեան պատրուակով տունէն հեռացնել, ու մինչեւ որ վերոյիշեալ նամակը չստացան՝ խենթ ըլլալը չգուշակեցին։ Արդէն ծնողները ա՛յդպէս են. ա՛յնքան երկար ատեն որ դրամնին չուզես՝ խելացութեանդ վրայ չեն կասկածիր…։

Փարալիզի Ժեներոկն էր այս հիւանդութիւնը, քոյրը այն միւս սարսափելի հիւանդութեան՝ որ թապէս կը կոչուի, եւ որոնց երկուքին ալ հայրը հինցած սիֆիլիզ մըն է։ Բայց նախ պէտք էր ստուգել որ այս վերջին ախտը ընդունա՞ծ էր ժամանակին…։

– Այո , – ըսաւ , – անանկ բան մը կար… հի՜ն պատմութիւն։

Արիւնին ու մարմինին քննութիւնը կասկած չձգեցին. դարմանելն անկարելի էր, ընելիքս պա՛րզ։ Զինքը շոգենաւի մը բժիշկին յանձնելով՝ շիտակ Պոլիս ղրկեցի։ Ես ա՜լ մինակ մնացած՝ քիչ մը ատեն հանգչեցայ այդ սքանչելի քաղաքին մէջ։ Վերադարձիս՝ շոգեկառքին մէջ նորէ՛ն կարդացի նշանաւոր նամակը ու նորէ՛ն երեւակայեցի այդ խենթը, բայց այս անգամ ո՛չ թէ տարտամօրէն, հապա շա՛տ որոշ կերպով՝ այնպէս ինչպէս մօտաւոր ապագայի մը մէջ պիտի ըլլար ան, անխուսափելիօրէն։

Ուղեղը իր այդ վերջին ու տարօրինակ լոյսերէն վերջ՝ բոլորովին պիտի խաւարէր, սեփ֊սեւ (առջի գիշերուան սենեակիս պէս ), ապուշութիւնը կատարեալ պիտի ըլլար, շարժումները անկարելի, անկողնին պիտի գամուէր, լեզուն պիտի կորսնցնէր, ուտելը պիտի մոռնար, օրը քսան սաւան պիտի աղտոտէր, օր մը պիտի գար ուր ալ զայն կերակրելն ալ անկարելի պիտի ըլլար, իր է՛ն սիրելիներուն գարշելի պիտի դառնար, պիտի նեխէր… ու ասիկա՝ անխուսափելիօրէն։

Բայց այս պատմութիւնը անակնկալով սկսաւ եւ անակնկալով ալ պիտի վերջանար։ Տուն դարձիս՝ Պոլսէն նամակ մը գտայ, ուր ինծի կ՚իմացնէին որ խենթը՝ հոն հասած օրն իսկ՝ հազիւ բժիշկին հսկողութենէն ազատած՝ հորը նետուեր էր… Կարծես դիտմամբ՝ իմ անխուսափելի գուշակութիւններս զուր հանելու համար։

Բնութիւնը, որ ամէն չարիքին քով բարիք մըն ալ դրած է, այս սարսափելի ախտին քով՝ իր դարմանն ալ ցոյց տուեր է. այս հիւանդները գիշեր֊ցերեկ մէ՛կ բան կը մտածեն՝ անձնասպանութիւնը։ Բժիշկները որ ուրիշ դարման մը չեն գտած՝ կը բաւականանան արգիլելով այդ բնական հակումը։ Սակայն, լաւագոյն չէ՞ հոր մը աղտոտել քան տարիներով նուիրական բոյն մը թունաւորել։

Ու հիմա կը յիշեմ դեռ այն օրը՝ երբ մօրուքին մէջ խոշոր արցունքներ կը գլտորցնէր՝ զիս համոզելու համար որ ինք բարի ու խելօք մարդ մըն էր…։ Ալ կը հաւատամ քեզի , խե՜ղճ մարդ. դուն չես ստեր։ Ստողները անո՛նք են որ քու հոգւոյդ կորստեան վրայ կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափեն…։

Թող կրօնագէտներն ու բարոյագէտները անձնասպանութեան վրայ վիճին. թող իմաստասիրական հատորներ արձակեն իրարու գլխուն. մէկը պիտի գտնուի՞ ինծի բացատրելու համար որ մարմնապէս ու հոգեպէս ի՞նչ պիտի արժէր այդ կեանքը, խօսելու, զգալու, շարժելու, սնանելու, մտածելու անկարող, մէզի մէջ փտած մսի կտոր մը՝ որ շանը նետես չ՚ուտեր…։

Լօզան , 1913

Ապրիլը յաղթել է (մահուան դէմ պայքարը)

ԱՊՐԻԼԸ ՅԱՂԹԵԼ Է (Մահուան դէմ պայքարը)

Ո՜վ մարդ, մտածա՞ծ ես երբեք այն հրաշալի բանին վրայ որ կեանքն է։

Կ՚ըսեն թէ համբոյրներ կան որ վա՜րդ կը ծլցնեն։ Վարդն ի՜նչ է որ. համբոյրներ կան որ մարդ կը ծնցնեն։

Ծնողնե՜ր, ուսուցէք ձեր տղաներուն թէ իրենց մէջ Աստուած մը կը քնանայ։

Ու վա՜յ անոր որ մութ անկիւններու մէջ կը խաթարէ, կ՚աղտոտէ, կը թունաւորէ կեանքի գործիքը։ Այդպիսին դժբա՜խտ հայր մը պիտի ըլլայ, եթէ երբե՛ք հայր ըլլայ…։

Ապաժառանգ, պակասաւոր , ցաւագար, մելամաղձոտ, այսահար, ախտագին զաւակներուն հաշիւը գինեմոլ եւ ցոփակեաց հայրերո՛ւն հարցուր…։

Այնքա՜ն փափուկ է սիրոյ պտուղը։

Խաւարի մէջ բանտուած այդ փոքրիկ մարմինը ո՛չ կը տեսնէ, ո՛չ կը լսէ, ո՛չ կը խօսի, ո՛չ կը շնչէ։ Բայց այդ մսի կտորը բոլո՛ր սրտերէն աւելի զգայուն է։

Այդ ապագայ կեանքը՝ մայրական տխրութենէ մը իր ամբո՛ղջ ճակատագրով կ՚ազդուի։ Մօրը սրտին մէ՛ն մի կոչը իր փոքր սրտին մէջ կ՚արձագանգէ։ Ան ցաւէ՛ մը, խոցէ՛ մը, ոչինչէ՛ մը կրնայ մեռնիլ մօր կենդանի արգանդին մէջ…։

Բայց պիտի ապրի՛։ Ու ահա՛ վճռական ժամը. տառապանքի ու յոյսի այն փոթորկալի՜ ժամը՝ ուր զաւկի մը ծնունդը ու մօր մը՝ մահը նժարին երկու աչերուն մէջ զիրա՛ր կը կշռեն, վարանոտ տատանումներով…։

Այրը արդէն հեռացաւ , մեղաւոր անասունի մը պէս։ Սարսափահար կինը միայնակ է այն խոշոր Անծանօթին առջեւ, որ իր արիւնէն սնուց, եւ որ վայրկեանէ մը պիտի մեռցնէ զինք գուցէ…։

Որքա՜ն երանելի է սակայն այսօրուան երեխան. ան այժմ կրնա՛յ հասկցնել իր լեզուն , կրնա՛յ արտաքին աշխարհի հետ յարաբերութեան մտնել…։

Կը տեսնե՞ս սա Գիտութեան մարդը որ գլուխը մօր որովայնին վրայ հակած՝ մանուկին սիրտը կ՚ունկնդրէ։ Մանուկն անոր ականջին կանխա՛ւ կը պատմէ իր տարիքը, իր հասակը, իր առողջութիւնը, իր ի՛նչպէս ծնելու դիտաւորութիւնը,– գլխո՞վ, ձեռքո՞վ թէ ոտքով աշխարհ գալու իր որոշումը…։

Ու ահա ծնաւ։

Բայց որքա՜ն սիրուն է այս Անծանօթը որմէ մայրը կը վախնար…։

Մէ՛կ էին, երկո՛ւք եղան, ու իրարու կը ժպտի՜ն…։

Աստղ մըն էր որ աշխարհ ինկաւ։ Սակայն երկինքէն իջնող այս հրեշտակին համար որքա՜ն դառնութիւններ ունի երկիրը։ Հացի փշուր մը բաւական է զայն խեղդելու։ Պիտի կրնա՞յ ապրիլ, թէ միայն հի՜ւր է…։

Հարսանիթի, կեղծ֊մաշկի, կապոյտ հազի, չառատենդի, ուղեղատապի զոհերուն հաշիւը սգաւոր մայրերո՛ւն հարցուր…։

Եթէ ուժեղ է՝ պիտի յաղթէ՛ ու պիտի ապրի։

Բոլոր ախտերուն եւ մահերուն մէջէն այդ կենսունակ մսակոյտը իր ճամբա՛ն պիտի բանայ։ Այդ դողդոջուն էակը, զոր բզէ՜զ մը բաւական է մեռցնելու՝ բոլոր դժուարութիւններուն պիտի յաղթէ, պիտի ուռճանայ, պիտի մեծնայ, թագաւո՜ր պիտի ըլլայ…։

Ու ո՛չ թէ աշխարհագրական կէտի մը թագաւորը. ամբողջ կենդանական ցեղերուն, շնչաւոր եւ անշունչ էակներուն թագաւորը։

Երէկուան գառնուկը այսօր առիւծնե՛րը պիտի դողացնէ ու վանդակներու մէջ պիտի բանտէ զանոնք իր զբօսանքին համար։

Լեռներուն պիտի հրամայէ որ խոնարհի՛ն , եթէ ո՛չ՝ անոնց փորոտիքին մէջէն պիտի անցընէ իր երկաթէ ճամբան։

Երկինքին պիտի հրամայէ որ լռէ՛. եթէ ո՛չ շանթարգելով մը պիտի վիժեցնէ անհնազանդ տարրերուն կատաղութիւնը, թնդանօթով մը պիտի փարատէ ամպի ծոցին մէջէն սպառնացող կարկուտը…։

Երկրին արգանդէն խաւարին ոգիները դո՛ւրս պիտի կանչէ, անկերպարան մետաղներուն պիտի հրամայէ որ ծռին, ձեւ առնեն ու աշխատի՛ն իրեն համար։

Արարչութեան կարգն ու սարքը պիտի փոխէ։ Բնութիւնը զայն հողի՛ն դատապարտած էր, ան ծովերուն եւ օդերուն պիտի իշխէ։

Ովկիաններու մէջտեղը թաւալող անդրջրհեղեղեան լեռնանման վիշա՛պը պիտի հալածէ։ Ամպերէն վեր ճախրող արծի՛ւը պիտի սարսափեցնէ իր սրընթաց սաւառնակին վրայ թառած…։

Ահաւասիկ թագաւորը, տիեզերքին թագաւորը…։

Բայց որքա՜ն տկար, ո՜րքան խղճալի է ան…։

Ան որ երէկ օդերուն մէջ կ՚արշաւէր, այսօր սողունի մը պէս անկողին գամուե՜ր է, խղդուկ֊խղդուկ կը հազայ…։ Աներեւոյթ թշնամիներ իր կոկորդը լեցուցեր, իր շունչը կղպեր են…։

Թագաւորը պիտի մեռնի՜, ու չի՛ հասկնար թէ ո՞վ է զայն մեռցնողը…։

Սերունդէ սերունդ վայրի գազաններ կոտորեց։ Թունաւոր զեռունները անհետացուց իր բնակութենէն, մարդասպաններու համար օրէնքներ շինեց, ու չուաններու ծայրէն կախեց անհնազանդները…։ Ո՞վ է ուրեմն թշնամին, ո՞ւրկէ մտաւ…։

Բայց կը տեսնե՞ս դուն նորէն սա գիտութեան մարդը, որ հիւանդին վրայ փափկութեամբ կը ծռի, աննշան սրսկում մը կ՚ընէ սրունքին մէջ, վայրկենաբար միլիոնաւոր մանրէները կոկորդին մէջ կը մեռնին, ու, կեցցէ՜ թագաւորը…։

Ան մինչեւ այժմ միա՛յն տեսանելի թշնամիներուն դէմ պայքար մղեր էր. հիմա նոր խաչակրութիւն մը կը սկսի՝ անտեսանելիներուն դէմ…։

Որո՞նք են այդ խաչակրութեան զօրապետներն ու իշխանները։

Անոնք ոսկեճամուկ զարդեր չունին։ Սուսերի տեղ սուր դանակ մը, ատրճանակի տեղ մանրադիտակ մը կայ ձեռքերնին։

Մոլիէրին հեգնած բժիշկները որ դեռ երէկ արքաներուն աղիքները լուալո՜վ միայն կ՚ապրէին, այսօր ամբողջ երկրագունտի վրայ ձեռք ձեռքի տուեր են, համամարդկային Կեանքին պաշտօնեաները, վերջնական Յաղթութեան յուսատուները եղեր են։

Կը տեսնե՞ս սա ծերունին, որ կատղած շունին երախէն ումպ մը լորձունք կը հաւաքէ քննելո՛ւ համար։

Կը տեսնե՞ս սա երիտասարդը, որ չա՜ր աշխարհներու մէջ կը մեռնի՝ հնդկախտին գաղտնիքը յափշտակելու համար։

Կը տեսնե՞ս սա նոր Պրոմեթէոսը , որ խաւարին ծոցէն ռատիումը գողնալով՝ իր ձեռքերը կ՚այրէ այդ մոգական հուրէն։

Կը տեսնե՞ս սա հայ գիտունն ալ, որ Ռէօնթկենեան ճառագայթներուն գիտակից զոհը կ՚ըլլայ Նոր֊Աշխարհին մէջ։

Բայց դեռ ի՜նչ անանուն բժիշկներ կան որ ուրիշներո՛ւ կեանքին համար կը մեռնին , անգիտացուա՜ծ…։

Արդի՞ւնքը…։

Մոռցա՞ր ուրեմն այն օրերը ուր ամբողջ ժողովուրդ մը, իր արքաներով ու ասպետներով վէրքերու մէջ կը փտէր։ Այդ քսան հազար բորոտնոցներէն, որոնք Եւրոպայի մակերեսը կը ծածկէին՝ այսօր հա՛տ մը իսկ չէ մնացեր…։

Ժանտախտը, Ծաղկախտը, Հնդկախտը՝ դժոխքէն փախած այդ երեք աստուածները, որոնք մէկ տարուան մէջ անթիւ բանակ մը սրէ կ՚անցընեն՝ ա՜լ չեն զօրեր ոտք կոխելու այս անծայրածիր Եւրոպան զոր բժիշկնե՜ր կը պաշարեն։

Անոնք պահակներու պէս կը հսկեն քաղաքակրթութեան սահմանագլուխին վրայ։ Ու որպէսզի ժողովուրդներ կարենան հանգի՜ստ քնանալ՝ իրենք անքո՜ւն կը սպասեն խրամատին վրայ, նենգ թշնամիին դէմ ճակատ ճակատի…։

Այս անհաւասար կռուին մէջ՝ որ անզէ՛ն մարդը կատղած աստուածներուն դէմ կը մղէ, յաղթութիւնը մե՛րը պիտի ըլլայ…։

Առջի օր Ծաղկախտն ու Կեղծմաշկը անձնատուր եղան։ Երէկ Կատաղութիւնը խելօքցաւ։ Այսօր Ժանտատենդն ու Ֆրանկախտը յաղթուելու վրայ են։ Վաղը Թոքախտին է կարգը…։

Յիշէ՛ Սպարթացի մօր խօսքը.– «Վահանո՛վդ կամ վահանի՛դ վրայ»։ Պիտի յաղթես կամ պիտի յաղթուիս, ուրիշ ճար չկայ…

Բժիշկնե՛ր, սորվեցուցէք ձեր հիւանդներուն, որ քաջ ըլլան ապրիլը յաղթել է։ Յուսահատներուն համար այս կեանքին մէջ տեղ չկայ…։

Վա՜յ հոգեւոր ու մարմնաւոր տկարներուն, վա՜յ երկչոտներուն, վա՜յ յոռետեսներուն, վա՜յ թերահաւատներուն։ Վատերուն համար այս աշխարհին մէջ տեղ չկայ…։

Յոգնա՞ծ ես՝ տո՛ւր ինծի քու ձեռքդ։ Որովհետեւ եթէ կեանքի պայքարը տիեզերական օրէնք է, իրերօգնութիւնն ալ կենդանական բնա՛զդ է։

Մենք երգելո՜վ երթանք Վաղուան։

«Մահուան » չե՛մ ըսեր, որովհետեւ հիւանդութենէ մը մեռնիլը այնքա՜ն անբնական ու անիրաւ է, որքան արկածէ մը մեռնիլը։

Բոլո՛ր երկիրներու ախտաւորներ, իրարո՛ւ միացէք, ձեռք ձեռքի տուէք, կազմակերպուեցէք մե՛ծ յաղթութեան, Կեանքի՛ն յաղթութեան համար…։

Յառա՛ջ. ապրիլը յաղթե՜լ է…։

Լօզան, 1913

Տէր ողորմեա…

ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ…

– Չէրքէզը տեսա՞ք , Տոքթէօր…։

– Ի՞նչ չէրքէզ…։

– Չեմ գիտեր… ինծի այնպէս թուեցաւ… որքան կրցայ հասկնալ իր շարժումներէն, ճի՛շդ այս ժամուն համար ձեզի հետ ժամադրութիւն մը կը խնդրէր։

– Անունը չարձանագրե՞ց…

– Գրել չի գիտեր , Տոքթէօր…։

– Բացատրութիւն մը չտուա՞ւ…։

– Լեզու չի գիտեր , Տոքթէօր…։

Չէրքէ՞զ մը, անգիր ու անլեզու, ան ալ Եւրոպայի ճիշդ կեդրոնը…։ Անապատներէն շեղելով քաղաքի մը փողոցներուն մէջ թափառող առիւծ մը աւելի տարօրինակ չէր կրնար ըլլալ։

Ու ան ի՜նչ առիւծ, ան ի՜նչ շքեղ անասուն, տեսնելիք բա՜ն էր։ Ժամադրավայրին վրայ հեռուէն արդէն որոշեցի զինքը։ Եթէ բիւրաւոր բազմութեան մը մէջ ալ թաղէին զայն, դիտողին աչքը ամէնէն առաջ ու առանց վարանումի, ուղղակի իրեն վրայ պիտի իյնար։

Լեռնցի հսկայի ահագին կերտուած մը. երկար ծալքերով լայն ու անհատնում վերարկու մը՝ որ արծաթէ նեղ գօտի մը մէջքին վրայ կը սեղմէր. անընկճելի ու հպարտ ուսեր՝ որ չէին ծռած, ու վերէն կ՚իշխէին կորաքամակ քաղքենիներու բազմութեան վրայ. թաւուտ մօրուք մը, որ ամբողջ դէմքը կը ծածկէր։ Ու այս բոլորին վրայ, վերը, մուշտակէ բարձր ու սուր գտակ մը, ուղտի մորթէ։

Վազվզող փոքրիկ մարդոց հոսանքին մէջ ան կը սպասէր անշա՜րժ, շփոթա՜ծ, արհամարհո՜տ։ Թեւերը իրանին վրայ ծալած էր, հաւնոցի մը մէջ բանտուած արծիւի մը պէս…։

Ի՞նչ բան ստիպեր էր այս տիտանը Ասիոյ լեռներէն գաղթելու դէպի քաղաքակրթութեան այս կեդրոնները՝ որ կ՚ատէր հպարտ անասունի իր նայուածքին մէջ։

Իր երեք ձագուկները հետն առած, – իւրաքանչիւրին ձեռքին մէյ մէկ ծրարով ,– Կովկասի չեմ գիտեր ո՛ր անկիւնէն ճամբայ ինկած էր , ու սահմանէ սահման, կայարանէ կայարան, շոգեկառքէ շոգեկառք փոխադրուելով, պատերազմի ղրկուող ձիերու պէս մինչեւ հոս հասած։

Իրեն ըսեր էին որ այստեղ բժիշկները հրաշք կը գործեն։ Ու ան Լօզան եկեր էր՝ այն հաստատ հաւատքով որ բաւ էր դարտ մը ցուցնել՝ դարման մը գտնելու համար։

Ուրեմն այս Գողիաթը հիւա՞նդ…։

– Հապա ինչո՞ւ զաւակներդ միասին բերիր, կը հարցնեմ։

– Իրե՜նց համար եկայ, բժի՛շկ… թո՛ղ ես մեռնիմ, իմ կեանքս ի՞նչ է… ես մեղաւոր հայր մըն եմ… բայց փոքրիկնե՜րս, բայց փոքրիկնե՜րս…։

Ու բառերը կը կոտրտէր, կը ծամծմէր, կը դարձնէր ու նորէն կը կրկնէր իր այլանդակ թուրքերէնով։

Իրա՛ւ ալ, հօր մը համար դիւրին֊դիւրին խոստովանուելիք բան մը չէր իր պատմութիւնը։ Դեռ իր երիտասարդութեան շրջանին՝ բանակին մէջ ֆրանկախտ մը ստացեր , բայց լռեր, գաղտնի պահեր էր բժիշկներէ։ Ու այնպէս կը թուէր որ այդ հսկան հազի՜ւ թէ իր մորթին վրայ զգացեր էր ահաւոր ախտին դրոշմը։ Յետոյ ամուսնացեր, բայց երեք զաւակներ ծնելէ վերջ, կինը մեռեր էր, դեռ քսան տարու…։

Ինք չէր ըսեր – ու չէր կրնար գիտնալ – թէ ինչէ՞ն մեռեր էր այդ անմեղ կինը։ Բայց տարիներու ընթացքին մէջ, սոսկումով կը դիտէր որ իր երկու մանչերուն ականջները քիչ֊քիչ կը խցուէին, կապարի պէս կը ծանրանային։ Ուխտատեղի, աղօթք, դեղ , անօգո՛ւտ։

Ինչո՞ւ։ Ճարահատ բժիշկ մը իրենց արիւնը քննելով, տեսաւ որ հօրը հիւանդութիւնը զաւակներուն երակին մէջ կը շրջագայէր. այնպէս որ իրենց փոքրիկ սրտին իւրաքանչիւր զարկը ուրիշ բանի չէր ծառայեր՝ բայց միայն այդ ահաւոր թոյնը մարմնին զանազան բջիջներուն մէջ աւելի՛ եւ աւելի՛ մտցնելու…։

Հիմա աղջնակն ալ սկսեր էր թեթե՜ւ, շա՜տ թեթեւ խուլութիւն մը ցոյց տալ. ու հօրը ամբողջ սարսափը այն էր որ մի՛ գուցէ այս վերջինն ալ…։

– Այդ ապագան գուշակելը դիւրին է , – ընդմիջեցի , – բա՛ւ է իր արիւնն ալ քննել։

– Ո՛չ, ո՛չ , – բացագանչեց դեղնելով… – թող այդ մէկին ապագան ալ անյայտ մնար…։ Խուլ տղաքներ ունենալ, այն չէ՜ ցաւը գլխաւոր, բայց գիտնա՛լ թէ անոնք խուլ են միմիա՛յն իմ մեղքովս, անոր համար որ տասնհինգ տարի առաջ օ՜ր մը տե՛ղ մը ես շնացի՜… շնացի՜…։

Աչքերը թրջեցան, փայլեցան։ Ակռաները կճրտացին բերնին մէջ մանրախիճեր փշրելու պէս։ Բայց որո՞ւ բարկանար։ Այս նախնական մարդը՝ որուն համար վրէժխնդրութիւնը կեանքին գերագո՜յն հպարտութիւնն ու օրէնքն էր՝ այժմ իր վրէժը ուրիշ մէկէն չէր կրնար լուծել, բայց մի՛այն իր անմեղ զաւակներէն…։

– Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ… քու արիւնէդ երախաներ չունի՞ս դուն… մանուկներուն փշուր մը գութ չունի՞ս դուն…։

Ու գլուխն երերտկալէն ու հասակը ճօճելէն՝ երբ սկսաւ հեռանալ, ես դե՜ռ անշարժ մնացած կը դիտէի լեռնցի տիտանի իր ահագին կերտուածը…։ Գաճաճ թէ հսկայ, մարդ որքա՜ն փոքր է բնութեան անյեղլի ու ահաւոր օրէնքներուն առջեւ։

Այս տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենար երէկ։ Այսօր, կիրակի, իր հասցէին կը դիմէի։ Այդ առիւծին ձագուկները իրենց բոյնին մէջ տեսնելու հետաքրքրութիւնը քայլերս կը փութացնէր։ Բայց այս ի՜նչ մութ փողոցներ, այս ի՜նչ նեղ տուներ։ Այդ օտարական մարդը ինչպէ՜ս գտեր էր այս թշուառութեան օճախները։

Առիւծներու բո՞յնը։ Ցած սենեակ մը, մերկ ու գորշ պատերով։ Սենեակին չորս անկիւնները՝ չորս տախտակէ անկողիններ, չորս դագաղներու պէս, գետնէն թիզ մը բարձր։ Սենեակին մէջտեղը՝ փոքրիկ սեղան մը, նոյն տախտակէն կտրուած։ Սեղանին վրայ՝ քարիւղի եփոց մը։

Հիմա կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ երէկ կը քաշուէր զիս տուն հրաւիրելու։

– Ներեցէք ինծի, պարո՛ն բժիշկ։ Եթէ մեր երկիրն ըլլար, հարկաւ այսպէս չէի ընդուներ ձեզ։ Պանդխտութեան վիճակն է այս։ Այս դագաղներն ու այս սեղանն ես եմ շիներ։ Տեսէ՛ք, մատներս հազար տեղէ արիւնած են ու ձեռքերս սառ ջուրի մէջ ճաթռտելէն կը մզմզան։ Կերակուրնին, կարկտաննին , լուացքնին ալ ես կ՚ընեմ…։ Որբուկներուս մայրութի՜ւն…։

Ու այս բոլորը ինչո՞ւ. ժառանգական ախտի մը համար՝ որուն դարմանն անհնարին էր։ Սխալը անգամ մը գործուելէ վերջ՝ անկարելի՛ էր սրբել։ Ա՜լ ուզածին չափ մայրութիւն ընէր, տղայութեան սխալը մի՛շտ աւելի պիտի կշռէր նժարին մէջ…։

Դատաւորներու օրէնքին պէս բժշկութիւնն ալ իր օրէնքներն ունի, բայց որքա՜ն աւելի ահաւոր, անդրդուելի, անյեղլի, վրէժխնդիր օրէնքներ։

Մէ՛կ բան կը մնար ինծի ընել, իրեն խորհուրդ տալ որ ժամ առաջ երկիր վերադառնար։ Բայց ան որքա՜ն գէշ կը հասկնար իմ միտքս. իրեն այնպէս կը թուէր որ իր աղքատութեա՛ն համար կը մերժէի դարմանս։

– Փո՜րձ մը, բժի՛շկ, փո՜րձ մը ըրէք…։ Բժշկութիւնն ինչո՞ւ մեզի դեղ մը զլանայ…։ Եթէ ունեցածս չի բաւեր՝ ամբողջ կեանքովս ես ձեր գերին, ձեր ստրուկը, ձեր պահապանը ըլլամ… փո՜րձ մը, բժի՛շկ, փո՜րձ մը, փո՜րձ մը…։

Յանկարծ լռեց. որովհետեւ դուրսէն դուռ բացուելու ձայն մը լսուեցաւ. տղաքներն էին։

– Յովհաննէ՜ս… Կարապե՜տ… Մարիա՜մ… – գոչեց հայրը։

Թաշկինակին ծայրով աչերը չորցուց ու անգամ մըն ալ ձայնը բարձրացուց.

– Յովհաննէ՜ս… Կարապե՜տ… Մարիա՜մ…։

Սեմին վրայ երկչոտ գլուխ մը երեւցաւ, յետոյ ուրիշ մը, յետոյ պզտիկ աղջկան գլուխ մը…։ Առիւծին ձագերը…։ Բայց որքա՜ն խղճալի, որքա՜ն ճռզած, որքա՜ն անարիւն էին այս հսկային զաւակները։ Խուլութիւնը՝ իրենց արտայայտութեան զգուշաւոր երկչոտութիւն մը տուեր էր։

– Մի՛ վախնաք, զաւակնե՛րս… նե՛րս մտէք… բժիշկին ձեռքը պագէք… Յովհաննէ՛ս… Կարապե՛տ… Մարիա՛մ։

Բայց անոնք տեղերնէն չէին երերար։ Հայրը գնաց, ձեռքերնէն բռնեց, ներս մտցուց, ծունկերուն վրայ նստեցուց, շոյեց , համբուրեց։

Այսպէս, քիչ֊քիչ դուրսը մութն իջեր էր արդէն. պատուհանները սեւցեր էին, տղաքներուն պառկելու ժամն եկեր էր։

– Այսօր կիրակի է, զաւակնե՛րս աղօթքնիդ մի՛ մոռնաք։

Երեք որբուկները քով քովի շարուեցան՝ հասակի կարգով, ճիտերնին ծռեցին , աչերնին վեր դարձուցին, ու սկսան աղիողորմ երգել.

Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա,

Յիսո՜ւս փրկիչ, մեզ ողորմեա՜։

Այս ի՜նչ երգ, այս ի՜նչ երգ, Աստուա՜ծ։ Ու քանի՜ տարի է չէի լսեր այս բարի ու ահաւոր մեղեդին։ Վերէն ի վար սարսուռ մը անցաւ վրայէս, մարմինս փուշ֊փուշ եղաւ։ Ի՜նչ տարօրինակ համոզումով կ'երգէին այդ թրքախօս բերանները։ Բայց այս բարի, այս աղաչաւոր, այս գալարուն, այս ահաւոր երգը մե՜ր երգն էր, «Կռունկ»ին պէս, ցեղի՛ն ու հողի՛ն երգը, գերագոյն տառապանքին ու գերագո՛յն յոյսին երգը։

Սակայն ի՜նչ ահռելի ծանրութիւններ կը ստանային այդ բառերը մանուկ շրթներու վրայ։

Տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն,

Մեղաւորաց դարձ եւ զղջում,

Եւ հիւանդաց այցելութիւն, կը հայցէին արծաթաձայն որբուկները, ճիտերնին ծռած։

Մեղաւորաց դա՜րձ եւ զղջում կը կրկնէր հայրը, ձեռքերուն մէջ սեղմելով իր գլուխը։

Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա…

Ու ես գիտեմ որ այս գիշեր նորէն, երբ խաւարը լեցնէ այդ ահաւոր սենեակը, ու երբ երեք որբուկները իրենց անմեղի քունը քնանան մշի՜կ֊մշի՜կ, չորրորդ դագաղին մէջ մէկը, իր խղճին վրայ պիտի հսկէ արթուն,– խուլերուն հայրը։

Լօզան, 1913

Գինովին աղջիկը

ԳԻՆՈՎԻՆ ԱՂՋԻԿԸ

Այդ օրը մոգական ընթերցումներով գլուխս լեցուցի, ու մագնիսական խառնակ մտածումներով փողոց նետուեցայ։

Գլխուս վերեւ գարնանային արեւ մը կար, այն առաջի՛ն արեւներէն՝ որ տաքցնելէ աւելի կը շոյեն, թուլցնելէ աւելի կը գինովցնեն։

Արե՛ւ մըն ալ ահա դիմացս. գարնանային աղջիկ մը, անոնցմէ՝ որոնք չեն այրեր՝ այլ հոգին կը գաղջեցնեն, չեն կիզեր՝ այլ կեանք կու տան։

Ուրախութի՜ւն մըն էր դիտելը իր կապուտակ աչերը՝ երկնքի պատառներու պէս։ Արեւի՛ գոյն մազերը՝ իր ուսերէն աւելի անցորդին աչերը կը շոյէին։ Անոր նայելով մարդ վայրկեան մը ինքզինք երջանի՜կ կը զգար ապրելէն, որովհետեւ այդ հասակի աղջիկները՝ երկու տարիներուն մէջտեղը՝ գեղեցկութենէն աւելի բան մը ունին իրենց վրայ…։

Կարելի՞ էր երեւակայել աւելի մեծ մոգութիւն, հրաշք մը, քան այն որ ահա դէմս էր, կը մօտենար, աչքս իր աչերուն մէջ…։ Քա՛յլ մըն ալ, ու յանկարծ տժգունեցաւ, ճիչ մը արձակեց եւ ուժգնօրէն ինկաւ՝ երկինքէն ինկող քարի մը նման։

Վազեցի, չէ՛ր շնչեր. ձեռքերը սեղմեցի, չէ՛ր զգար։ Երեսը գետնին՝ փայտի մը պէս ինկեր ու արդէն քարացեր էր մեռած թռչունի նման։ Թեւերն ու ոտները երկաթի պէս կարծր էին, շի՛փ֊շիտակ, մահուան շիտակութիւնովը…։

Բայց ասիկա վայրկեան մը տեւեց։ Կռնակին վրայ դարձուցի զայն, մարմինը սեղմող կոճակները խլեցի, կապերը թուլցուցի։

Այն ատեն տժգոյն երեսը կարմրեցաւ, կապուտցաւ. ահագին ճիգով դէմքին մկանները կծկտեցան։ Լեզուն՝ ակռաներուն մէջ ո՛ւժգնօրէն խածուած՝ կը գալարէր արիւնոտ։ Գլուխը մուրճի մը պէս կը ծեծէր սալայատակին քարերը։ Ձեռները, ոտները, ամբողջ մարմինը յանկարծ ֊յանկարծ կը դողային՝ վիզը կտրուած անասունի մը պէս։ Աչերը՝ գնդակներու պէս դուրս ցայտած՝ իրենց ճերմակութիւնը ցոյց կու տային ամբոխին, որ եկեր էր ամէն կողմէ, վրայէ վրայ խռնուած, հետաքրքրութիւնով ու երկիւղով լեցուն, կարծես թէ երկինքէն նետուած չար հրեշտակ մը ջախջախուէր այդ ցեխերուն մէջ…։

Յետոյ, գլուխներու մէջէն գլուխ մըն ալ երեւցաւ։

– Ես իր տունը գիտեմ, – ըսաւ, – գինով Սիմոնին աղջիկն է։

Ու ոտներէն, բազուկներէն բռնեցին տարին։

Ու ես կը խորհէի՜։ Ահաւասիկ դեռատի աղջիկ մը, գեղեցիկներու մէջ գեղեցիկ, կոյսերու մէջ կոյս, որուն մէկ ժպիտը բաւական էր դառնացած կեա՛նք մը ուրախացնելու։ Եւ սակայն,– ինչպէ՜ս ճիշդ կ ՚ըսէր պառաւ մը – ա՜լ թող սպասէ որ մէկը խնդրէ իր փափուկ ձեռքը…։ Ի՜նչ փոյթ թէ իր բոլոր բջիջները կեանքով ու երջանկութիւնով լեցուն են հիմա. անիկա դժբախտ պիտի ըլլայ, ուզէ՛ թէ չուզէ՜. ճակատագի՜ր…։

Բայց բնութիւնը իր մէ՜կ ըրածը ծածկելու համար՝ նմանօրինակ ու տարօրինակ ա՛յնքան ուրիշ ցաւեր ալ ստեղծեր է, որ ժամանակ չունիս մէկուն վրայ խորհելու, եթէ ոչ այդ մէ՛կը կրակոտ գամի մը պէս կը մխուէր ուղեղիդ մէջ…։ Սուրացող շոգեկառքի մը մէջն ես, հազի՜ւ ժամանակ ունիս պատուհանէդ բան մը տեսնելու, այդ տեսածդ չդատած՝ ուրիշ մը կը յաջորդէ անոր, ու հազա՜ր ուրիշներ։ Վարագոյրդ կը գոցես ու քո՜ւ ցաւերուդ վրայ կը խորհիս միայն։ Ու ահա՛ կեանքը. կաթիլ մը արցունք, անցուկը՝ մոռցո՜ւկ…։

Այսպէս է մանաւանդ հիւանդանոցի կեանքը։ Հոն թշուառութեան տեսարանները ա՛յնքան արագ կը յաջորդեն իրարու, որ բնա՛ւ ժամանակ չունիս խորհելու, եւ սակայն վարագոյրդ ալ չես կրնար գոցել՝ որովհետեւ ձեռքերդ ամէնուն վէրքին մէջ պիտի մխես։ Նո՛յն օրուան անկողնին մէջ ուր մեռելի մը դիակը դեռ չէ պաղած՝ նոր հիւանդ մը կը պառկի, ապրելու յոյսով…։ Նոյն երկաթէ սեղանին վրայ քանիներո՜ւ արիւնը իրար կը խառնուի ամէն օր, ու կը լերդանայ անկիւն մը…։ Ու այդ բոլոր ցաւերը ա՛յնքան նման են իրարու որ հազի՜ւ թէ կարենայիր զանազանել իրարմէ։ Անգամ մը սակայն զարհուրելի պարագայ մը ներկայացաւ։

Ձմրան առտու մը, տաքուկ սենեակիս մէջ նախաճաշս կ ՚ընէի՝ բոլո՛ր մասնիկներովս վայելելով այն երջանիկ հանգստութեան ժամը, որ առաւօտեան ժամն է հիւանդանոցին մէջ։ Յանկարծ մէկը արագ ֊արագ դուռս ծեծեց։ Գթութեան քոյրն էր, Մեծ֊քոյրը, տարիքոտը։ Բոլորովին տժգունած՝ ինծի բացատրեց որ այրուած կին մը բերեր ու արդէն իսկ գործողութեան սեղանին վրայ պառկեցուցեր էին։ Զարմացայ. այրուածները հազուագիւտ չեն. ինչո՞ւ ուրեմն այսքան այլայլեր էր այս կինը որ ահագի՜ն ցաւեր շոյած ըլլալու էր իր ծերունի ձեռքերուն մէջ…։

Իսկոյն վար վազեցի։ Գարշելի նեխութիւն մը փռուած էր սեղանին վրայ։ Երեսը ծածկեր էին որ հիւանդը չսոսկայ ինքնիրմէն։ Ամբողջ կուրծքը՝ վիզէն մինչեւ որովայնը՝ բաց վէրք մըն էր, վերէն վար։ Թեւերը աւելի սոսկալի էին, մորթը այրեր, ճարպը հալեր, մկանները սեւցեր, բարակցեր, կախուեր էին չուաններու պէս…։ Պէտք էր այդ բոլորը մաքրել, կտրել, նետել, ողջը մեռածէն զատել։ Բայց մկրատին դպած տեղը արիւնը կը բխէր, մելանի գոյն, թանձրացած կաթիլներով…։

Կրակը կրակով կը մաքրուի։ Ու հրաշէկ երկաթը սկսաւ գործել, արիւնի ակերը խարանել, բաց վէրքերուն մէջ պտտիլ։ Իր կարմիր համբոյրին տակ դեռ կեանքոտ դնդերները կը կծկտէին, որովայնը կը գալարէր, մորթազերծ կուրծքը կ ՚ելեւէջէր ցաւագին շարժումներով։

Կոկոն֊կոկոն ստինքները այրեր, հալեր էին։ Տեղ ֊տեղ վարդագոյն մորթի պատառներ մնացեր էին դեռ՝ վարդի փրթած թերթերու պէս։ Տեղ ֊տեղ դեղնած ճարպ մը կ ՚երեւէր՝ թարախի գոյն, մինչեւ բազուկներուն խոռոչին տակ։

Ճենճերոտ մուխը կը բարձրանար, կը գալարուէր, սենեակը կը լեցնէր. այրուող մսի հոտը թոքերը կը խեղդէր։ Գթութեան փոքրիկ քոյրերը մէկիկ ֊մէկիկ անհետացան՝ արցունքը աչքերնուն մէջ. յետոյ Մեծ ֊քոյրն ալ գնաց՝ թաշկինակը քիթին…։

Հիմա մինակ էինք, ես ու կենդանի դիակը։ Եթէ նոյնիսկ գիտութիւնը հրաշք մը ընէր, ինչպէ՜ս պիտի ապրէր, ինչպէ՜ս պիտի շարժէր ան. երկար հոգեվարք մը չպի՞տի ըլլար իր կեանքը։ Ա՜խ, ի՜նչ կ ՚ըլլար որ կարմիր երկաթը սխալմամբ մօտենար, այրէր, ճեղքէր այն խոշոր երակը, որ ահա՛ բազուկին տակ կը տեսնուէր, մե՜րկ, անվթա՜ր, կեանքի՜ տրոփիւններով…։ Ո՛չ, ո՛չ, կեանքը նուիրական է…։

Ցորեկէն վերջ իր սրահը գացի։ Անկողնին քով մարդ մը նստեր էր, ի՛ր հայրը։ Գլուխը կախեր էր՝ անբան ու երերուն՝ սարսափած կենդանիի մը պէս։ Դողդոջ ձեռքերով աղջկան դէմքը բացաւ, իր ճմռթկած երեսները անոր այտերուն քսեց, համբուրեց, լացաւ…։

Այն ատե՛ն միայն տեսայ այդ տասնեօթ տարու դէմքը, այդ կապուտակ աչքերը, այդ արեւոտ մազերը։ Բայց այս իմ ճանչցած լուսնոտ աղջիկն էր, որ իր ախտին մէկ նոպային՝ կրակին վրայ ինկեր ու այրեր էր։

Երեսին ճերմակ քողը դարձեա՛լ ինկաւ ծերունիին ձեռքերէն…։ Ուրեմն գինով Սիմոնը ա՛յս էր, ոճրագործը ա՛յս էր, օղիով յագեցած այս գարշահոտ մարմինը՝ որ լուսնոտներու, այսահարներու, պակասաւորներու, նզովուածներու սերունդ մը կը հասցնէր…։

Ա՜խ, գիտե՛մ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը թաթխէ իր շուրթները այդ թոյնին մէջ. գիտեմ թէ դժուար է փշրել «անուշ անմահութեան» մը համար հրամցուած բաժակ մը. գիտեմ թէ ամէն գինովի զաւակ լուսնոտ չէ. բայց այս մէ՛կը բաւական չէ՞ր բոլոր գինեմոլները նոյն ոճրին մէջ թաթխելու…։

Ու զոհը այս դժբախտ աղջիկն էր, լուսնո՛տը։ Միշտ կը յիշեմ փոքր հասակիս տեսած ըլլալ տպաւորիչ պատկեր մը՝ ուր լուսնոտ կոյս մը, լուսնակ լոյսին, ձեռներն երկինք երկարած, ինքն իր վրայ կը դառնար, երկրէն երկինք նետուիլ ուզող բանաստեղծական հսկայ ծաղիկի մը պէս…։

Ո՛չ. լուսնոտը այս էր, ա՛յս մորթազերծ ու ճենճերուտ մարմինը՝ որուն վրայէն ուրեմն, վերէն ի վար խոշոր դող մը կ՚անցնէր, ամբողջ անկողինը սարսռացնելով. այն ատեն սրահին միւս հիւանդները իրենց վերմակին տակ կը կծկտէին, ցաւերնին մոռցա՜ծ։ Ու երբեմն ալ, երբ այդ մեռած միսերուն մէջ դեռ կենդանի ջիղերը կ ՚արթննային՝ մէ՛կ ճիչ մը կը թռչէր իր բերնէն, բայց ահագի՛ն ու անկարելի՛ ճիչ մը՝ որ բոլոր սրտերը դանակի պէս կը ճեղքէր, պատերուն մէջ կը թափանցէր, գետնափոր յարկին սիւները կը դողացնէր, ամբողջ հիւանդանոցը վայրկեան մը իր սարսափովը կը լեցնէր՝ յետոյ յանկա՛րծ մահուան լռութեան մէջ թաղելու համար այդ հսկայական շէնքը։

– Աստուած ընդունի իր հոգին, կու լար Մեծ ֊քոյրը ծնկաչոք. մահէն աւելի գէշը կայ…։

Գիշերը դեռ երկար ատեն կը շարունակուէին այդ սարսափելի ճիչերը ընդհատ ֊ընդհատ։ Ննջասենեակիս մէջ պառկած՝ չէի կրնար աչերս գոցել։ Այդ բողոքի աղաղակները կոկորդս կը խրուէին, շունչս կը խեղդէին։ Աստուա՜ծ իմ, արշալոյսը ե՞րբ պիտի լուսնար…։

Սեւ֊սեւ մտքեր ուղեղս կը պաշարէին։ Այս որքա՜ն անարդարութիւն. մէկ կողմէն կը հաւաքեն ամէնէն առողջ երիտասարդները՝ պատերազմի մէջ հարիւր հազարներով մեռցնելու համար, միւս կողմէն՝ կը ստիպեն որ բժշկութիւնը գերմարդկային ճիգեր թափէ ապրեցնելու համար տառապագին մսակոյտ մը՝ որ իր բոլոր ուժով մա՜հը կը կանչէ…։

Ու այդ սպիտակ գիշերին մէջ քանի՜ ֊քանի՜ անգամներ ոճրին փորձութիւնը ձեռքս դողացուց. մինչեւ որ վերջապէ՜ս ճիչերը դադրեցան, ու խաւարն ու լռութիւնը լեցուցին Ցաւին Տունը։

Առաւօտուն իր մօտ գացի. երեսին քողը անգամ մըն ալ բացի ու լացի։

Այդ գարշահոտ նեխութեան մէջէն իր կապուտակ աչերը հանդա՜րտ կը նայէին՝ աղբիւրներուն վրայ բացուած այն երկնագոյն ծաղիկներուն պէս, որ մի՛ մոռնար զիս կ՚ըսեն…։

Վերմակին տակ արիւնն ամբողջ անկողինը լեցուցեր, մակարդեր, սառեր էր արդէն։ Կասկածո՜վ իր թեւը վերցուցի. այն մերկ երակը փրթեր էր… – փրթա՞ծ թէ փրցուած…։

Լօզան, 1913

Կռունկը

ԿՌՈՒՆԿԸ

Ցուրտ֊ձմեռ օր մըն էր։ Դուրսը սառած հովը մտրակներու պէս կը շաչէր անցորդներու երեսին։ Ձիւնն ըսես՝ աչքերը կուրցնելու աստիճան։

Հայրենակցի մը սենեակին մէջ կծկտեր էինք մենք, քանի մը ընկերներ, ամէնքս ալ պանդուխտ։ Դուռը ճռաց, ցուրտ հով մը խուժեց սենեակէն ներս։ Կարոն էր, գերեզմանէն կու գար։

– Պը՜ռ՜ռ, – ըսաւ, – շա՛ն օդ. ասանկ օրով մարդ կը մեռնի՞…։

Քիչ վերջը, դուռը անգամ մըն ալ բացուեցաւ. քանի մը յետամնաց ընկերներ ալ ներս մտան։ Այս ձիւնին տակ սպասած էին որ դիակը ամբողջովին ծածկուէր, նոյնիսկ մէկը՝ մեր բոլորին կողմէ՝ յետին հրաժեշտի քանի մը խօսքեր ալ ըսած էր այդ մենաւոր գերեզմանատան մէջ, այդ անծանօթ մեռելին վրայ։

Ո՜վ կը ճանչնար, ո՜վ պիտի ճանչնար երբեք հազար ու մէկ բզկտուած էջերը Կեանքի ու Մահուան այն տռամին՝ որ այսօր ձիւներու տակ թաղեցինք, օտարներու փոսին մէջ։ Առա՛նց անունի, թռչունի դիակի մը պէս…։

– Ե՛ս ալ չէի ճանչնար ան, – ըսաւ մէջերնէս մէկը. – բայց պանդոկին մարդերը հասկցեր էին, որ այդ օտարական հիւանդը Հայ մըն է ու հայ բժիշկ մը կ ՚ուզէ իր մօտ։ Շաբաթ մը յետոյ միայն կրցան զիս գտնել։ Երբ իր սենեակէն ներս մտայ՝ պատուհանին փեղկերը գոցուած էին։ Սակայն քիչ ֊քիչ այդ մթութեան մէջ դէմք մը գծագրուեցաւ, երկար, անկիւնաւոր, կանանչի զարնող դեղնութիւնով մը. խաւարով ու լոյսով շինուած Ռամպրանթեան գլուխ մը։

Երկրորդ բանը որ տեսայ այդ սեւութեան մէջ՝ ոսկորի գոյն մատներ էին, որ ինծի երկարեցան ու ձեռքերս սեղմեցին՝ կպչող խոնաւութիւնով մը։ Կարծես թէ ա՜լ կաթիլ մը արիւն մնացած չըլլար իր մարմինին մէջ։ Աչքերը իրենց փայլը արդէն կորսնցուցեր էին. սեւութեան մէջ սեւ՝ չէին երեւար։

Երբ աւելի վարժուեցայ այդ կէս ֊մթութեան՝ տեսայ որ մօրուքին վրայ տեղ ֊տեղ կարմիր արիւնը փակեր, թանձրացեր, լերդացեր էր։ Մորթուած անասունի տաք շունչ մը կ ՚ելլէր իր բերնէն, դանդաղ ու խորունկ։ Կարծես անտեսանելի դանակ մը ներսէն, վերէն ի վար ճեղքեր էր իր թոքերը։

Ա՜լ նիւթական ի՜նչ դարման կարելի էր տալ այս մարմինին որ գրեթէ մեռեր էր արդէն։ Բայց ան խօսելու ճիգ մը ըրաւ, հազը խեղդեց իր խօսքը. խռկացող, խռպոտ հառաչներէն բա՜ռ մը հասկցայ,

– Կռո՜ւնկը…

Ու ես երգեցի իրեն. ո՜վ չի գիտեր կռունկը, բոլոր աչերն ետին մնացած ուղեւորներուն կռունկը… ու անդին՝ բոլոր ճիտը ծռած, անվերջ ճամբաներուն սպասողներուն կռունկը…։ Ու ինծի այնպէս թուեցաւ որ իր հոգին հովացաւ, զովացաւ, լացաւ…։ Իր սրտին բոլոր լուրերը յանձներ էր հաւատարիմ կռունկին…։

Այս պատմութեան վրայ ամէնքս ալ լռեցինք։ Սարսափելի՛ բան մը կար ճակատագրին մէջ այս անծանօթ ուսանողին՝ որ հայրենիք դառնալու համար ճամբայ ինկեր, ու ճամբուն վրայ մեռեր, թաղուեր էր իր չտեսած մէկ հողին մէջ…։

Թոքախտը որ հո՛ն էր, ի՛ր մէջ, դարանակա՜լ, տարիներէ ի վեր սպասեր էր որ բոլոր յոյսերը իրականանան, բոլոր ուսումները կատարելագործուին ու բոլոր աշխատութիւնները աւարտին՝ ի՛նք սկսելու համար իր ահաւոր աշխատութիւնը, ու գերագո՛յն ժամուն տալու համար գերագո՛յն հարուածը…։ Ա՜խ, զզուելի՛, զզուելի՛ հիւանդութիւնը…։

– Բժի՛շկ, – ըսաւ մէկը, – երբ գերեզմանին մէջ երեսը բացինք՝ մելանի պէս սեւ էր… ինչէ՞ն է…։

Բայց բժիշկը չխօսեցաւ. մա՛րդ չխօսեցաւ։

Լռութիւնը անգա՛մ մըն ալ իջաւ մեր վրայ՝ քարի պէս, ու այս անգամ աւելի՛ ահաւոր քան առաջին անգամը։ Այդ սա՛ռը կոտրելու համար.

– Տղա՛քներ, – ըսաւ ուրիշ մը, – վաղը Հայոց Կաղանդն է…։

Բայց Կաղանդին վրայ մտածողն ո՜վ էր։ Մենք կը լսէինք ձիւները որ կը թփրտային ապակիին վրայ, կարծես մեռելի՛ն մատները թփրտային մեր ապակիին վրայ…։ Այս ցուրտին՝ իր գերեզմանէն փախած՝ մե՛ր մէջ մտնել կ ՚ուզէր ան։ Ու չես գիտեր ի՜նչ մը ունէր սպառնական այդ անանուն ու անծանօթ մեռելը. խորհրդանշան մը ու ազդարարութիւն մըն էր ան մեզի համար…։

Ու իրա՛ւ, իրա՛ւ, այդ պահուն Մահը մեր վրան էր. ա՛յն Մահը որ ուսանողին ու բանուորին, հաւատացողին ու ուրացողին, բժիշկին ու բժշկուողին հաւասարապէս անծանօթ ու սարսափելի է…։

Մե՛նք ալ մա՜րդ պիտի ըլլայինք, կրթութի՜ւն պիտի ստանայինք, լո՜յս պիտի տանէինք մեր խաւար աշխարհին. սո՛ւտ, սո՛ւտ…։ Մենէ որո՞ւն շունչին մէջէն չէր շնչեր արդէն դարանակալ մահը…։ Իւրաքանչիւրն ինքն իր վրայ կը խորհէր, ինքն իր վրայ կը կասկածէր…։

Ո՜վ պիտի պատմէր ահաւոր մեծութիւնը այս երիտասարդ հոգիներուն, որոնք աղօթքի մը կա՛պն ալ կը մերժէին ողջերուն ու մեռնողներուն միջեւ։ Այլապէ՜ս, ամէն մարդ առանձնացեր էր ինքն իր հոգւոյն մէջ…։

Սակայն, յանկարծ, մութ անկիւնէ մը դողդո՜ղ ու ցա՜ծ, երգ մը սկսաւ, նախ մէ՛կ բերնով, յետոյ բոլոր շրթունքներէ. բարի ու ահաւոր երգ մը, մահերգի մը պէս աղաչաւոր, աղօթքի մը պէս վեհափառ երգ մը, որ սառը կոտրեց, արցունքները հալեցուց, սրտերը տաքցուց, բոլոր հոգիները, բոլոր հողերը, բոլոր տրտունջները, բոլոր մրմունջները իրա՛ր միացուց.

Ղարիպին սիրտն է խոց, ճիկարն է վարամ,

Կերած հացն է լեղի, ու ջուրն է հարամ…։

Կռո՜ւնկ, կռո՜ւնկ, ամէն աշխարհի անկիւններէ, ամէն սրտի խորշերէ, քա՜նի ծանր լուրեր կապեցին ոտքերուդ, ու դուն կրնա՜ս թռչիլ…։ Քանի՜ քանի՜ մահեր կապեցին քու թեւերուդ, կռո՛ւնկ, թեւաւո՜ր հառաչ որ կրնա՜ս թռչիլ…։

Ու երբ բժշկին նշանին վրայ՝ բոլո՛րս մէկ ոտքի կեցանք իբրեւ սուգի նշան, մարմինս փուշ ֊փուշ եղած՝ ես կը խորհէի որ այդ վայրկեանին, հեռունե՜րը, հեռունե՜րը, ծովերով ու լեռներով հեռունե՜րը տեղ մը, ծերուկ մայր մը ու ալեւոր հայր մը, ժպտելով ու յուսալով, ճամբո՜ւն, ճամբո՜ւն կը նայէին. մինչդեռ մենք գիտէինք որ ա՜լ տղան չպիտի գար, չպիտի գա՜ր…։

Եւ այս անգամ, ամէնո՜ւն հետ, բայց դողալո՜վ, ու կարծես մօ՛րն ականջին կ ՚երգէի ես մահահոտ երգը…։ Պանդխտութեան ճամբաներուն վրայ անանուն մեռնողներու ամբո՛ղջ ցեղ մը՝ համայն աշխարհը թունաւորելու չափ դառնութի՛ւն դրեր էր այդ երգին մէջ, ու քարերը լացնելու չափ քաղցրութիւն…։

Լօզան, 1913

Հրաշալի բժշկութիւն

ՀՐԱՇԱԼԻ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

Երիտասա՛րդ բժիշկ, որ մարդը առողջացնելու արուեստին ես նուիրուած, չեմ հարցներ քեզի թէ կը ճանչնա՞ս արուեստդ, բայց կը ճանչնա՞ս գոնէ մարդը։

Մարդը այն մորթազերծ կարմիր կենդանին չէ՛, որուն դնդերները քննեցիր մարդակազմութեան պատկերներուն վրայ։ Մարդը այն մարմնազերծ դեղին կմախքը չէ՛, որուն շարժումները ուսումնասիրեցիր ոսկորներուն վրայ։ Մարդը այն շնչազերծ կանանչ դիակը չէ՛, որ ամիսներով քարէ սեղանի մը վրայ պառկեցուցած՝ չափեցիր, կշռեցիր, պատռեցիր, կտրեցիր, յօշոտեցիր, սղոցեցիր, բզկտեցիր, առանց որ անգամ մը բերանը բանար՝ հարցնելու համար թէ «ի՞նչ կ՚ընես, բարեկա՛մ…»։

Քեզի հիւանդ մը ցուցնելէ առաջ՝ պատուիրեցին տարիներով դիակներու վրայ աշխատիլ, որպէսզի մարդը ճանչնաս, եւ որպէսզի հոգիդ չդողայ ու խիղճդ չպոռայ։

Երկարօրէն քննելէ, փնտռելէ, պրպտելէ վերջ, գանկին մէջ նեխած ուղեղ մը ու սրտին մէջ սեւցած արիւն մը գտար։

– «Ո՞ւր է հոգին, ո՞ւր է խիղճը», գոչեցիր ծիծաղելո՜վ։

Աւա՜ղ, քու ուսումնասիրած մարդդ դիա՜կ մըն է միայն. Զգուշացի՛ր իրեն նմանելէ։ Մարդը որ կ՚ապրի, մարդը որ կը խորհի ու կը զգայ, մարդը որուն բարոյական տառապանքները բի՛ւր անգամ աւելի են քան ֆիզիքական տառապանքները, այն մարդը ուրիշ բան կը պարունակէ իր մէջ քան ճարպն ու ոսկորը…։

Ամէ՛ն մարդու մէջ Աստուած մը կայ… Ահաւասիկ թէ ի՛նչ բան կը մոռնան քեզի ուսուցանել։

Ցաւալի է խոստովանիլ որ այժմու բժշկական վարժարանները կեանքի առաքեալներ կը պատրաստեն ա՛յնպէս՝ ի՛նչպէս զինուորական վարժարանները կը հասցնեն Մահուան պաշտօնեաներ։ Սա՛ տարբերութեամբ որ՝ այս վերջինները զինուորին ո՛չ թէ միայն սուր ու հրացան կու տան, այլ անձնուիրութեան, վեհանձնութեան, զոհողութեան ամբողջ դաստիարակութիւն մը։ Մինչդեռ դեռատի բժիշկի մը ձեռքը թոյն մը եւ դանակ մը տալէ վերջ՝ կ ՚արձակեն զայն առանց բարոյական ու հոգեկան ո՛եւէ պատրաստութեան։

Մարդը իբրեւ միսի ու ոսկորի շարժական գործիք մը ներկայացնելէ վերջ, բժշկութիւնը կը սորվեցնեն այնպէս՝ ինչպէս մեքենագէտներուն կը սորվեցնեն երկաթէ գործարաններուն ուսումը։

Հոգեկան ո՛չ մէկ բառ, բարոյական ո՛չ մէկ ուղղութիւն, անցեալի ո՛չ մէկ յիշողութիւն։

Եւ սակայն հազարներով տարիներ, Փարաւոններու երկրէն մինչեւ Աւետեաց երկիրը, ու Յորդանանէն մինչեւ Գանգէս, միլիոններով մարդիկ հոգեկան բժշկութիւնը միայն կը գործադրէին իրենց ախտերուն դէմ պայքարելու համար։ Եւ ամբողջ կրօնքներ հիմնուեցան՝ հրաշքներու հաւատալիքին վրայ։

«Հրաշալիքներու դարը անցաւ» ըսին քեզի, ու ամուր կերպով փակեցին անբացատրելի իրողութիւններու անհանգստացուցիչ դուռները։

Չըլլա՛յ որ նեղմիտներուն հաւատաս։ Այն մարդիկը որ ամէն բան գիտնալու յաւակնութիւնն ունին, կը մերժեն ինչ որ իրենց անհասկանալի կը թուի։ Աչերնին գոցած կը քնանան, ու աստղերը կ՚ուրանան…։

Քանի որ խօսքը աստղերուն է՝ յիշեցնենք թէ մինչեւ 18֊ րդ դարուն վերջերը, Ֆրանսական Գիտութեանց Կաճառը կը մերժէր ընդունիլ թէ՝ երկինքէն կրնայ քար իյնալ երկրի վրայ…։ Ականատես վկաները իբրեւ խենթ ու խաբեբայ կը հռչակէր։ Օր մը, քաղաքապետ մը, իր շրջանակին մէջ ինկած երկնաքարէն նմոյշներ ղրկած ըլլալով իրեն՝ պատկառելի Ակադեմիան, 1772֊ին հրատարակած տեղեկագրով կը յայտարարէր, թէ «եղելութիւնը յայտնապէս կեղծ ու երեւոյթը ֆիզիքապէս անկարելի էր »։ Ճշմարտութիւնը իրենց գլխուն մտցնելու համար պէտք եղաւ որ այդ քարերէն մէկը իրենց գլխուն իյնար…։ 1864֊ ի Մայիս 4֊ին, ակադեմական Ատոլֆ Պրօնեար քիչ մնաց վախէն մեռնէր՝ երկնաքարի մը անկումին ականատես ըլլալով…։

Նոյնը պիտի պատահէր նաեւ հրաշալի բժշկութեան համար։

Տիեզերահռչակ բժիշկ Շարքօ՝ իր ամբողջ գիտութիւնը քանի մը անբուժելի հիւանդներու վրայ ի զուր փորձելէ վերջ, ի՜նչ մեծ եղաւ իր զարմանքը, երբ անոնք օր մը ուխտատեղի մը երթալով բոլորովին բուժուած վերադարձան…։ Այսպէս, մատը վէրքին մէջ բռնուելէ վերջ՝ իրապաշտ գիտնականը խոնարհեցաւ ճշմարտութեան առաջ. իրն է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Գիտութիւնը որ յեղաշրջուելու վրայ է՝ չի կրնար ամէն ինչ բացատրելու յաւակնութիւնն ունենալ, այսպէսով իր բարեշրջումը ժխտած պիտի ըլլար…։ Հրաշքները ամէն ատեն գոյութիւն ունեցան՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր կրօնքներու ու քաղաքակրթութեանց մէջ, ինչպէս որ այժմ ալ կը կատարուին բոլոր լայնութիւններուն վրայ։ Այսպէսով բուժուած հաշմանդամները հարիւրներով կը հաշւուին, նոյնիսկ երբեմն պալարներն ու ուռուցքները։ Ես տեսայ վերադարձը այն հիւանդներուն, որոնց ես չկրնալով անձամբ հաւատք ներշնչել՝ ուխտատեղի մը գացեր էին. քննեցի իրենց անդամալոյծ անդամները ու ներկայ գտնուեցայ ախտին անյայտացման»։

Լիթրէ իր «Դրական Իմաստասիրութեան» մէջ կը նկարագրէ բազմաթիւ հրաշքներ, որ Սէն ֊Լուիի գերեզմանին դպչելով կը գործուէին»։

Հռչակաւոր Տոքթ. Ֆաուլէր կը ներկայացնէ ութը կին հիւանդներ, որոնք ստինքի ուռեցքներ ունէին ու դարմանուեցան հոգեկան բուժումով։

Սխալ հետեւութիւններու տեղի չտալու համար դիտել տանք թէ ո՜րչափ հազուադէպ են գիտապէս վաւերացուած հրաշքները։ Սակայն, եթէ հիւանդները իրենց հաւատքը փոխանակ փայտի կտորի մը, սուրբի պատկերի մը, դիակի շիրմի մը վրայ դնելու՝ այդ փրկարար հաւատքը Գիտութեան վրայ դնէին, որքա՜ն պիտի շատնար հրաշալի բուժումներու թիւը…։ Ա՛յս է հիւանդներուն տրուելիք պատուէրը։

Բայց բժիշկներուն համար ուրի՛շ կենսական պատուէր մը կայ։

Եթէ դուն իրապէս բժիշկ ես, հիւանդներուդ փրկութեան համար՝ իրաւունք չունի՛ս ոեւէ միջոց մերժելու այդ նպատակին հասնելու համար։ Սահմանափակ ու այլամերժ բժշկութիւն մը գիտակից ոճրագործութիւն մըն է։ Պ իտի դիմես հնարաւոր բոլոր ազդակներուն։ Դեղն ու դանակը, ջուրն ու կրակը, ելեկտրականութիւնն ու մագնիսականութիւնը, գիտութիւնն ու հաւատքը՝ փոխն ի փոխ քու զէնքերդ պիտի ըլլան. որովհետեւ այն ախտերը որոնց դէմ կը կռուիս, տարբեր հիւանդներու մէջ, տարբեր զէնքերու կը դիմես։

Պիտի հարցնես սակայն թէ կարելի՞ է հրաշքը գիտական հաւատալիքներու կարգը դասել։ Անշուշտ կարելի է։

Գերբնական կարծուող հրաշքը այնքան բնական է, որքան երկինքէն ինկող քարը։ Միայն թէ՝ գիտունները ժխտելով անոր գոյութիւնը, դեռ չուսումնասիրեցին հրաշագործումի օրէնքները եւ բախտին ձգեցին հրաշքի կատարումը։

Քաջութիւնն ունենանք խոստովանելու թէ հին ազգերը մեզմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնային այս գիտութիւնը։ Եգիպտացիներուն, իսրայէլացիներուն, հնդիկներուն պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով։

Այժմ մեզի համար մութ կը մնայ հրաշագործումի եղանակը, բայց անոր սկզբունքը լոյսի մը նման պարզ է.–

Ձանձրոյթի գաղափարը կը յօրանջեցնէ, ամօթի գաղափարը կը կարմրցնէ, գութի գաղափարը կը լացնէ, սարսափի գաղափարը կը դեղնեցնէ, բժշկուելու գաղափարը կը բժշկէ։

«Եթէ,– կ ՚ըսէ Պարուէլ,– առողջանալու հաստատ համոզումը իշխէ հիւանդին հոգւոյն վրայ, այդ հիւանդը անխուսափելիօրէն պիտի առողջանայ»։

Հոգեկան ազդեցութիւնը այնքա՜ն մեծ է ֆիզիքականին վրայ, որ յանկարծական վախ մը բոլոր շարժումներդ անկարելի կը դարձնէ։ Եթէ բուռն յուզում մը կրնայ վայրկենաբար անդամալուծել, աւելի՛ բուռն յուզում մը կրնայ անդամալուծութիւնը վայրկենաբար փարատել։

Ամէն բան կախում ունի՝ բժշկուելու գաղափարը հիւանդին մէջ ներմուծելու արուեստէն։

Ու տեսէք թէ Սրուանձտեան – որ ո՛չ բժիշկ էր, ո՛չ գիտնական, այլ գաւառացի վեղարաւոր մը – գիտուններու կողմէ կղպուած հրաշքի բժշկութեան դուռները ի՜նչ վսեմ պարզութեամբ կը բանայ.

«Նայէ սա մանուկը, իր երեսներուն վրայ էրէթիկ ջրջրուկ ունի։ Սա մամիկը թէզպէհը ձեռքն առած նստեր է. մանուկին երկու բազուկները բռնած՝ իր բոյթերով ու մատներով տղուն բազկերակները կը ճնշէ, կը շօշափէ, բազուկն ի վայր մատները կը տանի ու կը բերէ. իր աչքերը անթարթ՝ մանուկին աչքերուն յառած է. ու երբեմն ալ արմունկներէն վեր թեւերը կը ճմլէ. կը դառնայ, տղուն երեսն ի վար կը խաչակնքէ, եւ ձեռքերը պորտին ու կուրծքին վրայ դնելով՝ բոյթով կը ճնշէ, վզին մայր երակները կը ճմլէ, ճակատը կը շփէ, երբեմն ֊երբեմն ալ երեսին կը փչէ ու միշտ կը պտպտայ, աղօթք կ ՚ընէ։ Յաճախ տղան կը յօրանջէ։ Կը մագնիսացնէ՞, կ՚ելեկտրականացնէ՞, թէ աղօթիւք հրաշք կը գործէ.– վերջապէս տղան հիւանդ էր եւ կ՚առողջանայ»։

Հիմա այս պատկերին հետ բաղդատութեան դիր այն նորագոյն բժիշկները՝ որոնք յաճախ հիւանդին ձեռքն իսկ չսեղմած (ժամանակ կորսնցնելո՞ւ թէ վարակուելու վախէն)՝ կը նստին՝ արագօրէն ստացագիր մը գրելու պէս՝ շարադրելու դեղագիր մը, որ միշտ երկրորդական է, յաճախ անօգուտ, երբեմն՝ վնասակար։

Կո՛յր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար այն բազմաթիւ հիւանդները, որոնք երկար ճամբորդութիւններ կ՚ընեն, բժիշկէ բժիշկ կը նետուին՝ պաշտպան մը ու նեցուկ մը գտնելու յոյսով, ու չեն իսկ փորձեր գործադրել այնքա՜ն սուղ գնուած դեղագիրները։ Որովհետեւ դժուար է ընդունիլ այն բազմաթիւ դեղերը՝ որոնք յաճախ տրամագծօրէն հակառակ են իրարու…։ Ու յետոյ՝ հիւանդին փընտռածը միայն թուղթի կտոր մը չէր, այլ ապրելու յո՜յս, հոգեկան ուժ, տառապելու քաջութի՜ւն…։

Դժբախտաբար այս բարոյական ազդակը կ ՚անտեսեն բժշկական նորագոյն հաստատութիւններն անգամ։ Սկեպտիկները համոզելու համար թէ հաւատքի բարբառ մը – հոգ չէ թէ հրապարակային ու անանձնական – ֆիզիքական ի՜նչ մեծ ուժ կրնայ ներշնչել հիւանդին արեան մէջ, կը հրատարակենք սա յուզիչ տողերը, որ անծանօթ տիկին մը մեզի կ ՚ուղարկէ զուիցերիական սանաթորիոմէ մը.֊

«Հիւանդի բնական յուսահատութեամբ, անկողնիս մէջ պառկած կը սպասէի ես ալ չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ… Մահուա՞ն՝ որ չէր գար, Կեանքի՞ն՝ որ կ ՚ուշանայ զիս վերականգնելու։ Երկար ամիսներու հիւանդութիւնը արդէն մաշեր, հալեցուցեր էր կորովիս ու համբերութեանս մեծ մասը, ու մնացած քիչովը դեռ կը տանջուէի։

«Ահա՛ կը ստանամ «Ազատամարտ»ը։ Մեծ ուրախութեամբ կը կարդամ հայերէն թերթերը. հայ գիրը տեսնելով կարծես կարօտը կ ՚առնեմ հայրենիքիս։

«Ապրիլը յաղթել է». շտկուեցայ անկողնիս մէջ. սկսայ կարդալ յօդուածը, եւ մինչեւ վերջացնելս բոլորովին առողջ կը զգայի զիս։ Ա՜լ կուրծքիս տակ հիւանդ թոք մը չկար. երակներուս մէջ թարմ արիւն կը հոսէր. յաջորդ օրն իսկ ելայ անկողնէս։

«Եթէ բժիշկները յաճախ գիտնան հիւանդին հոգին բուժել՝ երեւի աւելի շատ պիտի յաջողին մահուան ճանկերէն ազատել մարմինը։

«Ուրեմն ձեր յօդուածը միշտ լքման վայրկեաններուս կարդացի եւ ամէն անգամ նորոգուած ուժերով սկսայ կռուիլ հիւանդութեանս դէմ։

«Կռո՜ւնկը»… ինծի համար ալ պիտի երգէ՞ք այդ կռունկը…։ Բայց չէ՛. ես պիտի լաւանա՛մ …»։

Լօզան, 1913

Ահաւոր տարակոյսը

ԱՀԱՒՈՐ ՏԱՐԱԿՈՅՍԸ

Հայրենիքէս անակնկալ նամակ մը – այն պարզ ու ահաւոր նամակներէն որ գիւղերո՛ւն մէջ միայն կրնան գրել – սա տողերով կը վերջանար.

«Յ. Գ.– Չեմ ուզեր ձեզ տխրեցնել, բայց ի հարկէ ստիպեալ կու գամ լուր մը տալու որ շատ բարի չէ. խօսքս Հայկին մասին է. անցեալ շաբթու գիւղ դարձաւ ու հիւանդ ինկաւ. հարկաւ պիտի փութաք զինքը վերջին անգամ տեսնելու»։

Վերջին անգամ մը տեսնելո՞ւ. եւ ինչո՞ւ համար. ուրեմն այսքան հիւա՞նդ. եւ այսքան շուտո՞վ…։ Բայց չէ՞ որ շաբաթ մը առաջ ի՛նքն իսկ կը գրէր թէ ի՛նչպէս համալսարանի քննութիւններուն մէջ առաջին էր հանդիսացեր, շնորհաւորութիւններու արժանացեր, ու գիւղ վերադարձեր էր հանգչելու։

«Կարելի՞ բան է. կարելի բա՞ն է», կը կրկնէի շուարած։ Բայց ահաւոր տարակոյսը արդէն արթնցեր էր մէջս, ու ամէն անգամ սարսափելի «յետ֊գրութեան»ը, կը ցցուէր աչքիս առջեւ։ Հապա եթէ ճիշդ ըլլա՜ր…։

Բարեբախտաբար հետեւեալ օրն իսկ նամակ մը Հայկէն, ուր եղբայրս իր ձեռքով, տասներկու վճիտ երեսներու մէջ, իր մարգարտաշար ու լուսաւոր գիրերով ինծի բի՜ւր բաներ կը գրէր, այնքա՜ն անուշ, այնքան բարի, այնքա՜ն յուսոտ, որ հազիւ թէ նամակին վերջը քանի մը տողով անցողակի կը յայտնէր իր «քիչ մը տկար» ըլլալը։

Ի՜նչ լաւատես խորհուրդներ, ի՜նչ գերերկրային զգայնութիւններ, ի՜նչ իտէական հորիզոններ, ու որքա՜ն հեռատեսութիւններ ապագայի…։

Ո՛չ, ո՛չ, ես վստա՛հ էի որ տղան չէր կրնար մեռնիլ. ան պիտի ապրէ՛ր ու պիտի յաղթէ՛ր, ան առաքեալ մը, ռահվիրայ մը, մարգարէ մը պիտի ըլլար։

Շաբաթ մը վերջ նոր նամակ մը, ու այս անգամ հայրիկէս։ Որքա՜ն տարիներէ ի վեր չեմ տեսեր զինքը. այժմ ալեհեր ու լուսաւոր ծերունի մը պէտք է ըլլայ։ Բայց ինչո՞ւ գիրերը դողդոջ ու տարօրինակ են այս անգամ. ան միշտ հաստատուն ու փոքր տառերով կը գրէր։ Արդեօք դժբախտութի՞ւն մը…։

«… Պանդխտութեան ճամբաներուն նայելէն աչերնուս լոյսը հալեցաւ, զաւա՛կս։ Եղբայրդ հիւանդ, օտարներու բժշկութեան ենք կարօտ։ Մայրդ ծեր է, հիւանդութեան դէմ միայնակ…»։

Սակայն նոյն պահարանին մէջ ահա՛ գրութիւն մըն ալ Հայկէն, ուր հիւանդն ի՛ր ձեռքով կը գրէ թէ բոլորովին առողջանալու վրայ է։

«… Հետզհետէ լաւանալու վրայ եմ. հազս դադրեցաւ ըսելու չափ քիչցած է. գիշերները քունս հանգիստ է, ցորեկներն ալ. ալ ո՛չ մէկ խոց. մարմինս տկար կը զգամ քիչ մը, բայց գիտեմ որ աշխատութեան արդիւնք է այս. քի՜չ մը հանգիստ՝ ու ես դարձեալ վե՛ր կը նետուիմ. ապրելու կամքս մի՛շտ ուժեղ է…»։

Անշուշտ, անշուշտ։ Կամքի ուժը, կեանքի ծարաւը, յոյսը, հաւատքը ունայնութիւններ չեն։ Այն որ կ ՚ուզէ ապրիլ, պիտի ապրի։

Երեք օր վերջ նոր նամակ մը։ Սակայն ինչո՞ւ ձեռքս դողաց այս անգամ պահարանը բացած ատենս։

Ի՞նչ կ՚ըսէ… ահագին թափօ՞ր… ու ինչո՞ւ… զանգակնե՞ր… Հայոց եկեղեցի… Յունաց Առաջնո՞րդ… դամբանակա՞ն… թաղո՞ւմ…։

Ի՞նչ կ՚ըսէ… ուրեմն եղբայրս բռնեցին թաղեցի՞ն… եղբայրս որ ապրի՜լ կ՚ուզէր…։

Այն որ միա՛յն լոյս կ՚երազէր, ուրեմն հիմա ափ մը խաւար հողի ներքեւ կը սեղմուի՝ գալարուող արմատի մը ու չորցած գանկի մը միջեւ…

Ա՞յս էր, ա՞յս էր իմ ահաւոր տարակոյսիս լուծումը։ Ո՛չ, ո՛չ. ես չեմ կրնար ընդունիլ որ գորթեան մեծագոյն հանգոյցը այսպէ՜ս սուրի կոյր հարուածով մը լուծուի։

Ընդհակառակը։ Տարակոյսս աւելի՛ ու աւելի՛ մեծցաւ, սաստկացաւ, խորունկցաւ։ Աչերս պղտորեցան, շուարեցայ, սարսափեցայ։ Ես որ աշխարհն այնքա՜ն հաստատուն հիմերու վրայ դրուած կը կարծէի՝ հիմա կը զգայի որ ան կը դողար ոտքերուս տակ։

Ուրեմն մեռե՞ր է։ Ինչպէ՞ս հաւատալ… ինչպէ՞ս չհաւատալ… Ի՞նչ էր կեանքը, ու մահը ի՞նչ…։ Ո՞րն էր իրական, ո՞րն էր անիրական…։

Չորս բոլորս սադայէլական պարի մը մէջ կեանքը կ՚եռար, կը զեղուր ու կը պոռթկար ամէն տեղէ։ Խուռներամ բազմութիւն մը կը վազվզէր ու կը տքնէր խելակորոյս։ Մտրակները կը շաչէին, կառքերը կը սուրային, ինքնաշարժները ահագին գոռգոռոցով զիրար կը խաչաձեւէին։

Մարդ ու մետաղ կեանքի աղմուկով կը լեցնէին միջոցը։

Աշխարհ կը կործանէ՞ր, թէ աշխարհ կը յառնէր…։

Շուարած ու դողդղալով, գացի լապտերի սիւնի մը բռնուելու, չիյնալո՜ւ համար։

Ո՞ւր կ՚երթային, ո՞ւր կը վազէին ամէնքն ալ։ Այս խելացնոր վազքը կեանքի՞ արշաւ թէ մահարշաւ մըն էր միայն։ Այս ճամբուն ծայրը յանկարծօրէն պիտի չբացուէ՞ր անդունդներուն ամէնէ՛ն սեւը, ամէնէ՛ն խորը, ամէնէ՛ն խուլը, ուրկէ ո՛չ ոք չէ վերադարձեր…։

Ուրեմն այս անհամար հոգիներով լեցուն շոգեկառքերը, այս մարդերն ու տղաքները հեւ ի հեւ կը վազէին անկայուն կամուրջի մը վրայ՝ որուն մէկ ծայրը դատարկութեան վրայ կը յենուր…։

Կարելի՞ էր երեւակայել Կեանք ֊կամուրջ մը, որուն մէկ ոտքը ոչնչութեան վրայ դրուած ըլլար…։

Այս բոլորէն ո՛չ մէկը եղբօր մը, զաւկի մը, հօր մը մահը չէ՞ր տեսած։ Եւ սակայն իրենցմէ ո՛չ մէկը անկեղծօրէն, իրապէ՛ս, ներքնապէ՛ս կը հաւատար մահուան։ Եթէ վստա՛հ ըլլային որ այդ բոլոր տառապալից ու սպառիչ գործունէութիւնը անիմաստ ոչնչութեան մը համար էր, ո՞վ պիտի վազէր, ո՞վ քաջութիւնը պիտի ունենար վազելու…։

Ո՛չ, այս մարդերը չէի՜ն հաւատար, չէին կրնար հաւատալ մահուան այնպէ՛ս՝ ինչպէս բժիշկ մը կ ՚ըմբռնէր զայն։ Եթէ միայն այդ ըմբռնումն ունենային, իւրաքանչիւրն ալ կանգուն մնալու համար ինծի նման՝ սիւնի մը բռնուելու պէտք պիտի ունենային…։

Ուրեմն ես նուա՞զ կ ՚արժէի քան այս տգէտ ամբոխը։ Ուրեմն Գիտութիւնը մեռցուցա՞ծ էր իմ մէջ ինչ որ կար լաւագոյն, ազնուագոյն, գերագոյն, ու քանի մը յարաբերական հաւատալիքներու փոխարէն, ան ինձմէ խլե՞ր էր մեծագոյն հաւատալիքը՝ Կեանքի հաւատքը…։

Եւ սակայն, եթէ կեանքը իրօ՛ք ու միմիա՛յն բջիջներու խաղ մըն էր, ինչպէ՞ս կարելի էր բացատրել որ այդ բջիջներուն ամէնէն պղտոր, ամէնէն ախտագին, ամէնէն յուսահատ եղած միջոցին կեանքի սէրը, ապրելու հաւատքը, յաղթելու յոյսը ծնէին այնքա՜ն զօրութեամբ, այնքա՜ն յստակութեամբ, այնքա՜ն լաւատեսութեամբ…։

Եւ ուրկէ՞ կու գային այդ հունաւոր բջիջներուն մէջ անհունութեան գաղափարները, այդ մահացու տարրերուն մէջ անմահութեան բնազդները, այդ գետնաքարշ մարմնի մէջ անշրջագիծ իտէալները…։ Ինչպէ՜ս կարելի էր երեւակայել որ մասը ամբողջութիւն մը պարունակէր, ու բջիջը՝ տիեզե՜րք մը…։

Եթէ Կեանքը ժամանակներու սկիզբէն ի վեր կը տքնէր միա՛յն Մահուան հասնելու համար. եթէ Բարեշրջութեան Օրէնքը միլիոնաւոր դարերէ ի վեր կ ՚աշխատէր անշունչ առարկաներուն շունչ տալու, հողը բոյսի, բոյսը կենդանիի, կենդանին մարդու վերածելու, յետոյ դարձեա՛լ մարդը հողի փոխելու համար, կարելի՞ էր որ ո՛եւէ գիտուն միտք մեռնէր ու յագուրդ ստանար այսքա՛ն անիմաստ, այսքա՛ն անտրամաբան, այսքա՛ն ամուլ գործունէութիւնով մը։

Եթէ անշարժ ու անզգայ քարը կեանք ու շարժում առաւ, զգացում ու խորհուրդ եղաւ, եւ կամք ու խղճմտանք, պարզապէս տառապելու ու մեռնելու համար, չէ՜ր արժեր կատարել այսքան դարաւոր ու տիեզերական աշխատութիւն մը՝ որ գեղջուկ գերեզման մը բա՛ւ էր խեղդելու…։

Ուրեմն ինչո՞ւ համար են ծաղիկները. աստղերը ինչո՞ւ. ինչո՞ւ համար է սէրը ու կեանքը ինչո՞ւ…։

Այս ընդարձակ տիեզերքին մէջ ո՞վ իրաւունք, ո՞վ իշխանութիւն, ո՞վ զօրութիւն ունի ծագող արեւ մը խաւարելու…։

Եւ սակայն ան մեռա՜ւ…։ Մեռա՜ւ…։

Ո՞վ, ո՞վ պիտի կրնայ զիս ազատել այս ահաւոր տարակոյսէն։

«Մեռցո՛ւր» կ ՚ըսեն գիտունները…։ Բայց ժամանակներու, միջոցներու, օրէնքներու անհունութեան մէջ՝ ի՜նչ խղճալի բան է իմ գիտցածս. ու ինչպէ՜ս զօրեմ իմ այդ փոքրիկ գիտութիւնովս ամբողջ Մեծ Անծանօթն սպաննելու։

Ձեռքս փոքրիկ մուրճ մըն են տուեր որ աստղերը փշրեմ անով…։ Բայց աստղերը միշտ մեզմէ բարձր ու անհասանելի պիտի մնան՝ գերագոյն ճշմարտութիւններուն պէս. ու ով որ աչեր ունի տեսնելու՝ պիտի տեսնէ զանոնք…։

Երկու հսկաներու միջեւ կը տատանիմ ու կը տառապիմ։ Երկու միականի Կիկլոպներ կը բաժնեն հոգիս.– Գիտութիւն մը՝ որ փաստեր ունի ու իտէալ չունի, ու Կրօնք մը՝ որ իտէալ ունի ու փաստեր չունի…։

Առաջինը անվերապահ մահուան կը դատապարտէ զիս, երկրորդը անհունութեան լուսամուտները կը բանայ անհունաբա՜ղձ հոգիիս։ Մէկը ոտքս գերեզմանին կը կապէ, միւսն աչերուս՝ երկինքները ցոյց կու տայ։

Կրօնքը՝ իր հետեւողին յաւերժօրէն երանելի յաղթութիւններ կը խոստանայ. Գիտութիւնն իր աշակերտին լոկ վերջնական ու բացարձակ հպարտութիւն մը կ ՚երաշխաւորէ՝ ստրուկ բջիջի մը մահուան կապելով սանձարձակ հոգիին ազատաշունչ թռիչները…։

Եթէ գոնէ Գիտութիւնը ձեռքս ուժեղ զէնքեր տար՝ անմահութեան ամէն երազ ջնջելու, կը սփոփուէի, խորհելով որ ճշմարտութիւնը մե՛ր կողմն է՝ հոգ չէ թէ դա՜ռն ըլլար ան…։ Բայց ո՛չ, Գիտութիւնը կը լռէ. ու այս լռութիւնը ժխտումէ մը աւելի ծանր կը կշռէ տարակոյսի նժարին մէջ։

Ու նժարը կը տատանի ահաւոր ելեւէջներով։ Ո՞ւր, ո՞ւր պիտի յանգի իր մահացոյց ասեղը. յաւիտենական կեա՞նք թէ յաւիտենական մահ…։

Ո՞վ, ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս ահաւոր մղձաւանջէն։

Կ՚անցնին օրեր, կ ՚անցնին շաբաթներ. ու տարակոյսը կը մեծնա՜յ, կը մեծնա՜յ…։

Ամէն գիշեր, դողդղալով աղերս կու տամ ցայ գի սիւքերուն, աղերս կու տամ խաւարի թռչող հոգիներուն.

– Հա՛յկս, անո՛ւշս, հոգի՛ս, մեռա՞ր, մեռա՞ր…։

Ու խորասո՜յզ կը լսեմ միջոցին ընդմէջէն, բոլոր Գիտութիւններուն վրայէն սաւառնող, դարերէ ի դար ու սիրտերէ ի սիրտ արձագանգող, Շէյքսփիրի ահաւոր հարցականը.

«Լինե՛լ թէ չլինել… մեռնի՜լ, քնանալ… քնանա՜լ, երազե՜լ թերեւս…»։

Լօզան, 1913

Անիծուած գանձը

ԱՆԻԾՈՒԱԾ ԳԱՆՁԸ

Այն տարին Ալպեաններու վրայ հեռաւոր գիւղ մը գացեր էի օդափոխութեան։ Օր մը, պտոյտէ վերադարձիս, պանդոկապետը զիս սա՛ խօսքերով դիմաւորեց.

– Ներողութիւն, պարո՛ն, հիւանդ կին մը եկած է հոս, առտուընէ ի վեր բժիշկ կը փնտռենք։ Ամուսինը քովի սրահն է։

Քովի սրահը քառասուննոց մարդ մը կար. մարդ ըսածս՝ գլուխ մը, ու գլուխն ալ՝ երկար ու սուր ճակատ մը, կոնաձեւ շաքարի մը պէս, ճակտին տակ՝ գիշակեր թռչունի խոշոր քիթ մը։

Իրեն երջանկութիւն մը պատճառելու համար երբ Հայ ըլլալս յայտնեցի, ուրախութեան ու զզուանքի այնպիսի յաջորդական ու յանկարծական արտայայտութիւններ առաւ՝ որ կարծես պտուղ մը խածած ատեն որդ մը ելլէր մէջէն։

Այս մարդերը որ իրենց ցաւը պահելու համար մինչեւ աշխարհիս ծայրերը եկեր, լեռներուն գագաթները ելեր էին՝ իրենց չա՛ր բախտէն, հայ բժիշկի մը ձեռքը կ ՚իյնային յանկարծ։

Իր նիհար ու տժգոյն դէմքէն ա՛յնպէս հետեւցուցի որ հիւանդը գուցէ ինքն էր. բայց ան թուրքերէն լեզուով՝

– Ո՛չ, – ըսաւ, – փա՜ռք Աստուծոյ, ես ի՞նչ ունիմ, հիւանդը իմ կինս է, իր սենեակը հրամմեցէք։

Կինը քանափէ ին վրայ երկնցեր էր՝ երեսը ափերուն մէջ, սեւ մազերը մինչեւ գետինները թափած։

– Ելի՛ր, Արմինէ՛, այս տոքթէօրը քեզ պիտի փրկէ…։

– Ես իմ փրկութիւնս մարդերէն չե՛մ սպասեր, – ըսաւ կինը, – կարճ ու վիրաւորիչ, առա՛նց գլուխը վեր հանելու։

Ու այս առաջին այցելութենէն միա՛յն այն հասկցայ որ, Արմինէ իր էրկան կը պատասխանէր հայերէնով մը, որ փակ դուռ մըն էր ամուսնին առջեւ։

Երկրորդ այցելութեանս բոլորովին ուրիշ կերպ տեսայ Արմինէն։

Մազերուն մէջ, ականջներէն վար, վզին շուրջ, կուրծքերուն վրայ, թեւերէն վեր, մինչեւ մատներուն ծայրերը, ու մնացածն ալ քովի սեղանին վրայ՝ ոսկինե՜ր, ոսկինե՜ր, ոսկինե՜ր, հազար ու մէկ գիշերներ ու գանձ մը լեցնելու չափ։

Խեղճը՝ Հայ ըլլալս լսեր, ու փոխանակ ամուսնին պէս զզուելու՝ ուզեր էր մեռնելէն առաջ մէկու մը գեղեցիկ երեւալ։ Ու իրա՛ւ ալ, այնքա՜ն գեղեցիկ էր ան՝ որ բժիշկի մը ներուած չէ ըսել…։

Սեւ մազերուն մէջէն, այդ հազի՜ւ քսան տարու դէմքը ծիւրեր, իր տարիքէն աւելի փոքրացեր, աննիւթական ու անկարելի բան մը դարձեր էր։ Աչերը խորունկցե՜ր, խորունկցե՜ր էին, միշտ ներսիդին նայելէն, ու մազի պէս լայն կապոյտ շրջանակ մը ա՛լ աւելի մութցուցեր էր զանոնք։ Այդ տժգունութեան մէջ դուրս կը ցայտէին իր շրթները, բարա՜կ ֊բարա՜կ երկու թեթեւ գիծերու պէս, ու կարմի՜ր ֊կարմի՜ր՝ երկու վարդի թերթերու պէս…։ Անշուշտ այդ սիրահար շրթները փա՛կ դուռ մըն էին իր ամուսնին առջեւ։

Յետո՜յ, շա՜տ յետոյ միայն հասկցայ որ, այդ ամբողջ կինը՝ դեռ կենդանի, բայց արդէն գոց դագաղ մըն էր այդ մարդուն համար։

Վա՜յ մարմինի բժիշկին որ հոգիէն չի հասկնար։ Ի՜նչ հոգեկան ցաւեր կան որ հիւանդին ցաւերը կը բիւրապատկեն, կը թունաւորեն, մահացու կը դարձնեն, այլեւ կը բացատրե՛ն այդ ցաւերը։

Այս խեղճ կինը ա՛յնքան կը վախնար իր էրկան հետ մինակ մնալու գաղափարէն՝ որ իր գաւառացի հայրը իր հետ բերեր էր։ Սակայն ինչի՞ կրնար օգտակար ըլլալ այդ գրեթէ անդամալոյծ ու իր սուգին մէջ զառամած հայրը՝ որ վրայէ վրայ, իր վեց զաւակներն ու կինը գերեզման տարեր էր։

Բոլո՛րն ալ հազալով ու թքնելով, մէկը միւսը վարակելով, թոքերնին փսխելով մեռեր էին։ Ու այս կինը, որ ամէնո՛ւն ալ ինչպէս մեռնիլը տեսեր էր՝ համոզուած էր որ ինքն ալ պիտի մեռնէր, անպատճա՛ռ…։

Զուր կը քաջալերէի զայն, թէ քանի որ դեռ մէկ թոքը, կոկորդը, աղիքները վարակուած չէին, քանի որ դեռ ջերմութեան աստիճանը բարձր չէր, պէտք էր շուտով հակաթոքախտ ներարկումները սկսիլ։

– Աւելո՜րդ ցաւեր, կ ՚ըսէր կինը…։

Աւելորդ ծախսեր, կ ՚աւելցնէր ամուսինը…։ Արդէն ո՞վ ըսաւ որ Արմինէն հիւանդ է… փա՜ռք Աստուծոյ՝ ի՞նչ ունի… թեթեւ հազ մը… այսօր կայ՝ վաղը չկայ…։

– Այսօր կայ՝ վաղը չկա՜յ… կը հեգնէր կինը, որ շատոնց զզուած էր այս կեղծիքներէն, ու ձգեր էր որ ի՜նչ որ ուզեն ընեն իրմով։

Հայրը կը փափաքէր զայն է՛ն սուղ սանաթորիոմ ները տանիլ, է՛ն մեծ բժիշկները ցուցնել, է՛ն թանկ տեղերը դնել։

Բայց ամուսինը ուրիշ միտքէ էր։ «Այս հիւանդութեան դեղն ու դարմանը օդն է» կ՚ըսէր… ու օդը ձրի՜ էր։ Անոր համար ալ մինչեւ հոս տեղուանքը քաշեր, բերեր էր զիրենք, որպէսզի թէ՛ աժան ըլլայ եւ թէ ծանօթներն ալ չիմանան թէ հիւանդութիւն ի՞նչ է…։

Ու այս մարդը – եթէ ա՛յդ գլխով մարդ մը կրնար երջանկութիւն զգալ – երջանի՛կ էր հոս։ Ամէն տեղ կը մտնէր, կ ՚ելլէր։ Պանդոկապետին հետ սակարկութիւն մը կ ՚ընէր՝ թուրքերէն։ Տղաքներուն լօխում մը կու տար՝ որոնցմէ տուփերով բերած էր ամէն պատահականութեան համար։ Կիներուն լերան ծաղիկ մը կը քաղէր՝ ու իր լեզուով կը բացատրէր որ իր երկրին մէջ աւելի աղէկները կային։ Մարդերուն թրքական ծխախոտ մը կ ՚ոլորէր իր մատներուն մէջ՝ որ ծուխէն դեղնած մագիլներով կը վերջանային։

Ու այս բոլորը այնպիսի կատակներով ու սրամտութիւններով համեմուած, որմէ մա՛րդ բան մը չէր հասկնար, բայց ամէ՛ն մարդ կը խնդար։ Լերան ձանձրոյթը փարատելու համար իրենց այս տեսակ հտպիտ մը պէտք էր։

Նոյն միջոցին, փոքրիկ սենեակի մը մէջ,– որուն պատուհանը լեռներու կենսունակ զեփիւռին դէմ փակուած էր՝ հիւանդը չմսեցնելու համար,– երիտասարդ կին մը կը հազար, վերմակները կը խածնէր, կու լար…։

Ա՜խ, այդ կեղծ հտպիտին մէջ ե՛ս միայն կը տեսնէի զզուելի մարդը։ Բայց ան ուզեց զի՛ս ալ շահիլ. ու թուանշաններով, թուականներով, մթութիւններով, բարդութիւններով, մէջ֊մէջի, երկար բարակ պատմութիւն մը հրամցուց, «զիս իրողութիւններու ճամբուն վրայ դնելու համար…»։

Այս բոլորէն աղօտ կերպով ա՛յն կը հետեւէր որ իր կինը այժմ միա՛կ ժառանգորդն էր իր ծերունի հօր, «որ իր բոլոր զաւակները կորսնցնելէն վերջ՝ ալ երկար պիտի չկրնար ապրիլ, խե՜ղճը…»։

– Գա՜նձ մը կայ, տոքթէօր, խոշոր գանձ մը կայ…։

Ու այս բացագանչութեան մէջ մեղսակցութեան, խորամանկութեան, ոճրագործութեան ամբո՛ղջ գանձ մը կար…։

Իր միակ մտմտուքը ա՛ն էր որ այդ երկուքէն ո՞րը պիտի մեռնէր առաջ,– ծերունի հա՞յրը թէ հիւանդ աղջիկը…։ Իսկ ես՝ երրո՛րդ մը կը տեսնէի որ գուցէ այդ երկուքէն ալ առաջ մեռնէր, ի՛նքը, ամուսի՛նը։

Իր թարախի գոյն դէմքին վրայ ցցուած այտոսկրները՝ ներքին ջերմութենէն կղմինտրի գոյներ կ ՚առնէին երբեմն։ Գլուխը ուսերուն մէջ իջեր ու կռնակն ալ կքեր էր՝ կարծես ահագին պատասխանատուութեան մը տակ։ Բերնէն կանաչորակ ու մածուցիկ խուխ մը կ ՚արձակէր ամէ՛ն տեղ ու ամէ՛ն ատեն, «աշխարհին վրայ» թքնելու պէս…։ Երբեմն նոյնիսկ կը պատահէր որ արիւն փսխէր. բայց ան պարզապէս «սրտիս զայրոյթէն է» կ՚ըսէր…։

Ստոյիկեան պաղարիւնութեամբ՝ տարիներո՜վ իր շրթները ենթարկեր էր ան սոսկալի վարակումին՝ օ՜ր մը տիրանալու համար ոսկիի գանձին…։

Ա՜խ, այդ գանձը. քանիներո՞ւ թունաւորման պատճառ եղած էր ան։ Հայրը օ՛ր մը չէր ուրախացեր անկէ. իր զաւակներուն համար դիզեր էր այդ հարստութիւնը։ Տղաքները ուզեր էին դպչիլ այդ նզովուած ոսկիներուն. ու զեղխ կեանքով հիւծած, սպառած, մեռած էին՝ մէկը միւսին ետեւէն, իրար վարակելով։ Երիտասարդներէն վերջ մայրն ալ թաղեր էին։

Այդ ծերունին ինչպէ՞ս դիզեր էր այս հսկայ հարստութիւնը հոն՝ ուրկէ երիտասարդ բազուկներ մինչեւ ամերիկաները կ ՚երկարին սեւ հաց մը ուտելու համար։ Այդ գանձին մէջ իրենց անէծքը չէի՞ն նետած անո՜նք որ արիւն ու արցունք կու լային։ Այդ ոսկի ֊զարդերուն լեռը, որով ծերունին իր հիւանդ աղջիկը ծածկած էր՝ քանի՜ հարսերու գլուխէն, քանի՜ այրիներու ձեռքէն խլուած էր…։

Արմինէ կ ՚անգիտանար այդ բանը։ Հազի՜ւ չափահաս՝ Պոլիս գիշերօթիկ վարժարան մը ղրկեր էին զայն. ու հազի՜ւ աւարտած՝ այս տգէտ մարդուն ծոցը նետեր էին։

Բայց կիները աստուածային գիտութիւն մը ու անասնական բնազդ մը ունին։ Ինչ որ չեն գիտեր՝ կը զգան եւ ի՛նչ որ կը զգան՝ իրենց ամբողջ հոգւոյն ու մարմնոյն մէջ կը զգան…։

Այս քսան տարու կնոջ մէջ համա՛յն մարդկութիւնը թունաւորելու չափ դառնութիւն կար։ Ո՛չ կը հագուէր, ո՛չ կ՚ուտէր, ո՛չ կը խօսէր։ Ու ոսկի ֊զարդերն ալ միայն օր մը դրած էր, ինծի՛ համար. բայց ծերունին ա՜յնքան ուրախացեր էր այդ օրը…։

– Աղջի՛կս, ուզէ՛ ինձմէ ինչ որ սիրտդ կ՚ուզէ… միայն անգամ մը ուրախանալդ տեսնեմ… բա՛ն մը ուզէ իմ կարողութեանս սահմանին մէջ…։

Այդ կարողութիւնը անսահման էր, բայց ի՜նչ օգուտ։ Աղջիկը ա՜լ աւելի կը դառնանար, կու լար, «մեռնի՜լս կ՚ուզեմ…» կ՚ըսէր։

Ան կը զզուէր իր ամուսնէն՝ որ չար հրեշտակի մը պէս կը ժպտէր. կը զզուէր նաեւ իր հօրմէն՝ որ իր վեց զաւակները թաղելէ վերջ դե՜ռ կ ՚ապրէր ու կու լար…։

Եւ սակայն այս երկու մարդերն ալ իրե՛ն համար կ ՚ապրէին։ Այդ երկու փտութիւններն ալ որոշ ճիգով մը կը կախուէին կեանքէն, մէկը՝ աղջկան վերջին շունչը, միւսը՝ անոր գանձը հաւաքելու համար…։ Այս նպատակին հասած րոպէին իսկ՝ իրենց կէտին զարնուող գնդակներու պէս՝ երկուքն ալ գետին պիտի իյնային։

Ահագին տռամի մը վերջին դերակատարներն էին ասոնք։ Անդամալոյծ վաշխառուին առջեւ կանգներ էր Վրիժառուն՝ կողոպտուած, մերկացուած, անպատուուած ցեղի մը վիժուկը։ Ու այդ երկու հակընդդէմ ուժերուն մէջ կը հիւծէր Հայ Կնոջ տիպարը, ազնուական ու հլու…։

Ահագին հրդեհի մը վերջին սիւներն էին ասոնք՝ իրարու կրթնելով կանգո՛ւն մնացած. մէկուն իյնալը միւսնե՛րն ալ պիտի տապալէր. ու այդ օրը հեռու չէր, որովհետեւ երեքն ալ փոքրիկ կրակով կ ՚այրէին ներսիդիէն…։

Դեռ որքա՞ն տեւեց այդ մունջ տռամը, չեմ գիտեր։ Ես ստիպուած եղայ այդ գիւղը թողուլ ու հիւանդանոց վերադառնալ։ Բայց յաճախ կը խորհիմ իրենց վրայ։ Արդեօք ո՞ւր կը շարունակեն հիմա « անիծուած ոսկեխնձորին խաղը », ո՞ր հողերուն վրայ, ո՞ր հողերուն տակ։

Դեռ աչքիս առջեւն է այն փոքրիկ բոյնը ուր չարաշուք բու մը ու վայրի կատու մը իրենց մէջ կը բզկտէին հիւանդ թռչնիկ մը, առա՛նց որ ան անգամ մը ճչար…։ Ընդհակառա՛կը. իմ ամէ՛ն օգնութեան փորձերս մերժեց։ «Միա՛յն բան մը կը խնդրեմ, ըսաւ, որ օ՛ր մը պատմութիւնս գրես…»։

Խե՜ղճ աղջիկ. կոյս հոգիները պատմութիւն չունին։ Ու քու տժգոյն դէմքդ՝ առանց սա երկու դաժան մարդոց ստուերներուն՝ անհասկնալի նկար մը պիտի ըլլար, ճերմա՜կ թուղթի մը պէս։

Լօզան, 1913

Ստամոքսին զոհը

ՍՏԱՄՈՔՍԻՆ ԶՈՀԸ

Սրուանձտեանի ըսածին պէս՝ Վանեցիին կաղը մինչեւ Չինաստան է գացեր։

Սա ծերացած ագռաւի գլուխը՝ որ պանդոկին ծառերուն տակ ֆը՜ռթ ֊ֆը՜ռթ սուրճ կը խմէ՝ կասկած չունիմ որ մերիններէն է։

Ան միւսներուն պէս՝ ճաշարանին մէջ փակուած՝ հապճեպո՜վ չընէր իր նախաճաշը։ Ներս գնաց, գաւաթը սուրճ ու կաթով լեցուց, իր ձեռքով դուրս բերաւ, ծառերուն տակ տեղ մը ընտրեց, անհուն խնամքով սիկարէթ մը փաթթեց։ Այն ատեն այդ պարզ նախաճաշը փոխուեցաւ, աննիւթացաւ, աղօթքի մը շնորհքն ու արքայութեան մը երանութիւնը ստացաւ։ Մէկ ձեռքին ծխախոտը առաւ՝ երբեմն ֊երբեմն ֆորտացնելով. միւս ձեռքին առաւ շոգիացած գաւաթը՝ որ այս վայրկեանին ամբողջ տիեզերքին առանցքը կը կազմէր. շուրթները դողալով երկարեցան՝ կարծես սիրահարական համբոյրի մը համար. յետոյ պեխերէն կախուած կաթիլներուն վրայ լա՜յն ձեռք մը պտտցուց՝ օրհնական շարժումով մը…։

– Փա՜ռք ստեղծողին…։

Հակառակ հաճոյքը յաւերժացնելու իր յայտնի ճիգերուն՝ երբ դիւթական գաւաթը իր պարունակութեան հետ կորսնցուց նաեւ իր ամբողջ կարեւորութիւնը՝ մօտեցայ ու բարեւեցի…։ Տեսնելու բան էր իր ուրախութիւնը. քիչ մնաց ակնոցներէն արցունքներ պիտի ցայտեցնէր…։ Ա՛յս տարիքով ու ա՜յս գլխով մարդերուն համար մեծագոյն չարչարանքն է լռութեան դատապարտուիլ. իրենց լեզուէն հասկցող մէկը կը փնտռեն՝ իրենց փորձառութեան ու իմաստութեան հաւաքածոն պարզելու համար անոր առջեւ։

Ստամոքսի հիւանդութեան համար (ո՜վ պիտի գուշակէր իր նախաճաշէն) Լօզան եկած էր։ Բայց այս քաղաքին մէջ ստամոքսի աստուածները երկուք են,– բժշկապետ Պուրժէն ու Քոմպլը, երկուքն ալ հակընդդէմ րէժիմ ներով կը յաջողին թէ՛ հարստանալ… թէ՛ հիւանդները առողջացնել։ Չարաճճիներ ասկէ կը հետեւցնեն թէ հարուստի հիւանդութիւն է, անգործ մարդոց ջղայնութիւն է, կուշտ ստամոքսի երեւակայութիւն է…։

Սակայն այս մարդը ան չարաճճիներէն չէր. ո՜հ, ո՛չ…։ « Ծերացած ագռաւի գլուխ մը» ըսի, բայց աղաւնիի ուղեղով…։ Այդ երկու հակառակ դարմաններէն ա՛յն հետեւցուցեր էր որ երկո՛ւքն ալ լաւ էին, քանի որ երկո՛ւքն ալ կը լաւացնէին…։ Ու երկու ոխերիմ « տիեզերահռչակ»ներուն գիտութիւնը իրար խառնելով, իր անձնական փորձառութիւնն ալ վրան բարդելով, արձակուրդի այս քանի մը ամիսներուն համար Կեանքի Ծրագիր մը շիներ էր, որուն կը հետեւէր գաւառացիի հաստատամտութեամբ։

Այսպէս, իր շաբաթները կ ՚անցնէին առա՛նց փոփոխութեան, իրարու յար եւ նման՝ լուսանկար պատկերներու պէս։ Իր օրերը չափուած ֊ձեւուած էին՝ Մայր ֊Տոմարի մը պէս կանոնաւոր։ Իր իւրաքանչիւր ժամերը կանխա՛ւ ժամացոյցի մը պէս լարուած էին՝ ստամոքսին շուրջ…։ Ու անոնցմէ վայրկեան մը փրցնել՝ Սուրբ ֊Գիրքէն էջ մը պատռելու պէս բան մը պիտի ըլլար…։

Առաւօտեան ութը՝ նախաճաշի խորհրդաւոր ժամն էր, մի՛շտ առաջին օրուան հանդիսաւոր արարողութեամբ, մի՛շտ նոյն ծառերու շուքին։

«Ութէն֊տասը՝ հանգիստ » ըսած էին բժիշկները։ Հարկա՛ւ, նախաճաշը պիտի մարսուէր…։ «Արեւելք »ը այդ մարսողութիւնը տկարացնելու պաշտօնը ունէր։ Լրագիրը դրօշակի մը պէս կը պարզէր։ Յօնքերը կը պռստէր, ու ծայրէ ի ծայր առա՛նց բառ մը փախցնելու կը կարդար. պարունակութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլար, մինչեւ տա՛սը տեւելու էր այդ թերթը…։ Ու այս ընթերցումը՝ որ իր մտաւորական միակ սնունդն էր՝ հանգիստ քունի մը համարժէք էր իրեն համար…։

Տասնին կ ՚արթննար։ Անհո՜ւն գուրգուրանքով, ծոցէն թռչուն հանող տղու մը պէս, ներսի գրպանէն շիշ մը կը հանէր։ Այդ հանքային հեղուկը՝ որ իր ա՛յնքան պատուով հիւրասիրած նախաճաշիկին վերջի՛ն հարուածը պիտի տար՝ աչերը գոցելով ցմրուր կը պարպէր, երկու « տիեզերահռչակ»ներուն կենացը…։

– Աստուած զիրենք անպակաս ընէ տառապեալ մարդկութենէն…։

Ասկէց վերջ՝ տասնէն ֊տասներկուք՝ գործունէութեան եւ շարժումի երկո՜ւ երկար ժամեր կը սկսէին, ստամոքսը ցորեկուան ճաշին պատրաստելու համար։ Այդ գործունէութիւնն ալ ամէ՛ն օր անփոփոխ նո՛յնն էր, ու չափուած ֊ձեւուած նամակներ գրելու մէջ կը կայանար։

– Ես այս հիւանդ վիճակովս, – կ՚ըսէր, – Զուիցերիոյ լեռներէն Մանթաշօֆին ամբո՛ղջ գործը կը վարեմ Ափրիկէի մէջ. Նեղոսին ափերը քարիւղով կ՚ողողեմ…։ Մեր արձակուրդն ալ ասա՛նկ…։

Յետոյ ձեռքով գրածները ոտքով նամակատուն կը տանէր.– չէ՞ որ բժիշկները ճաշէն առաջ փոքրիկ պտոյտ մը յանձնարարած էին՝ ախորժակը բանալու համար…։ Ա՜խ այդ ախորժակը…։

Վերադարձին՝ ճաշի պահն էր արդէն. նշանաւո՛ր պահը, երբ իր երեւակայական ժամացոյցին երկո՛ւ ասեղներն ալ փո՛րը մատնանիշ կ՚ընէին, ու ամբո՛ղջ ժամ մը ստամոքսին վրայ կանգ կ՚առնէին…։ Նախ խաշած մաքարօնի ն կ ՚ուտէր՝ Պուրժէին կենաց, յետոյ խաշած բրինձը՝ Քօմպին հոգւոյն…։ Երբ իր երկո՛ւ րէժիմ ներն ալ կը հատցնէր՝ ծուռ աչք մը կը նետէր մեր պնակներուն։

– Սա խորոված հնդկահաւին հոտը քիմքս կը գրգռէ… ու տեղական գինին անուշիկ գոյն մը ունի… ի՞նչ կ՚ըսես, բժի՛շկ։

Ի՜նչ ըսէի։ Այս մարդը համոզուած էր որ իր գործ դրած գիտական միջոցներով եթէ քա՛ր ալ ուտէր պիտի հալեցնէր…։ Ես՝ բնականէն սակաւապէտ՝ իբրեւ միակ դեղ չափաւորութեան պատուէրներ կու տայի իրեն։ Բայց ան կը պատասխանէր.

– Բժի՛շկ, բժշկեա՜ զանձն քո…։ Աչքդ բա՛ց. գերեզմանին մէջ ա՜լ խորոված հնդկահաւ չկայ…։ Աստուած ամբողջ երկրագունտը գոյնզգոյն բանջարեղէններով ու պտուղներով ծածկեր է նէ՝ միա՛յն հոտուըտալու համար չէ…։ Մայր ֊Բնութիւնը ծովն ու հողը ձուկերով եւ երէներով լեցուցեր է նէ՝ միա՛յն զանոնք նկարելով ճաշարանին պատերը ծածկելու համար չէ. պէտք է որ ստամոքսիդ պատերն ալ համ մը առնեն…։

Այս մարդուն բերնին մէջ « Մայր֊Բնութիւն»ը ստնտու կնոջ իմաստ մը կը ստանար։ Ձուկերուն ճակտին գիրը ա՛յսպէս կը հեգնէր. մարդերունն ալ սապէս.

– Արարիչը մարդուն երկար բազուկներ ու կարճ լեզու մը տուեր է՝ որ շա՛տ աշխատիս ու քիչ խօսի՛ս (ա՜հ, եթէ գործադրէր ըսածը…), պզտիկ սիրտ մը ու մեծ ուղեղ մը տուեր է՝ որ մէ՛կ զգաս ու երկո՛ւ հաշուես. իսկ ուղեղին հարիւրապատիկ մեծութեամբ որովայն մըն ալ տուեր է՝ հասկցնելու համար որ մեծ միտքերը փորէն կու գան…։ Ուրեմն առաջին հոգդ հո՛ն պիտի ըլլայ. եթէ ստամոքսդ դուն քաղցրութեամբ չլեցնես՝ ան քու կեանքդ դառնութեամբ կը լեցնէ…։

Այս «քաղցրութիւն» բառը պատահական նմանութիւն մը չէր. աչքովը անուշին պնակին կ ՚ակնարկէր որ իր առջեւ անցնեմ…։ Այդ սալորի անուշը իր ճաշերուն սովորական վերջաբանն էր՝ որ միշտ սա խօսքերով կը փակէր.

– Ա՜խ, մայրիկիս եփած անուշը ուրիշ է…։

Ու «մայրիկ» բառը, որ իր երեք խօսքին մէկն էր՝ իր չորցած ու ճմռթկած բերնին մէջ մանկական անուշութիւն մը կը ստանար։ Այս յիսուննոց ամուրիին մայրի՜կը՝ որ իր տղուն անուշ կ՚եփէր…։

Բայց հիմա այս ահագին ճաշը մարսուելու էր. ժամը մէկէն մինչեւ չորս՝ տառապագին շրջան մը կար։ Նախ կէս ժամ փորին վրայ կը պառկէր՝ ըստ Պուրժէի. յետոյ կը դառնար կէս ժամ մըն ալ կռնակին վրայ կը պառկէր՝ որ Քօմպին խօսքն ալ տեղը անցնի։ Յետոյ կծիկ մը կ ՚ըլլար եւ աջ ու ձախ ծունկերով քսանական անգամ փորը կը ճզմէր՝ զայն պարպել ջանալով. ասկէց վերջ ալ գետինը ծունկի կու գար՝ նաւակի մէջ նստելու ձեւով մը՝ ու թիավարութեան անհատնում շարժումներ կ՚ընէր… միշտ «տիեզերահռչակ »ներուն պատուէրին համաձայն։

– Սա փորդ քիչ մը հանգիստ ձգէ, կ՚ըսէի…։ Ստամոքսը կնոջ մը կը նմանի, որքա՜ն իրեն ուշադրութիւն դարձնես, ա՛յնքան նազ կ՚ընէ…։

Բայց ամուրի մը ի՜նչպէս հասկնար այս բաղդատութեան ամբողջ նշանակութիւնը։ Ան կը պատասխանէր ինծի.

– Միջատը որ միջատ է՝ գնդասեղի չափ գլխո՛ւ մը ետեւէն ահագին փոր մը կը քաշէ…։ Չորքոտանիներն ու թռչունները երեքական ու չորսական ստամոքսներ ունին…։ Եթէ բնութիւնը մարդուն մէկ ստամոքս մը տուեր է, զայն չխնամելը անաստուածութիւն է։ Եթէ չհաւտաս՝ վարդապետներո՛ւն հարցուր…։ Տարիներով կը զարգացնենք պզտիկ ուղեղ մը, որ յաճախ մեր դժբախտութեան պատճառ պիտի դառնայ, բնաւ չենք դաստիարակեր ահագին ստամոքս մը, որ կեանքին աղբիւրն է, հոգիին հիւթն ու ծուծն է…։ Այս կէտին մէջ Եւրոպացիները մեզ գլած անցած են…։

Ու ստամոքսի դաստիարակութեան այս դժուարին գործը ա՛յնքան կը յոգնեցնէր զայն, որ այդ անվտանգ թիավարութեան փորձերէն վերջ՝ Մորփէոսի գիրկը կ՚իյնար։

Ժամը չորսին սենեակէն դուրս կ՚ելլէր. բայց այս անգամ թեթեւցած, կազդուրուած, զուարթացած, լուսաւորուած, բոլորովին ուրիշ մարդ եղած։

Թէյի ժամն էր հիմա, ու խօսակցութեան ժամը։ Խօսքը բերնէս կը գողնար։

Քու պատմածդ ի՞նչ է որ, ես պատմեմ որ դուն լսես…։

Իր սովորական այս յառաջաբանին կը յաջորդէին անվերջանալի, աներեւակայելի, անկարելի պատմութիւններ, արեւելեան սրամտութիւններով ու սնամէջ տրամաբանութիւններով լեցուն, օճառի ոսկեզօծ ու անշօշափելի պղպջակներու պէս՝ որոնց հազիւ կը դպիս ու կը ճաթին…։

Բայց այս պղպջակներուն վերջը չկար։ Որկրամոլներու յատուկ այս զուարճախօսութիւնը կը տեւէր մինչեւ իրիկուն։ Այն ատեն՝ այդ բոլոր հրախաղութեան փորձերէն վերջ՝ միայն սեւ ածուխ մը կը մնար նորէն. պահ մը լուսաւորուած այդ գլուխը՝ ծեր ագռաւի գլուխ մը կ ՚ըլլար դարձեալ…։

Այնպէս որ, երեկոյեան ճաշին իր խօսակցութեան նիւթերը կը լրջանային, պատմա ֊փիլիսոփայական տխուր տեսութիւններ կ՚ըլլային։

– Նափոլէոնին անկումը շատեր խե՜լ մը պատճառներու կը վերագրեն. բայց դուն հեռուները մի երթար, իբրեւ բժիշկ՝ Նափոլէոնին ճակատագիրը իր ստամոքսին մէջ կարդա. կը տեսնե՞ս հոն քաղցկեղը…։ Վաթէրլօն ու Սէնթ ֊Հէլէնը այդ վէրքէն կը սկսին…։ Ես ալ միշտ ասանկ չե՞մ եղած. ժամանակ մը կար երբ արաբական նժոյգի վրայ թռչած ատենս բոլո՜ր սրտերուն հառաչները ետեւէս կը թռչէին. բայց ստամոքսին ցաւը եկաւ ու Հալէպին առիւծը քարիւղի պաշտօնեայի մը վերածեց։

Տարբեր էին նաեւ իր կերածները։ Երեկոյեան սեղանին՝ երբեք միս չէր դներ բերանը, որպէսզի գէշ երազներով հոգին չպղտորի գիշերը։ Մածունը երեկոյեան թագուհին էր. ու իրեն համար բնա՛ւ կասկած չկար որ Աստուած կովը ստեղծեր էր որպէսզի մարդերը մածուն քամեն իր ստինքներէն…

– Կոյսի մը պէս մաքո՜ւր, մօր մը պէս բարի՜ մածունը… որուն համար Մէշնիքօֆ անմահութեան հեղուկն է կ՚ըսէր…։

Այդ մեծաքանակ մածունը կը սկսէր քիչ ֊քիչ թմրեցնել, ջիղերը քակել, քուն պատրաստել…։

Բայց քնանալէն ալ առաջ՝ աստղերուն տակ գիշերային պտոյտ մը կ ՚ընէր կերածները տեղաւորելու ու վաղուան ուտելիքներուն վրայ խորհելու համար…։ Երբեմն սակայն կը պատահէր որ ուրի՛շ բանի վրայ ալ խորհէր։

– Բժիշկ, – ըսաւ գիշեր մը, – դուն իմ յիսուն տարիներուս մի նայիր… ես դեռ կո՜յս եմ հոգւով֊մարմնով… յաճախ կը խորհիմ ամուսնանալ, բայց յուզմունքէ կը վախնամ… քու կարծիքդ ի՞նչ է. ինչպէ՞ս կու գայ ստամոքսիս…։

Ու չկարծէ՛ք թէ անիրական մարդ մըն է այս։ Այս կենդանագրին տակ կրնայի ծանօթ անուն մը դնել. բայց ճանչցողները հասկցան արդէն։ Գիտցէ՛ք միայն որ այս մարդը ապրեցաւ, սերունդներ դաստիարակեց. յետոյ պաշտօնեայ եղաւ, յարգուեցաւ ու մեռաւ… գիտէ՞ք ինչէն… փորի ցաւէն։ Եգիպտոսի մէջ՝ հարսանիքի գիշեր մը՝ շատ ուտելէն ստամոքսը ճաթեցուցեր է ըսին…։ Ճակատագի՜ր։

Այս ճակատագրին վրայ հիմա կը խորհի՞ արդեօք այն որ ձուկերու ճակտին գիրը կը կարդար…։ Միայն թէ իր խօսքերը դեռ ականջիս կը հնչեն անդրշիրիմեան պատուէրի մը պէս։

– Աչքդ բաց, բժի՛շկ, գերեզմանին մէջ ա՜լ խորոված հնդկահաւ չկայ…։

Լօզան, 1913

Մանչերուն գերեզմանը

ՄԱՆՉԵՐՈՒՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Հիմա որ ուսերուս վրայ տակաւ կը զգամ տարիներուն ծանրութիւնը, ու ձեռքիս գրիչը՝ երբեմն փետուրի պէս թեթեւ՝ այժմ մահուան բառերուն մէջ կը կապուի ու կը շփոթի, կը յիշեմ հի՜ն ֊հի՜ն օրերը, այն օրհնեա՜լ օրերը, երբ ուղեղիս, ջիղերուս, մարմնիս բոլոր բջիջները այնպէ՜ս լեցուած էին կեանքով՝ որ մահուան գաղափարին համար տեղ չէր մնացած…։

Երջանի՜կ տարիք, ուր կեանքը կ՚եռայ, սիրտը կը զեղու, հոգին կը պոռթկայ։

Ու ո՞վ կրնայ մոռնալ հազար անգամ կրկնուած անունը այն պաշտելի ընկերոջ՝ որ միանգամայն դասակիցդ էր, տարեկիցդ ու սրտակիցդ, երեւակայական վէպերուդ հերոսը, հրաշալի արկածախնդրութիւններուդ զինակիցը։

Արամն էր իմ զինակիցս։ Միասին կը խաղայինք, միասին կը սերտէինք, միասին կը չափուէինք։ Երբ ան հեռուի աղբիւրէն ջուր բերելու կ՚երթար, ե՛ս ալ հետը կ ՚երթայի սափոր մը ուսիս։ Երբ ես թռչուններուն թակարդ լարելու կ ՚երթայի դաշտերը, ա՛ն ալ հետս կու գար, սուտ սուլոցներով զիրենք հրաւիրելու։

Ու ի՜նչ չարութիւններ չէինք ըներ միասին։ Երկու թիթեռ մէկ լուցկիի գամելով՝ դասարանին մէջ թռցնել. մեղուներուն թեւերը փետելով՝ լարի վրայ խաղցնել. ճանճի գլուխներ ճզմելով՝ գրքերը զարդանկարել. տղոց բերանը շաքար մը տալով՝ ակռաները փրցնել…։ Լաւ կը յիշեմ որ օր մը ողջ մկնիկ մը լուցկիի տուփի մը մէջ մտցնելով՝ չորս թաթիկները չորս ծակերէ դուրս հանեցինք ու ազատ արձակեցինք։ Երբ գիրուկ դասատուն ու բոլոր աշակերտները տեսան որ փոքրիկ տուփ մը սրահին մէջ ինքնիրեն կը վազէր խենթի մը պէս՝ ամէնքն ալ սարսափահար դուրս խոյացան…։

Անանո՜ւն ոդիսականներ՝ որ մեզ կիսաստուածներու պէս յարգել կու տային դպրոցին մէջ։ Ճիւաղայի՜ն չարութիւններ՝ որ մեզ հրեշտակներու պէս կ՚ուրախացնէին…։

Աւա՜ղ, օր մը կու գայ ուր մեծագոյն առաքինութիւններն անգամ չե՛ն կրնար այս պզտիկ չարաճճիութիւններուն չափ ուրախացնել մարդկային սի՜րտը…։

Եւ սակայն չկարծէք որ մեր երջանկութիւնը անխառն էր. ո՜հ, ո՛չ։ Կատարեալ մարդ ըլլալու համար գլխաւոր բան մը կը պակսէր մեզի՝ պեխն ու մօրուքը։ Ու ըսե՜լ որ, բուսնելո՛ւն պէս կ՚ածիլէինք…։

Օր չէր անցներ որ դպրոցին ծառին տակ, ծերունի կոճղին վրայ հասակնիս չչափէինք, մատներնուս ծայրին վրայ բարձրանալով, ու զմելիի խարդախ հարուածով մը չճեղքէինք կոշկոռած կեղեւը՝ իբրեւ չափանիշ։

Սակայն հիմա որ տարիներն ու մահը մեր մէջ ամէն մրցում ի սպա՜ռ ջնջեցին, ինչո՞ւ չխոստովանիմ որ, ան ինձմէ հասակո՛վ ալ, ուժո՛վ ալ, ճարտարութիւնո՛վ ալ, չարութիւնո՛վ ալ միշտ գերազանց էր։

Լողալու մէջ իր նմանը չկար։ Պայքարի մէջ մէկ ֊հատիկ էր։ Երբ ամէն Զատկի ֊Ծնունդի յոյն դպրոցին տղոց հետ կռուի կը բռնուէինք ռազմական շարքերով՝ ճակատ ճակտի, քարերը է՛ն շիտակ ու է՛ն հեռու թռցնողը միշտ ինքն էր։ Մեզի համար ամբողջ գիւղին մէջ Ազգին պատիւը փրկողն ա՛ն էր միայն։

Վա՜յ եթէ իր ճամբուն վրայ շուն մը հաչեց. երէք օր չանցած այդ շունը պիտի անհետանար։

Չէ՞ որ անգամ մը իր թռչնիկը փարատող կատուն աշտարակի մը գագաթէն եօ՛թն անգամ վար նետած էր, մինչեւ որ եօթը հոգի ներն ալ խեղճին բերնէն դուրս գային։

Սիլիվրիի այդ աշտարակը ճիշդ մեր տան դէմն էր. բարձր ու խարխուլ մինարէ մը՝ յունական հին մեհեանի մը վրայ թառած. մեհեանը դեռ կանգուն է՝ մինարէ ն փլած…։ Հո՛ն կ ՚աղօթէր երբեմն բժշկութեան հայր֊աստուածը. հիմա բուերն ու դեւերը կ ՚իշխեն հոն։ Գիշերը սարսափը կը լեցնէ այդ պատերը. ու լուսինը այդ աւերակներուն լեզու կու տայ՝ կ՚ըսեն…։

Արամ այդ դեւերն ալ արհամարհեց։ Գիշեր մը աշտարակէն ներս սողաց, խաւար ու դարձդարձիկ սանդուխներէն սկսաւ բարձրանալ խարխափելով, պատերը շոյելով, ոտներն արիւնելով։ Երբոր գագաթը հասաւ, շունչը բռնեց, ձեռքն երկնցուց։ Վերը անգղի բոյներ կային ու ձագուկ մը կ ՚ուզէր գողնալ։ Բայց վա՜յ թռչունի ձագեր գողցողին…։ Իր սեւ աչերուն մէջ չարութեան կայծ մը փայլատակեց. անգղերը տեսան այդ կայծը ու կտուցի սոսկալի հարուածներ տեղացուցին իր աչերուն։

Իր դէմքին վրայ մի՜շտ մնացին այդ վէրքի սպիները։ Սակայն տգեղութիւններ կան որ գեղեցկութենէն աւելի կ՚արժեն…։ Այդ օրէն ի վեր գիւղին հերոսն էր Արամ։

Քանի՜֊քանի՜ անգամներ աղջիկներու դպրոցէն կը կանչէին զայն՝ վարժուհիին դասագիրք մը տանելու, աշակերտներուն մարմնամարզ մը ցուցնելու պատրուակով։ Եւ սակայն այս պատանին որ անգղերը կը փետէր ու մանչերը կը ծեծէր, աղջիկներու առջեւ տղու մը պէս կը դողար ու մեղաւորի մը պէս կը կարմրէր…։

Էգերը իրեն համար արտակարգ, բացառիկ, անբնական, անկարելի էակներ էին։ Մայրիկը իր փոքր հասակէն մեռած ու իր բոլոր եղբայրներն ալ արու ըլլալուն՝ Մանչանոց կը կոչուէր իրենց տունը։ Բոլորն ալ միեւնոյն փայտէն տաշուած՝ ուժեղ ու շքեղ պատանիներ էին, գիւղին փառքը։ Բայց բոլորն ալ Արամին պէս շուարած, ամչկոտ, ախտագին զգայնութիւն մը ունէին։ Կիները միայն հեռուէն տեսած ըլլալով՝ ձեռքի սեղմում մը զինաթափ կ ՚ընէր զիրենք…։

Արամ քանի՜ կը մեծնար՝ այնքա՛ն կը տկարանար։ Եկեղեցիին մէջ երգած ատեն ձայնը կը փոխուէր. դպրոցին մէջ պատասխանած ատեն միտքը կը խաւարէր. գիրք մը կարդալու պահուն՝ էջը չդարձուցած՝ կարդացածը կը մոռնար։

Տղոց մէջ տարտամօրէն կը փսփսային որ «ամօթ բաներ կ՚ընէր», «ողնածուծը հալեր էր…»։

Օրեր կային որ քովը չէր մօտեցուցեր. այնքա՛ն յոռետես, դաժան, զայրացկոտ կ՚ըլլար. բռնած բանը կը կոտրէր։

Սակայն իր մտաւորական ուժը կորսնցնելէ վերջ՝ քիչ ֊քիչ իր մարմնական առաւելութիւններն ալ անհետացան։ Մազերը փրցուած Սամսոնի մը պէս՝ սմսեղուկ, դողդոջուն, շուարած բան մը եղաւ։ Այտոսկրերը ցցուեցան, աչքերուն ծիրը կապարի գոյներ ստացաւ։

Ու չգտնուեցաւ մէկը, ո՛չ քահանան, ո՛չ վարժապետը, ո՛չ հայրը, ո՛չ իսկ բժիշկը, որ այդ տգէտ պատանիին բացատրէին թէ այդ մենաւոր ու մեղաւոր զբօսանքները զինքը գերեզման կը տանէին…։

Արեւոտ օր մը, դանդաղօրէ՜ն, ժայռերուն գագաթը գացինք միասին։ Յանկարծ գրպանէն արծաթէ խոշոր դրամ մը հանեց ու ձեռքի լայն շարժումով մը ծովը նետեց զայն։ Արծաթը վայրկեան մը փայլեցաւ արեւուն տակ, յետոյ անդունդին մէջ կորսուեցաւ ու պզտիկ ճողփիւն մը հանեց։

– Ասիկա տասներորդն է որ հօրմէս գողցայ, – ըսաւ, – ծով նետելու համար…։ Իւրաքանչիւր փորձութիւնս այդպէ՜ս կ ՚ուզեմ պատժել. բայց կը զգամ որ ո՜ւշ է արդէն, կամքը մեռեր է մէջս, ա՜լ թագաւորի գանձ մը իսկ չպիտի բաւէ այս ծովը լեցնելու…։

Ասիկա մեր վերջին պտոյտը եղաւ, ու մեր վերջընթեր խօսակցութիւնը։

Արամ անկողին ինկաւ ու ա՜լ չելաւ։

Մեր ծնողները մեզ արգիլեցին իրեն այցելել։ Գիւղերու մէջ ուր գիտութենէ աւելի բնազդը կը տիրէ, հո՛ն ուր բժիշկի ոտքը կը կոխէ, բարեկամները իրենց ձեռքը կը քաշեն՝ անասնական ինքնապաշտպանութիւնով մը։ Ու ընտանիքը իր ցաւին մէջ կը կծկուի, միայնակ կը մնայ իր հիւանդին հետ՝ որ յաճախ ամենատարրական զգուշութիւնն իսկ չունի իր սիրելիները չվտանգելու համար…։

Ամիսներով տարտամ շշուկներով բաւականացայ։

– Երէկ գիշեր նոր բժիշկը կանչուեր է…

– Թաս երով արիւն փսխեր է…

– Փոքրիկ եղբա՛յրն ալ անկողին ինկեր է…

Օր մը, սակայն, ծնողքէս գաղտնաբար, իրենց տունը մտայ, ու վախն ի վախ սանդուխներէն վեր ելայ։

Հիւանդին սենեակէն բժիշկը դուրս կ ՚ելլէր։ Ընտանիքին անդամները զայն պաշարեր էին երկիւղած ձեւերով։

– Ոտքդ պագնեմ, բժի՛շկ, կ ՚ըսէր ծերունի հայրը դողալով…։ Յոյսի բա՛ռ մը տուր մեզի…։

Բայց ան ճակատագրական կտրուկ շարժում մը ըրաւ։

– Ամէ՛ն ցաւ վախճան մը ունի, – ըսաւ…։

Բժիշկէն վերջ շուտով զիս ղրկեցին քահանան կանչելու։ Տէրտէրն ինծի խաչ մը ու գիրք մը տուաւ, ու խնդրեց որ հետն երթամ։ Վախն ու վատութիւնը սիրտս լեցուցին։

Ես այն ատեն դեռ չէի տեսեր թէ մարդ մը ինչպէ՜ս կը մեռնի. սակայն յաճախ սոսկումով դիտեր էի թէ ի՛նչպէս կը մեռնէին մեր թունաւորած շուները՝ սալայատակները խածնելով, կանգնելով ու իյնալով, դողալով ու պաղատելով…։

Սակայն այդ օրը սորվեցայ ինչ որ բոլոր բժշկական Կաճառները չուզեցին սորվեցնել՝ թէ մարդ մը անասունի մը պէս չի՛ մեռնիր…։

Հոն՝ ուր Գիտութեան մարդը յոյսի փոքրիկ բառ մը անգամ չէր գտած ըսելու՝ Կրօնքի պաշտօնեան հաւատքի անհո՜ւն պաշար մը բերեր էր իր մագաղաթի գրքին մէջ։ Հո՛ն ուր բժիշկը կեանքը կը չափէր ու կը կտրէր՝ չո՛ր ձեւով մը, քահանան յաւիտենական կեանքի անծայրածիր հորիզոններ կը բանար՝ օրհնակա՜ն շարժումով մը։ Ու երկու հազար տարիներէ ի վեր կրկնուած իր բառերը՝ մի՛շտ նոյն գաղտնիքն ունէին ոսկեզօծելու այն վերջին ժամերը, ուր դիտապէ՛ս, ամէն յոյս, ամէն հաւատք, ամէն սէր, ամէն իրականութիւն ու ամէն երազ կը սնանկանայ, կը մեռնի, կը փտի։ Գերագո՛յն պարտութեան ժամուն՝ գերագո՛յն յաղթութեան խաբկանքը։

Խաբկա՞նք թէ իրականութիւն, չե՛մ գիտեր։ Սակայն այդ օրէն ի վեր համոզուեցայ թէ որքան ատեն որ մարդերը պիտի մեռնին՝ ա՛յնքան ատեն Գիտութեան կողքին պիտի ապրի նաեւ Կրօնքը…։

Արդարեւ, քահանային մեկնելէն վերջ, աննիւթական շնորհ մը իջած էր արդէն հիւանդին դէմքին վրայ։ Անկողնին մէջ նստաւ, ձեռքը ձեռքերուս մէջ դրաւ, ու խօսեցանք իրարու հետ՝ հի՜ն օրերու պէս։

– Ինքզինքս երբե՜ք այսքան լաւ չէի զգացած, – ըսաւ…։ – Վաղը եթէ արեւ ըլլայ՝ կ ՚ուզե՞ս որ միասին դաշտ երթանք պտտելու…։

Յետոյ, յանկարծ լռեց, ականջը լարեց, տժգունեցաւ։

– Կը լսե՞ս, – ըսաւ, – իրիկուան զանգակն է…։ Կը յիշե՞ս, ամէն անգամ ես կը զարնէի մեռելին զանգակները…։ Օր մը երբոր իմ կարգս ալ գայ, կ ՚ուզեմ որ դուն զարնես ինծի համար. բայց այնպէս ուժով քաշես պարանը՝ որ արար աշխարհ իմանայ…։

Սակայն ի՛նքն ալ, ե՛ս ալ, այնպէս համոզուած էինք որ այդ օրը երբեք պիտի չգար…։

Հետեւեալ օրը՝ գարնանային զմայլելի օր մը՝ ընդհատ ընդհատ ղօղանջ մը փրթաւ օդին մէջ։

– Հրդե՞հ կայ, մայրի՛կ, – ըսի…։

– Շուտով շապիկդ առ ու ժամ գնա, տղա՛ս, Արամը մեռեր է…։

Մեռե՞ր է…։ Մեռե՞ր է…։ Խենթի մը պէս վեր վազեցի, փոքրիկ խուցի մը մէջ բանտուեցայ, դուռները գոցեցի, պատուհանները խցեցի՝ այդ ընդհա՜տ ընդհա՜տ ու անընդհա՜տ ղօղանջը չիմանալու համար…։

Սակայն ի զո՜ւր։ Գիւղական զանգակը ամբողջ տարին ինծի համար լացաւ։

Ընտանիքներ կան որոնց անդամները՝ խաղի թուղթերու պէս իրարու ետեւէ կ ՚իյնան։ Սոսկալի վարակումը հնձեց այդ դեռատի կտրիճները. մահը փակեց այդ տան դուռը։ Ու մինչեւ այսօր, գիւղի պատանիներուն կը ցուցնեն մանչերուն գերեզմանը։

Լօզան, 1913

Փոխան հարսանիքի

ՓՈԽԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ

Դեռ դպրոցական նստարաններուն վրայէն՝ Արամ ընկերս կ ՚ըսէր ինծի.

– Երբ քսան տարու ըլլանք, ա՛յնպիսի խնճոյք մը, ա՛յնպիսի հանդէս մը սարքենք, որ ամբողջ գիւղը մեզի հետ ուրախանայ…։

Այն ատեն դեռ մեզի այնպէս կը թուէր թէ քսան տարեկանին խոշոր անկիւն մը պիտի դառնայինք։

Քսան տարի կեանքի պատրաստուիլ, քսան տարի զաւակներ պատրաստել, քսան տարի մահուան պատրաստուիլ…։ Ա՛յս էր մեր նշանաբանը։

Մեր տղու միամտութեան մէջ այնպէս կ ՚երեւակայէինք թէ կեանքը մաթեմաթիկական ուղիղ գիծ մըն էր՝ որ երեք հաւասար մասերու կոտրուելէ վերջ՝ ինքն իր վրայ կը գոցուէր, ինքնաբերաբար, եռանկիւնի մը պէս…։

Այդ օրէն ի վեր շա՜տ ջուրեր անցան կամուրջին տակէն, ու հազի՜ւ կրցայ հասկնալ, թէ կեանքի գիծը ոչ թէ ուղիղ, այլ քմայապաշտ զիկզակ մըն է, եւ ո՛չ թէ հաւասարակազմ եռանկիւն մը կը ձեւացնէ, սեւ ու ծիծաղելի զէրօ մը…։

Անոնք որ դպրոցին մէջ զէրոյի մը համար կու լային, անոնք ամբո՛ղջ կեանքերնին պիտի լան… ստիպողաբար։ Իսկ անոնք որ զէրոյով մը կը զուարճանային՝ անոնց համար կեանքը շա՜տ մը նմանօրինակ ու տարօրինակ զուարճութիւններ կը վերապահէ։

Օրինա՞կ։ Արամ, ընկերս, դեռ հազիւ կեանքին պատրաստուած, դեռ այդ կանխորոշուած քսան տարքին չհասած, բռնեցին ու թաղեցին…։ Ու ես՝ մինակ մնացած՝ երբ օր մը ուզեցի տօնել այդ մեծ թուականը, արդէն կեանքիս գարունը անզգալաբար անցած, գացած, անէութեան մէջ թաղուած էր…։

Սակայն մեր ծրագրին մէջ ուրիշ տօն մըն ալ կար, մե՛ծ տօնը, մեծագո՛յն տօնը, ամուսնութեա՛ն տօնը, որ աննշմար չէր կրնար անցնիլ անշուշտ։

Ո՜վ կրնար գուշակել թէ այդ մե՛ծ տօնէն ալ ես ինքս պիտի հրաժարէի… ահա թէ ինչո՞ւ։

Ականատեսներ կը պատմեն թէ ինչպէ՜ս, մահուան դատապարտեալը իր ճերմակ շապիկին մէջէն լռօրէն կը յառաջանայ ու ճիտը չուանին կ ՚անցընէ՝ առանց ընդդիմութիւն մը ընելու, որովհետեւ գիտէ թէ ամէ՛ն շարժում անօգուտ է, եւ թէ իր բախտը ուրիշներ կանխաւ վճռած են՝ առա՛նց իր հաւանութիւնը հարցնելու։

Ես մահուան դատապարտեալ մը դեռ չեմ տեսած։ Բայց օր մը պարսկական եկեղեցիի մը մէջ հարս մը տեսայ, ու դեռ իր վրայ խորհած ատենս մարմինս միշտ փ ուշ֊փուշ կ՚ըլլայ։

Խուռներամ, սեւ բազմութիւն մը գլուխ գլխի կ ՚ալեկոծուէր հարսին անցքը դիտելու համար։ Ահա՛ երեւցաւ ան։ Շուարուն ու մահատիպ կը յառաջանար, առա՛նց յօժարութեան, այլեւ առա՛նց ընդդիմութեան, որովհետեւ ուրիշներ արդէն իր ճակատագիրը վճռած էին՝ առա՛նց իր հաւանութիւնը հարցնելու։

Գլուխէն մինչեւ ոտքը ճերմակներու մէջ, ան կը յառաջանար՝ իր միամտութեան չուանէն կախուելու…։ Մինչեւ հիմա որքա՜ն երջանիկ էր ան. ցորեկները սիրոյ երգեր կը հիւսէր, գիշերները հրաշալի ասպետներ կը տեսնէր. դաշտի ճպուռներուն պէս անհոգ, երկինքի թռչուններուն պէս ազատ էր…։ Այդ գիշե՜ր իսկ պիտի փշրուէին իր բոլոր երազները, ի՛նքն ալ իր կարգին պիտի ճանչնար մայրութեան ցաւերը, պիտի ծեծուէր, պիտի տգեղնար, պիտի անասնանար…։

Մարդակերպ գայլերու, յօշոտող նայուածքներու մէջէն ան կը յառաջանար՝ ճեփ ֊ճերմակ ու դեփ ֊դեղին։ Պզտըտիկ մարմին մը՝ սրտատրոփ ու դողդոջուն, ոճրագործ ձեռքի մը մէջ բռնուած թռչնիկի մարմին մը, որ քիչ յետոյ պատա՜ռ մը պիտի ըլլար քովի գիշակեր ու տարիքոտ անգղին բերնին մէջ…։ Փեսան՝ իր թեւէն ճանկած՝ կը յառաջանար ճարպոտ աչքերով, փայտի պէս պեխերով՝ սեւցուած ու սուրցուած…։

Ամբողջ ամբոխը զոյգ մը աչք եղած էր։ Յամառ նայուածքներ կը սեւեռէին հարսին։ Մասի մը պէս՝ քիչ մը ամէ՛ն մարդ պատառ ֊պատառ կը ճաշակէր այն «անմեղութենէն», որ վայրկեան մը յետոյ գոյութիւն չպիտի ունենար ա՜լ…։

֊Հարստութիւնը անո՜ւշ բան է… փսփսաց մէկը՝ բերնին ջուրերը վազցնելով։ Գրպանդ դրամ ունի՞ս. կեանքդ պոռնիկներու ծոցը փտեցուր, ու ծեր օրերուդ համար է՛ն անմեղ, է՛ն գեղեցիկ, պզտիկ աղջիկը առ, բզկտէ, արիւնէ, ծեծէ, հիւանդացուր… մա՛րդ մը ձայն հանելու իրաւունք չունի, ո՛չ իսկ կինդ… Աստուծոյ օրհնութիւնը քանի՞ ոսկիի գնեցիր, ուրիշ բան հարցնող չկայ…։

Ու իրաւ ալ նոյն վայրկեանին, բարձրաստիճան կուսակրօն մը Սուրբ Գրքէն վկայութիւններ կը բերէր փեսային առաքինութեան համար…։ Ամուսնութեան անուշութիւններուն վրայէն կը մտնէր, տակէն կ՚ելլէր…։

– Ծով չմտած լողալ կը սորվեցնէ… կակազեց մէկը քովէս։

Բայց, ուրիշ մը այնպիսի՛ խօսք մը ըսաւ, որ մինչեւ ականջներուս ծայրը կարմրեցայ։

Այդ օրէն որոշեցի որ՝ եթէ երբեք ամուսնանայի, ամէն պարագայի մէջ այս տեսակ պիտի չամուսնանայի։

Տեսայ որ այդ պայմաններուն մէջ պսակը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ խարդախ պայմանադրութիւն մը, որ կոյսը կը ստորագրէր առա՛նց անոր առաջին բառը ըմբռնելու. իսկ ամուսինը որ լաւ կ ՚ըմբռնէր՝ ստիպուած չէր յարգելու իր պայմանագրութիւնը…։

Գերիներու վաճառականութիւնը ուրիշ տեսակ չէր. միայն թէ հիմա վճարո՛ղն ալ, վաճառուո՛ղն ալ աղջիկն է…։

Ու, ո՜վ հեգնութիւն, այդ փոքրիկ աղջիկը՝ որուն խօսքը դատարանին առջեւ արժէ՛ք մը իսկ պիտի չունենար՝ իր «Այո՛»ն պիտի յարգէր մինչեւ իր կեանքին վերջը, ու իր արգանդին մէջ պիտի կրէր համբոյրներուն ամբողջ ծանրութիւնը. մինչդեռ իր ամուսինը՝ առաջի՛ն յղութեան արդէն՝ պիտի խաբէր զայն, շան մը պէս…։

Բայց տեսնէիք թէ իր ծնողները որքա՜ն հպարտ կ՚երեւէին, ի՜նչ ուրախութեան արցունքներ կը գլտորցնէին իրենց աչքերէն… ի՜նչ վարպետութեամբ առաջ տարեր էին դրամօժիտի սակարկութիւնը… ու ի՜նչ լաւ ընտրութիւն… ի՜նչ շնորհքով փեսայ…։ Ամէնքը կը պաշարէին, կը շնորհաւորէին զիրենք։

Ես՝ նախանձով ու դառնութիւնով լեցուն դուրս կը նետուէի այդ գերեվաճառութեան շուկայէն, երբ մէկը թեւէս բռնելով քաղաքավարութեամբ անունս հարցուց… կ ՚երեւի «Ծանօթ Ներկաներ»ու շարքին մէջ տպելու համար։

Տասնեակ տարիներ անցան այդ օրէն ի վեր, բայց դեռ չմոռցայ զինքը, այդ ճեփ ֊ճերմակ ու դեփ ֊դեղին աղջիկը, որ կեանքիս մէջ առաջին ու վերջին անգամ կը տեսնէի։

Իր ոգին զիս երկար ատեն տառապեցուց։

Օր մը, ես ալ իմ ճակատագրիս կը հնազանդէի՝ իմ լաւագոյն կէսիս միանալով։

Բայց իր պսակէն որքա՛ն տարբեր եղաւ մերինը՝ հակառակ ծայրայեղութիւն։

Առանց թմբուկի, առանց հանդիսաւորութեան հարսնիք մը. քաղաքական այն պարզ հարսանիքը՝ որ Եւրոպան կը պարտադրէ հաւատացեալին ալ, ուրացողին ալ, հարուստին ալ, աղքատին ալ։

Զուիցերիացի քաղաքապետը ամուսնական պայմանագրութիւն մը ներկայացուց մեզի՝ երկու վկաներու առաջ։

– Կ՚ուզէ՞ք ստորագրել, Օ՛րիորդ…։

– Այո՛, պարոն… – ըսաւ հարսը՝ գրչի համարձակ ստորագրութիւն մը պառկեցնելով թուղթին վրայ։

– Շնորհակալ եմ Տի՛կին ,֊ պատասխանեց քաղաքապետը։

Ու ամէնն այսչափ։ Այդ վայրկեանէն Օրիորդը Տիկին եղաւ։

Եւ սակայն,– անկեղծ խօսք մը կ ՚ուզէ՞ք – այդ չարութիւնը զիս վիրաւորեց։

Այդ կանխաւ պատրաստուած թուղթը՝ յարձակողական ու պաշտպանողական հողի վրայ գրուած երկուստեք ստորագրուած վաճառականական պայմանագրութեան մը վերածեց մեր տարտամ սէրերը, անշրջագիծ անուրջները, ինքնայօժար նուիրումները, յաւիտենի խոստումները…։

Ու Սէրը, որուն համար Սողոմոն «Մահուան չափ զօրաւոր է» կ՚ըսէ, առուտուրի մը չափ խախուտ եղաւ. որովհետեւ Օրէնքը՝ մեզ միացնելու ժամանակ՝ բաժնուելու պայմաններն ալ կը մատնանշէր…։

Այս բոլոր օրինական շղթաներուն ծանրութիւնը թեթեւցնելու համար երկնային օրհնութիւն մը կը պակսէր։ Հարսն ալ շուտով նշմարեց այդ պակասը։

– Քանի որ, – ըսաւ, – մեր ամուսնութեան համար մեծ ծախսեր չըրինք, «փոխան հարսանիքի» դժբախտ աղջի կ մը ուրախացնենք այդ դրամով. ես նշանուած որբուհի մը գիտեմ որ պսակուելու համար միջոց չունի. թող իր ուրախութիւնը մեզի համար օրհնութիւն մը ըլլայ…։

«Մեծ միտքերը սիրտէն կը ծնին», կ՚ըսեն, այսինքն կինէն…։

«Փոխան հարսանիքի»…։ Այդպէ՛ս որոշեցինք, ու այդպէս ալ ըրինք։

Ու մեր ուրախութիւնը աւելի կատարեալ ընելու համար, մեկնեցանք Փարիզ՝ հայ եկեղեցիին մէջ փնտռելու ա՛յն, ինչ որ կը պակսէր Լօզանի քաղաքատան։

Բարի քահանայ մը մեզ դիմաւորեց ժպտելով.

– Բայց զիս գտնելէ առաջ՝ գանձապետ էֆէնտին պէտք է գտնէիք… – ըսաւ։

Քաղաքը տակնուվրայ ընելէ վերջ՝ գանձապետ էֆէնտին ալ գտանք գոհարավաճառի գրասենեակի մը մէջ, ոսկի նժարի մը ետին կծկտած, մոմի գոյն ծերունի մը՝ որ ձիւթ կը ծամէր…։

Երբ իմացաւ այցելութեանս պատճառը՝ ըսաւ.

– Աշխարհիս չորս կողմէն հոս կը թափին աժան օրհնութիւն մը ստանալու համար…։ Մեր գիները ամէնուն յայտնի են արդէն, այնպէս որ սակարկութեան պէտք չկայ…։ Եթէ հազար ֆրանք տրուի՝ ամբողջ տաճարը լապտերի պէս կը զարդարենք, բայց նշանաւոր բան մը կ՚ըլլայ…։ Եթէ միայն մէջտեղի ջահը կ ՚ուզէք՝ գետինի գորգերով՝ այսչափ հարիւր ֆրանք…։ Բոլոր ջահերը մէկանց՝ այսչափ հարիւր…։ Սուրբ խորանին լուսավառումը՝ այսչափ հարիւր…։

– Բայց պարզ օրհնութի՞ւն մը…

– «Պարզ օրհնութի՞ւն» ի՛նչ ըսել է, էֆէ՛նտիմ։ Լուսահոգի Մանթաշօֆ այս շքեղ տաճարին համար միլիոններ ծախսեց նէ՝ պարզ օրհնութիւն մը տալու համա՞ր է…։ Ամէն մոմ հաշիւով կը վառի, ամէն տիրացու հաշիւով կ՚երգէ…։ Պէտք է գիտնաք որ մեր ձայնաւորները Փարիզի Քօնսէրվաթուարին մէջ կ ՚ուսանին եւ Օփերային մէջ կ՚երգեն…։ Մեր Շահ ֊Մուրատեանը «Ֆաուսթ» կը խաղայ…։ Եթէ գովաբանական քարոզ մըն ալ կ ՚ուզէք՝ անոր հաշիւն ալ տէրտէրին հետ յարմարցնելու է…։

Ահա թէ ի՛նչ ցեխերու մէջ ստիպուեցայ սողացնել մեր Սէրը՝ անլուծելի, անբաժանելի, երկնային, յաւիտենական ձեւ մը տալու համար անոր…։

Բայց հետեւեալ օր արդէն՝ եկեղեցիին մէջ՝ մոռցայ այդ բոլոր դառնութիւնները։

Խորհրդաւոր գմբէթին տակ, ամայի շէնքին ճիշդ կեդրոնը, մինա՜կ էինք մենք, իրարու սեղմուած՝ երիտասարդ ամոլ մը, ծերունի քահանայ մը ու ֆրանսացի ժամկոչ մը։

Խորանին վրայ ու մեր երկու քովերը երկար ու ճերմակ կերոններ կը վառէին, լոյս ցերեկով, տժգոյն ու երազային բոցով մը՝ որ կար ու չկար…։

Երբեմն դուռին բացուածքէն օտար գլուխ մը կ ՚երկննար հետաքրքիր։ Այն ատեն կը լսուէր փողոցի անվերջ ու անհուն աղմուկը։ Դուրսը՝ աշխարհի մայրաքաղաքը կը խժար, կ՚ոռնար, կը հայհոյէր, կ՚ալեկոծէր…։ Ներսը՝ խարտեաշ եւ սեւ երկու գլուխներ իրարու կը կապուէին՝ ապրշում թելով մը, Կեանքի ու Մահուան համար…։

Դուրսը՝ բոլո՛ր կիրքերն ու բոլո՛ր մեղքերը, բոլո՛ր գիտութիւնն ու բոլո՛ր քաղաքակրթութիւնը…։ Ներսը՝ Հայաստանցի տէրտէր մը, կարծես Անիի քանդակներէն փրցուած՝ հին ու առաքելատիպ գլուխ մը, հազարաւոր տարիներու բառեր կը կրկնէր, յաւիտենական ու ահաւոր…։

Ճերմակ մոմերը կը հալէին, բուրվառը կապոյտ ամպով մը մեզ պաշարեց։ Տէրտէրը անվերջ կը կարդար ու կ՚երգէր. այդ ընթերցումը ու այդ օրօրումը քիչ ֊քիչ մեզ ընդարմացուցին, վերացուցին, հեռացուցին, հին ու հեռու տեղուանք տարին…։

Կնքահայրը – մենակեաց ու մարդատեաց արուեստագէտ մը, որ եկեղեցի ոտք կոխած չունէր – հիմա տղու մը պէս կու լար։ Հարսը – որ ոչի՛նչ կը հասկնար ոսկեդարու աստուածային բարբառէն – լռիկ մնջիկ կ՚արտասուէր…։ Ու տաք արցունք մը որ ինկաւ մեր միացած ձեռքերուն վրայ՝ մինչեւ ոսկորներուս ծո՛ւծը դողացուց։

Ո՛չ. երկնքի կամարէն վարդի մը գոգը ինկող ցօղը, բաղնետան գմբէթէն կոյսի մը ծոցը ինկող կաթիլը, այնքան չե՛ն կրնար սարսռացնել…։

Ինծի ի՜նչ փոյթ թէ Գիտութիւնը պիտի հեգնէ իր անարժան աշակերտին այս երկիւղած դիրքը՝ կրկնապէ՛ս ծիծաղելի, որովհետեւ Գիտութիւնը որ Կրօնքը չի հասկնար, Սէ՛րն ալ չի հասկնար։ Յարաբերական իրականութիւններո՛ւն միայն կը հաւատայ ան. մինչ Սէրն ու Կրօնը բացարձա՛կ իտէալին կը ձգտին, նոյն յաւիտենական զգացումին երկու յաւիտենական ձեւերն են անոնք։ Սէրը՝ անձնական, կերպարանաւոր, երկրային, բնական իտէալն է, Կրօնը՝ անանձնական, անկերպարան, տիեզերական, գերբնական իտէալը…։

Թող քարկոծե՛ն զիս թերահաւատները։ Ես չե՛մ կրնար ուրանալ այն անջնջելի՛ արցունքը որ իմ մայրենի եկեղեցին կրցաւ կաթեցնել իմ էութեանս մէջ, եւ որ բոլոր գիտութիւնները միացած՝ չպիտի կարենային կաթեցնել…։

Միայն թէ ազատեցէ՜ք Պսակը միջնադարեան յղփութիւններէն, գերեվաճառութեան յիշատակներէն, անբարոյացուցիչ տեսարաններէն, չտես ցուցադրութիւններէն…։ Այս բոլորը կը ծառայեն միա՛յն ամուսնութիւնը դժուարացնելու, աղքատութիւնը նուաստացնելու, կուսութիւնը կարմրցնելու…։

Փոխանակ հարիւրաւոր հրաւիրեալներու՝ որոնք վա՛ղն իսկ պիտի քննադատեն ձեր հարսնիքին խեղճութիւնը, լաւագոյն է ուրախացնել որբուհի մը՝ որ ամբո՛ղջ կեանքով պիտի օրհնէ ձեզ։

Ու ո՛եւէ թերթ ուրախ պիտի ըլլայ յայտարարելու արար աշխարհի թէ՝

Նորապսակ ամոլ Ք. այսքան ոսկի կը նուիրէ աղջկանց որբանոցի մը փոխան հարսանիքի։

Շարքը բացուած է, ո՞վ պիտի երկրորդէր…։

Լօզան, 1913

Մեղքին պտուղը

ՄԵՂՔԻՆ ՊՏՈՒՂԸ

Երբ մեղապարտ քաղքին վրայ կէսգիշերը կը հնչեցնէ իր տասներկու հարուածները, անասելի վախ մը կը լեցնէ տարփոտ խաւարը։

Մարդը որ Աստծու պէս կրնար ստեղծագործել, իժի մը պէս կը թունաւորէ հիմա։ Սէրը որ օրհնութիւն մըն էր, անէծքի մը կը վերածուի։

Է՛ն տաք համբոյրները կը կեղծեն, է՛ն անզուսպ կիրքերը կը խարդախեն, է՛ն բուռն սէրերը կը նահանջեն, է՛ն արգաւանդ արգանդները կ՚ամլանան…։

Անխոստովանելի վախն է ան, բայց անխուսափելի վախը, բոլոր օրինաւոր ու ապօրէն գիրկընդխառներուն վախը, ամէն անկողիններու ու ամէն գիշերներու վախը, սերնդագործումի վախը…։

«Զգո՜յշ… զգո՜յշ… » կ՚ըսեն գիշերային զանգակները, որոնց ղօղանջը հալած կապարի մը պէս կ ՚անձրեւէ անբարիշտ քաղքին վրայ…։

Բայց այս ամուլ քաղքէն անդին արգասաբեր գիւղերը կան. այս թաքթաքուր տուներէն անդին յուռթի անտառները կան. այս սալայատակ փողոցներէն անդին թաւշային մարգերը կան, ու ուռճացող հողերը կան, ու ամբո՛ղջ երկրագունտը կայ՝ յղի կնոջ մը պէս ուռեցած…։

Հո՛ն Բնութիւնը իր մայրական գիրկը կը բանայ պարզ ու մաքուր հոգիներու համբոյրին։ Հո՛ն դեռ Սիրոյ մեծ տռամը կը կատարուի այնպէս՝ ինչպէս հազարներով տարիներէ ի վեր մարդկութեան առաջին զոյգը ըմբռնեց ու գործադրեց զայն՝ բնական, ճակատագրական ու յաւիտենական…։

Հո՛ն նուիրուեցաւ լերան աղջիկը իր քաղքենի սիրահարին։

Գարնանային գիշեր մըն էր, առանց լուսնի։ Անտառին մթութիւնը իրենց սիրտը կը տրոփեցնէր։ Խոնաւ շունչ մը կ ՚արտածորուէր հողէն՝ բոյրով ու աւիշով ծանրըցած։ Տարօրինակ բոյսեր՝ մութին մէջ հոգի կ՚առնէին, կը շշնջէին, կը շարժրկէին կեանքի գալարումներով։

Դեռատի սիրահարները շունչ շունչի տուա՜ծ, խորասուզուա՜ծ, քարացա՜ծ, կոկոններուն փթթիլը կը լսէին, տերեւներուն շոյուիլը կը զգային, ճիւղերուն իրարու երկարիլը կը տեսնէին։

Գաղջ թացութիւնը իրենց երեսները կը շոյէր տիեզերական համբոյրի մը պէս։ Անոնք յափշտակուած ականատեսներն էին ահագին տռամի մը՝ ուր մութ ու լուռ ստեղծագործութիւն մը, աստուածային ու յաւերժական աշխատութիւն մը կը կատարուէր։ Հոն նիւթ ու բոյս՝ յամր դերակատարներու պէս՝ անհո՜ւն Կեանքը կը բեղմնէին…։

Գիշերը յառաջացեր էր։ Ծառերու ետին արիւնող քանի մը լոյսերը մարեցան։ Գիւղը կը քնանար։ Հեռուէ հեռու զանգակի մը տասներկու հնչիւնները միջոցին մէջ մաղուեցան։ Ժամը՝ տիեզերքին բազկերակը՝ կանգ առաւ…։

Երբոր ամէն բան լռեց, յանկարծ ճիւղերը դողդղացին։ Տերեւներու տակէն երկար սարսուռ մը անցաւ։ Անտառին մէջ, յանկարծ, կենդանիի մը ստուերը առաջ նետուեցաւ, զգուշաւոր ու իրենցմէ քայլ մը անդին կանգ առաւ։ Իր անհամբեր սրունքները եղէգի մը պէս կը դողային. իր փայլուն մուշտակը հարսի մը պէս կը պսպղար։ Որքա՜ն լիզուեր, յարդարուեր, մուշկաբուրուեր էր։

Ահաբեկ սիրահարները բոլորովին անշարժացան։ Բայց ահա անտառին խորքէն մե՜ղմ սուլոց մը լսուեցաւ, յուզում մը լեցուց միջոցը, ու կենդանին տէգի մը պէս դէպի հոն սլացաւ։

Քաղքենի սիրահարը այլայլեր էր. բայց լերան աղջիկը բնազդաբար ամէն բան հասկցաւ.

– Կը լսե՞ս, – ըսաւ, – արուն իր էգը կը կանչէ…։

Կարծես ինքն ըլլար գիշերային թաքթաքուր հարսանիքին վազող եղնիկը։ Ամբողջ խորհուրդ մը արթնցաւ իր մէջ, գաղտնի ու դեռ իրե ՛ն իսկ անծանօթ խորհուրդ մը, տասնեօթ գարուններէ ի վեր իր մէջ հասունցող իգութեան խորհուրդը։

Մթութեան մէջ իր շրթները արուին շրթները փնտռեցին, բազուկները բազուկներուն գալարուեցան, շունչերն իրար խառնուեցան, անշարժացան, նոյնացան…։

Բայց հեռուէն խուլ աղաղակ մը լռութիւնը վրդովեց, սարէ ի սար զարնուեցաւ, կրկնուեցաւ, մեծցաւ, խորունկցաւ, ամբողջ գիշերը լեցուց, տիեզերական ու ահագին բարբառ մը եղաւ, ամբողջ բնութիւնը սարսռացուց, ու այդ բոլոր մթին արգասաւորումներուն իմաստ մը տուաւ…։

Այլանդակ գոչիւն մ ՚էր ան, անբան անասունի սիրտ բզկտող պոռչտուք մը, որ փրկութեան շեփորի մը սրբութիւնը ու անէծքի որոտումի մը ծանրութիւնը ունէր։ Առաջին մեղքէն վերջ՝ կարծես Եհովա՛ն որոտար իր ահաւոր նզովքը…։

Լերան աղջիկը դարձեալ հասկցաւ. բայց այս անգամ տժգունեցաւ. այդ ազդարար գոչիւնը ագարակէն կու գար. իրենց յղի կովը «կը ծնէր ցաւով…»։

* * *

Ամիսներ վերջ, նոյն ագարակին մէջ, նոր մայր մըն ալ կը տառապէր, ինքը, լերան աղջիկը։

Ես չլսեցի կենդանիին գոռիւնը. բայց այս աղջկան ճիչերը անկարելի՛ ճիչեր էին, անմարդկային, աներեւակայելի ճիչեր.

– Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։

Խրճիթին բոլոր փեղկերը գոցուած, բոլոր ծակերը խցուած էին որպէսզի ձայնը չարթնցնէր գիւղը։ Մամիկ մը, արիւնոտ ձեռքերով ճնշեր, ճմլեր, ճզմեր, ճանկեր էր անիծապարտ արգանդը՝ մեղքին պտուղը վիժեցնելու ճիգով։

– Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։ Կը պոռար աղջիկը անընդհատ։

Կռնակին վրայ պառկած գտայ զինքը։ Գլուխն ետեւ նետած, միայն երկու ծունկ ու փոր մը կը ցցուէին անկողնէն, անհունօրէն ուռեցած փոր մը որ ճմլիկ ֊ճմլիկ կարմրեր ու կապուտցեր էր։ Իր երկու սրունքներուն մէջտեղէն, փոքրի՜կ ու վարդագո՜յն ձեռք մը կը կախուէր, երախայի պաշտելի ձեռք մը, կեանքին բռնուելու ճիգով մը…։

Հիմա ամբողջ աշխատութիւն մը պէտք էր՝ մամիկին ըրածը շտկելու, արգանդին մէջ մանուկը շրջելու, գլուխը դուրս հանելու համար։

– Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։ Կը պոռար խեղճ աղջիկը, իր տասնեօթ տարիներուն ամբողջ ուժովը։

Բայց այդ յոգնած, թուլցած որովայնին մէջէն երբեմն ֊երբեմն ահագին ճիգ մը կ՚անցնէր, մանուկը լոյսաշխարհ հանելու բնազդական ճիգ մը։ Այն ատեն ամբողջ մարմինը գերագոյն ուժով մը կը կծկտէր։ Դէմքը, ակռաները, թեւերը, մատները, ստինքները, ծունկերը, ջիղերը, մկանները, ոսկորները ամբողջ գործարանները միայն արգանդ մը կ՚ըլլային, ահագին ու ցաւագին արգանդ մը որ վայրկեանէ վայրկեան պիտի ճայթէր։

– Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։

Բայց ահա յանկարծ, ճգնաժամային ճիգի մը մէջ, տղան ուժգնօրէն դուրս խոյացաւ։

Մեղքի՜ն պտուղը։ Բայց որքա՜ն կծկտած, ճմռթկած, ճզմուած էր ան։ Պզտիկցած ծերունիի խորշոմած գլուխ մը…։

Վայրկենաբար, կարծես հրաշքո՜վ, մօր ճիչերը դադրեցան, ցաւերը անէացան։ Անհուն տառապանքէն վերջ, անհո՜ւն երանութիւնն էր հիմա. դժոխքէն վերջ դրախտը…։ Բնազդային շարժումով մը բազուկներն ինձ երկարեց զաւակը համբուրելու համար.

– Բայց մեռե՜ր է… պոռաց յանկարծ։

– Ո՛չ թէ մեռեր է, այլ մեռցուցեր էք… – ըսի։

– Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ… ու որքա՜ն սիրունիկ է, ու որքա՜ն գեղեցիկ է… անուշիկս, աղուորս, հոգիս, աչերդ բա՛ց, աչերդ բա՛ց…։

Ու մեղմօրէն սկսաւ լալ մշիկ֊մշիկ։

Ի՞րն էր յանցանքը։

Նկարագրեց ինձ անտառին գիշերը, հարսի պէս անցնող էգ կենդանին, ու յետոյ յղի կովին աղաղակը։ Պատմեց թէ ի՞նչպէս իր սիրահարը՝ առողջութեան համար լեռ եկած ուսանող մը՝ իր յղութիւնը տեսնելով քաղաք փախած էր։ Ըսաւ թէ ինչպէ՜ս իր հարազատ եղբայրները՝ ինքզինքնին անարգուած զգալով՝ չէին ուզեր իր հետ խօսիլ, ու հիւանդութեան պատրուակով՝ չէին ներեր որ տունէն դուրս ելլայ ան՝ չցուցադրելու համար իր մեղապարտ որովայնը։ Նկարագրեց թէ ինչպէ՜ս իր ծնողները՝ դեռ յղութեան վախճանին չսպասելով՝ շտապած էին դայեակի մը միջոցով խլելու դեռահաս երախան։

Խե՜ղճ փոքրիկ աղջիկ։ Ու խորհիլ որ պզտիկ անգաղտնապահութիւն մը բաւ էր զայն մարդկային արդարութեան յանձնելու ու մարդասպանի մը պէս դատապարտելու։ Որովհետեւ Օրէնքին առջեւ՝ դեռ չծնած երախայ մը կամ հարիւրամեայ ծերունի մը մեռցնել՝ հաւասար ոճիրներ են։

Բայց չէ՞ որ անիրաւ մարդկութիւնը ի՛նքը մեռցուցեր էր այս միամիտ աղջկան կուսութիւնն ալ, սէրն ալ, սիրտն ալ, պատիւն ալ, զաւակն ալ…։

Քանի՜֊քանի՜ տեղեր կը գործուին այս անանուն ոճիրները. քանի՜ դեղեր կը գործածուին այս խեղճ տղաքներուն դէմ. քանի՜ կոյուղիներ կը խցեն անոնք. քանի՜ բժիշկներու ոգելից շիշերուն մէջ կը պահուին այս մեղքին պտուղնե՜րը…։

Ու դեռ որքա՜ն երջանիկ են այս տղաքները բաղդատմամբ այն միւսներուն, որոնց մայրերը՝ արգանդնին չարչրկելով՝ հրէշնե՜ր կը հասցնեն բժշկական վաճառականութեան համար…։

Օր մը պիտի գայ որ մարդկութիւնը պիտի ըմբռնէ թէ մեղքի տղայ չկայ. ամէն տղայ որ կը ծնի, օրհնեա՜լ է. ու նորածին երախայ մը աւելի կ ՚արժէ քան իր ծնողը, լաւագոյն բարեշրջումի մը արշալոյսն է ան որ կը ժպտի, եւ որ կը խեղդենք դեռ չծնած…։

Օր մը պիտի գայ որ բոլոր կեղծ վայելքներէն զզուած՝ մարդկութիւնը պիտի ըմբռնէ թէ իր գերագոյն պարտականութիւնն ու իր գերագոյն երջանկութիւնը սէրն ու սերնդագործութիւնն են…։

Բայց այդ օրը դեռ հեռու է։

Ու մեղապարտ քաղքին վրայ երբ կէսգիշերը կը հնչեցնէ իր տասներկու հարուածները, անխոստովանելի վախը կը լեցնէ տարփոտ խաւարը…։

Լօզան, 1913

Ծերերը

ԾԵՐԵՐԸ

Արուեստիս բերումով դատապարտուեր էի աստուածային նախախնամութեան մէջ միայն չարիք տեսնելու, մարդկային հրաշալի մեքենան միայն խորտակուած վիճակին մէջ քննելու, հրաւիրուելու միայն հո՛ն, ուրկէ մարդիկ լալո՜վ կը փախչէին…։

Այնպէս որ առաջին անգամ երբ այդ ծերերուն տունը կանչուեցայ՝ ուրախութիւնս չափ չունէր։

Վերջապէս գտեր էի այն որ շատոնց կը փնտռէի,– երջանիկ ընտանիք մը։

Դատեցէք։ Այր մը ու կին մը, երկուքն ալ մոխրապատ մազերով. բայց ա՛յնքան ժպտուն՝ որ անկարելի էր իրենց տարիքը գուշակել, ու ա՛յնքան առողջ՝ որ չէի կրնար ենթադրել թէ ինչո՞ւ կը հրաւիրէին զիս։

Այրը հին ջութակահար մըն էր, կինը հին դաշնակահարուհի մը։ Երկուքն ալ գլուխ գլխի տուեր, սրտերնին իրար կապեր, ու սկսեր էին մեղրալուսնի ճամբորդութիւն մը՝ որ ամբողջ երեսուն տարիներ տեւեր էր։

Իրենց զոյգ արուեստին շնորհիւ քաղաքէ քաղաք կը շրջէին, հանդէսէ հանդէս կը թռչէին, ամէն տեղ փառք, ծափ ու ծաղիկ կը խլէին։

Սէրը զարմանալի քաղցրութիւններ կու տար իրենց նուագին. ու նոթերը՝ սիրտէ սիրտ արձագանգող հեւքերու պէս՝ գերերկրային ներդաշնակութիւններ կը ստանային։ Սիրոյ տարտամ, անշրջագիծ, աննիւթական խօսակցութիւն մըն էր իրենց նուագը։ Դաշնակին ու ջութակին միջեւ փոխանակուող զգացական հարց ֊պատասխանի մը…։

Ներկաները ոչ միայն հանդիսատես կ ՚ըլլային երկու արուեստագէտներու այդ մտերիմ սրտակցութեան՝ այլեւ մասնակից կ ՚ըլլային անոր, պահ մը իրե՛նք ալ արուեստագէտներ, սիրահարներ, սրտակիցներ կ ՚ըլլային։ Անոնց երաժշտութիւնը՝ ամէն անկեղծ բաներու պէս՝ չես գիտեր ի՜նչ մը ունէր փոխանցական ու վարակիչ։

Այսպէ՜ս կը ճամբորդէին անոնք երկրէ երկիր, երկնային զոյգ զեփիւռներու պէս, զովութի՜ւն մը, գգուա՛նք մը, դաշնութի՜ւն մը տանելով ամէնուրեք իրենց ծոցին մէջ։

Բայց այս անգամ կը թուէր թէ վերջնականապէս հաստատուած էին մեր քաղաքին մէջ, իրենց ծերութեան օրերը հանգիստ անցնելու համար։ Ու ի՜նչ խնամքով զարդարեր էին իրենց տունը, թռչունները ա՛յնքան խնամքով չեն զարդարեր իրենց բոյնը։ Քանի երկիրներէ քանի՜ յիշատակներ։ Պարսիկ գորգեր, չինու գոյքեր, հնդիկ գիրքեր, ու դափնինե՜ր ու դափնինե՜ր…։

Ու յետոյ գորշ թռչուն մը կար, որ Սիպերիոյ մէջ լիճի մը եզրը գտեր էին՝ թաթերը սառոյցի մէջ բռնուած։ Այդ թռչունը ազատեր, տաքցուցեր, բանտարկեր, վզին ալ ոսկի օղակ մը անցուցեր էին՝ ազատագրութեանը թուականով…։

Կակաչի գոյն այլանդակ ու հսկայ թիթեռնիկ մըն ալ կար, կարմիր ու խռովիչ թեւերով։

– Այս խեղճ կենդանին, – կ ՚ըսէր պառաւը, – Սիկիլիոյ աւերակները այցելած ատենս ինծի փարեցաւ ա՛յնպիսի գուրգուրանքով, ա՛յնպիսի ջերմութեամբ, ա՛յնպիսի բարեկամութեամբ, որ նախախնամութեան մատը տեսայ իր մէջ ու չկրցայ բաժնուիլ իրմէ։

Կային նաեւ սպանական երկու գորշ ու խիստ փոքր սոխակներ՝ որոնք ծաղկազարդ ճիւղի մը վրայ զիրար կը կտցէին։

Ու դեռ ինչե՜ր…։ Վերջապէս, կատարեալ դրախտ մը, ուրկէ միայն օձը կը պակսէր…։

Երջանի՞կ. անշուշտ։

Ահաւասիկ երկու արուեստագէտներ, երկու սիրահարներ, որոնք մարդկային բոլոր պայմանագրական օրէնքներէն դուրս կ ՚ապրէին։ Իրենց ազատութիւնը մէկ օրէնք կը ճանչնար՝ իրենց քմայքը։ Հոն ուր կ ՚ուզէին նեղել զիրենք՝ ուրիշ երկիր մը կը չուէին։ Երկինքի թռչուններուն պէս անկախ էին անոնք. ու իրենց թեթեւ թեւերուն վրայ ոչ մէկ զաւկի ծանրութիւն…։ Իրենց ամբողջ կեանքը ճամբորդեր էին՝ կարծես երազի մէջէն. գերեզմանին դուռը հասեր էին առա՛նց յոգնութիւն մը զգալու. ու համարձակ կրնային ըսել թէ աշխարհը չտեսած պիտի չմեկնէին. ու մահը անդենական որ ճանապարհորդութեան մը պէս պիտի ըլլար իրենց համար…։

Անկէց ի վեր յաճախ առիթներ ունեցայ անոնց այցելելու, բայց այս առաջին տպաւորութիւնս նոյնը չմնաց։

Նախ այդ տան մենութի՛ւնը աչքիս զարկաւ։ Կրնամ ըսել որ ինձմէ զատ մարդու ոտք չէր կոխեր այդ նուիրական սեմէն ներս։ Իրենց յաւերժական ճամբորդութիւններուն պատճառով ամէն տեղ հիացողներ ունէին, բայց ոչ բարեկամ…։

Յետոյ այդ տան լռութիւնը զիս անհանգստացուց։ Ես որ անվերջ դաշնութիւններ ու խօլական նուագներ կ՚երազէի, զարմանքով տեսայ որ այդ երաժշտագէտներուն տունը բանտի պէս լուռ էր։

Սրահին պատուհանները՝ Լէմանի զմայլելի լիճին վրայ բացուած՝ թանձր ու գորշ վարագոյրներով փակուած էին, միշտ նոյն ծալքերով։ Անկիւնի շքեղ դաշնակը՝ վեհափառ երեւոյթով՝ սեւ դագաղի մը պէս ի սպառ գոցուած ու կղպուած էր։ Իր երկար մոմերը՝ որ երբեք չէին հալեր՝ մահագին հանդիսականութիւն մը կու տային սենեակին։ Ու դեղնած դափնիները, ու թօշնած փունջերը, ու փոշոտ ժապաւէնները, չես գիտեր ի՜նչ մը ունէին գերեզմանային…։ Կեդրոնի սեղանին վրայ խոշոր ու հին Աստուածաշունչ մը՝ որուն վրայ արծաթի խաչելութիւն մը կը պառկէր՝ այս բոլորին վրայ կը հսկէր ու կը կշռէր մահուան ծանրութեամբ…։

Երջանի՞կ. թերե՜ւս…։

Տիկինը միշտ նոյն ժպիտով կը պատմէր ինծի իր երաժշտական հին յուշքերէն, բայց յայտնապէս կը զգայի այժմ, որ այդ բոլոր փառքերուն վրայ քառորդ դարու փոշի մը կը հանգչէր արդէն։

Այրը իր անասնիկներուն վրայ միշտ կենդանի հեքիաթ մը ունէր պատմելու։ Սակայն հեքիաթները միայն մնացեր էին կենդանի, իսկ կենդանիները մեռեր…։

– Կը տեսնէ՞ք այս մողէզը, – կ՚ըսէր. – Վեսուվի հրաբուխին վրայ ելած ատենս, երբ լավայէ քարի մը վրայ քրտնաթաթախ նստայ, այս խեղճ սողունը ա՛յնքան ծարաւեր էր ջերմութենէն՝ որ դողալով եկաւ ձեռքերս լզելու…

Այդ նախկին մողէզը արեւի ճառագայթի մը պէս պսպղուն՝ այժմ փոշոտ ապակեգունտի մը տակ կը պառկէր անշարժ։

Ու այն բոլոր շնչաւոր կենդանիներու աշխարհը, որ այնքան զուարճացուցած էր զիս առաջին այցելութեանս, հիմա խորունկ ու վրդովիչ տխրութեան մը կը մատնէր սիրտս։

Ոստի մը վրայ իրար կտցող սոխակներուն մորթը յարդով լեցուած էր, ու աչքերը ապակի էին։ Կարմիր ու մեծ թիթեռնիկին փորոտիքը գնդասեղով մը դուրս թափուած էր։ Ոսկի օղակով սիպերիական թռչունը վանդակի մը մէջ քարացեր ու լռեր էր…։

Այդ մղձուկ օդը, ճանճի խօլական բզզիւն մը իսկ չէր թրթռացներ։ Ու այդ խոշոր տան մէջ արտասանուած մէն մի բառ՝ տապանի մը մէջ փսփսուքով ըսուած խօսքի մը պէս՝ ահաւոր, անկարելի, դաւադիր համեմատութիւններ կը ստանար…։

Երջանի՞կ. երբե՛ք։

Ինչո՞ւ…

– Ներեցէք ինծի, տիկին, – ըսի օր մը, – ձեզ ճանչնալէս ի վեր անգութ հարցում մը կը չարչարէ զիս։ Կը սիրէք, ու ձեր սէրը սուգի մը պէս լուռ է, ձեր ժպիտը տառապանքի պէս դառն, ձեր ազատութիւնը շղթայի մը պէս ծանր…։ Եւ սակայն ինծի կը թուի թէ ձեր ամուսինը արժանի չէր այս պատիժին։ Օր մը իր սիրտը չդաւեց ձեզի դէմ։ Ըրաւ ամէն ինչ որ մարդկայնօրէն կարելի էր ընել։ Ձեր շուրջ ա՛յնպիսի դրախտ մը կերտեց որ ի զո՜ւր կը փնտռեմ թէ ի՛նչ կը պակսի ձեզի հաճելի ըլլալու համար։

Տիկինը տժգունեցաւ, դողաց.

– Դրախտը դրախտ ընողը, – ըսաւ, – ոչ թէ անբան կենդանիներն են, ոչ թէ անմիտ առատութիւնն է, ոչ թէ եսասէր Ադամն ու Եւան են, այլ խանձարուրներու մէջ քնացող Աբէլը…։ Ամբողջ կեանքովս զաւակ մը ցանկացի, հոգ չէ թէ Կայէն մը ըլլար ան…։ Այնպէ՜ս պիտի գգուէի, այնպէ՜ս պիտի համբուրէի, այնպիսի՛ սիրով պիտի լեցնէի իր սիրտը՝ ուր դառնութեան ու չարիքին համար ա՜լ տեղ չմնար…։ Ստինքներս իր շրթներուն կարօտովը թոռմեցան. իր վարդ մարմնին սպասելէն կոյս արգանդս շիրիմի պէս փակուեցաւ…։ Ամբողջ սիրտս, ամբողջ յոյսս, ամբողջ սէրս միայն անորն է՝ որ չեկաւ…։ Ամուսինս չուզեց որ գայ…։ Առատութեան մէջ կը լողամ ու ծարաւէս կը մեռնիմ, լուղորդին պէս, որ ծովուն մէջ կաթի՜լ մը անուշ ջուր չունի՝ իր շրթներուն տանելու …։ Ես իրմէն սէ՛ր խնդրեցի, ան կեղտ թքաւ արգանդիս մէջ կանացի, ահա ինչո՞ւ առջի օրէն ես լացի…։

Ու աչքերը ձեռքերուն մէջ պահելէն՝ գնաց իր խուցը փակուելու։ Խե՜ղճ, խե՛ղճ կին. ես որ զինքը այնքա՜ն երջանիկ կ՚երեւակայէի…։

Մեռելի տան մը պէս ամէն բան անշարժացաւ, քարացաւ շուրջս։ Լռութիւնը տիրեց։

Քիչ յետոյ բանալի մը ճռաց դուրսէն. դուռը բացուեցաւ։ Ծերունին իր պտոյտէն կը վերադառնար։ Երբ իմացաւ տխրութեանս պատճառը, խորունկ բացագանչութիւն մը թռցուց իր թորշոմած շրթներէն.

– Այս օրուան կինե՜րը…։ Ամո՜ւլ են ու զաւակ կ՚ուզեն…։ Այս յուսահատ կռիւներով գերեզմանին դուռը հասանք, ու դեռ զաւակ մը չունինք…։

– Բայց…։

– Բայց չկայ…։

– Հապա եթէ յանցաւորը տիկինը չըլլա՜ր…։

– Ի՞նչ կ՚ըսէք, բժիշկ։ Ուրեմն դեռ չէք ճանչնար զիս։ Խիղճս պարզ է՝ բաժակ մը ջինջ ջուրի նման. սիրտս օր մը չդաւեց ամուսնական սիրոյ դէմ. մինչեւ այս տարիքս բոլոր կարողութիւններս անաղարտ պահած եմ. սուրբի կեանք մը…։ Ու այս բոլորը՝ շնորհիւ երիտասարդական հիւանդութեան մը, որ ի սպառ զզուեցուց ապօրինի սէրերէն։ Սովորական բան մըն էր, սեռային հարբուխ մը, որուն ջերմամիզութիւն կ ՚ըսէք կարծեմ։ Չեմ կարծեր որ զիս դատապարտէք ասոր համար։ Ես քանինե՜ր կը ճանչնամ որ քանի անգամ կը բռնուին այս հարբուխէն, ու հոգերնին իսկ չեն ըներ։ Ճիշդ է որ ես դեռ անփորձ ու անմեղ ըլլալուս՝ հիւանդութիւնը զիս զգետնեց, խորունկցաւ, ծննդական գործարաններուս մէջ իջաւ, ուռեցուց, ցաւեցուց, սարսափելի՜, սարսափելի՜, բայց վերջապէս քանի մը ամիսէն բոլորովին անյայտացաւ։ Այդ օրէն ի վեր քառասուն տարիներ անցան ու հետքն անգամ չեմ զգար…։

Բայց ինչպէս որ յաճախ անխնամ հարբուխ մը անաղմուկ կերպով թոքին մէջ կ ՚իյնայ ու կը փտեցնէ զայն՝ առանց քիթին վնաս հասցնելու, այնպէս ալ այդ սեռային հարբուխը խորունկցեր ու այս խեղճ մարդուն սերնդագործութեան աղբիւրները մեռցուցեր էր՝ առանց իր առնական կարողութեան վնաս մը հասցնելու։ Ահա թէ ինչ բան կ ՚անգիտանար այրը։

Անկարելի էր երեւակայել թէ երիտասարդութեան մէջ գործուած փոքրիկ սխալ մը՝ կեանքի ընթացքին ինչպիսի՜ ահաւոր, անհամեմատ, անչափելի նշանակութիւններ կը ստանայ յաճախ։

Յիսուն տարիներ առաջ գործուած սովորական մեղք մը այնպիսի անդունդ մը փորեր էր այս մարդուն ճակատագրին մէջ, որ զմայլելի արուեստ մը, դափնիներու լեռ մը, հիանալի կին մը պիտի չկրնային զայն լեցնել…։

Այլեւս ո՛չ մէկ սէր, ո՛չ մէկ կամք, ո՛չ մէկ կին, ո՛չ մէկ դեղ պիտի չկրնային հայրութիւն տալ առնութիւնով լեցուն այս մարդուն։

Բնութիւնը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ճգներ էր, բոլոր կենդանական բջիջներու մէջէն լաւագոյնները ընտրեր, անչափելի աշխատութիւն սպառեր, բարեշրջումի անհաշուելի օղակներէ անցուցեր, ծննդագործող անհամար սերունդներու արգանդէն առաջ բերեր էր զինքը, այդ աստուածային մարդը։ Ու ինք, մէ՛կ պատանեկան սխալով, մշտնջենական մահուան դատապարտեր էր ինքզինքն ալ, իր կինն ալ…։

Այլեւս ո՛չ մէկ յոյս։

Այդ ծեր մարդը՝ որ կոշկռտած ծառի մը պէս հարի՜ւր տարի ապրելու ուժը ունէր՝ այդ հարիւր տարիներն ալ ամլացուցած էր կանխաւ…։ Ա՜լ իր արմատը թող ուզածին չափ ուռճանար, թող կրցածին չափ խորը մխրճուէր, թող ստորերկրեայ ահագին աշխատութիւններ կատարէր, թող լաւագոյն հիւթերը ծծէր, անօգո՛ւտ. այդ ծառը պտուղ պիտի չտար…։

Անիծուած թզենին էր ան։

Ու այդ խեղճ կինը՝ որ չափազանց պարկեշտ էր ուրիշ տեղ երկարելու համար իր շրթները՝ այդ նզովուած ծառին տակ դատապարտուած էր ծարաւահի՜ւծ մեռնելու…։

Իրենց անպտուղ սէրը՝ տարիներու ընթացքին՝ ատելութեան մը չափ դառնացեր էր։ Ու փոխադարձ բարեկամութեան կեղեւին տակ՝ որ քառորդ դարու կենակցութիւն մը հազի՜ւ կրնար կանգուն պահել՝ ամէնէն ահաւոր տռամը կը խաղցուէր,– լռութեան տռամը։ Առանց թոյնի, առանց դաշոյնի, առանց հանդիսականի տռամ մը՝ որ ո՛չ թէ գիշեր մը. այլ տասը հազար գիշերներէ ի վեր կը տեւէր, մի՛շտ նոյնը ու միշտ լուռ։

Տռամը՝ երկու իրար կապուած մահուան դատապարտուածներու, որոնք փոխադարձօրէն կը կարծեն թէ միւսինն էր յանցանքը ու կը լռեն…։

Տռամը այն սգաւոր լռութեան՝ ուր զաւակներ, ու հարսեր, ու թոռներ, ու թոռնիկներ դեռ չծնած՝ մեռա՜ծ էին…։

Նզովուած թզենիին վրայ ո՛չ մէկ թռչնի ձագուկ, ո՛չ մէկ ճլվլուն։

Վերը, ծաղկազարդ ճիւղի մը վրայ, երկու մեռած սոխակներ անվերջօրէն կը համբուրուէին։

Դուրսը, քովի խուցէն կը լսուէր կնոջ լալը, խղդուկ֊խղդուկ։

Գլուխս կախ՝ ես կը խորհէի՜, կը խորհէի՜…։

– Ինչ կը մտմտաք, բժի՛շկ, – գոչեց ծերունին։ – Իր ամլութեան դարման չկայ, լալը զո՜ւր է, գերեզմանի դուռն ենք հասեր. գոնէ ձեռք ձեռքի ներս մտնենք…։

(Լօզան, 1914)

Թոքախտաւորը

ԹՈՔԱԽՏԱՒՈՐԸ

Դուրսը խաւար գիշեր էր. անձրեւը կ ՚երգէր ապակիին վրայ։

Մենք լռիկ մտիկ կ ՚ընէինք Կիւրճեանին, որ հազիւ լսելի ձայնով մը կը խօսէր, խօսելէ աւելի կատուի մը պէս կը խռկար.

֊Անգամ մը, տարիներ առաջ, դեռ նոր սանաթորիում մտեր էի, ինձմէ շաբաթ մը վերջ օտար հիւանդ մըն ալ եկաւ հոն։ Ով գիտէ ինչ հեռաւոր ծովեր կտրած֊անցած, վիրաւոր թռչունի մը պէս մեր սարն էր ինկեր կեանք փնտռելու։ Բայց ա՛յդ իրիկունն իսկ իր անկողինը հեռացուցին մեր սրահէն։ Ամբողջ գիշերը աչքս չկրցայ գոցել. կը տեսնէի այդ խե՛ղճ դատապարտուածը որ այդ գիշեր, ա՛յդ ժամուն, թերեւս ա՛յդ վայրկեանին կը մեռնէր, պաղն երեսին, շան մը պէս…։ Ու իրա՛ւ ալ մեռեր էր։ Ո՛չ իր ազգութիւնը գիտէին, ո՛չ իր անունը, ո՛չ իր հասցէն…։

– Մեռելը մեռել է, – ընդմիջեց բժիշկը, – ան ազգութիւն չունի, իր անունը դիակ է, իր հասցէն՝ գերեզմաննոցը…։

Հետեւեալ առտու, մութնուլուսին, այդ փակ նամակն ալ կ ՚երթար իր հասցէին…։ Դագաղին կառքը կը ճռար. կառապանը կը սուլէր սարերուն, արտերուն, գէր ձին լերան գլուխը կը բարձրանար՝ աջէն ու ձախէն կանաչ խոտ մը փրցնելով։ Ու ետեւէն ես կ ՚երթայի մինչեւ թոքախտաւորներու գերեզմաննոցը, ու վիզս շալերուն մէջ, խղդուկ ֊խղդուկ հազալով, էօհէօ՜, էօհէօ՜… կը խորհէի, կը խորհէի՜…։

Իր կոկորդը այնքան յոգներ էր, որ խօսքի շարունակութիւնը խլրտումի մը նման անհասկնալի անցաւ։ Բայց արդէն բոլորս ալ քով քովի սղմուած էինք։ Իր ցած ձայնէն վանկ մը չփախցնելու վախով, ո՛չ մէկը իր շրթները կը մօտեցնէր թէյի գաւաթին։ Տաքուկ շոգին կը բարձրանար, կը ծառանար, մտերիմ մթնոլորտ մը կը կազմէր։ Ան շարունակեց.

– …Կը խորհէի որ ե՛ս էի այդ դագաղին մէջ պառկած մարդը, ու անհո՜ւն երախտագիտութիւն կը զգայի այն անծանօթ մարդուն որ դիակիս կը հետեւէր…։ Այն օրէն ի վեր ես հետեւեցայ սանաթորիումի բոլոր դագաղներուն… բացի մէկէն…։

Իր բառերը նորէն անհասկնալի եղած էին։ Խօսիլը արգիլուած էր իրեն։ Դէմքը խոժոռ շարժում մը ըրաւ, վզին երակները կապոյտ մատերու պէս ուռեցան։ Երեսը կարմրեցաւ, մթնցաւ. անվերջանալի, խղդուկ հազ մը սկսաւ, էօհէօ՜, էօհէօ՜…։

– Տուն երթամ պառկիմ, – ըսաւ, – երկու հազի մէջէն, այս ցուրտ օրով դուրս ելլելս ալ մահացու սխալ մը թերեւս…։

Ու ելաւ գնաց։ Հիմա ամէնքս ալ շրջապատեցինք բժիշկը՝ ամբողջ պատմութիւնը իմանալու համար։

– Ժամանակին այս երիտասարդն ալ ձեզի պէս առոյգ ու գեղեցիկ էր, պատմեց բժիշկը։ Նախ տժգունեցաւ քիչ մը. բայց այդ գոյնը ազնուական այնպիսի բան մը կու տար իր դիմագիծին, որմէ հեռու էր գանգատելէ։ Յետոյ հազ մը սկսաւ, հազ ըսածս աննշան բան մը, հազիւ լսուելիք։ Քանի մը ամիս վերջ քրտնելիք մը եկաւ վրան, ան ալ միայն գիշերները, «վերմակներուն մէջ շատ փաթթուելէս է», կ՚ըսէր…։ Ճիշդ է որ երբեմն ձախ կողին մէջ թեթեւ ցաւ մըն ալ կար, ասեղներու տրցակի պէս բան մը, բայց բոլորովին անցողակի, հովի պէս փոփոխական ցաւ մը։ Սակայն վերջ ի վերջոյ ինչ որ ամէնէն շատ կը նեղէր իր սիրտը՝ ձայնին խռպոտութիւնն էր. մարած ձայն մը, որ ճիգով կ՚ելլէր, կարծես թէ խուխ մը չորցած, փակած ըլլար կոկորդին մէջ… էօհէօ՜, էօհէօ՜։

– Այդ նշաններն իմ վրաս ալ կան, բժի՛շկ, ու եթէ վախս ճիշդ է, ես իրեն պէս տարիներով չեմ կառչիր կեանքի…։

– Շատ մի՛ շտապեր, ու թող որ շարունակեմ, – ըսաւ բժիշկը։ Սկիզբները չուզեց հետեւիլ խորհուրդներուս։ «Բժիշկները արդէն ամէն տեղ հիւանդութիւն կը տեսնեն», կ ՚ըսէր։ Բայց երբ խելքը գլուխը եկաւ, շա՜տ ուշ էր արդէն։ Թոքա խտը թոքերէն բարձրացեր, կոկորդը լեցուցեր, ձայնը կղպե՛ր էր…։ Շատ չերկնցնեմ, ահաւասիկ տասը տարիներէ ի վեր այս մարդը կը տառապի, կը մեռնի, պիտի մեռնի…։ Հիւանդանոցէ հիւանդանոց, բժիշկէ բժիշկ, ամառները Ալպեան լեռներուն վրայ, ձմեռները Նիսի մէջ փնտռելով իր արեւը, այս կենդանի կմախքը, տա՛սը տարիներէ ի վեր կը փախչի իր Մահէն, ա՛յն Մահէն՝ որմէ փախչիլ չկայ կ՚ըսեն…։

Բայց ի՞նչպէս…։

Տասը տարիներէ ի վեր, ամէն շաբաթ, երբեմն ամէն օր, ամէն տեսակ մասնագէտներ կ ՚այրեն իր կոկորդը…։ Ձեզմէ ո՛չ մէկը կ ՚երեւակայէ այն ամէնօրեայ սարսափը որ այս տեսակ հիւանդներուն ուղեղին մէջն է միշտ ու ամէ՛ն վայրկեան, մեռնելու սարսափը…։ Դրուագ մը պատմե՞մ …։

– Պատմեցէ՜ք, պատմեցէ՜ք… – խնդրեցինք միաբերան։

– Անգամ մը լսեր էր որ իրեն պէս հիւանդ մը գործողութեան ենթարկուելով լաւացեր էր։ Լօզանի մեր հիւանդանոցը եկաւ։ Ձեզի պիտի չըսեմ թէ ինչպէ՜ս մեզ համբուրեց ու յետին հրաժեշտը տուաւ՝ երկաթէ սեղանին պառկելէ առաջ։ Մեղրամոմի գոյն մարմին մը, մարմին ըսածս՝ կմախքի վրայ ճմռթկած մորթ մը։ Գթութեան քոյրերը ճերմակ կտաւ մը փաթթեցին իր վրան՝ պատանքի մը պէս։ Ու այսպէս անշա՜րժ պառկած, կեանքին ու մահուան միջեւ կախուած՝ կը սպասէ՜ր…։

– Ինչո՞ւ…։

– Կը սպասէր, որովհետեւ գործողութեան սրահին մէջ, իրմէ առաջ ուրիշ մը կար որ կը կտրէին, երբեմն երկաթ դռներէն սուր ճիչ մը կը լսուէր ու կը խեղդուէր։ Վերջապէս, այդ գործողութիւնը գէշ անցաւ, այդ մարդը մեռաւ, ու Կիւրճեանին գործողութիւնը միւս օրուան յետաձգուեցաւ։ Այդ գիշեր, մինչեւ լոյս, խեղճը մահուան երազներով տանջուեր է եւ առտուն կանուխ հիւանդանոցէն փախեր է…։

– Է՜հ, – ընդմիջեց դարձեալ դեռատի ուսանողը, – մեռնիլը լաւ չէ՞ այսպէս ապրելէն… ա՜լ ուրախութիւն, ժպիտ, սէր կրնա՞յ ըլլալ այսպիսի կեանքի մը մէջ…։

– Կրնա՜յ ըլլալ, կրնա՜յ ըլլալ, – ըսաւ բժիշկը։ – Ու ահա թէ ուր պիտի կապէի խօսքս։ Այս թոքախտաւոր երիտասարդը թոքախտաւոր աղջիկ մը կը սիրէր, չգտնուելիք գեղեցկութիւն մը, որ չեմ գիտեր ո՞ւրկէ գտեր էր, ու իր դրամով, իր սանաթորիում ին մէջ կը պահէր։ Այսպէս երկուքն ալ կ ՚ապրէին սարին վրայ, գաղտնի սէրով։ Ալ հազա՜ր հազ, հազա՜ր ցաւ ինչ կրնար արժել այս անմահական սիրոյն քով։ «Բոլոր ունեցածս պիտի ծախսեմ, – կ՚ըսէր, – մինչեւ որ այս խեղճ աղջիկը քիչ մը առողջանայ, ու այն ատեն, այն ատեն… երկուքս ալ թոքախտ, իրարմէ ի՞նչ վախ ունինք…»։

– Բայց ներելի՞ է, բժի՛շկ։

– Այս աշխարհի վրայ երջանկութիւնը անշուշտ ներելի չէ…։ Աղջկան ամուսնութիւնը արգիլած էին բժիշկները, բայց սիրոյ առջեւ բժի՞շկը ով է…։ Գարնան գիշեր մը ծաղիկներն ու ծառերը խաբեցի՛ն զիրենք, ինքզինքնին առո՛ղջ ու կայտա՛ռ կարծեցին, այդ երկու մահուան դատապարտուածները իրար ձուլուեցան. տարիներէ ի վեր զսպուած սէրը ահագին ուժով պոռթկաց…։ Բայց ի՜նչ էր այդ թանձր ու տաք հեղուկը բարձին վրայ. արիւնախռնո՜ւմ մը…։ Ու կոյսը իր հիմէնեան անկողնին մէջ մեռ եր էր…։

Վա՜հ…։

Հետեւեալ առտուն դագաղակառք մըն ալ կը ճռար սարի կողմէն. Կիւրճեան չէր հետեւեր անոր. առաջին անգամը…։

Սարսափած իրարու երես նայեցանք։ Ամէնքս ալ տժգուներ, քարացեր, մահացեր էինք։

Դուրսի հովը թող ոռնար, թող անձրեւը երգէ՜ր ապակիին վրայ, թող ծառերը շաչէին, մենք լռեր էինք։ Ո՛չ ձայն մը, ո՛չ շարժում մը։

Մեզի կը թուէր թէ մե՛ր մէջտեղը, թէյի սեղանին վրայ պառկած էր այդ կոյսին դեռ տաք դիակը։ Ու այդ սուրբ մարմինը կոխոտելէն կը փախչէր ուրուականը այն թափառական հիւանդին, որ տասը տարիներէ ի վեր կը փախչէր իր Մահէն, ա՛յն Մահէն, որմէ փախչիլ չկա՛յ…։

(Լօզան, 1914)

Նափոլէոնի մահը

ՆԱՓՈԼԷՈՆԻ ՄԱՀԸ

Բոլոր տեսանելի աշխարհներէն հեռու, Ատլանտեանի ալիքներէն ծեծուած, մենաւոր ապառաժ մը կայ. Սէնթ Հէլէն անիծապարտ կղզին է ան։

Դեռ դար մը չէ անցեր այն օրէն – 16 Հոկտեմբեր 1815 – երբ հոն կը բանտարկէին հին ու դիւցազնական աշխարհի մը մեծագոյն ներկայացուցիչը, վերջին կիսաստուածը, Կայս րը ինքը։

Ու որպէսզի փախուստի ամէն հաւանականութիւն անկարելի ըլլար, առագաստանաւեր նոյն ապառաժին վրայ կը նետէին անգլիական ամբողջ բանակ մը՝ իր թնդանօթներով ու զրահաւորներով, ինչպէս նաեւ տխրահռչակ կառավարիչ մը՝ Հուտսոն Լաու։

Այս պզտիկ մարդուն պաշտօն տրուած էր հրամայել անոր՝ որ ամբողջ աշխարհին կը հրամայէր։ Այսպէս, ահագին ովկէանոսի մը մէջ կորած այս երկու մարդերուն միջեւ, տռամներուն ամէնէն եղկելին կը խաղցուէր։

– Զօրապետ Պոնափարթ, – կը հրամայէր Հուտսոն։

– Ես կայսր Նափոլէոնն եմ, – կը գոչէր այս վերջինը, – կայսր Նափոլէոնը, կը հասկնա՞ք, պարոն։ Յիմարութիւն ու նախատինք է զիս այլապէս անուանել։ Օր մը երբ Անգլիա դադրի գոյութիւն ունենալէ, մարդկութիւնը դեռ զիս պիտի անուանէ Նափոլէոն կայսր։

Ու վանդակին մէջ բանտուած առիւծի մը պէս՝ զոր երկաթի ձողերով կ՚անհանգստացնեն, Նափոլէոն իր խուցին մէջ կը բանտուէր, շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով, մութ անկիւն մը կծկտած, վարագոյրները կը փակէր, ինքզինքը պատէ ի պատ կը նետէր, զինուորական նեղ անկողնի մը մէջ կ՚երկարէր, աչերը չէր կրնար գոցել, կը հիւծէր, կը սպառէր, կը մեռնէր։

10 Հոկտեմբեր 1818֊ին, իր պահակներէն անգլիացի սպայ մը հետեւեալ տողերը կը գրէր Հուտսոնին.

«Այսօր կրցայ նշմարել զօրապետ Պոնափարթը, դիակի մը գոյնն ունի, ու վհուկի մը կը նմանի»։

Կէօթէ կ՚ըսէ. «Մարդս կ՚ապրի ա՛յնքան երկար, որքան չմեռնելու հաստատ կամքն ունի»։

Ու Նափոլէոն ա՜լ չէր ուզեր ապրիլ։

Խնդրեր էր որ Եւրոպայէն զարգացած քահանայ մը ղրկեն իրեն՝ որպէսզի իր կասկածները փարատէր, հոգի՜ մը, հաւա՜տք մը, անմահութի՜ւն մը, կառչելիք բա՛ն մը ցոյց տար իրեն…։ Որովհետեւ այս մարդը որ գահեր գահերու վրայ, թագեր թագերու վրայ ու երկիրներ երկիրներու վրայ բարդած էր՝ հիմա սարսափով կը տեսնէր որ ամէն բան կը խուսափէր իր ձեռքէն, նոյնիսկ իր անունը, իր կինը, իր զաւակը…։

Իրեն ղրկեցին անգրագէտ, անդամալոյծ, խուլ ու գրեթէ խօսելու անկարող քահանայ մը, Ապպէ Վինեալի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ, անհաւատ ու թեթեւաբարո յ բժիշկ մը, Տոքթէօր Անթոմաքի։

Նափոլէոն այնքան աւելի յարգեց առաջինը, որքան արհամարհեց երկրորդը։ Իր սարսափելի տառապանքին մէջ գետինները կը տապլտկէր « ոճրագո՜րծ, ոճրագո՜րծ» պոռալով։

Օրերով, շաբաթներով, ամիսներով կը փսխէր, կարմիր կը փսխէր։ Անշարժ ու սարսափահար պառկեր էր երկաթէ նեղ անկողնի մը մէջ, իր բոլոր պատերազմներուն անկողինը՝ որուն չորս անկիւններուն վրայ չորս արծաթէ արծիւներ կը հսկէին, բայց ի զո՜ւր, որովհետեւ մահը մտեր էր, հոն էր արդէն, անմահին վրայ…։

Մարմինը երթալով կը սառէր։ Երբեմն ֊երբեմն ջերմը մահասարսուռ թօթուըտուք մը կը պտտցնէր իր դիակնացած մարմնին վրայ. այն ատեն պաղ քրտինք մը մածուցիկ կը դարձնէր իր թափանցիկ մորթը։ Ձեռքերն ու ոտքերը երկաթէ ձողերու պէս սառն ու անշարժ էին։ Որովայնը կ՚ուռենար, կ ՚ուռենար։ Իր առասպելային տժգունութիւնը այժմ զարհուրելի կանաչութիւններ կը ստանար։ Չոր հազ մը անդադար կը ցնցէր իր կոկորդը։ Հոգեվարքն էր։

Շաբթուան մը տառապանքէն վերջ, Նափոլէոն կանգնեցաւ, կտակը ուզեց, կարդաց, բոցը նետեց. նո՜ր մը պիտի գրէր։

Սակայն մահուան գալարումները սկսան դարձեալ բզկտել իր փորոտիքը։ Փսխուքը սկսաւ, անկարելի, անդադրում, անվերջ, արիւնի տաք ֊տաք ու սեւ ֊սեւ պատառներով։ Փորը նորէն կ՚ուռենար, կ՚ուռենար։

Զարհուրելի տանջանքներու շաբաթէ մը վերջ, իրեն շուրջը վայրկեանէ վայրկեան մահուան կը սպասէին։ Նափոլէոն վե՛ր կանգնեցաւ, իր ցաւերուն վրայ իշխեց, իր ճգնաժամային պայքարը դադրեցուց. իր մահուան հետ երեք ժամու զինադադար մը կնքեց…։

Ու գերագոյն վերացումի մը մէջ գրեց իր համբաւաւոր կտակը։ Նախ յայտարարեց որ հակառակ իր կասկածներուն՝ իր հայրերուն կրօնքին մէջ կը մեռնէր։ Յետոյ միտքը սաւառնեցուց Փարիզ «իր ժողովուրդին, զոր ա՜յնքան կը սիրէր». ու Սէնի ափերուն վրայ թաղուելու իր կամքը արձանագրեց։

Յետոյ սիրտը թռաւ դէպի իր միամօր զաւակը, միակ յոյսը, միակ ժառանգորդը իր հիմնած անծայրածիր պետութեան. տասնամեայ դողդոջ մանուկ մը…։ Որո՞ւ պաշտպանութեան յանձնել զայն, ո՞վ կրնար աւելի լաւ խնամել զաւակ մը քան իր մայրը։ Բայց Նափոլէոնի աքսորէն ի վեր՝ աշխարհի թագուհին, թշնամի բանակէն շիլ զօրականի մը հետ ամուսնացեր էր արդէն…։

Նափոլէոն դողաց. աչքերուն մէջ ահաւոր արցունք մը փայլատակեցաւ շանթի մը պէս։ Յիշեց թէ ի՜նչպէս իր ձեռքով աշխարհի ծանրագոյն թագն էր դրեր այդ կնոջ գլխուն. յիշեց թէ ի՜նչպէս իր թեւերուն վրայ կը կրէր իր վարդագոյն մանուկը որ Հռովմի թագաւոր կը ծնէր…։ Ու ինք որ Հռենոսէն մինչեւ Նեղոս, ու Ալպեաններէն մինչեւ ձիւնապատ Ռուսաստանը, բոլոր ապարանքներն իրեն պալատ ըրած էր ու բոլոր թագաւորներն իրեն մանկլաւիկ, նայեցաւ իր շուրջի սարսափած մարդերուն, ու լացը զսպելով գրեց.

«Մինչեւ վերջին վայրկեանս ամէնէն քաղցր զգացումները պահեցի կնոջս հանդէպ. կը խնդրեմ իրմէ հսկել որդւոյս վրայ…»։

Ու իր զաւկին կտակեց բոլոր ինչ որ ունէր մտերիմ,– իր մարմնին շապիկները, իր ձիուն սանձն ու թամբը, Աւստերլիցի սուրը, ու իր պատերազմական անկողինը՝ որ նաեւ իր գերութեան ու հոգեվարքի անկողինն եղաւ։

Բայց պաղ քրտինք մը սկսաւ դարձեալ ողողել իր մարմինը, գալարումներն սկսան… մահուան զինադադարը աւարտեր էր։ Բայց Կայսրը ճիգ մըն ալ ըրաւ, վերջին կամք մըն ալ յայտնեց իր որդւոյն համար.

«Թող իմ զաւակս չփորձէ իր հօր մահուան վրէժը լուծել, թող դաս մը առնէ իր մահէն, թող կռուասէր կայսր մը չըլլայ…»։

Խեղճը չէր կրնար գուշակել որ Արծուիկը երբեք Արծիւ պիտի չըլլար, ու իրմէ քանի մը տարի վերջ՝ թշնամիներու ձեռքին մէջ պիտի մեռնէր գերութենէ ու թոքախտէ…։

Փսխուքները վերսկսան, սեւ ու թանձր։ Իր սիրտը՝ որ արդէն միշտ տկար ու դանդաղ էր ի ծնէ՝ այժմ բոլորովին անլսելի էր։ Շունչը խզուեցաւ, խեղդուեցաւ։ Վերջն էր այս։

Սակայն վերջի՛ն կարգադրութիւն մըն ալ կը մնար, թաղո՛ւմը։

Ու իր սարսափելի ցաւերուն մէջ գրեց իր վերջին նամակը իր պահապան Հուտսոնին.

«Պարո՛ն կառավարիչ.

Պատիւ ունիմ ձեզի յայտնելու թէ Նափոլէոն Կայսր մեռաւ. երկար ու ցաւագին հիւանդութենէ մը վերջ…»։

Հուտսոն, նոյն միջոցին, կղզիին շուրջ թնդանօթաձիգ նաւերը կը փութացնէր, որպէսզի մեծ աքսորականը չփախչի։

Բայց Նափոլէոն իր ճգնաժամային զառանցանքի շրջանին մէջն էր արդէն։ Գիշերն յանկարծ ներքին փոթորիկէ մը արթնցած՝ տուն կու տար Վերսայլի վերաշինութեան նոր յատակագիծ մը, զոր կը կոչէր Առաջին Անրջանք. ու Ֆրանսայի զօրակոչութեան նոր ծրագիր մը՝ զոր կ ՚անուանէր Երկրորդ Անրջանք…։

Իր սիրական ձիով մղոններո՜վ երկիրներ կտրել կ՚ուզէր, երբ յանկարծ խօսքը մեռաւ բերնին մէջ…։ Ծերունի քահանան սկսաւ արդէն իր աղօթքը թագաւորին գլխուն վրայ, բայց ան դարձեալ բացաւ իր աչքերը։

«Զաւկիս կը կտակեմ Աժաքիոյի տունս՝ իր կալուածներով, Սալինի երկու տուներս՝ իրենց պարտէզներով, Աժաքիոյի ամբողջ հողերս… զաւկիս կը կտակեմ…»։

Այս կալուածները երեւակայական էին միայն։ Սակայն հոգեվարքը դեռ նոր շաբաթ մըն ալ կ՚երկարէր։

1821, 4 Մայիսի գիշերը վերջին երկու բառեր ալ արտասանեց՝ իր երկու սիրելի բառերը. «Ֆրանս… բանակ…»։ Ու նոյն վայրկեանին անկողնէն ցատկեց, գալարուելով գետնին վրայ սկսաւ սողալ, ու այնքա՜ն ուժով փաթթուեցաւ իր միակ բարեկամ Մոնթջոնի կոմսի վզին, որ հազի՜ւ բռնի կերպով կարելի եղաւ զայն բաժնել ու պառկեցնել անկողնին մէջ։ Վերջին դիւցազնին վերջին ցնցումն էր այս։

Յետոյ աչքերը յառեցան, սառեցան. ծնօտը բացուեցաւ, ինկաւ. մահուան խլրտուկը սկսաւ։ Քահանան իր աղօթագիրքը նորէն բացաւ, բոլոր ներկաները ծնրադրեցին գլխաբաց։ Սպասաւոր մը կը պակսէր միայն, զոր լեարդի հիւանդութիւն մը անկողին կը գամէր։ Բայց ահա դուռը բացուեցաւ, գետիններուն վրայ քաշկռտուելէն հիւանդ սպասաւորը երեւցաւ մահատիպ ու երկիւղած։ Կայսեր մարմնին վրայէն երկար դող մը սահեցաւ, շրթներուն մէջ ճերմակ պղպջակ մը ֆշաց, աչքերը դարձան… Կայսրը մեռաւ։

Իր դահիճներո՛ւն իսկ խոստովանութիւնով՝ Նափոլէոնի դէմքը ցաւի պրկումներէն ազատուած, այժմ անդիմադրելի, ահաւոր, գերերկրային գեղեցկութի՜ւն մը, վեհութի՜ւն մը, լո՛յս մը ստացեր էր։

Բայց դիազննութեան սեղանին վրայ, ան ա՜լ աւելի մեծցաւ։

Երբ վերջապէս բժիշկին դանակը համարձակեցաւ կտրել այս գորդեան հանգոյցը, սարսափով տեսնուեցաւ որ ահագին ու հին քաղցկեղ մը կրծեր, բորոտեր էր, ծակեր էր ստամոքսը, ու արիւնով ու շարաւով լեցուցեր էր որովայնը։ Թոքերուն մէջ եւ կուրծքի պատին հին ու նոր թոքախտի վէրքեր կը ցցուէին։ Սիրտը խիստ փոքրիկ ու տժգոյն էր…։

Այն հիւանդները որոնք փոքրիկ ցաւէ մը կը յուսահատին, թող գիտնան որ այս աղքատիկ գիւղացիին զաւակը, այս նիհար ու պանդուխտ զինուորը, որ համամարդկային քաղաքակրթութեան հրամայեց, աշխարհին տիրապետելէ աւելի իր անձին տիրապետեր էր…։ Այս փոքրիկ մարդը իր վրայ կը միացնէր բժշկութեան մեծագոյն հիւանդութիւնները.– իր ուղեղը լուսնոտ էր, իր սիրտը պզտիկ, իր կուրծքը թոքախտ, իր ստամոքսը քաղցկեղ…։

Ահա թէ ինչպէս մեռաւ – մեռա՞ւ – Կամքերուն հզօրագոյնը…։

(Լօզան, 1914)

Մեղքին տունը

ՄԵՂՔԻՆ ՏՈՒՆԸ

Դուռս բացուեցաւ։ Տասնութ տարու պատանի մը երեւցաւ, բայց յաղթանդամ բան մը։ Գողիաթին փայտէն տաշուած հսկայ մը, որ տղու գլուխ մը կը կրէր, կաս կարմիր երեսով մը։

Վայրկեան մը սեմին վրայ կեցաւ, դուռը բացած ըլլալուն արդէն իսկ զղջացած. շուարած աչերը սենեակիս չորս կողմը նետեց՝ տեսնելու համար որ չարչարանքի փայլուն գործիքներ կայի՞ն. բայց յան կարծ անհամբեր ձեռք մը երեւցաւ ետեւէն. զայն յառաջ մղեց ու դուռը գոցեց նորէն։

Այն ատեն պատանին անհամարձակ շարժումներով յառաջացաւ, պզտիկցած, հիւլէացած, կարծես ներողութիւն խնդրելով իր այնքան խոշոր ըլլալուն։

Ի՞նչ էր այդ խեղճ տղուն ցաւը։

– Ցաւ մը չկայ, տոքթէօր։

Հապա ի՞նչ էր իր գանգատը։

– Գանգատ մը չունիմ, տոքթէօր… մեղքը իմս է…։

Ու այս բառը արտասանեց այնքան պզտիկցնելով իր ձայնը, ա՛յնքան կարմրցնելով իր դէմքը՝ որ հիւանդութեան տեղին վրայ կասկած չմնաց…։

Բայց ան ինձ բոլորովին ուրիշ տեղեր կը ցուցնէր. բազուկները, վիզը, ուսը, կուրծքը…։ Ու իրաւ ալ պզտիկ կարմրութիւններ կային այդ տեղուանքը, վարդագոյն ոսպերու պէս, հազուագիւտ ու արդէն անհետանալու վրայ։ Բայց ես կը պնդէի թէ ուրիշ տեղ ցաւ մը չէ՞ր ունեցած։

– Այո՛, տոքթէօր… կոկորդիս մէջ ցաւ մը կայ, կերակուրս չեմ կրնար ուտել, բայց ցրտութենէ ալ չէ…։

– Ուրի՞շ տեղ…։

– Բերնիս մէջ ալ ճերմակ ֊ճերմակ տեղեր կան, կոճակներու պէս…։

– Հապա ուրիշ տեղ բան մը չունեցա՞ր…։

– Այո՛, տոքթէօր… գիշերները գլխու ցաւեր ունեցայ, սարսափելի ցաւեր, շաբաթներով…։

– Ուրի՞շ, ուրի՞շ…։

– Չեմ գիտեր. հիմա ալ մազերս կը թափին. բայց ընկերներս կ ՚ըսեն թէ այստեղի ջուրէն է…։

– Ուրի՞շ…։

– Ուրիշ ի՞նչ ըսեմ, տոքթէօր, այսքանը չի՞ բաւեր…։

Ու այսպէս, ամօթխած տղան՝ չարիքին առաջին բոյնը չյայտնելու համար, առանց գիտնալու, ամբողջ հիւանդութեան ընթացքը նկարած էր ինձ։ Ախտին ապագայ ընթացքն ալ ես իրեն նկարագրեցի. որովհետեւ կը տեսնէի թէ երկչոտ աչքերը դուռին յառած՝ մտքէն այնպէս կ'երդնուր, որ անգա՜մ մը այդ անիծուած սեմէն դուրս ելլալէ վերջ, ա՜լ բժիշկի տուն ոտք պիտի չկոխէր։ Եւ սակայն անհրաժեշտ էր որ գիտնար վտանգը՝ որպէսզի չխուսափէր դարմանէն։

– Տեսա՞ծ ես, – ըսի, – փրթած քիթերով մարդերը։

– Այո՛, տոքթէօր։

– Բայց հագուստներու տակ պահուած ի՜նչ զզուելի վէրքեր կան որ չես տեսնար…։ Տեսա՞ծ ես անդամալոյծները որ փոքրիկ կառքերու մէջ հրելով կը պտտցնեն արեւուն։

– Այո՛, տոքթէօր։

– Սակայն քանինե՛ր կան որ հիւանդանոցներու մէջ կը նեխին ու չես տեսնար…։ Տեսա՞ծ ես վարդագոյն օրօրոցներու մէջ հրեշտակային երախաները, բայց հիւանդ հայրերու ի՜նչ հրէշ զաւակներ կան որ ծնած օրը կը մեռնին ու չես տեսնար։ Դիտէ՛ սա պատին նկարներուն վրայ ու սա ալքոլի շիշերուն մէջ այն դժոխային վիճակները որ քեզ կը սպասեն, ու եթէ կրնաս փախիր հիմա…։

Եթէ երկինքէն յանկարծ կայծ մը իյնար՝ այսքան բուռն ու յանկարծական տպաւորութիւն պիտի չգործէր։ Ես որքա՜ն աւելի կը սիրեմ այն թշուառները՝ որոնք իրենց ցաւին ամբողջ գիտակցութիւնովը կու գան՝ հովէն քշուած աշնան ոստի մը պէս քեզի՜ փարելու, ու խնդրելու որ ուժո՛վ բռնես զիրենք եւ թող չտաս որ հողը իյնա՜ն…։

Սակայն որքա՜ն աւելի բազմաթիւ են այն հիւանդները, որոնք իրենց տգիտութեան մէջ կարծրացած՝ հեգնելո՜վ կը պտտցնեն մարդոց մէջ վարակումի սարսափելի վտանգը։ Ասոնց համար ահաւոր վայրկեան մը կայ՝ երբ բժիշկ մը կը քակէ իրենց աչքին կապը ու ցոյց կու տայ այն անդունդը ուր կը դեգերէին ցայգաշրջիկի մը պէս…։ Դժոխային րոպէ մըն է այս. ծովը ինկող մարդու մը պէս որ օձին կը փարի՝ հիւանդը կը փարի բժիշկին, ու դահիճի մը պէս կ ՚ատէ զայն։

Պատանին սարսափած ոտքի ելաւ՝ ստոյգ վտանգէ մը փախչելու պէս. վայրկեան մը տատանեցաւ ու նորէ՛ն ինկաւ թիկնաթոռին խորը, ու հեւալով, հառաչելով, հեկեկալով, ձայնը խեղդելով, խորունկ ֊խորունկ սկսաւ լալ։

– Հրաշք մը ըրէ, տոքթէօր, փրկէ՜ զիս, ոտքերուդ կ՚իյնամ, ներէ ինձ, ես չէի գիտեր, առջի անգամն էր, փրկէ՜ զիս…։

Բայց անհամբեր ձեռք մը անգամ մըն ալ դուռը բանալով, տարիքոտ մարդ մը ներս մտաւ։ Լացող տղան յանկարծ ոտքի ելաւ, լացը զսպեց, թաշկինակը պահեց, ու իր բառերը ստորագծելով՝ թոթովեց.

– Բժիշկը կ՚ըսէ թէ բան մը չունիմ եղեր, հայրի՛կ…։

Ու քովի սենեակը քաշուեցաւ։ Հիմա հայրիկին հետ մինակ մնացի։ Փոքր հասակով մարդ մըն էր ան. լուսաւոր ու փայլուն դէմք մը՝ կարծես բաղնիքէն նոր ելած. հազի՜ւ ճմռթկած մորթ մը, սպիտակ ու թեթեւօրէն վարդագոյն. ճերմակ պեխեր բայց խնամքով սրցուած, ու երիտասարդի պճլտուն աչքեր՝ կայծոռիկներու պէս։ Այդ թաքթաքուր պատանիէն վերջ այս ճլվըլուն ծերունին արեւու ճառագայթի մը պէս ինկաւ սենեակիս մէջ, մթութիւնը փարատեց, տաքութիւն մը, զուարթութիւն մը բերաւ իր հետ։

– Արդէն վստա՛հ էի որ տղաս բան մը չունէր, – ըսաւ, – մայրիկը մինչեւ այսօր ակռաներով ընկոյզ կը կոտրէ. ես ի՛նքս ալ մինչեւ հիմա բժիշկի պէտք չեմ ունեցած՝ փառք Աստուծոյ… կը ներէք։ Մեր մէկ հատիկ տղան է, աչերնուս լոյսին պէս խնամած ենք, օր մը օտարի անկողին չենք պառկեցուցած։ Քանի մը ամիսէ ի վեր, ի՛ր պնդումին վրայ, զայն Եւրոպա բերի համալսարան մը դնելու. ուզեցի որ աչքովս տեսնեմ իր պառկած ֊ելած տեղերը։ Բայց հոս գալէն ի վեր կը նիհարնայ, բերանը ուտելիք չի դներ. ճի՛շդ է որ տեղին կերակուրներն ալ ուտուելիք բաներ չեն… կը ներէք։ Մեկնելէն առաջ զինքը գիւղը նշանեցինք, ոտքը կապեցինք որ աչքը դուրսը չբանայ…։ Չեմ գիտեր որ լաւ ըրի՞նք, թերեւս անկէ՛ց է իր սրտին ցաւը…։

Բայց ուրի՛շ բան կար այս խելացի մարդուն լեզուին տակ. միայն թէ, ըսելէ առաջ, իմ բերանս կը փնտռէր, կը չափէր ու կը կշռէր զիս՝ թէ մինչեւ ո՞ր աստիճան պէտք էր քակել իր լեզուին կապը…։

– Կը ծխէ՞ք, տոքթէօր, մեր երկրի թարմ ծխախոտ ունիմ… աս ֆրէնկ ներուն ծխախոտը տան ծակերուն մէջ թխելու է որ մուկերը սատկին…։

Իր միտքը այն էր որ նախ մտերիմ մթնոլորտ մը ձեւացնէր. ու երբ կապուտակ մուխերը սկսան գալարուիլ՝ շարունակեց.

– Արդէն ես ձեր Եւրոպային ո՛չ մէկ բանին հաւնեցայ։ Հոս գիտութիւն կայ՝ կ՚ըսեն. բայց արդեօք հիներուն ըսած Գիտութեան ծառը չէ՞…։ Այստեղ եկողը աչերը գոցելու՝ միայն ականջները բանալու է որ բան սորվի…։

Խեղճը՝ երկրին լեզուն չգիտնալուն՝ այնպէս կը կարծէր որ ականջի կողմէն վտանգ չկար։ Ու անգէտ մարդերու պէս՝ որոնք գիրքերու մէջ միայն պատկերները կը տեսնեն ու գիրերը կ ՚արհամարհեն՝ ամբողջ եւրոպական քաղաքակրթութիւնը իր տեսած քանի մը պատկերներէն չափած կշռած ու պակաս գտած էր.– Մանէ, թեկեղ, փարէս։

– Ես ձեզի բան մը ըսե՞մ, տոքթէօր, այս տղան հոս որքան ալ մաշի՝ իրաւունք ունի. ճիշդ խօսքը աս է։ Մե՛նք ալ երիտասարդ եղած ենք, բայց աղջիկ մը մեզ տեսնելուն՝ աչերը վար կը հակէր որ կայծ չցայտէ…։ Մե՛նք ալ պար պարած ենք, բայց մատներնիս կնոջ մատի չեն դպած՝ որ կրակ չելլայ. ձեռքէ ձեռք երկարող թաշկինակն ալ անո՛ր համար հասկցէք…։ Անցած գիշեր մեր պանդոկին մէջ թանկօ կ ՚ըսեն պար մը դարձան, բայց ի՜նչ պար, ի՜նչ շարժում, ի՜նչ գալարում, ի՛նչ շփում… մեղա՜յ, մեղա՛յ… թէ շունն ընէ կը քարկոծեն…։ Ե՛ս ալ, տղա՛ս ալ կա՛ս ֊կարմիր եղանք միա՛յն տեսնելով։ Գեղարուեստ ըսածնին ա՞ս է։

– Կը ներէք, – ըսի ամչնալով, – ձեր տեսածը միա՛յն կեղեւն է…։

– Բայց իմ վախս միջուկն է, տոքթէօր։ Հոն ուր յիսուն տարուան պարկեշտութիւնս խռովեցաւ, տասնութ տարուան անփորձութիւն մը ի՞նչ կ՚ըլլայ…։ Այն Աստուածը որ Եւան տղայութեան մը համար պատժեց՝ այս Սոդոմին աղջիկները չի՞ տեսնար։ Ասոր երիտասարդութի՞ւն կը դիմանայ՝ երբ հոս բաժակ մը գարեջուրի գինով, Սողոմոնին արժանի կիներ կը գտնես։ Ըսէ՛ք հիմա, այս չէ՞ միջուկը, թէ չէ դարձեալ սխալ հասկցեր եմ…։

Ի՞նչ ըսէի։ Անոնք որ չեն հասկնար՝ կը գուշակեն. անասնական բնազդ մըն է այս, տգէտներուն գիտութիւնը։ Ու այս նախնական մարդը կենդանական հոտառութեամբ՝ մատը ճիշդ տղուն վէրքին վրայ դրեր էր, առանց գիտնալու։

– Բժի՛շկ, եթէ մեզ կ՚արտօնէք, ձագուկս առնեմ երկիր դառնամ։ Փախչի՜նք Մեղքի քաղաքներէն. հոս երկինքէն հո՜ւր կը տեղայ, վարժուեր են ու չեն զգար…։ Կեսարին փողը՝ Կեսարին. մենք մեր լեռները դառնանք նորէն…։ Ճակտիս վրայ դեռ կնճիռ չկայ, մօրը գլուխն ալ լոյսերու պէս սպիտակ է. ինչո՞ւ մեր տղան մեզ պէս չապրի։ Հեռուն սիրուն նշանած կայ, տանիմ գլուխ գլխի կապեմ, թոռնիկներու մեծ ֊հայր ըլլամ։

– Ո՛չ, ո՛չ, – ըսի։

– Ինչո՞ւ, բժի՛շկ. աղքատ աղջիկ, բայց ի՜նչ հրեշտակ, մազը մեռոն՝ բերանը կաթ կը հոտի դեռ…։

– Ո՜չ, ո՜չ, երբե՛ք, այդ պսակը պիտի չըլլա՛յ…։ Ոսկւոյ համար աղքատ աղջիկ մը ամբո՛ղջ կեանքով թունաւորելն ալ մեղք չէ՞…։

Երբ այս խօսքերը լսեց, երբ հասկցաւ որ տասնութ տարուան գուրգուրանքով ու մայրական սուրբ ձեռքերով հասցուած պտուղին մէջ որդը մտեր էր, երբ ըմբռնեց որ իր բոլոր վախերը իրականացեր էին, այս պճլտուն ծերունին յանկարծ լռեց, տժգունեցաւ, անէացաւ. արդէն փոքրիկ՝ աւելի պզտիկցաւ, թիկնաթոռին մէջ կծկտեցաւ, ողորկ երեսները ճմռթկեց, ճերմակ պեխերը խածաւ, աչքերուն մէջ խոնաւութիւն մը լայնցաւ, ուռեցաւ, գլտորեցաւ, նախ կաթիլ մը, յետոյ ուրիշ մը, յետոյ ուրիշներ…։

Հիմա հայրն ալ կու լար տղուն պէս, բայց իր լացը որքա՜ն աւելի լուռ ու որքա՜ն աւելի խոր էր։

– Մեղքի՛ տուն… մեղքի՛ տուն… մեղքի՜ տուն…։

Այս երկու բառերը անընդհատ կը գլտորէին իր շրթներէն՝ աչերուն արցունքին հետ։ Հիմա ո՞ւր տանէր, որո՞ւ տանէ այս հիւանդութեան սերմնացանը։ Ծերունի մօր համբոյրին ի՞նչպէս տանէր այս վարակումի ու փտութեան պտուղը։ Իր երեսուն տարուան պատուոյ տունը՝ մեղքի տունը պիտի ըլլար…։

Ոտքերը թփրտացուց. իր կէս տարուան երջանկութիւնը կը փշրուէր անոնց տակ, ե՛ւ իր հայրու֊սէրը, ե՛ւ իր մեծ ֊հայրութեան երազը…։

Բայց որո՞ւ բարկանար, որո՛ւ պոռար, չէ՜ որ ի՛ր ձեռքով իսկ բերեր էր անփորձ տղան այս քաղաքակիրթ երկիրները…։

– Որդնոտա՜ծ, որդնոտա՜ծ… հիմա կեղեւն ալ տեսանք, միջուկին ալ համը առինք… իրենց գիտութի՛ւնն ալ, իրենց սէ՛րն ալ, որդնոտա՜ծ, որդնոտա՜ծ…։

Երբ իր սրտին բոլոր դառնութիւնները դուրս թափեց, կարծես թեթեւցաւ իր ցաւը. ձայնը յանկարծ պզտիկցուց, որ մի գուցէ տղան իմանայ։ Կարելի չէ երեւակայել, թէ ամօթի գաղափարը մինչեւ ո՜ր աստիճան արմատացած է գաւառացի ուղեղներուն մէջ։

– Անշուշտ տղուս չըսիք այս դժբախտութիւնը…։

Ա՜խ, ինչպէ՜ս հասկցնէի այս ծերունիին որ ամօթալի հիւանդութիւն չկայ, կեղծաւորութի՜ւնն է ամօթը, ու տգիտութի՛ւնն իսկ է այս դժբախտութեան պատճառը, եւ ո՜չ թէ իր նզոված գիտութիւնը։

Բայց ան ոտքի ելաւ արդէն, աչքերը չորցուց, պեխերը սուրցուց, վայրկեան մը ճմռթկած դէմքը կեղծ փայլ մը ստացաւ՝ բաղնիքէն նոր ելածի պէս, գնաց քովի սրահէն տղան առաւ, ու ժպտելո՜վ մեկնեցան…։

– Բժիշկը կ՚ըսէ թէ բա՛ն մը չունիս եղեր, տղա՛ս…։

(Լօզան, 1914)

Հարսերուն գաղտնիքը

ՀԱՐՍԵՐՈՒՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

– Հարսնիքիս առաջին գիշերը՝ ամուսինիս երկու տարբեր սենեակներ ցոյց տալով պիտի ըսեմ. «Ահաւասիկ, պարո՛ն, ձեր ննջասենեակը, եւ ահաւասիկ իմինս…»։

Այսպէս կ ՚որոշէր Սիւզան՝ ամէն անգամ որ իր ընկերուհիներէն մէկը ամուսնանար։ Ու որքա՜ն դպրոցական բարեկամներ ունէր ան։ Աշխարհիս ամէն երեսներուն վրայ, այս կամ այն քաղաքին մէջ, տարի չէր անցներ որ անոնցմէ մէկը կամ երկուքը չամուսնանային։ Այն ատեն Սիւզան անհամբեր կը սպասէր առաջին նամակին, տարիներէ ի վեր խոստացուած այն խորհրդաւոր, մտերիմ ու սարսափելի նամակին, որ վե՛րջապէս պիտի բանար իր աչերուն վարդագոյն վարագոյրը։

Հին ու միամիտ սովորութեան մը համաձայն, դեռ վարժարանին գրասեղաններուն վրայէն՝ հասո՜ւկ աշակերտուհիներ, օր մը իրարու գրել խոստացեր էին իրենց ուղեղը չարչրկող կարմիր գաղտնիքը…։

Այդ օրէն ի վեր քանինե՜ր թռան իրենց բոյներէն՝ թռչուններու պէս, թռա՜ն ու լռեցին, չարե՜րը…։ Սիւզան դեռ տունը կը մնար՝ մրջիւններու պէս. կը մնար ու կը խորհէր՝ «Չարե՜րը…»։

Կարծես բոլորն ալ խօսք ֊մէկ ըրեր էին լռելու։ Գոնէ գիրքե՜րը բացատրութիւն մը պարունակէին այդ կենսական, այդ ահագին հարցին վրայ։ Բայց նո՛յնիսկ բժիշկները, փոխանակ մերկացնելու հանելուկը, կը զգեստաւորէին, բամպակներու մէջ կը փաթթէին զայն…։

– Ինչո՞ւ… ինչո՞ւ… – կը խորհէր Սիւզան։ Ու տարիքը առած ամէ՛ն աղջիկներու պէս կը սկսէր քիչ ֊քիչ վախնալ այդ մութ ու չխոստովանուող բանէն…։ Ահա թէ ի՞նչ պատճառով կանխաւ պատրաստեր էր իր հիմենեան յատակագիծը՝ պաշտպանողական հողի վրայ…։

– Ահաւասիկ, պարո՛ն, ձեր ննջասենեակը եւ ահաւասիկ իմինս…։

Տարիներու ընթացքին տարտա՜մ ոխ մը սկսեր էր մեծնալ իր պզտիկ սրտին մէջ՝ այրերու դէմ, կո՜յր ոխ մը, անկերպարան, անհամարձակ եւ անորոշ ոխ մը, որ դեռ արմատ չունենալուն՝ չէ՛ր ծառանար…։

Ամէնուն պէս ինքն ալ գիտէր, որ տեղ մը, կիներ կազմակերպուած ու զինուած էին եսասէր մարդերուն դէմ պայքարելու համար։ Բայց ինք անոնցմէ չէր, ո՜հ, ո՛չ…։ Ան ի՞նչ ընէր բոլոր այրերը. մէ՛կ մարդ մը յաղթել կ ՚ուզէր միայն, եւ ո՛չ թէ բռնի ուժով, այլ իր սրտին ուժով, իր գեղեցկութեան ուժով, իր անձնուիրութեան ուժով, իր տկարութեան ուժով…։

Ինչպէ՛ս պիտի սիրէր, որքա՜ն պիտի գգուէր, քանի՜ հնարքներ պիտի ստեղծէր երջանկացնելու համար այն միա՛կ մարդը որ չէ՜ր գար, ու պիտի չգար գուցէ…։

Իրեն համար պէ՛տք էր, պահա՛նջ մը, գեղարուե՛ստ մըն էր կնութիւնը։ Ան ո՛չ թէ բնութեան կոյր կատակով, այլ կարծես ի՛ր ուզելովը էգ ծնած ըլլար…։

Սիւզան այն մի՛շտ ժպտուն արարածներէն էր՝ որոնք կրնան հաւասարապէս թագաւորի տուն մը ու բանուորի բոյն մը շէնցնել։

Ու տեսնելու բան էր թէ ի՜նչ ճարտարութեամբ կը վարէր իրենց տունը, ի՛նք իր գլխուն, դեռատի տանտիկնոջ մը պէս։ Իր մեծ քոյրը գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ ուսուցչուհի ըլլալով հազիւ ամիսը անգամ մը կու գար տուն։ Իր ալեւոր մայրը՝ տարիներու բեռին տակ կքած, երկուքի կոտրուած էր։ Իր հայրը՝ պետական գրադարանապետ մը՝ մեռած էր արդէն, ու հիմա անոր նիհար կենսաթոշակով կ՚ապրէին։

Այդ նիւթական նեղ պայմանները քիչ մը լայնցնելու համար՝ Սիւզան քանի մը ուսանողներ ընդունեց իր տան մէջ։ Ու տեսնելո՜ւ էիր իր ուրախութիւնը, իր գործունէութիւնը, իր հպարտութիւնը։ Հին ու մենաւոր սենեակները սկսան կեանքով լեցուիլ, խայտալ, երգել, աշխատիլ ու բզզալ, փեթակի բջիջներուն պէս…։

Սիւզանին այնպէս կը թուէր որ իր տունը ա՜լ տեսակ մը համալսարանի մասնաճիւղ եղած էր։ Լաւագոյն ուսանողները հո՛ն կը ճաշէին, հո՛ն կը վիճէին, գիտութեան ու գեղարուեստի վերջին տեսութիւնները հո՛ն իրար կը զարնուէին, անշօշափելի նրբութիւններու, անհասանելի բարձրութիւններու կը հասնէին։

Ու ամէն տարեվերջի՝ երբ այդ տունէն ուսանող մըն ալ կ ՚աւարտէր ու կը մեկնէր, Սիւզանին սրտէն կտո՜ր մըն ալ կը փրթէր իր ետեւէն թռչելու համար դէպի հեռաւոր ու կապոյտ երկիրները, ու գաղտնի հպարտութիւնով հետեւելու համար իր փառքի ճանապարհին…։

Բայց այդ ներքին փոթորիկէն ո՛չ ոք բան մը կը նշմարէր։ Սիւզան, միշտ ժպտուն, հիմա, մնացած ուսանողներուն վրայ կը թափէր իր ամբողջ խնամքը, հոգածութիւնը, սէրը, իր կուսական սրտին մէջ գտնելով հաճելիութեան անսպառ գանձերը։

Ատեն֊ատեն երբ սեղանին վրայ խօսակցութիւնը կը մարէր, ան միշտ պատրաստ հարցում մը ունէր լեզուին տակ։

– Պա՛րոններ, ի՞նչ կը խորհիք արդեօք տկար սեռին վրայ…։

– Տկար սե՞ռ… երբ թագաւորներն անգամ կը խոնարհին ձեր առջեւ։ Կիները միայն հաւատք չունին իրենց կատարելութեան. չեն ներեր որ իրենց սեռէն մէկը գտնուի որուն դէմքին, հասակին, տարիքին կամ գոնէ վարքին ու բարքին վրայ տկար կէտ մը չըլլայ։ Տկար սեռին առասպելը իրենք հնարած են…։ Մենք ձեզ գեղեցիկ սեռ կը կոչենք, օրիո՛րդ…։

Սիւզան կը շիկնէր։

– Իմ ալ կարծիքս այն է որ, – կ ՚ըսէր ուրիշ մը, – եթէ երկինքը ապրէինք՝ կիները պիտի թագաւորէին, ու մենք հազիւ թէ դռնապաններ ըլլայինք հոն…։ Իսկ հոս, երկրի վրայ, ուր բիրտ ուժը կը տիրէ, ես պիտի չցանկայի որ կիները իրենց պատուանդանէն իջնէին մեր ցեխերուն մէջ պայքարելու համար…։ Ընտանիքը իրենց միակ երկնային ապաւէնն է այս երկրագունտին վրայ. հոն է կիներուն թագաւորութիւնը…։

Այն ատեն Սիւզան դաշնակին առջեւ կ՚անցնէր, ու բոլորն ալ վայրկեան մը երկինքներ կը փոխադրէր իր մատներուն խաղովը…։

Ա՜խ, այդ բարակ մատները, կնոջ մատները։ Միայն համբուրուելու համար եղած հուրիի մատներ չէին անոնք։ Ընտանեկան ի՜նչ հրաշքներ կը գործէին ամէն օր, անգիտացուած, պահուըտող ու անանուն հրաշքներ։

Այդ մատներուն շնորհիւ իր հինցած տունը նոր հարսի մը պէս կը ժպտէր, իր համեստ հագուածքը ոչինչով մը կ՚ազնուանար, իր անշուք սեղանը ծաղիկով մը կը հարստանար։ Մէկ ձուկով քանինե՜ր կշտացնելու Յիսուսին հրաշքը ինք ամէն օր կ՚իրագործէր…։

Սիւզան կին մը չէր, այլ Կինը։ Սակայն ինչո՞ւ ան դեռ աղջիկ կը մնար…։

Ճիշդն ըսելու համար, յաճախ մօրմէն տարտամօրէն խնդրած էին իր ձեռքը, որ միշտ մայր ալ տարտամօրէն հասկցուցեր էր որ Սիւզանէն առաջ մեծ քոյրը կար…։

Սակայն հիմա որ քոյրը արդէն պսակուեր էր, Սիւզան բացարձակապէս կը յամառէր աղջիկ մնալ։

Ինչո՞ւ…։

Օր մը այցելութեան գացեր էի իրեն, սովորական տեսակցութեան մը համար՝ իբրեւ իր հօր ու իր տան նախկին բարեկամ։

– Բժի՜շկ, – ըսաւ, – այսօր պատմելիք ի՞նչ նորութիւն ունիք հիւանդանոցէն։

– Մի՛ հարցնէք, Սիւզա՜ն, սարսափելիք բան մը, չըսուելիք բան մը…։

– Եթէ այդպէս է… անպատճառ ըսէք։

– Ձեր փափուկ ականջներուն համար չէ, Սիւզա՛ն։

– Զիս տղու տե՞ղ կը դնէք, բժի՜շկ։ Գուցէ ես ալ ձեզի բան մը ունիմ ըսելու. սարսափելիք բան մը, չըսուելիք բան մը։

– Ձեր պատմելիքը երբեք պիտի չհաւասարի իմինիս, Սիւզա՛ն։ Բժիշկի մը մէկ օրուան տեսածը բաւական է ամբողջ կեանք մը թունաւորելու։ Սակայն կը խոստովանիմ որ այսօրուան տեսածէս դեռ մարմինս փուշ ֊փուշ է։ Երեւակայեցէք երիտասարդ, զմայլելի, ոսկեգոյն աղջիկ մը, կարմիր՝ վարդի մը պէս, ու անառակ՝ նժոյգի մը պէս։ Երեւակայեցէք ամէնէն նուրբ֊ժանեակները, սնդուսները, ժապաւէնները, ու անոնց տակ ամէնէ՜ն ահռելի ախտը, իր ամէնէ՛ն վարակիչ ձեւով։ Կը կարմրի՞ք, Սի՛ւզան…։ Իմացէք ուրեմն թէ ան չթողուց որ ներարկումներն սկսէի. վաղն իսկ պիտի ամուսնանայ եղեր…։ « Մեղրալուսնէս վերջ ամուսնիս հետ միասի՛ն կու գանք դարմանուելու» ըսաւ…։

– Օ՜խ ըլլայ… – բացագանչեց յանկարծ Սիւզան, կրակ կտրած։

– Ձեզի ի՛նչ եղաւ, Սիւզա՜ն։

– Ինծի ի՜նչ պիտի ըլլայ…։ Հապա՛, թող այրերը ամենազզուելի ախտերու մէջ նեխին, ամենագարշելի անկողիններու մէջ մտնեն, ու վստահ են որ հիմենեան սուրբ բարձին վրայ ամենամաքուր կոյսը պիտի ունենան…։ Կա՞յ միակ աղջիկ մը որ նոյն վստահութիւնն ունենայ իր ամուսնին վրայ…։ Թող գոնէ կո՛յս մը գտնուի որ մեր ամէնուս վրէժը լուծէ…։

– Բայց ինչէ՞ն գիտէք որ այդ դժբախտ ամուսինը անմեղ մը չէր։

– Հոգ չէ՛, – պոռաց Սիւզան, – իմ քոյրս ալ անմեղ մը չէ՞ր…։

– Ուրեմն ձեր քոյրը…։

– Տխո՜ւր, տխո՜ւր պատմութիւն մըն է ըսելիքս, բժի՛շկ. բայց չըլլա՛յ որ մօրս ըսէք, խեղճը մինչեւ հիմա լուր չունի…։ Գիտէք որ տարինե՛ր ամբողջ խնայողութեան հրաշքներ գործելով մեծ քոյրս կոկիկ դրամօժիտով մը վաճառականի մը տուինք։ Սակայն չէ՛ք գիտեր թէ ան ի՞նչ տուաւ ի փոխարէն իմ քրոջս. ամէնէն հրէշային ախտը…։ Իր տատրակի մարմինը կարմիր ֊կարմիր դուրս տուեր էր…։ Ես այն ատեն տգէտ էի. եթէ միա՛յն կասկածէի, եթէ միայն քոյրս բառ մը ըսէր, սա մատներովս կը կուրցնէի իր էրկան աչքերը…։ Սակայն քոյրս լռեց, ու հեռու տեղեր գացին իրենց ամօթը պահելու…։ Եթէ մայրս օր մը գիտնար թէ ի՞նչ մեղրալուսնի ճամբորդութեան մեկնած է իր աղջիկը՝ կաթուած կ ՚իջնէր խեղճին վրայ…։

Բայց ահաւասիկ որ դուռը զգուշաւոր կերպով բացուեցաւ, ու սեմին վրայ երեւցաւ ծերունի մայրը…։

Երկու դաւադիրներու պէս կարմրեցանք ու լռեցինք։ Լսե՞ր էր արդեօք…։ Ոչ։ Ներողութիւն խնդրելով հեռացաւ.

– Շարունակեցէ՜ք, տղաքներս, շարունակեցէ՜ք…։

Բայց Սիւզան որքան հեռու էր մօրը ենթադրած սիրոյ զգացումներէն։ Որքա՜ն դառնութիւն կար այդ զուարթ աղջկան գիրկը, որքա՜ն արցունք իր պճլտուն աչքերուն ծայրը, որքա՛ն տառապանք իր տրոփուն սրտին խորը։ Ամբո՛ղջ կանացի ցեղը կը յառնէր ու կը փոթորկէր իր փոքրիկ մարմնին մէջ։ Նուիրուելու, գգուելու, երջանկացնելու համար հրաշակերտուած իր մարմինը, մարդերը մէ՛կ համբոյրով կը թունաւորէին…։ Ամէնէ՛ն զգայուն, ամէնէ՛ն նրբալար քնարը, որ սիրահար մատներու հպումին տակ կրնար մարդկային մեծագոյն ցաւերը մոռցնել իր երկնային դաշնութիւններով, այդ կուսական քնարը՝ մարդիկ իրենց գարշապարին տակ կը ջախջախէին…։ Որքա՜ն կոպտութիւն, որքա՜ն անիրաւութիւն, որքա՛ն անգթութիւն այն դիւրաբեկ էակներուն հանդէպ՝ որոնք երկնէ երկիր իջան մե՛զ դիւթելու, մե՛զ հմայելու, մե՛զ բարձրացնելու համար…։

Եւ շուարած կ'ունկնդրէի իր ահաւոր ու անսահման բառերուն, որ կու լային իր մանկական երկու շուրթէն, երկու թեթեւ ամպէ ժայթքող շանթերու պէս՝ որ դարաւոր ու անդաշնակ տարրերու խո՜ւլ կատաղութիւնը կը պոռթկան…։

– Ա՜խ, զզուելի՜, զազի՛ր մարդիկ, հոգւով ֊մարմնով թունաւորուած…։ Ու խորհիլ թէ դո՜ւք ալ մեզի պէս մօր մը շքեղ արգանդին մէջ կազմուեցաք… Ձեր առաջինն արժանի չէ՛ յետին կնոջ համբոյրին։ Է՛ն մեղապարտ կնոջ մէջ դեռ մանուկի մը հոգին կայ… ա՛յն մանուկին որ պիտի ծնի…։ Ես հարսերէն վարդագոյն պատմութիւններ կ՚ուզէի, ու խեղճերը չէի՛ն զօրեր իմ կոյս յոյսերս խաւարել…։ Ահա ինչո՞ւ կը լռէին, ահա ինչո՞ւ պիտի լռեն հարսերը…։

(Լօզան, 1914)

Մեռելին նշանտուքը

ՄԵՌԵԼԻՆ ՆՇԱՆՏՈՒՔԸ

(«Թոքախտաւորներուն Գերեզմանը» ընդլայնուած)

Գարեջուրը այնքա՜ն թարմ էր, այնքա՜ն թարմ։

Մեռնելու չափ խմեցին։ Ու երբ ա՜լ տեղ չմնաց, փսխեցին ու նորէն խմեցին։

Պապովիան իր ամէնէն զուարթ սրամտութիւնները թափեց այդ գիշեր մեր գլխուն։ Ադոնց ինքզինքը անգամ մըն ալ արդարացուց իր քննական վերջին անյաջողութիւններուն համար։ Միկէր երազեց սովորականին պէս.

– Հինգ հա՜տ ունիմ, հինգ հա՜տ, ձեռքիս հինգ մատներուս պէս. մէկը խարտեաշ է, միւսը աւելի ոսկեգոյն, երրորդ մը՝ սպանական այրող տաքութիւնով, ու Լուիզը, ու Ակաթը…։

Ան որ այսպէս կը խօսէր, երկրաչափութեան ուսանող մըն էր։ Իտէապաշտ ու դիւրզգած երիտասարդ՝ իր սովորութիւնն այնպէս էր, որ բաժակ մը պարպելուն պէս, սիրային սուտեր կը շարէր, իբրեւ տեսակ մը անկատար յղութիւն եւ վիժում…։

Միկէրը տեսնելուդ, իր ածիլուած բարակ շրթներէն ու յոգնած երիտասարդի խարտեաշ այլ կէս ֊ճաղատ գլուխէն երբեք պիտի չկրնայիր հետեւցնել, որ ան, պարզապէս, սրբագրուած… Մկրտիչ մըն էր։ Պոլսեցի էր եւ Միկէր կ՚ըսէին, իրեն հաճոյք պատճառելու համար։ Արդէն Մկրտիչ ըսելուդ պէս, կը ձգէր, կ՚երթար…։

Երբ խօսակցութիւնները հատան եւ երբ գարեջուրին շոգիները սկսան քունի սպառնալիք մը պտտցնել խրախճանքի սեղանին շուրջը, Պապաջանեան, իր բերնին ջուրերը վազցնելով, սկսաւ այնպիսի պատմութիւն մը, բայց այնպիսի պատմութիւն մը, որ օրիորդ Թամարային ականջներուն ծայրերը սկսան կարմրիլ…։

Այս տպաւորութիւնը ծածկելու համար էր, որ բժիշկ մը, իսկոյն մահուան պատմութիւն մը նետեց մէջտեղ։

– Ես ռուս բարեկամ մը ունէի, – ըսաւ, – առողջ եւ հսկայ գարեջուրի տակառի մը պէս։ Օր մը պէտք եղաւ որ բժշկական գործողութեան մը ենթարկուի, բայց անպատճառ ուզեց, որ իր դասընկերները մարեցնէին զինքը, բա՛ն սորվելու համար։ «Չե՞ս վախնար» կ ՚ըսէինք մեր դանակները ցուցնելով։ Իսկ ան՝ իբրեւ ամէնքին պատասխան, ժպտելով կ ՚ոլորէր իր շէկ պեխերը։ Մերկացուցինք, պառկեցուցինք, մարեցուցինք. յետոյ կտրեցինք, մաքրեցինք ու կարեցինք։ Ամէն ինչ հիանալի անցաւ, այնքան հիանալի, որ վստահ էինք, թէ ա՜լ ցաւ պիտի չզգար աղիքներուն մէջ։ Ըրինք այս ամէնը, բայց… մէյ մըն ալ չկրցա՜նք արթնցնել… կատակ, հրմշտուք, պոռչտուք անօգուտ մնացին։ Մարդը շէնքով ֊շնորհքով մեռեր էր…։

Դէմքերը թթուեցան։ Գաւաթները պարպուեցան։ Ա՜լ սակայն խօսակցութիւնը առաջ գնաց այս ուղղութեամբ։

Մէկը պատմեց, թէ ի՛նչպէս իր պապը, գիշեր մը, մոմը փչած ատեն փչած էր նաեւ… իր հոգին։

Ուրիշ մըն ալ ըրաւ իրենց գիւղի գիշերապահին զուարճալի պատմութիւնը։

– Քառասուննոց, գունդիկ, առողջ մարդ էր… – ըսաւ։ – Օր մը մեր տունն էր եկեր։ Գլխու ցաւ մը ունէր։ Մեծ մայրիկս ձեռքը անոր ճակտին դրաւ եւ աղօթեց, փչեց ու շփեց։ Բայց երբ ձեռքը վերցուց ճակատէն, գիշերապահը փայտի մը պէս գետին ինկաւ…։

Քրքիջները նորէն բարձրացան, գաւաթները նորէն զարնուեցան։ Իւրաքանչիւրը սրամիտ բան մը կը գտնէր պատմելու մահուան վրայ. իրենց հո՞գն էր, թէ նշանտուքի սեղանի մը առջեւը կը գտնուէին եւ հետեւաբար պէտք էր աւելի զուարթ բաներու վրայ խօսէին։ Չէ՞ որ ամէն բան զուարթ էր իրենց աչքին՝ այնքան անմիտ, որքան զուարթ, կեանքն ալ, մահն ալ…։

– Բայց քիչ մըն ալ ուրիշ բաներու վրայ խօսեցէք, – կ ՚աղերսէր Թամարա, – ամէնքդ ալ մահուան վրայ կը խօսիք։ Գրաւի կու գամ, որ մէկը պիտի մեռնի այս գիշեր, այս նշանտուքի գիշերը…։

Եւ որովհետեւ ժամանակը չէր անցներ, հակառակ գարեջուրի անհատնում շիշերուն, մէջերնէն մէկը առաջարկեց՝ ձեռք ձեռքի տուած փայտէ փոքրիկ սեղան մը դարձնել, գոնէ այդ ձեւով հասկնալու համար, թէ ո՞վ պիտի մեռնի այդ գիշեր… ոգեհարցութեամբ։

– Թը՛ք, թը՛ք, թը՛ք… – կը պատասխանէր սեղանը մեր հարցումներուն։

Ատեն մըն ալ այսպէս անցուցինք, մինչեւ որ, մահու գոյժի նման լսելի եղաւ զանգակի մը ձայնը.

– Տա՛ն, տա՛ն, տա՛ն…։

Սէն Փիէռի զանգակատունն էր, որ լսելի կ ՚ընէր կէսգիշերի իր տասներկու հնչիւնները, յստակ ֊յստակ։ Սենեակը բոլորովին լուրջ կերպարանք մը առաւ։ Օրիորդը, որ յայտնօրէն ջղայնացած էր մահուան խօսքերէն եւ ոգիներու փորձերէն, դուրս ելաւ սենեակէն։ Անոր հետեւեցաւ նշանածը։

Պապովիան կծկուեցաւ։ Ադոնց իսկոյն պարպեց իր վերջին ումպը։ Միկէր սատանային տուաւ իր «հինգ հատ»ը։ Ապա, սեղանին մէջտեղը, լամբարին երկու կողմերը, գարեջուրի շիշերու բերնին փակցուեցան փոքրիկ պլպլուն մոմեր։

Քիչ ետքը դուռն էր ճռնչեց, բացուեցաւ եւ երկու նշանածներ, որոնք քիչ առաջ սենեակէն դուրս ելած էին, հիմա ներս մտան ճերմակ ու սեւ հագուած, կոկուած, փոխուած։

Երիտասարդը Պապաջանեանն էր, քիչ մ ՚առաջուան աղի պատմութեան հեղինակը։ Ասիկա կը պատկանէր դասակարգին այն ուսանողներու, որոնք ապահովաբար կը կազմեն մարդկութեան ամէնէն երջանիկ մասը՝ յաւերժական ուսանողի տիտղոսին տակ։ Ոչ ոք ճիշդ կերպով չէր գիտեր, թէ երբէ՛ն ի վեր սկսեր էր իր ուսումը։ Իսկ թէ ե՞րբ պիտի աւարտէր, այս հարցը կրնար հետաքրքրել ամէնքը, բացի իրմէն։ Իր կապոյտ, կլոր աչերը, յաւիտենապէս ժպտուն իր կարմիր դէմքը եւ իր դունդիկ, կլորիկ փորը՝ տարիներու ընթացքին գարեջուրի փրփուրներով փքացած, երջանիկ տպաւորութիւն մը կ ՚ընէին մարդուս վրայ։

Իսկ օրիորդը՝ Թամարան, կը պատկանէր համեստ դասակարգին այն կովկասուհիներուն, որոնք Եւրոպա կու գան, ընկերային գիտութիւններով կը սկսին եւ ամուսնանալով, կէս ճամբէն ետ կը դառնան։ Չարաճճիներ իրեն համար կը պատմէին, թէ Պապաջանեանը գտնելէ առաջ բաւական սիրտեր հալեցուցած էր եւ յետոյ իր սիրտը կապած էր Ծվալաիա կոչուող վրացի ուսանողի մը։

Բայց այս բաները մոռցուեր էին այս գիշեր։ Ու երկուքն ալ, երկո՛ւքն ալ, իրենց սեւ ու սպիտակ տարազներուն մէջ եւ այս նշանտուքի մտերմական հանդէսին այնպիսի մը շնորհ ունէին, որ դիտող մը, բոլոր աչերու մէջ դիւրաւ պիտի տեսնէր արցունքի պէս դողդոջուն բան մը, որ չէր սահեր, այլ կը լճանար…։

Երբ, կարգով, ուսանող նշանածները, իրենց ուսանող հրաւիրեալներուն հետ, պագտուեցան, այսպէսով մարդոց առջեւ հռչակելու համար իրենց սրտերուն ազատ միութիւնը, Դրենց, մէջերնուս է՛ն տարիքոտը, փիլիսոփայութեան քառասուննոց ուսանող մը, գնաց, վերարկուին գրպանէն հին գիրք մը հանեց եւ յարմար հատուած մը կարդաց Նիցչէէն։

– Այսպէ՛ս խօսեցաւ Զարադուստրա…։

Զարադուստրայէն վերջ, յանկարծաթափ, միաբերան եւ կոկորդալիր երգ մը փրթաւ.

«Մեր հայրենիք, թշուառ անտէր,

Իր թշնամեաց ոտնակոխ…»

Եւ երբ երգը կարօտ հառաչներու մէջ մեռաւ՝

– Դաշնա՛կ կ՚ուզենք, ուրախ կտո՛ր մը կ՚ուզենք, օրիորդ Թամարան կ՚ուզենք, – գոչեցինք ամէնքս ալ։

Օրիորդ Թամարա շատ աղաչել չտուաւ, այլ շնորհալի կերպով տեղաւորուեցաւ դաշնակին առջեւ։ Փակեց նոթերուն գիրքը եւ մարեց լոյսը։ Իսկ մենք, ամէնքս, գինովնալու պէս մէյմէկ անկիւն կծկուեցանք։ Այն ատեն, կիսաստուերին մէջ, իր նիհար ու մեղկ թեւերը սկսան դանդաղ ֊դանդաղ ծփալ գետի մը վրայէն սաւառնող մեծ թռչունի մը պէս, որ իր լայնաբաց թեւերուն ծայրովը, ալիքներուն անհուն տաւիղը կը շոյէր… կը զգայինք, որ ամէնքս ալ կը վերանայինք…։

Նախ քանի մը վանկ դաշնաւոր հեծեծ եւ յետոյ ձայնի ծփծփուն խաղ մը, թրթռուն ու տարտամ, ապա երկդիմի նոթեր վարանոտ, տարակուսական եւ անհանգստացնող դաշնութիւն մը խօլ, ելեկտրացած մթնոլորտ մը ծանր, ի վերջոյ գոչում, ու յետոյ մրրիկ, փոթորի՜կ…։

Յանկարծ՝

– Թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք, – ձայն մը լսուեցաւ։

Դաշնա՞կն էր, հո՞վն էր, անձրե՞ւն էր, դո՞ւռն էր…։

Ոչ ոք տեղէն երերաց։

– Թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք, – կրկնեց ձայնը անգամ մըն ալ։ Ու սանդուխներէն վեր ելլելու ձայն մը, տախտակամածին վրայէն քայլերու արձագանգ մը հասաւ մեր ականջներուն։ Ու յանկարծ դուռը ճռռաց։ Ուժգին հովի պէս բան մը խուժեց սենեակէն ներս ու մարեց գարեջուրի շիշերուն մոմերը։ Փուշ֊փուշ եղան մեր մարմինները։ Անտեսանելի մէկը անպատճառ կ ՚ուզէր դռնէն ներս մտնել։ Պատրա՞նք էր, թէ՞ գինովութիւն։ Ոչ ոք հասկցաւ։ Եւ ոչ ոք տեղէն երերաց։

Թամարան, իր մերկ թեւերը մթութեան մէջ բացած, այսահար ու հսկայ թռչունի մը պէս ջղաձգօրէն կը ծեծէր հիմա դաշնութեանց ծովը։

– Խե՞նթ ես, Թամարա, – ըսաւ վերջապէս նշանածը, – ուրախութեան գիշեր մը Շոփէնի մահերգը կը զարնե՞ն…։

– Ուրիշ կտոր մը չե՜մ կրնար, – պատասխանեց աղջիկը տժգունած։ – Ինձ կը թուի, թէ մութին մէջ մէկը ձեռքերէս բռներ է ու կը հրամայէ նուագել այս մահերգը… այս գիշեր անպատճառ մէկը իր հոգին կ՚աւանդէ…։

– Անանկ է նէ, իրենց հոգիները աւանդողներուն կենացը, – կատակեց Պապովիան՝ իր բաժակը փշրելով։

Ապակիի կոտրտուքի այս շռնդալից աղմուկը կարծես թէ վանեց սենեակէն մրափի ու մղձաւանջի նմանող այդ բանը։

Լոյսերը նորէն վառուեցան, գաւաթները նորէն պարպուեցան։

Խմեցինք նախ նշանուած զոյգին կենացը։ Յետոյ աշխարհի բոլոր նշանածներուն կենացը։ Յետոյ իւրաքանչիւրը իր սիրականին կենացը։ Հեռաւոր ու մօտաւոր բոլոր աղջիկներուն կենացը։ Գարեջուրը ստեղծողին կենացը։ Ճափոնուհիներուն կենացը… հերիք էր որ պարպուէին գաւաթները։

– Ծվալաիան մոռցանք, – ըսաւ յանկարծ նշանածը։ – Խմենք անոր ալ կենացը։ Ինքն էր, որ առաջին անգամ ծանօթացուց զիս Թամարային։ Ի՜նչ կ ՚ընէ հիմա խեղճը, ձմեռ ատեն, սարերուն գլուխը, միս֊մինակ… կեցցէ՛ Ծվալաիան…։

– Կեցցէ՛ Ծվալաիան, – արձագանգեցինք ամէնքս ալ, մէկ բերան։ Եւ այդ վայրկեանին, այդ բառը կախուեցաւ ֊մնաց օդին մէջ։ Ա՜լ կարելի չեղաւ ուրիշ բանի մասին խօսիլ։

Ծվալաիա՜…։

Լօզանի մէջ ո՞վ չէր ճանչնար լայն ու թիկնեղ, երեք մարդու հասակով ու կարմիր մօրուքով այդ «Վրացի Հսկան», ինչպէս կը կոչէին զինքը մտերմօրէն։

Ծվալաիա՜, գեղեցիկ տղամարդը, սարերու հսկան…։

Հսկա՞ն…։

Բայց չէ՞ որ այս աշխարհի իրական հսկան, անընկճելի ու ահաւոր, այն է, մանրիկ, փետուրի պէս թեթեւ ու ճղրիկ այն արարածը, զոր, գեղեցիկ առտու մը, բարին Աստուած ստեղծեց մեր կողէն, իբրեւ «կին՝ դողդոջ էակը…»։

Ծվալաիա ուշ ըմբռնեց այս ճշմարտութիւնը։ Եւ, իր տիտանի ուժերուն, իր հարուստ կազմին ու երկաթեայ դնդերներուն ամբողջ եռանդովը անձնատուր եղաւ այն բոլոր բաներուն, որոնք Գիտութեան ծառ անունով կ ՚արգիլուին։

Շատ անգամներ, կէսգիշերներէ ետք, կը լսէի զինքը, երբ երկա՜ր ֊երկա՜ր կը սուլէր պատուհանիս տակ.

– Փիո՜ւ… Տոքթէօ՜ր, Տոքթէօ՜ր, դուռդ կը բանա՞ս եւ մէկ գիշերուան համար անկիւն մը կու տա՞ս ինծի… տունս այնքան հեռու է…։

Դուռը կը բացուէր։ Վրացի Գողիաթը կը ջանար հիւանդի քանաբէ իս վրայ սեղմեցնել իր հսկայ մարմինը։ Ալքոլին լոյսով աղքատիկ թէյը կ ՚եռար մերկ սեղանիս վրայ։ Օ՜հ, անուշիկ, սիրային պատմութիւնը, որ ծայր կու տար այն ատեն, մոմի լոյսով… պատմութիւնը, որ կը տաքնար, կ՚ոգեւորէր, որ կ'երկարէր, կը յոգնէր, կ՚իյնար, մինչեւ որ երկուքս ալ կը քնանայինք առանց զգալու։

Ու այս կեանքը՝ անքուն ու անսնունդ, փողոցէ փողոց եւ անկողինէ անկողին այս կեանքը ամէ՛ն գիշեր էր, երեք տարի։

Անգամ մըն ալ, այսպէս քանաբէ իս վրայ քնացած պահուն, իր հեւի ֊հեւ շնչառութիւնն ու քրտնաթոր ձեռքերը մտատանջեցին զիս մինչեւ լոյս։ Առաւօտեան ստիպեցի զինքը խոստովանիլ, թէ բաւական ատենէ ի վեր գաղտնօրէն արիւն կը թքնէր։

Այդ օրէն ի վեր ոչ ոք տեսած էր զինքը։

Ու օր մըն ալ աներեւութացաւ քաղաքէն։

Ուսանողները այնպէս կը հաւատային, թէ հեռաւոր գիւղ մը քաշուեր էր՝ քիմիագէտի իր վերջին քննութիւններուն պատրաստուելու համար։ Մենք՝ իր մտերիմները, սակայն գիտէինք, թէ ան Լէյզէնի բուժարանը գացեր էր դարմանուելու, աղքատութեան պատճառով մերժուեր ու ստիպուեր էր մօտակայ գեղջուկ ընտանիքի մը մէջ, գետնին վրայ փոքրիկ սենեակ մը վարձել։

Ասոր համար էր, որ Պապաջանեան իր բաժակը կ ՚առաջարկէր Ծվալաիայի կենացը։

Թամարա տժգունեցաւ։ Նախապէս, վրացի Գողիաթին խոստացեր էր ան իր սիրտը, բայց տեսնելով, որ ան բուժուելիք չունի, կը նշանուէր հիմա անոր բարեկամին հետ։

Այսպէս խօսակցելու վրայ էինք այդ գիշեր, երբ հեռուէ հեռու աքաղաղի մը ձայնը օդը ճեղքեց։ Դուրսը լուսցեր էր արդէն։

Պապաջանեան, ապակէփեղկերը բացած պահուն, վարը, դրան սեմին վրայ քառակուսի թուղթ մըն էր տեսեր։ Գնաց իսկոյն եւ վեր բերաւ։ Լէյզէնէն քաշուած հեռագիր մըն էր, զոր, գիշեր ատեն, ցրուիչը զուր փորձեր էր դուռը զարնելով մեզի յանձնել եւ սեմին վրայ ձգած գացած էր։

Բացինք պահարանը։ Ծվալաիա մեռած էր…։

Մեռա՜ծ էր միս֊մինակ, պատն երեսին, ինչպէս կ ՚ըսեն պանդուխտներուն համար… ու թաղուած էր կամ պիտի թաղուէր այդ օրը, մարդէ հեռու, թոքախտաւորներու փոքրիկ գերեզմանի մը մէջ, սարերու վրայ, ձիւն֊ձմեռով, բուք֊բորանին…։

Իւրաքանչիւրը իր յիշատակները արթնցուց եւ արցունքը վէրքերու դպաւ։

Ու պատմեցին, թէ Ծվալաիա աղքատիկ ծնողքի զաւակ էր. մայր մը եւ քոյր մը ունէր միայն, որոնք տեղ ու տուն եւ ամէն բան ծախած էին անոր ուսմունքին համար, ապագային համար։ Թէ երկու ամիս միայն կը մնար աւարտելու իր ընթացքը։ Եւ թէ այնքա՜ն խոստմնալից էր խեղճ երիտասարդին ապագան, այնքա՜ն փառաւոր…։

Յետոյ, երբ քիչ ֊քիչ մտքերը ընտելացան մահուան գաղափարին հետ, Թամարա աչերը կղպելով կակազեց.

– Ուրեմն երէկ գիշեր դաշնակին վրայ իմ ձեռքերս բռնողը ինքն էր… ի՜նքն էր…։

Ու ահագին, բայց ահագին, ահագի՛ն լաց մը սկսաւ ջղաձգօրէն ցնցել իր վտիտ մարմինը։

Այսպէս փակուեցաւ այդ զուարթ գիշերը, ուր մենք, անգիտակցաբար տօներ էինք մեռելի նշանտուք մը…։

Լօզան

Սաթենիկը

ՍԱԹԵՆԻԿԸ

– Պոլիս եկաք՝ աղէկ ըրիք, Տոքթէօր։ Ինչ որ ալ ըսեն, մեր Պոլիսը մէկ հատիկ է իր աշխարհագրական դիրքով։ Իր ջուրերը տեղ մը չկան։ « Եթէ աշխարհ իմս ըլլար, Պոլիսը մայրաքաղաքս կ՚ընէի », ըսեր է Նափոլէոն։ Միայն, եթէ այստեղ գէշ բան մը կայ, ան ալ սպասուհիներն են։ Լաւ սպասուհի ունեցող տուները մատով կը ցուցուին հոս։ Մանաւանդ ձեզի համար, որ Եւրոպայէն կու գաք բժշկութիւն ընելու, այս հարցը մահու եւ կենաց հարց է։ Ես իմ տունս սքանչելի աղջիկ մը ունիմ, որ ինձ ազգական ըլլալուն, խերի համար բաւական ատեն աշխատցուցի թէ իմ տունս եւ թէ բարեկամներու տուները։ Թող քիչ մըն ալ ձեր տունը աշխատի, եթէ կ ՚ուզէք։ Կատարեալ գանձ մըն է։ Արթուն, սիրուն, իմաստուն ու ժպտուն, Տո՛քթէօր, ժպտո՜ւն։ Մանաւանդ տղայ նայելու մէջ մէկ հատիկ է։ Բժիշկի մը համար սպասուհի ըսածդ ամէն բանէ առաջ ժպտուն պէտք է ըլլայ։ Ես աս իրիկուն իսկ ձեզի կը ղրկեմ զինքը։ Միայն թէ բերանը քիչ մը բանուկ է, հացը դարակը կղպելու է…։

Այսպէս խօսեցաւ Քօստանիկ էֆէնտի։

Ու իրաւ ալ, իրիկունը չեկած, աղջիկը եկաւ։ Աղջիկ ըսածը՝ երեսունհինգ տարու պառաւ մը, կուրծքն ու փորը տափակցած, ձմեռնային թուզի մը պէս խորշոմած, կծկտած, ճերմկոտած, բայց դեռ անուշկեկ։ Ու ժպտո՜ւն, ու ժպտո՜ւն… Քօստանիկ էֆէնտիի ըսածին չափ ալ կայ եղեր…։

Սկիզբները իր նիհարութիւնը զիս այնքան զբաղցուց, որ լաւ մը չանդրադարձայ այդ տարօրինակ ժպիտին վրայ։ Բայց ձախ դէմքէն վար երկարող հին սպի մը ինձ ամէն բան բացատրեց։ Տարիներ առաջ այդ այտոսկրին վրայ բժշկական գործողութեան մը միջոցին կտրուած մկաններն ու ջիղերը այնպէս գէշ կերպով կարուեր էին, որ դէմքին վրայ ակամայ, անիմաստ ու ծուռ ժպիտ մը գամուեր մնացեր էր մշտնջենապէս։

Ու հիմա, բերնին ճիշդ մէջտեղէն թափուած երկու ակռաները, այդ ժպիտը աւելի դատարկ, ապուշ, տակը ծակ բան մը ըրեր էին, քարը ինկած մատնիի մը պէս։

Հոգեբանական ժպիտ մը չէր իրենը, այլ մարդակազմական։ Անսրբագրելի, անսպառելի, սադայէլական ժպիտ մը, որ իր ամբողջ կեանքին մէջէն ու նոյնիսկ գերեզմանին տակէն պիտի խնդար վիրաբուժներուն անպատում անճարակութեան վրայ։

Իբրեւ ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ, ես ներքնապէս եւ հաճելի կերպով կը շոյուէի մեր մրցակիցներուն ուղղուած այդ հեգնոտ ժպիտէն։ Բայց կինս, որ չէր կրնար ընդունիլ այս բժշկական բացատրութիւնը, ատենը մէյ մը կը պոռար.

– Իմ բարկացած ատենս դուն ինչո՞ւ ցաւագարի պէս կը ժպտիս, Սաթենիկ…։

– Օփէրասիոն… – կը կակազէր աղջիկը ժպտելով։

Դժբախտաբար, սակայն, այս ուրախ օրերը երկար չտեւեցին։ Մեր Սաթենիկը, միշտ ժպտուն, սկսաւ դժգոհութեան մռլտուքներ լսելի դարձնել հիմա։ Իրողութիւնն այն էր, որ այս աղջիկը խորապէս տխուր էր։

– Ես սպասուհի ըլլալիք մէկը չեմ, Տոքթէօր։ Ես ինքս տասը սպասուհիներով մեծցեր եմ… երկու հատ տուն, երեք հատ կառք, քսան հատ ձի…։

– Խե՞նթ է, ինչ է, այս աղջիկը… սա աւելը ձեռքդ առ տեսնեմ…։

– Հազար ոչխար, քսան հովիւ, տասնվեց գիւղ, հարիւր մշակ…։

– Մի փախցներ, Սաթենիկ, կերակուրին ժամը կու գայ կոր…։

– Մեր կերակուր եփողները զատ էին, տուն աւլողները զատ, տղայ նայողները զատ… աս ի՜նչ օրերու հասցուցիր զիս, հայրի՜կ, հայրի՜կ…։

Ու կը սկսէր լալ։

Օր մը, Քօստանիկ աղային հանդիպելով.

– Եղբայր, – ըսի, – եթէ աշխարհ իմս ըլլար, թերեւս Պոլիսը մայրաքաղաքս ընէի, բայց ձեր ազգականը սպասուհիս չէի ըներ…։

– Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ որ…։

– Կատարեալ խենթ մըն է, որ մեծամոլութենէ կը տառապի… երեսուն ձի, տասը ջորի, քսան գոմէշ, քառասուն էշ…։

Քօստանիկ էֆէնտի լայն քրքիջ մը արձակեց։

– Ընդհակառակն, ճշմարտութիւնը պզտիկցուցեր է, – ըսաւ, – Ես անոնց տասը հազար ոչխար ունեցած ժամանակը գիտեմ։ Երսուն հազար ոսկինոց մարդ էր հայրը…։

– Ի՜նչ կ՚ըսէք…։

Չէի կրնար մտքիս մէջ սեղմեցնել այս ահագին բանը։ Բայց ուրիշներ ալ ճիշդ նոյնը կը կրկնէին։

– Ժամանակին անոր հայրը տասնվեց ագարակներ ունէր Պոլսոյ շուրջը։ Ամէնքին ալ վրայէն մտաւ, տակէն ելաւ։ Սիկառը պանքնօթներով կը վառէր, Տոքթէօ՛ր… գինեմոլ մըն էր, ախտաբանական գինեմոլ մը, որ կը խմէր ու կու լար։ Միայն իրենց գերդաստանէն տասնմէկ հատ խենթ կը հաշուըւի…։

Ահաւասիկ տեղեկութիւն մը, որ շատ թանկագին էր բժիշկի մը համար։ Այլասերումի այսքան ծանր բեռ կրող աղջիկ մը որքա՜ն խնամքի, որքա՜ն փափկութեան, որքա՜ն զգուշութեան կը կարօտէր չիյնալու համար։ Իր արեան մէջէն տասնմէկ խենթեր կը խօսէին։ Եւ հակառակ ասոր, հակառակ իր մշտնջենական ժպիտին, Սաթենիկ ծայրայեղ լրջութիւն մը, մելամաղձոտութիւն մը, խորունկ յուսահատութիւն մը կը կրէր իր վրայ։

Այդ օրէն Սաթենիկը մասնաւոր ուշադրութիւնս ու գութս շարժեց։ Իսկոյն պատուիրեցի, որ ազատ ձգէին զինքը իր աշխատութեան մէջ։ Պատուիրեցի նաեւ, որ ուտելիքի դարակները բացուէին իր առջեւ։

Բայց իրա՜ւ որ «բանուկ» է եղեր իր բերանը… կարծես թէ օրերով, շաբաթներով, ամիսներով անօթի պահած ըլլային զինքը։ Կ՚ուտէր, անընդհատ կ՚ուտէր, ի՛նչ գտնար կ ՚ուտէր։ Դեռ կրակին վրայէն կաթը հազիւ կաթնապուրի վերածուած, կը շոգիանար, կ ՚աներեւութանար պարզապէս սանին մէջէն։ Եւ երբ զարմացած երեսը կը նայէի.

– Մեր տունին կաթը խալիկներով կ՚եռացուէր, Տոքթէօ՛ր, – կ՚ըսէր…։

Իր երկու փշրուած ակռաներուն մէջտեղէն կոտրտուքի աշխատութիւն մը կը լսուէր միշտ, կաղինի մեքենայի մը պէս.

– Թըքը՜րր, թըքը՜րր, թըքը՜րր…։

Ու ծնօտներու այս աշխատութիւնը տղու մը պէս կ ՚երջանկացնէր զինքը, երկնային լոյս մը կ ՚իջեցնէր իր աչերուն մէջ, շնորհք մը կու տար իր մարդակազմական ժպիտին։

Բայց, հակառակ իր աղիքները երշիկի մը պէս լեցնելու այս յամառ ու անվհատ աշխատութեան, փորն ու կուրծքը միշտ տափակցած կը մնային, ձմեռնային թուզերու պէս։

Երբ համոզուեցաւ, որ օրական աշխատութիւնը միայն պիտի չբաւէր իր յառաջամասը պարարտացնելու, սկսաւ գիշերներն ալ բանեցնել իր աղօրիքը։ Ամբողջ ցերեկը կ'ուտէր, ամբողջ գիշերը կը հազար։

Թըքը՜րր, թըքը՜րր, թըքը՜րր…։

Երեւակայեցէք, որ մեր պառկելէն մինչեւ արեւուն ծագիլը չորս անգամ քունէն կ՚արթննար, կերակուր կը տաքցնէր, բերանը կը լեցնէր եւ ակռաները թքրտացնելէն կ ՚երթար նորէն վերմակին տակ մխրճուելու։

«Ո՞ւր կ ՚երթային այս բոլոր կերածները», կը մտմտայի ինքն իրենս։

– Քօստանիկ էֆէնտի, այս աղջիկը քաշուելիք ցաւ չէ, եղբա՛յր…։

– Ինչո՞ւ, էֆէնտիմ… կը զարմացնէք զիս… աղջիկը երեսունհինգ տարիէ ի վեր տունը մնալուն՝ ինքզինքը կ ՚ուտէ կոր։ Իր բնութիւնը արդէն քիչ մը կրքոտ է, արդէն լուսահոգի հայրն ալ շատ օրինակելի կեանք մը չունէր… քիչ մը պռօմիւր տուէք, կը լմննայ կ՚երթայ…։

Բայց Սաթենիկին ուզածը դեղ չէր։ Ցերեկները, առտուընէ մինչեւ իրիկուն պատուհանին առջեւը գամուած, անցնող բոլոր զինուորներուն վրայ սրտին եղերը կը հալեցնէր։ Հիւր մը գալուն պէս, սուրճ մը բերելէ առաջ, մահալլէպի ի ամբողջ վարդաջուրը գլխուն կը թափէր, որ անուշ հոտի… ու մինչեւ սուրճին խմուիլը եւ դեռ կէս ժամ ալ գէշ ֊գէշ ժպտելէ վերջ հիւրին.

– Եթէ առջիս տոպրակներով ոսկի ալ թափէ, դարձեալ ես այդ պաղ ֊զաւակը չեմ առներ, – կը մռլտար անոր երթալէն ետքը։

Տեսայ որ ասիկա սպասուհի ըլլալիք բան չէր։ Ու օր մը, ծրարը ձեռքը տալով, Քօստանիկ էֆէնտիին վերադարձուցի իր գանձը։

Քօստանիկ էֆէնտին դուռը չէր բացեր։

– Ի՜նչ ըսել է, էֆէնտիմ, ա՛լ ազգական ենք տէյի, յանցաւոր չենք, եա՜… անչափ ատեն մենք պահեցինք, քիչ մըն ալ ուրիշները թող պահեն…։ Աս խեղճն ալ ազգին մէկ անդամը չէ՞ մի … թող Փրկիչը նետեն…։

Բայց Փրկիչն ալ չէր ընդունած Սաթենիկը, առարկելով որ բաւականաչափ խենթ չէ…։

Գաղիերէն առած մը կ՚ըսէ. «Խենթի մը համար լաւագոյն բանը կատարեալ խենթ ըլլալն է»։ Այս առածին իմաստութիւնը երբեք այնքան լաւ ըմբռնած չէի, որքան կ ՚ըմբռնէի հիմա։

Եթէ այդ տարաբախտ հայրը, փոխանակ կիսկատար խենթ մը ծնելու, կատարելապէս խենթ աղջիկ մը ծնած ըլլար, ան հիմա որեւէ յիմարանոցի մը մէջ գտած պիտի ըլլար իր ապաստանը, մինչեւ կեանքին վերջը ապահոված պիտի ըլլար իր հացը, իր երբեմնի հարստութիւնը ողբալու չափ յիշողութիւն պիտի չունենար, ոչ ալ սպասուհի ըլլալու չափ խելք։ Բեռ ալ պիտի չըլլար Քօստանիկ էֆէնտիին վրայ եւ ամբողջ օրը խենթութիւններ ընելէ վերջ վստահ պիտի ըլլար, որ գիշերը ճաշը պատրաստ է ու անկողինը տաք…։ Գոնէ այնքան երջանիկ պիտի ըլլար, որքան կարելի է երջանիկ ըլլալ այս յիմար աշխարհին մէջ…։

Մինչդեռ հիմա՞…։

Ժանեակներու եւ սնդուսներու մէջ, գգուանքներով ու համբոյրներով մեծցած Սաթենիկը, փողոցին մէջ քար մը չունէր, ցուրտ գիշերով իր գլուխը հանգչեցնելու համար…։

Սիրտս զիս հանգիստ չձգեց։ Ելայ Քօստանիկ էֆէնտիին գացի ու ջանացի զինք համոզել, որ աղջիկը ներս ընդունի։ Բայց ան, գործի մարդու յամառութիւնով մը, անդրդուելի կը մնար իր որոշումին վրայ։ Ախտաբանութիւն, ժառանգականութիւն, մտային անպատասխանատուութիւն կամ հոգեկան հանգստութիւն իրեն համար դատարկ բաներ կը մնային։

– Ի՞նչ ըսել է, էֆէնտիմ. միւս բոլոր սպասուհիները կ ՚աշխատին նէ հոգի չունի՞ն մի… ուզեմ նէ ես ալ խենթութիւններ կ՚ընեմ, բայց չեմ ըներ կոր… ես բժիշկ չեմ, իմ խելքս այնքան բարակին չի հասնիր… թող քանի մը գիշեր փողոցները անօթի մնայ, որ խելքը գլուխը գայ… ա՜լ ազգական ենք տէյի, էշ ալ չենք եա՜… իր հայրիկը երեսուն հազար ոսկիները կերած ատենը ինծի բարեւ մը կու տա՞ր… մինչդեռ ես այս օրուան օրս…։

Դեռ խօսքը չէր աւարտած, երբ դուռը բացուելով Սաթենիկ ներս մտաւ կաւիճի պէս ճերմակ, ճեփ֊ճերմակ, ու պատառոտուն, ու արիւնո՜տ…

– Ան ի՞նչ է, Սաթենիկ, վիրաւորեցի՞ն քեզ…։

– …

– Չըսե՞ս, Սաթենիկ, մէկ տե՞ղդ կտրեցին…։

– …

– Բերանդ չբանա՞ս, աղջիկ, այդ արիւնը ի՞նչ է…։

– …

– Այդ արիւնը ի՞նչ է, աղջիկ…։

– Ատ արի՞ւնը…։

– Չխօսի՞ս, Սաթենիկ, ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ…։

– Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ… ինծի ամօթ բաներ ըսել պիտի տաք… ըլլալիքը եղաւ… ալ ի՞նչ ըսեմ…։

– Խենթեցա՞ր, աղջիկ, ո՞վ էր, ո՞վ չէր, անունը չըսե՞ս…։

– Հապա ո՞ր մէկը ըսեմ… երեք զինուոր էին…։

– Վա՜յ անամօթ… չփախէի՞ր, չպոռայի՞ր…։

– Սուրը կոկորդս դրին, շարժիս նէ կը մեռնիս ըսին… ես ալ չշարժեցայ…։

– Է՜, երե՞քն ալ…։

Սաթենիկ ձայն չհանեց։

– Սուտ կը խօսիս կո՜ր, պոռաց Քօստանիկ էֆէնտին, հետզհետէ ինքզինքէն ելլելով. սո՜ւտ կը խօսիս կոր, որ քեզ տունս ընդունիմ…։

Իբրեւ ամբողջ պատասխան, խեղճ աղջիկը, շարժումով մը, ձեռքի փոքրիկ պօլ ը բացաւ, քրքրեց։ Ու իսկոյն իգութեան, աղջկնութեան, երեսունհինգ տարի վրան նստած կուսութեան, արիւնի ու ոճիրի հոտ մը լեցուց սենեակը…։

Քօստանիկ էֆէնտի ա՜լ չկրցաւ զսպել ինքզինքը։

– Գնա՛, գնա՛, գնա՜, պոռաց… գնա՛ այդ աղտոտ շապիկներդ ուրիշ տեղեր թօթուելու… գնա՛ հիմա ֆրանկախտէն փտելու… գնա՛ հացդ պոռնկանալով շահելու եւ սալայատակներուն վրայ ձագեր ցկնելու… իմ տունս պատուաւոր մարդու տուն է…։

Զուր ուզեցի համոզել զինքը, որ այս անոքիկ, այս մէկ գիշերուան հարսն ու որբեւայրին եթէ շուն մըն ալ եղած ըլլար, գուրգուրանքի մը, հանգստի մը, անկողնի մը պէտք ունէր այսպիսի գիշեր մը։ Բայց ան երթալով աւելի ու աւելի կը փոթորկէր.

– Զիս մի զայրացնէք, Տոքթէօ՛ր… արդէն եթէ դուք այս աղջիկը նժոյգի մը պէս սնուցած չըլլայիք, հիմա ասանկ բաներ ընելու կարողութի՞ւն կ՚ունենար… մենք մեր դարակները կը կղպէինք նէ, բան մը գիտէինք հարկաւ…։

Ու յետոյ, ուշադրութիւնը յանկարծ Սաթենիկի սպիացած երեսին վրայ կեդրոնացնելով.

– Սա երեսդ լոյսին դարձուր նայիմ, չլթի՛կ… դուն դեռ կը ժպտիս կոր, հա՞, – պոռաց, ոտքի հարուածով մը դուրս նետեց զայն ու դուռը գոցեց։

Խաղաղութիւնը նորէն տիրեց տան մէջ։ Քօստանիկ էֆէնտի լայն շունչ մը քաշեց, բարեպաշտ թէզպիհ ը հանեց գրպանէն, «ճակատս բաց է»ի ձեւով մը ֆէսը ետին նետեց եւ իր ընտանեկան հանդիսաւոր ձայնը գտնելով.

– Կնի՜կ, պոռաց, մեզի շաքարը քիչ երկու հատ սուրճ կը շինե՞ս…

Իսկ ես կը լսէի, որ կնիկը, դրան ետին, խղդուկ ֊խղդուկ կու լար…։

1914

Ցաւի միսը

ՑԱՒԻ ՄԻՍԸ

Ցո՜ւրտ, ցո՜ւրտ։

Բայց ա՛յնպիսի ցուրտ մը որ ոսկորներուս մէջի ծուծը կը սառեցնէր։

Կատղած մրրիկը Ալպեան սարերէն վար կը սուրար, հոս ու հոն կ՚արշաւէր, ձորերուն մէջ կը պտուտքէր, ծառերն իրենց արմատէն խլելու մոլեգին ճիգեր կ՚ընէր։

Ափերով ձիւներ ծուէն ֊ծուէն կը փախչէին, գետինէն վեր կը թռչէին, կառքին ծակը ֊ծուկը կը լեցնէին, ձիուն աչերը կը կուրցնէին։

Խեղճ կենդանին շուարեցաւ, կողը հովին դարձուց, պոչը փորին տակ պահեց, կծկտեցաւ, ինծի նայեցաւ՝ ե՛տ դառնալու պաղատանքով։

Յետոյ՝ յուսահա՜տ՝ գլուխը նորէն առաջ նետեց ու կառքը նորէն շարժեցաւ։

Ձորին մէջ պահուըտած հիւղակի մը առջեւ կանգ առինք։ Հիւանդին տունը ա՛յս ըլլալու էր։

Դրան ճեղքէն միանգամայն չորս գլուխներ երեւցան, երկու տղու եւ երկու այծի անհամարձակ գլուխներ։

– Մայրի՜կ… մայրի՜կ…։

Մայրիկը օրօրոցի մը վրայ հակած երախայի մը ծիծ կու տար ներսը։ Հոն, այդ սեւ պատերով գետնայարկ խուցին մէջ, մարդ ու կենդանի քով քովի սեղմուեր, թշուառութեան մէջ եղբայրացեր, շունչ շունչի տուեր էին իրար տաքցնելու համար։

– Տղաքնե՛րս, կտոր մը փայտ վառեցէք բժիշկին…։

– Չեմ ուզեր, Տիկի՛ն, հիւա՛նդը տեսնենք…։

Մութ սանդուխէ մը վերի սենեակ ելանք։ Ցած առաստաղ մը՝ որ մէկ կողմին վրայ աւելի՛ կը ցածնար, հաւնոցի ձեղունի պէս։ Տանիքէն հալող ձիւները պատերէն վար կանաչ ճամբաներ գծեր, թուղթերը պատառ ֊պատառ կախուեր էին։ Զոյգ մը փոքրիկ պատուհանները քուրջերով խցուած, լրագիրներով փակցուած էին։

Ու այդ գոց խուցին մէջ սատկած անասունի հոտ մը լեցուեր, թթուեր, խտացեր, հաստցեր, չշնչուող այլ փսխեցնող թոյն մը եղեր էր։

Ակամայ՝ թաշկինակս բերնիս մօտեցուցի։

– Ներեցէ՛ք, – ըսաւ կինը աղաչաւոր։ – Իր սաւանները լուալէն, տեսէ՛ք, ձեռքերս կոշկոռեցան այս ցուրտին…։ Տղու մը պէս է, տղայէն ալ գէշ…։

Հիւանդը գլուխը երերարցուց անկողնին մէջ, կնոջ իրաւունք տալու ձեւով մը։ Ու թեւերը ձիթագոյն վերմակի մը տակ պահելով.

– Բժի՛շկ, – ըսաւ ձեր ձեռքերը չեմ սեղմեր. շրթներուս մօտեցուցէք զանոնք որ համբուրեմ, շրթնե՛րս միայն մաքուր են…։

Նիհա՜ր, նիհա՜ր, չափազա՛նց նիհար գլուխ մը միայն կը տեսնէի իր ամբողջ մարմինէն. աղ ֊պղպեղ գլուխ մը, փոշոտ մազերով, կարծես հողէն հանուած, բայց այնքան նիհար, որ գանկին բոլոր ոսկորները կը գծագրուէին մարդակազմական պատկերի մը պէս։

Սակայն, այդ թշուառութենէն, այդ աղտոտութենէն, այդ նիհարութենէն աւելի՝ դէմքին գոյնը կը գրաւէր իմ ամբողջ ուշադրութիւնս։ Անկարելի, աներեւակայելի մորթ մը, որուն ցանցերուն մէջ կաթիլ մը արիւն չէր մնացեր, լեմոնի մաշկի մը պէս դեղներ էր. բայց այնպիսի դեղնութիւնով մը որ միայն քաղցկեղ ին մասնայատուկ է։

Ահաւոր ախտին մահացու կնիքը…։

Ինչպէս որ առաջ ոճրագործներու ճակտին հրաշէկ երկաթով կը տպէին դատապարտութեան գիրը, այնպէս ալ հիմա այս ճակատագրական ախտը իր ընտրեալներուն վրայ կանխաւ կը դրոշմէ մահուան վճիռը։ Բայց որքա՜ն աւելի դաւաճան կերպով…։

Իր զոհերը ո՛չ դեռահաս երիտասարդներն են, ո՛չ դողդոջուն ծերունիները, այլ անոնք՝ որ իրենց կեանքին գագաթնակէտին են հասած, անոնք որ իրենց ուժին կատարելութեան մէջն են, անոնք որ զաւակնե՜ր ունին իրենց թեւերուն վրայ…։

Իր ընտրեալները անմեղներն են, որ ո՛չ մէկ կերպով չեն արժանացած այս սարսափելի պատիժին։

Ճարճատուն կրակով չի կնքեր ան իր դրոշմը։ Իր դաւաճան համբոյրը հազի՜ւ զգալի է, ու փոքրի՜կ, աննշա՜ն, անցա՜ւ հետք մը կը թողու։ Հասարակ վէրք մը, որ տարիներու ընթացքին կը մեծնայ, կը խորունկնայ, կ՚արմատանայ, քարի մը պէս կը կարծրանայ, սարդի մը պէս արիւնը կը ծծէ, ու անխուսափելիօրէն կը մեռցնէ։

Ճակտին վրայ չի տպեր ան իր հետքը։ Այլ չտեսնուելիք տեղ մը կը զատէ. հասուկ կնոջ մը ստինքին տակ կը պահուըտի, կամ մօր մը արգանդին գոգը, ուրիշի մը կոկորդին խորը, միւսի մը ստամոքսին անկիւնը, ու այս դժբախտ մարդուն ալ աղիքին ճիշդ ծայրը, ֊ այսինքն այնպիսի տեղ մը որ ո՛չ ինք տեսնելու հնարաւորութիւնը, ո՛չ ալ ուրիշներուն ցուցնելու քաջութիւնն ունենար…։

Եթէ ժամանակին տեսնուէր՝ կարելիութիւն կար դանակով փրցնելու դատապարտութեան այդ կարմիր կնիքը։ Բայց հիմա ո՜ւշ էր արդէն, եւ եթէ թագաւո՜ր ալ ըլլար՝ ճար չկար…։

Աղիքին ծայրը՝ ախտը մեծցեր, ուռճացեր, ուռեցեր էր, կարմի՜ր, խոնա՜ւ ու գարշահո՜տ, այն թունաւոր սունկերուն պէս որ աղբաւէտ ու մութ տեղեր կը բուսնին…։

Բայց այս, միայն դուրսէն երեւցող մասն էր։ Ներսիդիէն ա՛յնպիսի համեմատութիւններ ստացեր էր այդ արիւնարբու մակաբոյծը՝ որ մեծ երակը ճզմեր ու ամբողջ մէկ սրունքը վերէն վար ուռեցուցեր, անշարժացուցեր էր։ Այնպէս որ, սարսափելի տանջանքներու մէջ՝ խեղճը գերմարդկային ճիգեր կ ՚ընէր քարեղէն անշարժութեան մը մէջ արձանանալու համար…։

Մանուկ հասակին ո՜վ չէր լացեր կարդալով պատմութիւնը այն դժբա՛խտ մարդուն, որ իր պալատին մէկ անկիւնը մարմար թիկնաթոռի մը վրայ անշա՜րժ նստած էր՝ կէս ֊մէջքէն վար քար կտրած…։

Որքա՜ն աւելի դժբախտ էր այդ հիւանդին անշարժութիւնը…։ Պալատ մը չէր անշուշտ իր տունը. բայց պալատէն աւելի բան մը, սիրոյ բո՜յն մը…։ Որքա՜ն տարիներ ստրուկներու պէս աշխատեր էր ագարակներու մէջ՝ իր սեփական օճախ ը ունենալու համար, ու հիմա չոր փայտ մը կը պակսէր օճախին…։ Որբուհիի մը հետ ամուսնացեր, երեք զաւակներ ունեցեր էր. խեղճերը թռչունի ձագերու պէս կը բանային իրենց բերանը՝ ու հիմա չոր հաց մը կը պակսէր իրենց շուրթին…։ Հապա եթէ այդ մայրական այծերն ալ չըլլային, ո՞վ պիտի սնուցանէր թէ՛ հայրը, թէ՛ զաւակները…։ Խե՜ղճ այծեր. եթէ միայն գիտնային թէ ի՜նչ արիւնոտ ծրագիրներ կը հիւսուէին իրենց վաղուան համար…։

– Կը լսեմ որ, – կ ՚ըսէր կինը, – գիտնականներ հրաշալի տարր մը գտեր են այս հիւանդութեան դէմ… միայն թէ քիչ մը սուղ է եղեր… եթէ այծերը մսավաճառին ղ րկեմ՝ թերեւս դրամը օգտէ…։

Հրաշալի տա՜րր, ռատիօ՜մ, ռատիօ՜մ…։ Ո՞ր յիմարը արտասանեց քու դիւթական անունդ այս թշուառներուն։ Եթէ միա՜յն գիտնային որ քու իւրաքանչիւր կրամդ քսանըհինգ հազար անգլիական ոսկի կ՚արժէ, եթէ միայն գիտնային որ քու լուսաւոր ճառագայթներդ դեռ մեզի համար խաւար ու աղիտաբեր կը մնան, թերե՜ւս աւելի հանգիստ սրտով մեռնէին խեղճերը…։

Բայց հիւանդը արդէն նշմարեր էր դէմքիս վրայ նկարուած յուսահատութիւնը։

– Այն ատեն, բժի՜շկ, լա՛ւ է որ դանակն առնէք, վիզս կտրէք…։ Ես ա՜լ ցաւին չեմ դիմանար. հրաշէկ սուրեր ամբողջ սրունքս կը ճեղքեն. աղիքներս գալար ֊գալար կ՚արիւնին. այս արիւնին վերջը չկայ… զաւակներս վարը հա՜ց կու լան ու այծերու ստինքներուն կը փարին, ես անկողնին եմ գամուած, իրենց կաթը կը գողնամ…։ Թէ յոյս չկայ, դարման չկա՜յ, խնդրե՛մ, բժի՜շկ, շնո՜րհ ըրէք, ազատեցէ՜ք զիս այս կեանքէն…։ Հոգեվարք շա՛ն մը իսկ ճակատին՝ կապար գնդակը շնորհ մըն է…։

Կա՞յ աւելի դժնդակ կացութիւն մը քան ա՛յն, ուր յուսահատ հիւանդ մը թեւերուդ կը փարի մահուա՜ն պաղատանքով, եւ որ ստիպուած ես ետ մղելու ու ձգելու, որ ամիսնե՜ր երկարաձգէ իր հոգեվարքը։

Որո՞ւն կը պատկանի Ցաւի Միսը, որո՛ւն կը պատկանի հիւանդին կեանքը, ընտանիքի՞ն թէ Օրէնքին, բժիշկի՞ն թէ Աստուծոյ…։

Առեղծուածայի՜ն ախտ, որուն ո՛չ դարմանը, ո՛չ պատճառը, ո՛չ մանրէն, ո՛չ ծագումը յայտնի է։

Բուժելու անկարող, ու մեռցնելու անընդունակ, վերջին զէնք մը կը մնար ձեռքիս մէջ՝ մօրֆին ը։ Ա՜խ, եթէ միայն այս դեղն ըլլար բժշկութեան մէջ՝ ես դարձեա՛լ պիտի սիրէի իմ արուեստս՝ հոգեվարքին վերջին ժամերը ոսկեզօծելու համար…։

Փոքրիկ ներարկում մը։ Ան՝ ա՜լ իր թշուառութիւնը պիտի մոռնայ, իր ցաւերուն պիտի խնդայ, պատերուն պատռտած թուղթերը պիտի չնշմարէ, ոսկեձեղուն պալատներու մէջ պիտի փոխադրուի, հուրիներուն գիրկը պիտի ապրի. ու մահուա՛ն իսկ մէջէն՝ անմահութեան Աստծուն պէս պիտի ժպտի…։

Շտապով նեղ սանդուխներէն դարձեա՛լ վար իջայ։ Բայց այս անգամ կինը բռնեց թեւերէս։

– Ըսէք, բժի՜շկ, պիտի ապրի՞, պիտի ապրի՞…։ Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ, որբեւայրի՝ ես որո՞ւ պիտի երթամ որբերուս հետ… հայր ֊մայր չունիմ, աշխարհի վրայ մարդ չունիմ… աշխարհը մեզ ողջ ֊ողջ թաղեց… անգո՜ւթ մարդեր, անգո՜ւթ Աստուած…։

Երեսը գոգնոցին մէջ պահած՝ սկսաւ կամացուկ հեկեկալ, որպէսզի ամուսինը վերէն չլսէ։ Բայց տղաքները՝ հազիւ ծունկիս չափ բարձր՝ սպառնական աչքերով զիս պաշարեցին թէ ինչո՛ւ իրենց մայրը կը լացնեմ, կարծես ես ըլլայի իրենց ցաւին պատճառը։

Ու որքա՜ն իրաւունք ունէին այդ մանուկ ուղեղները։ Գործուող չարիքի մը անկարող ականատեսն ըլլալ՝ այդ չարիքը գործելու հաւասար վատութիւն մը չէ՞…։

Շուարած ու ամօթահար՝ ես տնակէն դուրս նետուեցայ, կառքին մէջ կծկտեցայ, հեռացայ, փախայ այդ անէծքի հովիտէն՝ առանց ետիս նայելու…։

Ցո՜ւրտ, ցո՜ւրտ…։

Բանկալթի, 1914

Մեռցնելու իրաւունքը

ՄԵՌՑՆԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

– Պզտիկուց ծորակ խաղացա՞ծ էք, Տոքթէօ՛ր։ Վազուն աղբիւրի մը բերանը մատով խցել փորձա՞ծ էք։ Զուլալ ջուրերու ցայտքը աչերնուդ մէջ զգացա՞ծ էք…։ Երեւակայեցէ՛ք որ դեռ անցեալ տարի ծորակ կը խաղայինք արիւնի հետ…։

Այսպէս խօսողը յիսուննոց մարդ մըն էր, աղ֊պղպեղ գլուխով, բարի եւ մեծ աչերով, ու տժգո՜յն, ու տժգո՜յն…։ Պուլկարիոյ չեմ գիտեր ո՛ր անկիւնէն կու գար ինծի՝ դանդաղ հիւանդութեան մը համար որ բոլորովին ջլատեր, յուսահատեցուցեր, սարսափեցուցեր էր այդ հին յեղափոխականը։

– Հիմա աչերս սեւ կը տեսնեն, – կ՚ըսէր, – ծունկերս կը կտրուին, մտքիս գէշ խորհուրդներ կու գան։ Հաւատացէ՛ք ինձ որ ձեզի գալու համար ճամբորդած ատենս, կը զգուշանայի շոգենաւի եզրը երթալէ, որպէսզի ծովը չնետուիմ յանկարծ…։

Ու իրաւ ալ ա՛յնքան յուսահատութիւն կար անոր աչերուն մէջ, որ քիչ մը բոց տալու համար իր կանաչորակ այտերուն՝ Պալքանեան պատերազմի յիշողութիւնները կը հարցնէի իրեն։

– Հա՜, – ըսաւ, – ձեզի արիւնի շատրուան մը պիտի պատմէի. բժիշկ էք կը հետաքրքրուիք։ Սա անիծած արիւնը որ երակներուս մէջ կը շրջագայի, գիտէ՞ք ո՛րքան ուժ ունի. չէ՛, վստահ եմ որ չէք գիտեր։ Ասիկա գիրքերով չէ՜, փորձառութիւնո՛վ կը սորվըւի։ Օր մը ձերբակալեր էինք թշնամի երիտասարդ մը որ մեր ընկերներէն երեքը մեռցուցեր էր։ Թուխ, հպարտ, գեղեցիկ տղայ մըն էր։ Գլուխդ ծռէ՛ ըսի. նժոյգի մը վիզին պէս ճիտը կլորցուց։ Սուրս այնպէ՜ս մը տեղին իջեցուցի որ, Մայրի՜կ պոռալով՝ գլուխը կախուեցաւ։ Ու արիւնը սկսաւ վիզէն վեր ցատկել շիփ֊շիտակ, բարձր, բայց շա՜տ բարձր, մարդահասակ ծառի մը պէս բարձր։ Զղջալով՝ ձեռքս իսկոյն վէրքին վրայ թխմեցի. սակայն արիւնն այնքա՜ն ուժով էր, այնքա՜ն ուժով, որ մեռելին իւրաքանչիւր թօթվտուքին՝ մազերս վեր֊վեր կը հրէր։ Հապճեպով մէկ ձեռքիս վրայէն՝ միւս ափս ալ դրի գալարուող վիզին վրայ. այն ատեն արիւնը մատներուս մէջտեղուանքէն սկսաւ սրսփիլ շատրուանի մը ջուրերուն պէս, ռունգերուս, ականջներուս եւ բերնիս մէջ, թարթիչներուս ու պեխերուս թելերուն վրայ, աչուըներուս փոսերուն մէջ, կաթած տեղը թանձրանալով, շրթունքներս փակցնելով, երեսներս տաքցնելով…։ Բայց, ի՜նչ, կը տժգունի՞ք, Տոքթէօ՛ր…։

– Օ՜հ, դադրեցուցէ՛ք, դադրեցուցէ՛ք. զզուելի է, զզուելի՜…։

– Զզուելի՞ ըսիք…։ Պատերազմը պատերազմ է, Տոքթէօ՛ր…։ Զզուելին ա՛յն է երբ մարդ ինձ պէս հիւանդութենէ կը մեռնի, երբ վախելով ու վատելով, դեղագործի սրուակներուն փարելով, կամաց֊կամաց, կաթիլ֊կաթիլ կը մեռնի…։ Ու յետոյ, ես ձեզի բան մը ըսե՞մ, Տոքթէօ՛ր, ամէն բան պարագային համեմատ պէտք է դատուի, նոյնիսկ ոճիրը։ Ես այնպիսի պարագաներու մէջ գտնուեցայ ուր չսպաննելը աւելի մե՛ծ ոճիր էր քան սպաննելը…։ Ես ձեզի այնպիսի ոճիր մը պատմեմ որուն քով իմ ըրածս պարզ խաղալիք մըն է տղու…։ Կ՚ուզէ՞ք…։

– Կ՚ուզեմ, – ըսի անհամբեր։

– Նկարագրած շատրուանէս քանի մը շաբաթ վերջ էր։ Նահանջի հրամանը եկած էր հիմա. բանակը քաշուեր֊հեռացեր էր ճերմակ հորիզոնին ետին, ձիւնապատ ահագին տարածութիւններուն մէջ քանի մը խումբ վերջապահեր ձգելով թշնամիին արշաւին դէմ։ Այդ ցրուած, կորած խմբակներէն մէկն ալ մենք էինք։ Բայց ինչ որ ամէնէն աւելի կը վտանգէր մեր դիրքը՝ վիրաւոր ընկեր մըն էր։ Ո՛չ կարելի էր քալեցնել զինքը, ո՛չ ալ թշնամիին ու ձիւնին լքել։ Մեծ բան մը չէր իր վէրքը, բայց մէջը հող ու աղբ գացած ըլլալով՝ վիրաւորը սարսափելի պրկումներ կ՚ունենար։ Նախ երեսին մկանները կծկտեցան. յետոյ ճակտին կնճիռները ծալք֊ծալք գամուած մնացին։ Աչերն այնպէս անշարժ էին ու այնպէս ալ ահաւոր՝ որ հոգեվարք մը իր ճգնաժամին մէջ քար կտրեր էր կարծես։ Ու այդ փոթ֊փոթ ճակտին տակ, ու այդ պիշ֊պիշ աչերուն տակ, բերանն այնպէս վար քաշուեր էր երկու ծայրերէն՝ որ դիւային քրքիջի մը դիմակն ըլլար կարծես ան։ Գլուխն ետեւ նետուած, վիզն ուժգնօրէն պրկուած, աղեղի պէս կորնթարթ, մարմինն համակ քարացած, գարշապարն ու գանկը լոկ կը դպչէին գետնին…։ Հիւանդապահ կառքերը քաշուեր էին՝ ամէնքն ալ, վիրաբոյժ մը թողլով մեզի։ Աստուծոյ պէս իր ձեռքերուն կը փարէինք, իր աչերուն կը յառէինք, ճա՛ր մը, ճարա՜կ մը կ՚աղերսէինք։ – «Թեթանո՜ս… » կը վճռէր ան։ Ու այս բառը ախտանիշ մը եւ մահանիշ մըն էր նոյն ատեն։ Եւ ամէն անգամ որ գետնաքարշ վիրաւորը իր գարշապարերուն վրայ կը պրկուէր, կ՚աղեղանար ու կը դողդղար՝ ծայրը գետին մխուած սուսերի մը պէս, – «Օփիսթոթոնոս… » կը գոչէր վիրաբոյժը, ազատում չկայ…։

– Եթէ ազատում չկայ՝ մի՛ ձգէք որ այս խեղճը հոգեվարքը շան պէս չարչրկուի. սրսկում մը, դեղ մը ըրէք, վիզը կտրեցէք, բայց ազատեցէ՛ք զինքը, եւ ազատեցէ՛ք մեզ ալ…։

– Եթէ դուք ազատուիլ կ՚ուզէք, – կ՚ըսէր, – ո՞վ կ՚արգիլէ զձեզ մեկնելէ. ես իր քով պիտի մնամ մինչեւ իր վերջին շունչը. բայց ես չունիմ մեռցնելու իրաւունքը, ես կեանքին պաշտօնեան եմ…։

Արդ, ես հիմա ձեզի հարց կու տամ, Տոքթէօ՛ր։ Եթէ դո՛ւք ըլլայիք այդ վիրաբոյժին տեղը, դո՞ւք ալ իրեն պէս պիտի ընէիք։ Ըսէ՛ք ինծի։ Ես վստահ եմ որ ձեր բոլորին գրպանին մէջ հեղուկ մը կայ որ…։

– Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ, – ընդմիջեցի, – բայց եթէ նոյնիսկ հիւանդն ուզէ, մենք չունինք զայն մեռցնելու իրաւունքը։ Որի՞ կը պատկանի կեանքը. ո՛չ հիւանդին, ո՛չ բժիշկին։ Կեանքն Աստուծոյ կը պատկանի…։

– Աստուծո՞յ… Աստուծո՞յ… – ըսաւ ռազմիկ խօսակիցս փրփրելով։ – Մէկ կողմէն ահագին ծախսեր, շէնքեր ու դարմաններ կ՚ըլլուին անդամալոյծներու, ցաւագարներու, հոգւով մարմնով փտածներու, անբուժելի զառամածներու կեանքն ամէ՛ն գինով պահպանելու համար… մինչդեռ անդին, կռուի դաշտին վրայ, է՛ն խոստմնալի ու էն առողջ երիտասարդները հազարներով, տասը հազարներով գետին կը փռուին, յետոյքէն զարնուած նապաստակներու պէս գլտոր դառնալով… ասոնց կեանքն ալ Աստուծոյ չի՞ պատկանիր, Տոքթէօ՛ր…։

– Կ՚աղաչեմ, – ընդմիջեցի, – բայց ձեր վիրաւոր ընկերն ի՞նչ եղաւ։

– Մեր վիրաւոր ընկե՞րը։ Աղբակոյտի մը վրայ պառկեցուցեր էինք զայն, որպէսզի տաք ըլլար։ Կը զգուշանայինք կրակ վառելէ վախնալով որ մի՛ գուցէ ձիւնապատ դաշտերու մէջէն բարձրացող մեր մուխը թշնամիին մատնէր զմեզ։ Իւրաքանչիւրնիս՝ հրացանի սառած երկաթին փարած՝ փոքրիկ լուսամուտներու ետին պահակ կը կենայինք, ճերմակ հորիզոններ քննելով վախ ի վախ։ Ոչ իսկ շշուկ մը, ո՛չ իսկ լոյս մը կար ներսը։ Կիսաստուերին մէջ՝ մատներնուս ծայրին վրայ կոխելով կը քալէինք մեռելի տան մը պէս. որովհետեւ մահը մեր մէջ էր, հոն էր, սպառնական։ Ու մեռելը հոն էր, կենդանի մեռելը դիտապաստ, դիակնացած, կարծրացած, բայց այնքա՜ն տառապալից ու դեռ այնքա՜ն զգայուն, որ լոյսի ճառագայթ մը զայն կը մտրակէր կարծես, ու ձայնի շշուկ մը կը դողդղացնէր իր քարացած մարմինը՝ երկրաշարժէ մը ցնցուող տապանաքարի մը պէս…։ Վիրաբոյժը պաղարիւն՝ իր ջերմութեան աստիճանը կը չափէր. – «3 9… 40… 41… 42… սարսափելի՜, սարսափելի՜…»։ Դանակի մը ծայրովն իսկ կարելի չէր բանալ իր կծկուած ակռաները, կաթիլ մը ջուր, պատառ մը հաց տալու իրեն։ Եթէ հիւանդութիւնն իսկ չըլլար, անօթութենէն պիտի մեռնէր այս խեղճը։ Բայց վիրաբոյժն օրինապահ ու անայլայլ.

– Ես մեռցնելու իրաւունք չունիմ, ես մեռցնելու իրաւունք չունիմ… , – կը կրկնէր։

Այս սարսափի օրերը՝ վեց օր, վե՜ց դար տեւեցին։ Առաւօտ մը երբոր ելանք, աչերը բաց՝ ան կը հսկէր։ Պրկուած մարմնին ահեղ ճիգէն՝ գարշապարները հողը փորած ու գանկն աղբին խրուած էր։ Ձեռքերը, ոտքերը շիփ֊շիտակ, կզակները կղպուած, ճակատը ծալք֊ծալք կծկտած, քրքիջի ձեւ մը շրթներուն, աչերը պիշ֊պիշ դուրս ինկած, ան պառկեր էր ահաւոր։ Կարելի չէր նայիլ իրեն,– «Բայց նայեցէ՛ք, մարմինը չդողար այսօր… », ըսաւ մէկը շշնջալով։

Ու իրաւ ալ մարմինը չէր դողար։ Սակայն ա՛յնքան սարսափ ու տառապանք կար իր բաց աչերուն մէջ, որ ո՛չ ոք համարձակեցաւ մատին ծայրովը դպիլ իրեն, վախնալով որ մի գուցէ նոր սարսուռ մը կը ծնցնէր։

– Մեռե՜ր է… , – վճռեց բժիշկը, իր գլխարկը հանելով։ Ու բոլորս ալ հրացաննիս իջեցուցինք իր առջեւ։

Այսպէս վերջացաւ այս անվերջանալի, այս ահաւոր, այս անդրմարդկային մահը. ի՞նչ կ՚ըսեմ, այս ոճիրը, ոճիրներուն գլուխգործոցը…։

(Բերա, 1914)

Տէլիրիում թրէմէնս

ՏԷԼԻՐԻՈՒՄ ԹՐԷՄԷՆՍ

Ծեծուած շան մը պէս կը դողդղար։

Երկու կողմէն, երկու հուժկու պահակներ զայն առաջ կը մղէին։ Ու ան սարսափահար ու աղաչաւոր աչերն ինծի ուղղած, ոտքերուն բոլոր ուժովը կ՚ընդդիմանար, սպանդանոց տարուող անասունի մը պէս։

– Մի՛ վախնար, մի՛ վախնար, – ըսի քաղցրօրէն, – այստեղ հիւանդանոց մըն է, ես այս տեղին բժիշկն եմ։

– Պիտի մեռցնեն զիս, պիտի մեռցնեն զիս, Տոքթէօ՛ր, պիտի մեռցնեն զիս…։

– Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ։

– Չեմ գիտեր, չեմ գիտե՜ր, ես ոչ մէկուն չարութիւն ըրած մարդ չեմ։ Ահա տասը օրէ ի վեր զիս կը տանջեն։ Բայց, հաւատացէ՜ք ինծի, Տոքթէօ՛ր, կ՚աղաչեմ, հաւատացէք ինծի, ես պարկեշտ մարդ եմ, ես չէի մեռցնողը, ան ինքնիրենը մեռաւ։

– Ան ո՞վ է։

– Մայրի՛կս, ալեւոր մայրիկս, ան ինքնիրեն մեռաւ…։ Միւսներն ալ ես չմեռցուցի, Տոքթէօ՛ր, միւսներն ալ։

– Բայց միւսները որո՞նք են։

– Զաւակնե՛րս, զաւակնե՛րս…։

Ու ձայնը աւելի պզտիկցուց։

Ակռաները աւելի սեղմուեցան, կճրտացին, սոսկալի՜, սոսկալի՜։

Վիզը ծռած էր, գլուխը թեքած, դէմքին մէկ կողմը ճմռթկած, կծկտած, կզակները ուժգնօրէն կղպուած։

– Ասկէ երեք օր առաջ էր, Տոքթէօ՛ր, շաբաթ գիշեր մը անկողնիս մէջ աչերս չի կրցայ գոցել։ Պատուհանիս առաջքը մինչեւ լոյս փսփսացին։ Նախ երկու հոգի էին, յետոյ այդ երկուքը երեք եղան, չորս եղան, տասը եղան…։ Աչքովս տեսած բաները կը պատմեմ, Տոքթէօ՛ր…։

– Ու կը լսէի՞ր ալ։

– Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ։ Նախ փսփսուքներ միայն կ՚իմանայի, խժլտուքներ, սուլոցներ։ Բայց վերջը յստակ ֊յստակ լսեցի ամէն բան. «Իր մայրիկը խեղդեր է», կ ՚ըսէր իրենցմէ մէկը։ – «Հարկա՛ւ, հարկա՛ւ», կ ՚ըսէին միւսները, «Իր զաւակներն ալ ինք մեռցուցեր է։ Սանդուխ մը բերէք, պատուհանէն ներս մտնելու է… չուան մը, դանակ մը, զգուշութի՜ւն, զգուշութի՜ւն…»։ Սարսափահար դուռս բացի, դաշտերուն մէջ վազեցի, վազեցի, վազեցի, ու անձրեւին տակ տեղ մը գետին ինկայ, քնացայ։ Միւս առտու երբ ելայ՝ կզակս կղպուած էր…։

Ձայնը ճիգով դուրս կու գար ակռաներուն ճեղքէն։ Խօսքերը կը քակուէին, կը տարտղնէին դուրս ելլելու համար։

Դէմքին վրայ կապոյտ ու սեւ ուռեցքներ կը ցցուէին, անհամար հարուածներու սարսափելի դրոշմները։

Ամբողջ գլուխը փաթթուած էր ճերմակ լաթերու մէջ, որոնց տակէն արիւնը թանձր կաթիլներով կը բխէր, կը տարածուէր, ճակատէն վար կարմիր ճամբաներ կը գծէր։

Ի՜նչ կնճռոտ հանգոյց մըն էր աս։

Ո՛չ, իր պատմածները ճիշդ չէին կրնար ըլլալ, եւ սակայն սուտ ալ չէին անոնք, քանի որ այնքա՜ն տառապանք ու սարսափ կար իր խաւար աչքերուն խորը։

Ու այնքան սարսափ ու տառապանք կար իր խաւար աչքերուն խորը, որ ան չէր նկարագրեր, այլ կ ՚ապրէր իր տառապանքը։

Ան կ ՚ապրէր սարսափելի մղձաւանջի մը մէջ,– բաց աչքով մղձաւանջ մը,– որ շաբաթէ մը ի վեր սկսած ու դեռ չէր աւարտած։

– Շաբաթէ մը ի վեր ականջիս մէջ կը հայհոյեն, կը պոռան, կու լան։ Աչքերս կը վախնամ գոցելու, թարթիչներս հազիւ փակած՝ կարմիր բոցեր ու արեւներ իրարու կը զարնուին։ Պատիս բոլոր խուցերէն փոքրիկ բաներ կը վազվզեն, կը քրքջան, կը դաւադրեն։ Սենեակիս մէջ սեւ, զազրելի միջատներ կան, անկողնիս մէջ կ՚եռուզեռեն, սրունքներէս վեր կը սողան եւ ուսերէս վար կը սահին…։ Անցած գիշեր, գիշեր մը ամբողջ, կոկորդէս վար դիակի մազեր, երկար մազեր կը լեցնէին…։

Կը խօսէր նողկանքով, սարսափելով, խարխափելով։ Իր կղպուած կզակին ետեւէն կը զգայի որ լեզուին ծայրը կը դողդղար։

– Ձեռքերդ բաց, – ըսի։

Հազիւ թէ բացած՝ տեսայ որ մատներն ալ աննշմարելիօրէն դողդղալ սկսան։

Լեզուին ու մատներուն այս թեթեւ դողը հին գինեմոլութեան մը ախտանիշը։

– Ջուր կը խմե՞ս, – հարցուցի։

– Երբեմն, երբեմն…։

– Տարի՞քդ։

– Տարիքս յիսուն, թերեւս աւելի։

– Վիճա՞կդ։

– Կէս մը ամուսնացած, կէս մը ամուրի։

– Զաւակնե՞ր։

– Վեց զաւակներ ունեցայ, չորսը գերեզմանն են։

– Միւսնե՞րը։

– Միւսները մայրիկն առաւ ու փախաւ։

– Բայց խեղճերը միջոց ունի՞ն ապրելու։

Դէմքը ճմռթկեց, ուսերը թօթուեց։

– Մայրիկնին գեղեցիկ կին է, – ըսաւ։

Բարոյական զգացումի այս աստիճան չգոյութիւնը, եկաւ ա՜լ աւելի հաստատել միտքիս մէջ հին գինեմոլութեան մը ախտանիշը։

Որովհետեւ, ալքոլը միայն մարմինը չէ որ կը փտեցնէ, այլեւ հոգին։

Եւ սակայն, օր մը կու գայ, երբ այդ թունաւորուած, դիակնացած, աղբացած մարմնին մէջ հոգին կ՚արթննայ, կը փոթորկի, կը պոռթկայ, ինքնիրմէն կը նողկայ ու ինքնիրմէն կը սարսափի։

Տէլիրիում Թրէմէնսը, այն սարսափելի դժոխքն է, որ Տանթէի մը հանճարը պիտի չկրնար երեւակայել, եւ որ իւրաքանչիւր գինեմոլ իր տառապանքին համար կը կերտէ։

Բաց աչքով մղձաւանջ մըն է այս, որ ոչ թէ գիշեր մը կը տեւէ, այլ շաբաթ մը կը յաւերժանայ։ Ու տառապանքն այնքան մեծ է, ու հիւանդն այնպէս համոզուած է իր մղձաւանջին իրականութեան, որ նախամեծար կը համարի անմիջապէս մահանալ։ Շատ մը անբացատրելի կարծուած անձնասպանութիւններ՝ ուրիշ պատճառ մը չունին բժիշկներուն համար։

Ու այս մարդուն պարագան անոր համար հետաքրքրական էր, որ ան իր զառանցանքին մէջ իսկ ձերբակալուած էր, առանց իր անձնասպանութիւնն աւարտելու ժամանակ ունենալու… վկայ իր արիւնաթաթախ գլուխը…։

– Երէկ գիշեր փողոցին մէջ քալած ատենս սեւեր հագած մարդ մը տեսայ։ Ես այս մարդը կը ճանչնայի, չեմ գիտեր երբ, չեմ գիտեր ուր, բայց գիտեմ որ թշնամիս էր։ Յետոյ անկիւն մը դառնալուս՝ հատ մըն ալ ելաւ, յետոյ հատ մըն ալ, յետոյ հատ մըն ալ։ Ոմանք առջիս, ոմանք ետիս, ուր երթալս շփոթեցայ։ Ձախ կողմս բաց պարտէզ մը կար, մէջը մտայ, ու մութ տան մը խոհանոցը պահուըտեցայ, կծկտեցայ։ Մութն իջեր էր։ Ասանկ՝ երկար ժամ մը անցաւ։ Յետոյ դուրսէն ձայն մը փրթաւ, կամաց ֊կամաց սողալու պէս խշրտոց մը՝ որ երթալով կը մօտենար։ Սարսափեցայ, լոյս վառեցի, պատուհանին ետեւ երեք դէմք երեւցան, յետոյ նորէն, յետոյ նորէն…։

Ահա ճիշդ այդ միջոցին էր որ խոհանոցին անկիւնէն կացին մը գտնելով, սկսած էր իր գլխուն այնպիսի սոսկալի հարուածներ իջեցնել՝ որ, իր անասնական աղաղակներէն արթննալով, տնեցիները ձերբակալեր ու հիւանդանոց առաջնորդեր էին զինք։

Հիւանդանոց առաջնորդեր էին, որպէսզի խնամէինք, դարմանէինք ու ազատ արձակէինք այդ հոգւով ու մարմնով թունաւորուած մարմինը։

Ազատ արձակէինք, որպէսզի նորէն խմէր ու նորէն շնար, ու ախտաւորներու նոր սերունդ մըն ալ հասցնէր…։

Տխո՜ւր արհեստ, տխո՜ւր պարտականութիւն…։

Այդ գիշեր երկար ատեն տանջուեցայ խորհելով այն բոլոր աղէտներուն վրայ, որ այս մարդը ազատօրէն պիտի կրնար գործել։

Մինչդեռ… մինչդեռ նոյն գիշերն իսկ՝ մղձաւանջի նոպայի մը մէջ ան ինքզինքը մեռցուցեր էր։

Հետեւեալ օրը, դիազննութեան սեղանին վրայ փռած էինք արդէն դիակը, քանի որ մեր դարմանատունը մեռնող անոքիկ հիւանդները մեզի կը պատկանէին։ Նեղ սղոց մը՝ պզտիկ ճռճռոցով երկուքի կը կտրէր իր գանկը մեզի ցոյց տալու համար ուղեղին ախտաբանութիւնը։

Բայց ահա դուռը կամաց մը բացուեցաւ։ Պատառատուն մայր մը, երկու տղայ…։

Գինովին նախկին կինն էր, որ իր էրիկին այցելելու եկեր էր հիւանդանոց, ու դուռէ դուռ զարնուելով՝ մինչեւ դիազննութեան սրահն էր հասեր…։

Քար կտրեցաւ։ Հառաչ մը չկրցաւ հանել կուրծքէն։

Իսկոյն դուռը երեսին գոցեցինք։ Ու սղոցին երկու ծայրէն բռնած՝ երկու բժիշկ, իրարու երես նայեցանք ոճրագործներու պէս։

Ու դեռ ականջիս մէջ է, թէ ինչպէս, դուրսէն, դրան ճեղքէն, գինովին տղաքները կը ճղային.

– Հայրի՜կ, հայրի՜կ, քեզի նարինջ բերինք, հայրի՜կ…։

Բերա, 1914

Վեցերորդ զգայարանք

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԶԳԱՅԱՐԱՆՔ

Հանդիպած առաջին աշակերտին հարցուր, թէ որո՞նք են մարդկային զգայարանքները։ Առանց տարիքի խտրութեան նո՛յն պատասխանը պիտի ընդունիս։

– Տեսանելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք, լսելիք, շօշափելիք…։

Եւ սակայն ամէն մարդ գիտէ թէ ուրիշ զգայարանք մ ՚ալ կայ, վեցերորդը, այն որուն մասին չի խօսուիր եւ որ աշխարհ կը կենսաւորէ։

Դպրոցները կը լռեն. իր անունը անպատշաճ է։ Ազատօրէն կարենալ խօսելու համար՝ իր պաշտօնին յարմար անուն մը տանք, ու համարձակօրէն կոչենք զայն սիրելիք։

Բոլոր ճաշակելիքներէն ու հոտոտելիքներէն աւելի կարեւոր է ան։ Իրմէ՛ կախում ունի որ երջանիկ կամ թշուառ, առողջ կամ տխեղծ մարդկութիւն մը ծնի։

Կեանքի բոլոր հարցերուն մէջ ամէնէն առաջինն է սեռական հարցը։ Բնագէտներն ու ընկերաբանները կը համաձայնին կրկնելու թէ է՛ն դժուար խնդիրն է ան։

Բայց ի՞նչ կ ՚ընենք մենք, ընտանիքի հայրերս։

Կը թողունք որ տղան ինքնիրենը լուծէ այդ կնճռոտ հանգոյցը։ Ու մեր կողմէ կը բաւականանանք միայն իր մէջ ներմուծելով զզուանքի ու ամօթխածութեան գաղափարը։ Սեռային տգիտութիւնը իբրեւ անհրաժեշտութիւն եւ իբրեւ սրբութիւն կը նկատենք։

Սակայն օր մը պիտի գայ – անխուսափելի՜ օրը – երբ մեր չըսածը փողոցին տղաքները պիտի ըսեն, ու որքա՜ն յոռի կերպով…։

Վա՜յ այն ատեն այդ տղուն։

Ծնողքին դաւադիր լռութիւնը, ընկերներուն ոճրապարտ մեղսակցութիւնը, արգիլուած բան մը ընելու գիտակցութիւնը իրար միանալով՝ երէկուան հրեշտակը այսօրուան իժին պիտի վերածեն։

Չեմ համարձակիր նկարագրելու թէ այնպիսի տարիքի մը մէջ երբ պատանիին ջղային դրութիւնը դեռ հազիւ կազմակերպուելու վրայ եղող նուրբ – ամենանո՛ւրբ – դրութիւն մըն է, ի՜նչ ահաւոր աւերներ կը գործեն այդ անվերջ ու անանուն ցնցումները։

Սակայն վտանգը միայն մարմնական չէ, այլ հոգեկան։ Ո՛չ թէ միայն իրենց ֆիզիքական առողջութիւնը կը խաթարեն անոնք, այլ նաեւ իրենց բարոյական առողջութիւնը, իրենց նկարագիրը, իրենց զուարթութիւնը, իրենց սրբութիւնը։

Այսպէս, երիտասարդ մը որ դպրոցէն կ՚ելլէ, վարդ մըն է որ իր բոյրը կորսնցուցած է, եւ որուն բոլոր թերթերը փրթած են։ Եթէ դեռ միակ թերթ մը ունի, ան ալ առաջին ցնծուհին պիտի փրցնէ, այնպէս որ փշալից կոթ մը միայն պիտի մնայ իր ապագայ կնոջ ձեռքը…։

Որովհետեւ,– ինչո՞ւ չէ – այդ տգէտ պատանին, որ ո՛չ մէկ առողջապահիկ կանխազգուշութիւնով չզինեցինք, վաղը, սիրելու խաբկանքով, համբոյրի մը փոխարէն պիտի ստանայ ախտերուն է՛ն սարսափելին, եւ դարմանուելու խաբկանքով՝ կրկնօրէն պիտի զոհուի այն տիտղոսաւոր շառլաթան ներուն որ բժշկութիւնը պոռնկացուցին…։

Ահա թէ ի՛նչպէս՝ ամօթի եւ մեղքի պատրուակով՝ թոյնի աղբիւր մը կը դարձնենք այն զգայարանքը, որ ամէնէն իրական երջանկութեան գործիքն է՝ Բնութեան կողմէ մեզի նուիրուած։

Զգուշութի՜ւն։ Չստորնացնենք, չխաթարենք, չբթացնենք զայն, սեռական զգայարանքը։

Կենդանական աշխարհին մէջ քանի՜ քանիներ կան որ մի՛այն այդ զգայարանքով ու միա՛յն այդ զգայարանքին համար կ՚ապրին։

Ո՜վ չի ճանչնար Էֆէմէր թիթեռնիկը, այն շնորհալի թիթեռնիկը որ ամառ գիշերներ կու գայ ձեր լապտերին շուրջ բացխփելու իր թեթեւ թեւերը։ Ան կ ՚ապրի ամէնէն կարճատեւ ու ամէնէն գեղեցիկ կեանքով որ կարելի ըլլայ երեւակայել։ Ճաշակելիք չունի, չի կրնար ուտել, քանի մը ժամէն պիտի մեռնի. բայց պիտի մեռնի ամէնէն բնական, ամէնէն իտէալ մահով, առանց ծերանալու, առա՛նց հիւանդանալու, առա՛նց ցաւելու…։ Երջանի՜կ թիթեռնիկ. սնունդի պէտք չունի, որովհետեւ ստամոքս չունի. կեանքի հոգ չունի, որովհետեւ իր օրերը համրուած են։ Իր միակ զբաղումը սէրն է. ան պիտի բարձրանայ եթերին մէջ, իրեն պէս Վաղամեռիկ թիթեռնիկ մ ՚ալ պիտի գտնայ։ Ու պիտի սիրէ, ու պիտի մեռնի իրեն նուիրուելով…։ Ան պիտի իրականացնէ բանաստեղծին երազը. «Ծնիլ, սիրել, մեռնիլ…»։

Իրեն համար չէ Շամֆօսին սէրը, այն սէրը որ «երկու մաշկերու հպումն է» եւ որ այլասերած մարդկութիւն մը միայն կրնար հնարել։

Հազար դարերու քաղաքակրթութիւնով մը Բնութենէն հեռացած մարդկային սրտին մէջ անգամ՝ տեսէք թէ ինչպիսի ճոխ ծաղիկներով կը պճնուի ան.–

«Էն թշուառ ուղեղին մէջ թողէք որ սէրը քսանչորս ժամ աշխատի, ու ահա թէ ինչ պիտի գտնէք հոն,– կ ՚ըսէ Սթանտալ,– ձմեռնային տերեւաթափ ճիւղ մը կը նետեն Սալցպուրկի աղահանքի մը մէջ, եւ երբ քանի մը ամիս յետոյ զայն դուրս կը քաշեն, այնպիսի պսպղուն բիւրեղներով ծածկուած է, ադամանդներու այնպիսի անհունութիւն մը պճնած է ամենափոքր ոստերն անգամ, որ անկարելի է ճանչնալ նախկին ճիւղը…»։

«Երեւակայութի՜ւն» պիտի ըսէք։ Ազատ թողէք երկու սիրահարները որ Բնութեան ձայնին հետեւին, ու պիտի տեսնէք թէ ի՜նչ գեղեցիկ իրականութիւն է այդ երեւակայութիւն կարծուածը։

Հոգւոյն եւ մարմնին այնքան սեղմ ու փոխադարձ ազդեցութիւնը մարդկային ուրիշ ոչ մէկ գործունէութեան ատեն կարելի է տեսնել։

Միսին մէջ այնպէս մը կը փոթորկի հոգին՝ որ ոսկորներուն ամէնէն անշարժ բջիջներն անգամ վայրկեան մը իրենց ապրիլը կը զգան։

Արուն ու էգը, սէրն ու սեռը, մարմինն ու հոգին իրար խառնուելով՝ միանգամայն Տիեզերքին ու Աստուծոյն կը խառնուին։

Մարդկային ո՛չ մէկ զգայարանք, կենդանական ո՛չ մէկ գործողութիւն, բնագիտական ո՛չ մէկ երեւոյթ այնքան խորհրդաւոր է։

Այդ գերագոյն վայրկեանին, է՛ն սեւ մարդը արշալոյսներ հրդեհելու ընդունակ հրաշէկ հոգի մը կ ՚ըլլայ։ Է՛ն ստոր մարդը կը հաւաքէ ինչ որ կայ իր մէջ լաւագոյն՝ կուսական կաղապարի մը մէջ նետելու համար զանոնք։

– Վայրկենական ցնցո՜ւմ մը… – կ ՚ըսէ Մարք Օրէլ։

Բայց այդ մէկ ցնցումը անհունները կը դողացնէ ու յաւիտեանները կը բեղմնաւորէ…։

Այսպէս է սէրը. մաքուր, առողջ, բնական սէրը։

Իմաստութի՞ւն թէ յիմարութիւն. չեմ գիտեր։ Կը զգամ միայն որ մարդկային ամենաբարձր արտայայտութիւնն է ան։ Անո՛վ է որ Աստուած մեր մէջ կը յայտնուի. Աստուած սէր է։

Պատրաստենք մեր զաւակները այդ մեծ օրուան համար։ Ու սորվեցնենք իրենց Վերածնունդի առաջին օրէնքը.

Առողջ սէր, առողջ սեռ։

Բանկալթի, 1914

Չմեռնելու համար

ՉՄԵՌՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

1904֊ի ձմեռն էր, սաստիկ ձմեռ մը։

Սարի մը կողէն տքալով լեռնաբարձ շոգեկառք մը կը բարձրանար, դագաղի պէս յամրընթաց։

Այդ փոքրիկ շոգեկառքը ամէնէն տխուրն է, որ կը ճանչնամ աշխարհիս երեսին։

«Հոնկէ ելլողը վար չ՚իջնար» կ՚ըսեն…։

Հոն երգ չկայ, ծիծաղ չկայ. հոն խօսք չկայ, հապճեպ չկայ։

Փոքրիկ պատուհաններէ վտիտ գլուխներ կը նային դուրս. ապակիէ աչերով անկենդան, համակերպ ու միակերպ նայուածքներ։ Ահաւոր ու հանդարտ դէմքեր բոլորն ալ, աշխարհին դէմ դառնացած, մահէն աւերուած երիտասարդներու։

Հիւծախտաւորներ են անոնք որ այս փոքրիկ շոգեկառքը տքալով ու դողալով ամէն օր ու ամէն ժամ, երկրագունտին չորս ծայրերէն Լէյզէնի գագաթը կը նետէ։

Դուրսը, ճամբուն երկայնքին, սպիտակ ու սարսափելի վիհեր կան. անհուններ ու անդունդներ որ համապարփակ ձիւնին տակ կ՚ալեկոծուին։

Բայց ահա շոգեկառքին մէջ մահուան խժլտուք մը փրթաւ. բոլոր հիւանդագին աչերը մէկ կողմ դարձան սարսափահար։ Անկիւն մը վտիտ երիտասարդ մը, կը տենդէր, կը դողար, կը խղդուէր, կը հազար։

Պատառ֊պատառ թոքերը կը փրթէին։ Գլուխը շտապով պատուհանէն դուրս կախեց։

Թուքը ձիւնը կարմրցո՜ւց, կարմրցո՜ւց…։

Ուսկէ՞ կու գար, ո՞վ էր։

Փարիզէն կու գար, Հայ էր։ Թէ մեռնէր իսկ, մէկը չկար զինքը ճանչցող։

Քիչ յետոյ, կայարանէն մինչեւ բուժարան, ձիւնին մէջէն արիւնը դարձեալ գծեց իր կարմիր ճամբան։

Լեռնամբարձին տխուր բազմութենէն վերջ, հիմա աւելի տխուր մենութիւնն էր, Սանաթորիումի նեղ սենեակ մը, այն մերկ ու ճերմակ սենեակներէն որոնք հարիւրներով քովէ քով ու վրայէ վրայ կը շարուին, եւ որոնց իւրաքանչիւրին մէջ մենաւոր հիւանդ մը կը տքայ։

Դուրսը ահագին եւ անծայրածիր ծով մ ՚է լեռներու, խելքի ֊մտքի չսղմուող բարձրութիւններու, որոնք խաւար քաոսներէն յանկարծ կ՚ոստնուն, ճեփ ֊ճերմակ ալիքներու պէս արեւուն տակ կը փրփրին ու կը պսպղան, ամպերուն ու երկինքին կը խառնուին, կը տատանին ու կ՚օրօրուին, գերագոյն ալեկոծումի մը մէջ յանկարծ սառած անդրհեղեղեան ովկէանի մը պէս։

Բայց դուրսը նայո՞ղը ով…։

Ներսը, հականեխուած չորս մերկ պատեր, անկողին մը, հիւանդ մը։ Սնարին վերեւ, ճերմակ թուղթի մը վրայ անուն մը, անդունդ մը… Ատոմ Եարճանեան։

Հեռո՜ւն, շա՜տ հեռուն, ծերունի հայր մը, դողդոջուն մայր մը, ու քոյրիկներ թռչուններու պէս ճըլվլուն։

Աւելի հեռուն, արիւնի տակ մշուշի մը մէջ, հայրենի լեռները, մայրենի երդիքները, ահեղավազ Եփրատը։

Ու այս բոլորին վրայ ու բոլորին շուրջ, սահմանագլուխի շղթաները, կապարէ դուռները, ու ամբողջ Համիտեան սարսափը…։

Մահամերձ պանդուխտը ակնթարթի մը մէջ վերապրեցաւ այս ամէնը։ Ու իր քրտնաթոր անկողնին վրայ կծկտած, մահուան թոթուըտուքներուն մէջէն իր մեղքը վերջին անգամ մ ՚ալ սաւառնեց դէպի հեռաւո՜ր, հեռաւո՜ր տունը մայրենի։

 
– Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր ու շքեղ,
Ու ես, երդիքներուդ սպիտակ կատարէն
Աստղածորան գիշերներու լոյսին հետ
Վարէն ահեղավազ Եփրատին կ՚ունկնդրէի։
................
– Բայց ո՞վ պիտի բերէ, ո՞վ պիտի բերէ, ըսէ՛,
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
Մահուան օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ
Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնիս խառնելու…։
 

Սակայն տենդը կը բարձրանար, կը բարձրանար։ Շրթները կը դեղնէին, կը բարակնային, կը փրփրէին։

– Մտիկ ըրէք, ակռաներս մահագուժօրէն կը կրճտին…

Ա՜լ իր բարբառը զառանցանք մ ՚էր ու իր ջերմը՝ մահաջերմ։

– Վերջալոյսի ու մահաջերմի այս ժամուն

Ագռաւներու եղերաւոր երամներ մեռելակերպ…։

Ու գերեզմաններ, ու գանկեր, ու զանգակներ որ կը ղօղանջեն, ու պատանքներ առագաստներու պէս բաց, ու փոթորիկ, ու կտցահարում, ու անտառներ ոտքի, ու դեղին հողի անձրեւում…

– Ու նորէն երազներու ուխտուած մարմնի վրան

Արիւնով թրջուած պատանքներու խոնաւութիւնը կը զգամ…

Ու բազուկներ որ ատենով յաղթանակներու արեգակին գալարուեցան,

Այսօր ջախջախուած սրտիս սէրերուն վրայ կը խաչաձեւուին…։

Պէտք էր ամբողջովին յիշատակել իր անըմբռնելի, անկապակից ու ահաւոր այն էջը որ Յիշատակ կը կոչուի եւ որ 40 աստիճան ջերմութեան մէջ յղացուած է։ Առանց այս բժշկական բացատրութեան, դժուարին պիտի ըլլար ըմբռնել այդ արիւնի, նոճիի, արշալոյսի ու փոթորկի առեղծուածը։ Միակ վճիտ բան մը կայ հոն, որ լճակի մը զուլալ ջուրերուն զովութիւնը կը բերէ այդ մահաջերմին մէջ ուր մահն արգիլուած է.

– Օ՜հ, բաժա՜կ մը ջուր, բաժա՜կ մը ջուր, բաժա՜կ մը ջուր,

Իմ յիշատակիս եւ հողի հայրենական աղբիւրներէն,

Վասնզի մահը ուսերուն վրայ է այս իրիկուն…։

Պէտք էր ամբողջովին յիշատակել տառապանքի ու մահապարտի այն կարմիր հատորը որ Հոգեվարքի եւ Յոյսի Ջահեր կը կոչուի եւ որ արիւնի մէջ յղացուեցաւ։

Ահա թէ ի՛նչպիսի յուսահատական վիճակի մէջ էր հիւանդը, երբ օր մը վրայ հասաւ Մինաս Չերազէ լակոնական թուղթ մը թէ «Դիւցազնօրէնը գրողը երիտասարդ չի մեռնիր…»։

Ո՛չ, Դիւցազնօրէնը գրողը երիտասարդ պիտի չմեռնէր։ Ան պիտի ծառանար ահաւոր հիւանդութեան դէմ, ան պիտի սրբէր իր ճակտին գիրը, ան պիտի պայքարէր Մահուան հետ։

«Մարդը ստեղծուած է պայքարելու, ու կինը՝ ռազմիկը մխիթարելու համար», կը գրէ Նիցչէ։

Ահաւասիկ նաեւ կին մը՝ ռազմիկը մխիթարելու համար։ Թոշնած ծակղեփո՜ւնջ մը՝ որ Կովկասեան անծանօթ գեղուհի մը կը ղրկէր մահահոտ բանաստեղծին…։

Ուրեմն ողջ աշխարհը դեռ ամբողջովին չէր լքած զինքը։ Ուրեմն դեռ վա՜րը, կապո՜յտ հեռուները, տարտամ ձորերու մէջ կո՜յս մը կար որ արշալոյսին ցօղաթուրմ ծաղիկները կը հաւաքէր իր տենդահար ճակտին համար։

Հիւանդն իր դողդոջ շրթներուն դրաւ զանոնք։ Իր հպարտ սիրտը դեռ չէր ճանչցած Սէրը։ Տարտամ խոնաւութիւն մը իր աչերը լայնցուց, լացուց…։

Յետոյ, արդէն իսկ զայրացած իր սրտին այս տկարութեան վրայ, միտքը սաւառնեց դէպի հոն, հեռուն, Կովկասը, ուր դարաւոր ու ալեւոր գեղուհի մը կը յօշոտէին, Մայր Հայաստանը…։

Ո՛չ, հայրենիքի այսպիսի մէկ ճգնաժամային վայրկեանին, ան պիտի չմեռնէ՛ր, ան պիտի չյուսահատէր, ան պիտի ապրէր, պիտի մռնչէր, պիտի երգէր, պիտի բոցավառէր ռազմիկներու հոգին։ Հսկաներու ճակատամարտին մէջ ան իր գրչին ծանրութիւնը պիտի նետէր՝ արիւնէն խենթեցած սուսերի մը պէս…

«Զա՛րկ, Կովկաս…»

Այս տարօրէն հիւանդը՝ իր հոգեվարքի անկողնին մէջէն՝ ուժի ահագին գանձեր պիտի գտնէր ամբողջ ցեղ մը գօտեպնդելու համար.

«Զա՛րկ, Կովկաս…»

Շնչատութենէ հեծող այս երիտասարդը՝ իր հիւանդ կուրծքէն ռազմաշունչ փոթորիկներ պիտի յառնէր Ալպեաններու գագաթէն մինչեւ Արարատի ստորոտը…

«Զա՛րկ, Կովկաս…»

Ու կամքի տարօրինակ ուժով մը՝ բժիշկներու պատուէրին անսալու համար՝ այդ ջղուտ ու անհանդարտ երիտասարդը, ամբողջ երկու տարի, ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ցերեկէ վերջ, երկար ֊երկար ժամերով, բաց օդին մէջ փռեց, անշարժացուց, քարացուց իր վտիտ մարմինը, արեւուն տակ անմահութեան համար հասունցող մոմիայի մը պէս…։

Հնազանդ տղու մը նման առտու ֊իրիկուն կանոնաւորապէս չափեց իր ջերմութիւնը։ Միայն թէ ամէն անգամ որ չափազանց բարձր էր ջերմաչափը, իսկոյն կը ցնցէր ու կ ՚իջեցնէր զայն, ոտքերը ուժգին ֊ուժգին գետին զարնելով, ու « պիտի ապրի՛մ, պիտի ապրի՛մ» պոռալով…։

Ու շաբաթն անգամ մը, երբ իր ծանրութիւնը չափելու համար կը մօտենար ճակատագրական նժարին, չէր մոռնար կանխաւ քանի մը գիրք պահելու իր գրպաններուն մէջ, անոնց կշիռովը ինքզինք ու իր բժիշկը խաբելու համար…։

Կարելի՞ է սակայն Մահը խաբել…։

Ո՜վ դուք որ այսպէս կը խորհիք, յուսահատներ ու պարտուածներ, ձեզի՛ համար են այս տողերը։

Այդ տարիէն ի վեր տասը երկար տարիներ բոլորուեցան։ Օր մը Լէմանի ափերուն վրայ նստած էի։ Սպիտակ շոգենաւ մը լճափին մօտեցաւ՝ իր առջեւէն կարապները թռցնելով։ Խուռներամ բազմութեան մէջէն յանկարծ մէկը անջատուելով ինծի վազեց, եղբօր մը, մտերիմի մը պէս։ Ու գրկուեցանք ու համբուրուեցանք՝ առանց որ կարենայի ճանչնալ զինքը։

– Չե՞ս յիշեր, – ըսաւ, – ես երբեմնի հոգեվարքն եմ…։

– Սիամանթօ՞…։

Ու կը խօսէր, ու կը խնդար ու կը կատակէր։ Կը նկարագրէր Կովկասն ու Ամերիկան, Փարիզն ու Պերլինը, Արարատն ու Նիակարան։

Ես զմայլա՜ծ կը դիտէի իր հզօր հասակն ու պայծառ դէմքը։ Ու զո՜ւր կը ջանայի յիշել այն չարչրկուած ու ծամածուռ դիմագծութիւնը որ Հոգեվարքի եւ Յոյսի Ջահերուն կողքը կը զարդարէ, եւ որ հեղինակին նկարն էր՝ դեռ հազիւ տասը տարի առաջ…։

Բանկալթի, 1914

Ապրելու կամքը

ԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ

1694 Փետրուար 20֊ ին ծնաւ – աւելի վիժեցաւ քան թէ ծնաւ – մանուկ մը որ երեւութապէս մեռած էր։ Ո՛չ կը տեսնէր, ո՛չ կը ճչար, ո՛չ կը շարժէր, ո՛չ կը շնչէր։

Քանի՞ վայրկեան, քանի՞ ժամ, քանի՞ օր պիտի ապրի… ամբողջ դար մը։

Ու հակառակ իր անվերջ հիւանդութիւններուն՝ մտային ա՛յնպիսի գործունէութիւն մը ցոյց պիտի տայ, որուն նմանը պատմութիւնը չէր արձանագրած դեռ։

Ո՛չ միայն դար մը պիտի ապրի, այլ այդ դարը իր սեփակա՛ն դարը պիտի ըլլայ, Վօլթէրի դարը…։ Որովհետեւ այդ հանճարեղ վիժուկը Վօլթէր ինքն էր։

Կատարեալ կմախք մը։ Իր ժամանակին ամէնէն նիհար, ամէնէն հիւանդ, ամէնէն տգեղ մարդը։

Ու երեւակայել որ երեսուն տարեկան ծաղիկ հասակին, ծաղկի համաճարակ մը եթէ բոլորովին չմեռցուց զինքը, գոնէ վրայէն վերցուց գեղեցկութեան յետին նշոյլը։

 
Ո՞ւր երթամ որ զիս ընդունին,
Երբ դէմքիս վրայ ահեղ ախտին
Կնիքն ունիմ սոսկատեսիլ,
Կարելի՞ է սիրոյ խորհիլ…։
 

Իր մտերմական նամակագրութիւնը բժշկական մանրամասն օրագիր մըն է, ուր Հիփոքրաթ իսկ պիտի շուարէր ախտերու ա՛յսքան այլազան ցուցադրումի մը առջեւ։ Բայց հիւանդը ոչինչ կը փոխէր իր անխարդախ զուարթութենէն.

– Երկու տարի երկու աչերս երկու պալար էին, – կ՚ըսէ, – թարթիչներս ալ երկու պարան էին կարմիր ու սպիտակ…։

Աչացաւին փոխն ի փոխ յաջորդեցին կոկորդացաւը, ձայնարգելութիւնը, խլութիւնը։ Լինդերը կը փտտէին, ակռաները կը թափէին բերնին մէջ։ Յօդացաւ մը ընդհատաբար անկողին կը գամէր, կը հիւծէր, կը սպառէր զայն։ Բայց Վօլթէր՝ միշտ ժպտուն՝

– Քոսոտներուն է՛ն նիհարն եմ… – կը գրէր։

Յօդացաւէն աւելի՛ ցաւագին ախտ մը երեսունինը տարի սարսափելի կերպով տանջեց զայն՝ միզարգելութիւնը։ Այնպէս որ իւրաքանչիւր անգամ ստիպուած էին զինքը լողցնելու, արիւնելու։ Իսկ ասոր յաջորդեց շատ աւելի վտանգաւոր ախտ մը, սպիտակամիզութիւնը.

– Մատիտի պէս ոտքերս՝ տակառի պէս ուռեցան…։

Յետոյ վրայ հասաւ ծերութեան հիւանդութիւնը, պնդերակութիւնը։ Շնչերակները կարծրացան, կիր կապեցին, քարացան. բազկերակն սկսաւ անկանոն կերպով զարնելու, ուղեղի արիւնախռումներ իրար կը յաջորդէին, եւ իբրեւ հետեւանք՝ անդամալուծութիւնը ու լեզուին կապուիլը…

– Երբ մարդ ինծի չափ նիհար է՝ ծիծաղելի է արիւնախռնում ունենալ, բայց ես ունեցայ այդ ծիծաղելիութիւնը…։

Եւ սակայն Վօլթէր այսքանով յուսահատող մարդ մը չէր։ Իր ծերունի ու կմախացած կուրծքին տակ մի՛շտ երիտասարդ կը մնար սիրտը, մի՛շտ խանդավառ, մի՛շտ ժպտուն։ Ահա թէ այդ հիւանդութեան միջոցին ի՞նչ կը գրէր դերասանուհիի մը.

– Եթէ ունենայի քսան տարի, եթէ ունենայի ձեզի արժանի մարմին մը, հարստութիւն մը ու սիրտ մը, բոլորն ալ ձեզի պիտի նուիրէի։ Բայց ամէն բան կորսնցուցի, ու հազի՜ւ թէ աչք մը ունիմ ձեզ տեսնելու, հոգի մը ձեզ հիանալու, ու ձեռք մը ձեզի գրելու համար…։

Եօթանասունութը տարեկանին Վօլթէր դեռ չէր կորսնցուցած իր սրտին երիտասարդութիւնը…։

Բայց իր գլխաւոր հիւանդութիւնը – ա՛յն որ օրօրոցէն մինչեւ դագաղ ամէն օր տանջեց զինքը – ստամոքսի հիւանդութիւնն էր։ Կարելի է ըսել որ միւս բոլոր հիւանդութիւնները միա՛յն իր մարմինը տանջեցին՝ առանց կարենալ իր հոգւոյն հասնելու. իսկ այս վերջինը ուղղակի իր ուղեղին, մտածելակերպին վրայ կ՚ազդէր։

Վօլթէր՝ առանց ստամոքսի հիւանդութեան՝ ուրի՛շ Վօլթէր մը պիտի ըլլար, աւելի՛ լաւատես, աւելի՛ վսեմ, աւելի՛ աստուածային Վօլթէր մը։ Մինչդեռ հիմա որքան ալ բարձրանայ, կը զգաս որ մէկ ոտքը հողին է։ Եթէ մէկ ձեռքով հրեշտակ մ ՚իսկ թռցնէ, գիտես որ միւսովը սատանայ մ ՚է բռնած կռնակին ետեւ…։

Անկարելի է բժիշկ ըլլալ, ու իր ջղուտ ու խայթող, զուարթ ու կծու, անուշ ու դառն լեզուին տակ՝ իսկոյն չգուշակել ստամոքսի լեղիութիւն մը։

Ճաշակեցէք եւ տեսէք սա յատկանշական քառեակը.

 
Զուարթ եղայ քէներուս մէջ
Ու ախտերու համբերեցի.
Մէկ ոտքս միշտ դագաղին մէջ՝
Միւսով տուի աքացի…։
 

Հոտուըտացէք նաեւ – չեմ համարձակիր ըսելու ճաշակեցէք – իր Փիլիսոփայական Բառարանէն փրցուած սա պատառը.

– Երբ նախարարէ մը շնորհ մ ՚ունիք խնդրելու, նախ տեղեկացէք թէ իր փորն ազա՞տ է։ Մեր նկարագիրն ու հոգին մեր աղբամանէն կախում ունին…։

Արդէն չէ՞ որ Մօնթէնյը իմաստասէրն ալ այդ առօրեայ կանոնաւոր գործողութեան մէջ կը սահմանէր մարդկային ամէնէ՛ն իրական երջանկութիւնը։

Հարկ կա՞յ ըսելու որ Վօլթէր այդ յետին երջանկութենէն ալ զրկուած էր։

Պղինիոս պատմաբանը կը հաւաստէ թէ Եգիպտացիք Իպիս թռչունէն սորվեցան փորլուացք ընել.– «Իպիս իր մարմնին ներսը կը լուայ կտուցովը ջուր ներարկելով հո՛ն՝ ուրկէ առողջութիւնը կը պահանջէ որ ստամոքսին աւելորդ սնունդները դուրս գան»։

Պղինիոսը չեմ գիտեր, բայց Վօլթէր անմահացուց այդ ժեսթը…։ Երեւակայեցէք որ ամիսը ութը լուծողական կ ՚ընդունէր ու տասներկու փորլուացք։

Երբ Բրուսիոյ թագաւորը Ֆրէտէրիք Մեծ՝ իր հանճարին վրայ զմայլելով՝ զայն իր պալատը պահել ուզեց.

– Խնդրէ ինձմէ ի՛նչ որ կ՚ուզես, – հարցուց։

– Կ՚ուզեմ մինակ անկողին մը, գրեխ մը ու Բրուսիոյ թագաւորը… – պատասխանեց Վօլթէր։

Ու տարիներ յետոյ երբ հայրենիք վերադառնալով, դարձեալ գերմանական ազդու լուծողականներ կը խնդրէր իրմէ.

– Ղրկած դեղահատներս բաւական են ամբողջ Ֆրանսան լուծելու… – կը գրէր Մեծ Թագաւորը։

Այս պայմաններուն մէջ դիւրին է հետեւցնել թէ ի՜նչ տրամադրութեան տակ կ՚աշխատէր.

– Գրած ատենս երկու ձեռքով փորս կը բռնէի, ու յետոյ գրիչս…։

Դժուար չէ նաեւ կռահել որ՝ հակառակ իր յաւիտենական քմծիծաղին՝ իր կեանքը հեռո՜ւ էր վարդագոյն ըլլալէ.

– Ամբողջ կեանքս ես մեռայ… – կը գրէ տեղ մը։

Եւ սակայն իր բոլոր ժամանակակիցները մեռան, զինքը պաշտպանող բարեկամները մեռան, զինքը դարմանող բժիշկները մեռան, ու ինք դեռ կ'ապրէր, կ ՚ապրէր ու կ ՚աշխատէր։ Եօթանասուն հատոր գիրքեր դեռ չյոգնեցուցին իր գրիչը։ Ութսուն տարեկանին Մենէի Աղջիկները գրեց երկու օրուան մէջ։ Երկու տարի յետոյ Իրէնի ողբերգութիւնը յղացաւ…։

Ի՜նչ մոգական գաղտնիք մ ՚ունէր ուրեմն այս արտակարգ մարդը որ ինքն իր բժիշկն ըլլալը կը յայտարարէր ամէնուն.

– Պահպանեցէք ձեր առողջութիւնը, – կը գրէր բարեկամի մը, – ան աւելի ձենէ կախում ունի քան աշխարհի բոլոր բժիշկներէն։ Չափաւոր եղէք։

Ահա իր միակ պատուէրը։

Զարմանալի է դիտել որ այդ որկրամոլութեան դարուն մէջ, Վօլթէր նոյնի՛սկ թագաւորներու սեղանին վրայ երբեք չէր շեղեր իր գիտցած կերակուրներէն։ Կաթ, հաւկիթ, ոսպ, գետնախնձորի ապուր, բրինձ, ու պատառ մը ոչխարի միս. ահա դար մը ապրելու իր ճաշացուցակը։

Ան քիչ կ՚ուտէր, բայց շատ կը ծամէր։ Սկիզբները իր միակ մոլութիւնը սուրճն էր, բայց երբ տեսաւ որ իր ջղայնութիւնը կ ՚աւելցնէր՝ սուրճն ալ դադրեցուց։

Ու այս չափաւորութիւնը՝ Սիրոյ մէջ մինչեւ ծոմապահութեան սահմանները կ՚երթար…։

Քիչ մը վերը իր տգեղութիւնը յիշեցինք։ Բայց Վօլթէր իր մասնաւոր գեղեցկութիւնը ունէր՝ մաքրութիւնը։ Իր վտիտ մարմնին վրայ կուսական շնորհ մը, սրբութիւն մը, լոյս մը կար միշտ։ Լոգանքն ամէն օր անպակաս էր։ Ու իր անձին, հագուստին, ուտեստին ծայրահեղ անբծութիւնը կատարեալ կրօնք մը, արարողութիւն մը, պաշտամունք մը եղած էր իրեն համար։

Իր հիւանդութիւնները մոռնալու համար իբրեւ միակ դարման՝ աշխատութեան կը նուիրուէր։ Օրական տասնութէն քսան ժամ կը գրէր ու կը կարդար՝ իր ցաւերուն վրայ խորհելու ժամանակ չունենալու համար…։

Գրասենեակին մէջ հինգ սեղաններ ունէր՝ հինգ երկերու համար։ Հազիւ թէ մէկ գրքին վրայ ձանձրացած, միւսին վրայ կ՚իյնար… հանգչելու համար։

Բայց այդ սո՛սկ ուղեղային կեանքը շատոնց պիտի սպառէր իր կեանքը՝ եթէ մարմնային աշխատութիւններով ան չգիտնար ներդաշնակել իր գործունէութիւնը։ Պարտիզպանութիւն, այգեգործութիւն, ծաղկամշակութիւն, ամէն օր կը ծաղկեցնէին իր ուժերը։

Շատ երկարակեցութեան գաղտնիքը գիւղացիներուն մէջ կը փնտռեն։ Ի՜նչ բան աւելի բնական քան առողջ լեռնցի մը, որ ո՛չ սիրտ կը մաշեցնէ, ո՛չ միտք կը յոգնեցնէ, ծառի մը պէս կ ՚ապրի ու անասունի մը պէս կ՚ուտէ։

Վօլթէր իր անձին օրինակով մեզ ցոյց կու տայ որ մարդ կրնայ ախտաւոր ծնիլ, կրնայ բոլոր հիւանդութիւններու մաղէն անցնիլ, եւ սակայն ապրիլ, գործել, երջանկանալ ու երջանկացնել…։

Չափաւորութիւն, մաքրութիւն, աշխատութիւն. ահա այն պարզ ու հաստատուն եռոտանին որուն վրայ ամէ՛ն մարդ ամրօրէն կրնայ նստիլ։

Այդ եռոտանիին վրայ կանգնած էր Վօլթէր իր վտիտ հասակին ամբողջ բարձրութիւնովը։ Բայց իր յենարանը չափազանց անկայուն ըլլալուն՝ վայրկեանէ վայրկեան չիյնալու համար մէջքին փաթթած էր պարաններէն է՛ն ամուրը, Ապրելու Կամքը…։

Այո՛. ո՛վ որ Կեանքին հաւատքն ունի՝ երկնքէն բռնուելիք չուան մ ՚ունի։ Ո՛վ որ Յաղթութեան յոյսն ու Երջանկութեան սէրն ունի՝ ան իր ուսերուն վրայ երկու թեւեր ունի, ան հողէն չի վախնար…։

Այսպէ՜ս ապրեցաւ Վօլթէր. այսպէ՜ս ապրեցան բոլոր ուժեղ անհատականութիւնները։ Սոփոկլէս, Դիոգինէս, Քսէնոֆոն, Քաթօն, Միքէլ֊Անճէլօ, Բէթրարք, Ֆրանքլին, Հօպպէս, Ուաթ, Թալէյրան, Հիւկօ, Կէօթէ, Նեւտոն, Վէլինկթօն, Լիթրէ, Պիւֆօն, հակառակ խիստ յոգնեցուցիչ կեանքի մը, դար մը բոլորած են։

Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն օրէնքը որ սովորական կեանքերուն միջինը յիսուն տարիքին կը փակուի, մինչդեռ հանճարներուն միջինը – հակառակ իրենց ախտագին առողջութեան – եօթանասուն տարին ալ կ ՚անցնի։ Հիփոքրաթ՝ բժշկութեան հայրը՝ մէկ դարն ալ անցաւ…։

Մեռելի մը նամակը

ՄԵՌԵԼԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ

Անծանօթուհիի մը նամակին, կը խնդրեմ, բարի՛ Տոքթէօր, ներողամիտ եղէք։

Ու հաւատացէք որ եթէ աչքիս առջեւ մահուան ստուգութիւնը չըլլար, երբե՛ք, երբե՛ք պիտի չկրնայի, պիտի չհամարձակէի բառ մ ՚անգամ գրելու։

Բայց ինձ կը թուի թէ ձեզի գրելով,– հակառակ որ անծանօթ մըն եմ ձեզ – ինէ մաս մը պիտի ապրի, ու իմ օրինակս տարեկից աղջիկներուս սրտին պիտի հասնի։

Կ՚ուզէ՞ք ով ըլլալս գիտնալ, Տոքթէօր։

Ես փոքրիկ դժբախտ Տիկին մըն եմ. հարս մը ու գրեթէ որբեւայրի մը արդէն. հիւանդ մը եւ մօտ օրէն դիակ մը…։

Ժամանակ մը կար սակայն երբ ես ալ զուարթ ու կայտառ աղջիկ մըն էի։ Կուսական շրթներուս վրայ ճերմակ ժպիտը կը բողբոջէր նարնջենիի ծաղիկներու պէս։

Ժամանակ մը կար երբ արիւնս ոգելից ըմպելիի մը պէս կը ֆշար ու կը գինովցնէր սիրտս։ Երիտասարդութեանս, գեղեցկութեանս, իտէալիս ամբողջ հպարտութիւնն ունէի իմ անձիս վրայ։

Ժամանակ մը կար երբ թռչունի պէս ազատ էի, լոյսի պէս զուարթ, ու Աստուծոյ պէս ամենակարող կը կարծէի ըլլալ…։

Այդ ժամանակը – կարծես թէ դարեր անցեր են վրայէն – դեռ հազիւ տարի մը առաջ էր։

Այս մէկ տարուան մէջ՝ մարդիկ ժամանակ գտան զիս ամուսնացնելու, արգանդէս երկու զաւակ վիժեցնելու, հոգիս դժոխքի վերածելու, մարմինս՝ դիակի…։

Ճիշդ է որ ամուսնութենէս առաջ արդէն ես կը զգայի, գիտէի որ տկար էի։ Ծունկերս կը կտրուէին, ախորժակս կը գոցուէր, ձայնս կը խզուէր, գոյնս կը դեղնէր։ Աւելի սրտիս ուժովը կ՚ապրէի, քան թէ մարմնիս ուժովը…։

Ա՜խ, Տոքթէօր, եթէ գիտնաք որ յոյսի ի՜նչ լեռներ կան ամենայետին աղջկան մը իսկ սրտին մէջ, այն ատեն միայն պիտի հասկնաք թէ շիւղի պէս նիհարցած կոյսերը դեռ ինչո՞վ կ՚ապրին…։

Սակայն, օր մը Եգիպտոսէն մարդ մը եկաւ, որ ո՛չ տեսած, ո՛չ դպած էի, եւ որ ամբողջ յոյսերս փլցուց, սրտիկս չորցուց։

Նախ ծնողքս տարտամօրէն ըսին որ մեզի հեռաւոր ազգական մըն է ան։ Բայց յետոյ, այդ հեռաւոր ազգականութիւնը աւելի մօտեցնելու խօսքեր եղան։ Պառաւ մամիկ մը որ այս առթիւ հրաւիրուեր էր.

– Ձեր աղջիկը կէլինճիկ է, – ըսաւ, – կէլին ըրէք որ աղէկնայ…։

Բայց ես գաղտնաբար բժիշկի մը ոտքը ինկայ. աղաչեցի, լացի որ ճշմարտութիւնն ըսէ ինծի։

– Աղջի՛կս, – ըսաւ բժիշկը դեռ իր բառերը ականջիս մէջ են մահուան վճիռի մը պէս ծանր, – աղջի՛կս, դուն դեռ թոքախտաւոր չես, բայց եթէ ամուսնանաս՝ պիտի թոքախտաւորուիս, ու եթէ զաւակ մը բերես՝ պիտի մեռնիս…։

Բայց, Եգիպտոսի մէջ հարստացած մեր ազգականը կ ՚երեւի թէ անմիջական պէտք ունի եղեր իմ բերելիք դրամօժիտիս՝ իր ծխախոտի վաճառականութիւնը փրկելու համար։

Ինծի պէս նիհար, վտիտ, անարիւն էակ մը, առա՛նց կանխագուշական պատուէրի մը, առա՛նց բժշկական ծանօթութեան մը,– դեռ 16 տարու էի այն ատենը – յանձնեցին տգէտ ու հեռաւոր մարդու մը ձեռքը, որ ուզածն ընէր ինձմով։

Ու ան ըրաւ ինձ այն միակ բանը որ կրնար ընել…։

Դեռ հազիւ նոր հարս էի, դեռ հազիւ մեղրալուսինս էի մտեր,– ի՜նչ սեւ մեղրալուսին, Աստուա՜ծ… – երբ արդէն սկսայ զգալ մայրական գալարումները։

Բայց նիհարութիւնս ա՛յնքան շատցաւ, որ արիւնս ա՛յնքան քիչցաւ, ա՛յնքան մահատիպ եղայ ու տժգոյն, որ սարսափած՝ ստիպուեցան արգանդէս խլել առաջին համբոյրին զաւակը…։

Ասոր վրայ, ա՛յնքան անարիւն, ա՛յնքան անուժ եղայ, որ հալած մոմի մը պէս անկարող էի կանգուն մնալու։

Ի՞նչ պիտի ըսէք ուրեմն, եթէ գիտնաք որ՝ այսպիսի պայմաններու մէջ ուր անկողնին գամուեր էի կէս֊մեռել, կէս֊առողջ, ամուսինս երկրորդ զաւակ մըն ալ կը ձօնէր ինձ, երկրորդ համբոյրին զաւակը…։

Ու նոր յուսահատութիւն, ու նոր ճիչեր, ու նոր վիժում, ու նոր արիւնախռնում։

Միայն թէ այս անգամ արիւնը բերնէս ալ կու գար…։

Ճարահատ, զիս մինչեւ հոս բերին, զուիցերիական սարերուն մէջ սանաթորիում մը դրին, եթէ ոչ բուժուելու, գոնէ իմիններս չվարակելու համար…։

Ու ես հոս, միսմինակ, իւղարար չունեցող կանթեղի մը պէս, օրէ օր, կաթիլ ֊կաթիլ կը մեռնիմ…։

Կը մեռնիմ, բարի՛ տոքթէօր, ու կ ՚ուզեմ ապրիլ։

Սիրտս – դեռ տասնեօթ տարու է սիրտս – դեռ չէ վարժուած մօտալուտ ու անխուսափելի մահուան։

Կ՚ուզեմ ապրի՜լ։ Կ ՚ուզեմ ապրի՜լ՝ չնայելով որ կեանքը լիքն է հիասթափումներով ու դառնութիւններով։ Կ ՚ուզեմ ապրի՜լ՝ չնայելով որ ամէն քայլափոխիս կեղծիքն ու չարիքը, եսասիրութիւնն ու շահամոլութիւնը կը ցցուին դիմացս։

Կ՚ուզեմ ապրի՜լ, ու կը զգամ թէ կը մեռնիմ։

Իմ ծանր օրերուս ա՛յնքան ուժ ի գործ դրած եմ, Տոքթէօ՛ր, հոգիս մարմնիս մէջ պահելու համար,– մանաւանդ որ կոյր հաւատացող մըն ալ չեմ անդիի կեանքին – այնքա՜ն անգամ բռունցքներս սեղմելով կռուեր եմ՝ «պիտի չմեռնիմ, պիտի չմեռնիմ» կրկնելով…։

Բայց կը տեսնեմ որ զո՜ւր է։ Այս անիծուած հիւանդութեան շրջանը այնքան երկար է որ մարդ ակամայ կը յուսահատի։

Սիրտս ապրելու համար յոյսի պէտք ունի, ինչպէս կանթեղը՝ իւղի։

Յոյսի բառ մըն ալ ինծի՛ գրեցէք, բարի՛ Տոքթէօր, ու շուտով գրեցէք. կը վախնամ որ ա՛լ օրերս համրուած ըլլան։

Եթէ դարման մը չունիք հոգեվարք մը ապրեցնելու, գոնէ յոյսը տուէք թէ յիշատակս պիտի ապրի։

Երբոր մեռնիմ, պիտի ըսէք – խոստացէ՛ք ինձ – պիտի ըսէք աղջիկներուն ու մայրերուն թէ Արմինէն ինչէ՞ն մեռաւ։ Իմ անունս Արմինէ է։

Յ. Գ.– Վերի նամակը գրած օրէս ի վեր երկու ամիսներ անցան ու դեռ չէի համարձակեր զայն թղթատարին յանձնելու։ Բայց այսօր մահուան արագութիւնը համարձակութիւն կու տայ ինձ։

Այսօր իմ տարեդարձս է, վերջին տարեդարձս։ Այսօր իմ անմեղութեան տասնութը տարիները կը թաղեմ ճերմակ վարդերու պէս։

Բախտի բերումով ալ, այս գիշեր, վարը, մեր պանդոկին մէջ երեկոյթ մը սարքուած է, կարծես յատկապէս ինծի համար։

Բժիշկները զիս բացարձակ անշարժութեան դատապարտեցին։ Բայց անդիմադրելի ցանկութիւն մը ունիմ աչքերս երջանիկ պատկերներով լեցնելու՝ վերջնականապէս փակելէ առաջ զանոնք։ Կ ՚ուզեմ տեսնել ուրախ զոյգեր, լուսողող սրահներ, ժպտուն տիկիններ…։

Բայց հազիւ թէ անկողնէս վար նետուած՝ արտակարգ սարսուռ մը, յանկարծակի յուզում մը կուրծքս կը սեղմէ։ Բերնիս մէջ տաք հեղուկ մը, արիւնի համ մը կայ…։

Մարմինս փուշ֊փուշ, ծունկերս կտրուած, հազի՜ւ ուժը կ ՚ունենամ մինչեւ հայելիիս առաջքը վազելով բերանս բանալու… մորթուած աղաւնիի արիւնաթաթախ բերան մը…։

Սարսափահար անկողին կը նետուիմ։ Կ ՚ուզեմ քնանալ, մեռնիլ, չտեսնել, չզգալ։

Բայց աչքերս չեն գոցուիր։ Վարի դահլիճներէն, դրան ճեղքերէն օրօրող երաժշտութեան մը հեւքը կը հասնի…։ Կարապի երգը՞…։

Այս վայրկեանիս՝ երեկոյթին մէջ կը պարեն, կ՚ուրախանան, կը սիրեն…։

Ես անկողնիս մէջ կծկտած, խղդուկ ֊խղդուկ կու լամ, կարմիր կու լամ, արիւն կու լամ…։

Կ՚ուզեմ ապրի՜լ, կ ՚ուզեմ ապրի՜լ, Տոքթէօ՛ր…։

Ծարաւ մարդը

ԾԱՐԱՒ ՄԱՐԴԸ

Շատեր տեսայ, շատեր տեսայ արտասահմանի տիպարներուն մէջ, բայց այս մէկին նման հատ մըն ալ չեմ կարծեր որ գտնուի։

Առաջին անգամէն արդէն ամբողջ ուշադրութիւնս իր վրայ խտացաւ։ Լա Փէ գարեջրատան մէջ նստեր էի գիշեր մը։ Երաժշտութեան, ծուխի ու բաժակներու ծովուն վրայ ծփացող նայուածքս յանկարծ՝ հարիւրաւոր դէմքերու մէջէն՝ իր դէմքին վրայ կանգ առաւ։

Զոյգ մը խոժոռ պեխերու ետին պահուըտած ճերմկոտիկ ու բարակուկ դէմք մը… երկու սպառնական նիզակներու ետին ապաստանած հիւանդագին Սուլթանի մը պէս հալումաշ։

Գաւաթ մը գարեջուրի առջեւ ժամերով նստեցաւ։ Նստեցաւ մի՛ս֊մինակ, շի՛փ֊շիտակ, փայտ կլլած մարդու մը պէս։ Պեխին մէ՛կ մազը, ձեռքին մէ՛կ մատը տեղէն չերերաց։ Իր գաւաթ մը գարեջուրին մէջ նայեցաւ, նայեցաւ, նայեցաւ, ծովերուն խորութիւնը հաշուող մարդ մը պէս։ Ու յետոյ, առա՛նց կաթիլ մ ՚անգամ տանելու իր շրթներուն,– թերեւս իր պեխերուն զինուորական շարքը չաւրելու համար,– ելաւ գնաց։

Եթէ այսքանն արդէն չի՛ զարմացներ քեզ, պատճառն այն է որ դուք ձե՛ր աչքով չտեսաք զինքը։ Ամէն պարագային ես այդ գիշեր այդ մարդէն բոլորովին մագնիսացայ։ Անիկա հեռուէն ծծուն թուղթի մը պէս քաշեց, ծծեց իմ աչերուս ամբողջ ուշադրութիւնը՝ առա՛նց որ ինք անգամ մը իմ կողմս նայէր։

Միւս գիշեր քիչ մը աւելի կանուխէն գացի նոյն գարեջրատունը։ Նոյն մարդը նորէն հոն էր, նոյն աթոռին վրայ նստած ու նոյն խոժոռ պեխերուն ետին ապաստանած։ Նորէն իր բաժակ մը գարեջուրին նայեցաւ, նայեցաւ, նայեցաւ։ Ու յետոյ, երբոր բոլոր պղպջակները մէկիկ ֊մէկիկ ֆշրտացին ու սմքեցան, եւ երբ բաժակին պաղ ֊պաղ քրտինքները տաքցան ու հալեցան, նոր բաժակ մըն ալ ապսպրեց, նայեցաւ, նայեցաւ, նայեցաւ, ու ելաւ գնաց։

Միւս օր ու միւս օրերը աւելի ու աւելի կանուխ գացի հոն, աւելի մօտիկ նստելու համար այս հիւանդոտ սփինքսին։ Բայց միշտ նոյն բանը միայն տեսայ։

Իր որոշ ժամուն գարեջրատունէն ներս կը մտնէր. դուռին ու պատուհանին միջեւ զգուշաւոր հեռաւորութիւն մը կ ՚ընտրէր՝ օդի հոսանքներուն չենթարկուելու համար. առանձին սեղան մը կը զատէր հոն, ու… չլը՜խկ… աթոռին վրայ կը նստէր տոպրակ մը ոսկորի պէս։

Վերարկուն բնաւ չէր զատեր կռնակէն, թերեւս իր նստատեղիին ոսկորները չցաւցնելու համար։ Բայց ինչո՞ւ իր գլխարկն ալ չէր հաներ բնաւ, ու ինչո՞ւ մանաւանդ այս հաստ կաշիէ ձեռնոցները այս ամառ օդերուն…։ Անոնք այնպէս անխախտ կերպով փակցուած, կոճկուած էին իր ձեռքերուն վրայ՝ որ կարծես ա՜լ իր մարդակազմութեան մաս կը կազմէին։ Ինչո՞ւ բնաւ չէր հաներ զանոնք. բորո՞տ էր արդեօք…։

Այսպէս կը նստէր ան մի՛ս֊մինակ, շի՛փ֊շիտակ, բացարձակօրէն անշարժ, երբեմն ֊երբեմն ջղային աչք մը քթթելով իր առջեւի գարեջուրին։ Ու յետոյ, առանց ժամացոյցը հանելու, բայց միշտ ու ճիշդ նոյն վայրկեանին, կարծես զսպանակէ մը մղուելով, կ ՚ելլէր կ՚երթար։

Հետաքրքրութիւնս երթալով այնքան աւելցաւ այդ խորհրդաւոր ձեռնոցներուն, գլխարկին ու գարեջուրներուն շուրջ, որ օր մը որոշում տուի անպատճառ գիշերն իրեն քով երթալ ու որեւէ պատրուակով մը հետը խօսիլ։

Սակայն այդ գիշերն իսկ, այդ զարմանալի մարդը՝ կարծես թէ գուշակելով իմ որոշումս՝ գարեջրատուն ոտք չկոխեց։ Ու այսպէս շաբաթ մը, երկու շաբաթ, երեք շաբաթ անցաւ։ Մտածեցի թէ անշուշտ օտարական ճամբորդ մըն էր ան՝ որ մեկնեցաւ մեր քաղաքէն՝ քիչ մըն ալ ուրիշ տեղ ապսպրելու համար իր դիւթական գարեջուրները։

Բայց ահա օր մը, բնա՛ւ չսպասած մէկ վայրկեանիս – բժշկութեան մէջ երբեմն կը պատահին այս անակնկալները – զիս հրաւիրեցին մասնաւոր դարմանատուն մը՝ հայ հիւանդի մը համար։ Ու ի՜նչ մեծ եղաւ զարմանքս երբ ինքզինքս յանկարծ դէմ դէմի գտայ այս կենդանի սփինքսին հետ…։ Վե՜րջապէս պիտի կարենայի մօտէն դիտել այս վագրին գլուխը։

Վագրին գլո՞ւխը։ Գլխարկ չունէր հիմա, ու վեց թել մազեր՝ իր շլինքէն, ականջներէն, ու թեւերուն տակէն երկնցնելով բերեր, դարձուցեր, փակցուցեր էր ճակտին չորս կողմը, ու այդպէսով բարակ կեղծամ մը ձեւացուցեր էր, որուն տակէն դեղինէն կանաչի զարնող գանկ մը պահել կը ջանար իր անկիւնաւոր ու ողորկ գծագրութիւնը…։

Մինչեւ հիմա այս մարդը հետաքրքրութիւնս կը շարժէր միայն, իսկ հիմա մէկէն ի մէկ գութս շարժեց։

Երեսունհինգին մօտերը երիտասարդ մըն էր ան, բայց եօթանասուննոց պառաւի մը պէս հիւծած։ Երբ այս արագ ծերութեան պատճառը հարցուցի իրեն.

– Տասը տարիէ ի վեր անօթի եմ… – ըսաւ։

Ու յետոյ, չորցած բերան մը բանալով.

– Անօթութիւնը հոգս չէ, բայց ծարաւէս կը մեռնիմ… – աւելցուց։

Պոլսեցի ընտանիքի մը միակ զաւակն էր ան։ Իր ծնողքը հարուստ էին, շատ հարուստ, չափազանց հարուստ։ Տղան քսանհինգին մօտերը աղիքներու խանգարում մ ՚ունեցաւ՝ որ տասը տարիէ ի վեր կը տեւէր ահա։ Եթէ օրապահիկը շահելու համար աշխատելու ստիպուած մէկը ըլլար, ոեւէ խղճամիտ բժիշկ մը բաւական պիտի ըլլար մոռցնելու այդ հիւանդութիւնը։ Բայց հարուստ էին ու չգիտցան որ բժիշկները գումարելով՝ չարիքը կը բազմապատկէին…։

Ոմանք յանցանքը ստամոքսին գտան, միւսները աղիքները դատապարտեցին, աւելի վարպետներ լատիներէն անուններ մռլտացին։ Ու իւրաքանչիւրն ալ իր դեղը գովեց, իր արգելքները դրաւ սնունդներուն վրայ։

Երբ հինգ ֊տասը գիտնականներ այսպէս իրար հրմշտկելով ինկան մինչեւ այն ատեն մոռացութեան ու տգիտութեան մէջ գործող ստամոքսի մը վրայ, հետեւանքն այն եղաւ որ այդ համեստ գործարանը՝ յանկարծ բեմին առաջին դերակատարութեան հրաւիրուելով՝ նախ շուարեցաւ, շփոթեցաւ, յետոյ շփացաւ, չարացաւ, իր կարեւորութիւնը չափազանցեց, խստապահանջ ու զայրացկոտ եղաւ։

Այդ շուարած ու սանձակոտոր ստամոքսը զսպելու համար դեղ չմնաց, ծոմապահութիւն չմնաց որ չփորձէին…։ Սնունդներուն քանակը այնքան իջեցուցեր, այնքան քիչցուցեր էին, որ ստամոքսը երթալով ինքզինքը կերեր, հալեր, մաշեր էր, ու աղիքները բարակցե՜ր, բարակցե՜ր էին, երախայի աղիքներու պէս…։

Խեղճ երիտասարդը՝ տասը տարի համբերելէ վերջ այս տաժանակիր անսուաղութեան՝ մահը աչքն առնելով ինքզինքը մինչեւ Եւրոպաները, մինչեւ Լօզան նետեր էր։ Բայց հիմա շատ ուշ էր արդէն, ու մարսողական գործարաններն այնքան ծիւրեր էին՝ որ յաճախ պատառ մը սնունդ բաւ էր զինքը շաբաթներով փորահարելու…։

Տարիներ ամբողջ դատապարտուած էր մանուկի մը պէս գրեթէ միայն կաթով սնանելու։ Այնպէս որ իր խոժոռ պեխերուն ետեւ պահուըտած շրթունքները չես գիտեր ի՜նչ մ ՚ունէին մանկական ու անմեղ։ Արդէն հազիւ թէ խօսելու համար բերանը բանար՝ իսկոյն կը փոխուէր իր դէմքին կնճռոտ գծագրութիւնը։

Տղու խաղալիքներուն մէջ փայտէ մարդեր կան՝ որոնց չուանը բռնելուդ պէս կը սկսին ոգեւորուիլ, շարժտկիլ, խանդավառուիլ, խնդացնել, բայց չուանը թողելուդ պէս կ ՚ըլլան նոյն փայտէ մարդը, անշարժ ու շիփ ֊շիտակ գետին պառկած։

Այդպէս ալ՝ երբեմն առտուընէ մինչեւ իրիկուն փայտէ մարդու մը պէս շիփ ֊շիտակ պառկող այս մարդը, իր ձեռքը սեղմելուս պէս կը դառնար ամէնէն անուշիկ, ամէնէն ճռուողուն, ամէնէն քաղաքավար մարդը, որ հաճելի ըլլալու համար հազարումէկ կտոր կ՚ըլլար, կ'ոգեւորուէր, միամիտ ու մանկական բաներ կ ՚ընէր իր յուզումէն շուարելով.

– Ճա՛թ… ճա՛թ… ճա՛թ… ճաթելիք բան է այս մենութիւնը, Տոքթէօր։ Ճը՛գ… ճը՛գ… ճը՛գ… ճգնաւորները աղէկ են, գոնէ երբեմն մարապետի երես կը տեսնեն…։

Այս ճը՛գ… ճը՛գ… ճգնաւորին բաղդատութիւնը յաճախ կու գար լեզուին ծայրը։ Որովհետեւ տունը մնացած աղջիկներուն պէս՝ կոյս մնացած մարդերուն ալ միակ ցաւը այդ աւելորդ առաքինութիւնն է։ Մնաց որ իր առաքինութեան միակ պատճառը իր ծայրայեղ վախկոտութիւնն էր միայն։

Վախկոտութի՜ւն մը, վախկոտութի՜ւն մը, որուն նմանը ես չտեսայ դեռ։

Երեւակայեցէք որ իր հաստ կաշիէ ձեռնոցները՝ որ ձեռքէն երբեք չէին ելլար՝ պարզապէս միքրոպներու վախէն կը պաշտպանէին զինքը։

– Շատ֊շատ, – կ՚ըսէր, – եթէ չգիտցած մէկ մարդուս ձեռքը սեղմեմ, այս ձեռնոցները նետելով ուրիշ զոյգ մը կը գնեմ…։

Յետո՛յ միայն սորվեցայ որ սրճարանին մէջ՝ իր վերարկուն ու գլխանոցն ալ չհանելուն պատճառը՝ պարզապէս զանոնք կասկածելի գամէ մը չկախելու համար էր…։

Օր մը իր գլխարկը պատահմամբ գետին իյնալով՝ մուշտակապատ մատներուն ծայրովը զայն բռնեց, ու մուկ մը բռնած տղու մը պէս նողկալով՝ դեղարան գնաց, գլխարկը հականեխել տուաւ, վճարեց, չհաւնեցաւ, նետեց, նոր մը գնեց…։

Ու երբ այս ծայրայեղ զգուշութեան վրայ խնդալ սկսայ, բժշկութեանս վրայ կասկածելու չափ առաջ գնաց։

– Երեւակայեցէք որ, – ըսաւ, – եթէ այդ հողին վրայ օրեր առաջ թոքախտաւոր մը թքած ըլլար, ի՜նչ կ ՚ըլլար իմ վիճակս…։ Եւ այս բծախնդրութեանս շնորհիւ է որ մինչեւ այս հասակս « կնկայ հիւանդութիւն » մը չեմ առած…։

Այսքա՜ն միամտութիւն, այսքա՜ն մանկութիւն, անշուշտ անհաւատալի կը թուի ձեզի, այնպէս չէ՞։

Բայց դուք որ այսպէս կը խորհիք՝ արեւուն ծագելէն մինչեւ մարը մտնելը քանի մը պնակ կերակուր կը մարսէք դուք։ Իսկ այդ մարդը ձեզի պէս չէ։ Դուք ի՜նչ կը խաբուիք անոր խոժոռ պեխերէն. երեւակայեցէք որ երեսունհինգ տարու այդ մարդը միմիայն կաթով կ՚ապրի, ծծմօր երախայի մը պէս։ Երեւակայեցէք նաեւ որ այդ երեսունհինգ տարու մարդը գաւաթ մը ջուր չի կրնար խմել՝ առանց տասն անգամ պէտքարան վազելու…։

Ու այն ատեն պիտի զգաք – եթէ քիչ մը սիրտ ունիք – որ այս խեղճ մարդը որքա՛ն ալ շուարած, վախկոտ, ծիծաղելի ըլլայ՝ իրաւո՛ւնք ունի։ Ան ծաղրանքէ աւելի գութի արժանի է։

Դժբախտութիւն մը իրական ըլլալու համար պէտք չունի անպատճառ սեւերով ու արցունքով ներկայանալու։ Թշուառութիւն մը գութ շարժելու համար պէտք չունի իր պայմանադրական ցնցոտիներուն… ինչպէս որ գրականութիւն մը տխուր ըլլալու համար պէտք չունի անպատճառ լալկան ըլլալու։ Հին ու ծթռած գաղափարներ են ասոնք։

Գոնէ ես աւելի՛ դժբախտ մէկը չտեսայ այս դժբախտութեան հովտին մէջ քան այս զարմանալի հիւանդը, որուն ճը՜գ… ճը՜գ… ճգնաւորները զիս կը զուարճացնէին… Ես աւելի՛ անկեղծօրէն աղքատ մարդ մը չգտայ դեռ աշխարհիս երեսին, քան այս հարուստ, մեծահարուստ երիտասարդը, որ բաժակ մը գարեջուրի առջեւ ծարաւէն կը հիւծէր…։

Սա արեւուն, փողոցները սլքտացող մուրացկանը վստահ է, որ գոնէ կուշտ ու կուռ ջուր մը պիտի խմէ դէմի աղբիւրին ծորակէն՝ բերնին աւելցուքներն ալ կուրծքին մազերուն մէջ կաթկթեցնելով արծաթի կայլակներու պէս…

– «ՈՍԿԻ՜…», – կը համերգեն նորերը իբրեւ միակ երջանկութիւն հռչակելով այդ դժբախտութեան մետաղը։

Սո՜ւտ խօսք։ Եթէ երջանկութիւնը ոսկիներով դատուէր, այս մարդուն նախանձող ուրիշ երջանիկ մըն ալ պիտի գտնուէ՞ր արդեօք…

– Կին, խաղ, գինի… – ըսեր են հիները՝ կեանքի գլխաւոր հաճոյքները դասաւորելու համար։

Կինը, տեսանք, որ միայն միքրոպներու ամպի մը ետեւէն երեւցաւ իրեն։

Խաղերուն ուրիշ տեսակը ան չճանչցաւ՝ բայց միայն իր աղիքներուն խաղը։

Իսկ գինի ին ո՛չ թէ միայն ջրախառնովը պիտի գոհանար, այլ մի՛միայն ջուրովն ալ… բայց…։

– Օր մը սափրիչին գացեր էի ածիլուելու, – կ'ըսէր, – երբ ան ոսկեգոյն կոնքին մէջ պաղպաջուն ջուրը վզիս բռնեց ու շրթներուս այնքա՜ն մօտ բերաւ, որ եթէ չխպնէի՝ անասունի մը պէս պիտի ծծէի այդ ամբողջ ջուրը…

Հաճոյքներու ա՛յսքան ամուրի կեանքէ մը վերջ, հիմա որ ա՜լ մահուան մօտիկութիւնը կը զգար, մէ՛կ փափաք ունէր, հայրենի՜ք դառնալ։

– Եթէ վաղը յանկարծ մեռնիմ, – կ՚ըսէր, – մա՛րդ մը չկայ, մատո՛ւռ մը չկայ, լացող մը չկայ, շան դիակ մը ինձմէ աւելի բախտաւոր է…

Ու յետոյ, իր վախերը աւելի ճշդելով՝ յուզումէն կը թոթովէր.

– Ճեմ… ճեմ… ճեմ… ճեմիշի մէջ հոգիս պիտի փչեմ…

Որովհետեւ հիմա ալ սկսեր էր կարմիր փորահարել, ու անգամ մը այդ արիւնին տեսքէն կէս ժամ նուաղուն մնացեր էր նստած տեղը…։

Այս վիճակին մէջ ինչպէ՜ս կրնայի արտօնել այդքան մեծ ճամբորդութիւն մը։

Բայց ան անպատճառ պնդեց որ երթայ, ու գնաց ալ։

Իր մեկնելէն ի վեր յաճախ գացի այն սրճարանը ուր առաջին անգամ տեսեր էի զինքը։ Ու իւրաքանչիւր գարեջուրիս մտքիս առջեւ կը պատկերանար այդ ճերմկոտիկ ու բարակուկ երիտասարդը, որ իր լեցուն բաժակին կը նայէր, կը նայէր, կը նայէր ու կ՚երթար…։

Ի՜նչ ճակատագիր այս տղուն ճակատագիրը…։

Իր հայրը ամբողջ կեանքով աշխատեր, աջէն ու ձախէն փրցուցեր, աղքատներուն ակռայէն եւ բանուորներուն ձեռքէն խլեր էր, դիզեր ու դիզեր, որպէսզի օր մը իր տղան ու իր տղուն տղաքները առանց աշխատելու հա՜ց ունենան տասը, յիսուն, հարիւր տարի…։

Եւ սակայն – դուք ի՜նչ կ ՚ուզէք ըսէք, ես կը հաւատամ գերագոյն արդարութեան մը – իր տղուն տղաքները երբեք պիտի չծնէին, ու իր տղան պիտի մեռնէր անօթի…։

Իր ոսկիներու դէզին մէջ ան պիտի մեռնէր անսուաղ, այո՛,– ու մամիկի հեքիաթ մը չէ ասիկա։

Ամբողջ տասը տարի առանց հացի ու ջուրի ապրելէ վերջ, ան պիտի մեռնէր աւելի չուառական քան դաշտերուն յետին աստանդականը որ խոտերուն մէջ՝ արեւուն տակ կը փռէ իր դիակը…։

Ան պիտի մեռնէր դեռ հայրենիք չհասած, մի՛ս֊մինակ, պատն երեսին, շոգենաւի մը ճեմիշին մէջ։

Ճանչցող մը, լացող մը պիտի չունենար։

Ո՛չ իսկ գերեզման մը։

Ժանտախտի մը վախէն զինքը ծովը պիտի նետէին։

Ա՛ռ քեզի ջուր, ծարա՜ւ մարդ…։

Տոքթէօր քօզմօզ

ՏՈՔԹԷՕՐ ՔՕԶՄՕԶ

Քեզի այս անգամ պիտի գրեմ, Տոքթէօ՛ր, այն զուարճալի ու տխուր պատմութիւնը, որ իմ բժշկական պատմութիւնս է, գաւառի այս խուլ անկիւնը հաստատուելէս ի վեր։

Սկիզբէն սկսի՞մ։

Է՛ն առաջ ըսեմ որ մենք այստեղ Տոքթէօր Քօզմօզ մը ունինք, որ ամէն բանին սկիզբն ու վերջն է։

Մտքիդ առջեւը բեր Էսքիւլաբի արձանը։ Այդ բժշկութեան աստծուն վարտիկ հագցուր, վրայէն ալ մինչեւ ոտքերը իջնող եւ սեւէն կանաչի զարնող րէտէնկօթ մը, կոնաձեւ բերնին մէջ սիկարէթ մը դիր, ճակտին վրայ ալ՝ դէպի ետեւ նետէ աշտարակաձեւ ֆէս մը Բիզայի ծուռ աշտարակին պէս ու աչքիդ առջեւ պիտի ունենաս նոյն ինքն Տոքթէօր Քօզմօզը։

Այնպիսի ատեն մը, երբ դեռ բժշկութեան խօսքն անգամ չկար այս կողմերը, այս մարդը, առաջին անգամ ըլլալով եկած է գաւառի այս խաւար անկիւնին մէջ իբրեւ բժիշկ հաստատուելու եւ իբրեւ բժիշկ ապրելու։

Ինչպէս որ դեռ հիմա ատամնաբուժութիւն չկայ հոս իբրեւ առանձին արհեստ, այնպէս ալ ժամանակին բժշկութիւնը իբրեւ առանձին զբաղում գոյութիւն չունէր։ Փոխն ի փոխ ժամուն տէրտէրը, գիւղին մամիկը կամ թաղին սափրիչը կը կատարէին այդ տխուր պաշտօնը։

Այն ատենները Հիփոքրաթին գիւտը դեռ չէր ապրեցներ իր մարդը։ Անոր համար ալ գլխաւորապէս… մեռելները կը զբաղէին այդ գործով։ Եթէ գիտնայիր հիւանդութեան այս կամ այն տեսակին համեմատ այսինչ կամ այնինչ սուրբին գերեզմանին վրայ ծունկ մը աղօթք ընել, դարմանը անխուսափելի էր…։

Տոքթէօր Քօզմօզ եկաւ, տեսաւ, յաղթեց։

Մէ՛կ հարուածով, բժշկութիւնը գաւառին մէջ առանձին ու առանձնաշնորհեալ պատուանդանի մը վրայ դրաւ, տէրտէրութեան, տիրացութեան, ժամկոչութեան պէս։

Եւ որպէսզի յաջողութիւնը ապահով ըլլար, բժշկութիւնն ալ, անոնց պէս, եկեղեցիին անմիջական թեւարկութեան տակ դրաւ։

– Զաւա՛կս, – կ ՚ըսէր իրեն դիմող հիւանդին, – այս շաբթու պահքդ աւրեցի՞ր։ Ինծի գալէ առաջ մեղաւոր գլուխդ տէրտիրոջ աւետարանին տակ դրի՞ր։ Տիրամօր պատկերին առջեւ մոմդ վառեցի՞ր։ Ուխտդ ընդունական եղա՞ւ։ Բոցը շիտա՞կ ելաւ թէ՞ ծուռ ելաւ։ Մեծերուդ խօսքը լսեցի՞ր։ Մէկու մը սիրտը ցաւցուցի՞ր։ Քեզի տալիք դեղս սուրբ է, զաւա՛կս, ուտիք բերնով չուտես, Աստուած բերանդ կը ծռէ…։

Այսպէս, այս տարօրինակ մարդը, աւետարանն ու դեղարանը, տգիտութիւնն ու գիտութիւնը, ծոմն ու մոմը իրար խառնելով, զարմանալի ու անիմանալի բժշկութիւն մը դարբներ էր։

Չըսի՞ արդէն, որ այս Հայը գաւառին Հիփոքրաթն էր, իր տեղին աստուածը, որ, օր մը, իրմէ վկայական մը հարցնողին հանդարտօրէն պատասխաներ էր.

– Ես բժշկութիւնը չսորվեցայ, ես բժշկութիւնը ստեղծեցի…։

Ու հիմա, որ ժամանակին ազդեցութեան տակ իր համբաւը սարէ սար էր գացեր եւ իր մազն ու մօրուքը փոշոտեր, փշոտեր էին, ան, չես գիտեր ի՜նչ մը ունէր պատկառելի եւ ահաւոր, դարերու փոշիին տակ բաղեղոտած աւերակի մը չարագուշակ վեհութիւնովը։

– Ուզածը կ՚ապրեցնէ, ուզածը կը մեռցնէ, – կ ՚ըսէին իրեն համար…։

Ապրեցնելը չեմ գիտեր։ Գիտեմ միայն, որ այս մարդը զիս ողջ ֊ողջ մեռցուց, լմնցուց, թաղեց։

Երեւակայէ, որ տունէ տուն շրջելով, դեռ բարի լոյս ֊Աստծու բարին մը չփոխանակած, սա՛ տեսակ խօսքեր կը տանէր ականջէ ականջ, կարգախօսի մը պէս.

– Զաւակնե՛րս, Աստուած մեր գլխուն աս ի՜նչ փորձանք, աս ի՜նչ ցուցանք մը ղրկեր է… հայ քրիստոնեայ ըսածդ ալ երեսին վրայ քրիստոնեայի շնորհք մը ունենալու է… Աստուած մի արասցէ, եթէ այդ անհաւատին ձեռքէն հիւանդ մը մեռնի, շիտկէ շիտակ դժոխք կ՚երթայ…։

Երեւակայէ՜…։

Ես հոս եկեր էի իբրեւ հայ գեղջուկին բարեկամ, իսկ ան ինձ ցոյց կու տար իբրեւ ժողովուրդին թշնամի։ Դրացիներս անգամ ինծի կէս ֊բերնով կը բարեւէին, Աստուծոյ ու տէրտէրին անհաճոյ չըլլալու համար։

Անկարելի կացութեանը մէջ կը գտնուէի մէկու մը, որ ողորմութիւն տալ կ ՚ուզէ ու աղքատ չի գտներ…։ Ձեռքերս պտուղով լեցուն բորոտի մը պէս էի եւ այդ պտուղը ամէնէն ծարաւիներն անգամ պիտի գանէին ուտելու…։

Գիշեր մը, երբ այս կարգի տխուր խորհրդածութիւններու մէջ թաղուած էի, ուժգին ուժգին դուռս ծեծուեցաւ.

– Ո՞վ է… ի՞նչ կ՚ուզէ…։

– Աղային աղջիկը թունաւորուեր է, բժիշկ կ՚ուզէ…։

– Քօզմօզին չերթա՞ք…։

– Տոքթէօր Քօզմօզին րոմաթիզմ ը բռներ է, տեղէն չի կրնար եղեր երերալ…։

Վա՜յ, Քօզմօզ, վա՜յ…։

Ամէն պարագայի տակ իր ցաւերը շա՜տ յարմար ատենին բռներ են… եթէ հիմա Աղային աղջիկը իմ ձեռքերուս մէջ մեռնի, ինչ որ շատ հաւանական է, զիս ալ հետը պիտի մեռցնեն, ուրիշ ճար չկայ…։

Դողալով ու շուարած կը հասնիմ հիւանդին սնարին վերեւ։

– Թունաւորուե՞ր ես, աղջիկս։

– Այո՛, Տոքթէօր…։

– Ի՞նչ կերար, աղջիկս։

– Հարիւր լուցկի կերայ, Տոքթէօր…։

Հարի՜ւր լուցկի… այսինքն տասը սանթիկրամ ֆօսֆօ՜ր…այսինքն էշ մը մեռցնելու չափ թո՜յն… այս հրեշտակը պիտի մեռնէր ուրեմն, ճա՛ր չկար…։

Իսկոյն վրան կ՚իյնամ, բերանը կը հոտուըտամ… սխտոր կը հոտի… ահաւասիկ փաստ մըն ալ… կասկած չկայ որ աղջիկը այդ լուցկիները կերե՜ր է…։

Ծնողքը հնդկաիւղ է խմցուցեր թոյնը դուրս քշելու համար։ Հնդկաիւղը, որ բոլոր թունաւորումներուն համար լաւ է, ֆօսֆօր ի թունաւորման համար շատ գէշ է։

Անմիջապէս գաղջ ջուրով կը լուամ ստամոքսը, կը փսխեցնեմ, կը շփեմ, երբեմն ֊երբեմն քանի մը կաթիլ թէրէպէնթին կը խմցնեմ եւ վերջապէս աղջիկը կ ՚ազատեմ ստոյգ մահուընէ…։

Հետեւեալ օրը, սար ու ձոր կայծակի արագութեամբ լուր կը տարածուի, թէ նոր Տոքթէօրը Աղային աղջիկը մահուընէ ազատեր է։

Ցերեկին դէմ զանգակս կը զարնուի եւ հազիւ թէ դուռը բացուած, վարէն կռկռոց մը, կռկռոց մըն է կը փրթի։

– Աս ի՞նչ աղմուկ է, Մարիամ…։

– Տոքթէօ՛ր էֆէնտի, – կ ՚ըսէ սպասուհին. – Աղային աղջկան նշանածին տունէն երկու հաւ եւ մէկ աքլոր եկաւ. բերողին պախշիշ մը տալո՞ւ է…։

Հազիւ թէ այս փետրաւոր հիւրերը տեղ մը թխելու ժամանակ կ՚ունենանք, երբ դուռը նորէն կը զարնուի։

Զարմանալի՜ բան… այս դուռը մինչեւ հիմա ասանկ բանած չունէր։ Արդեօք հաւերը սխա՞լ հաս ցէի բերին եւ ե՞տ պիտի ուզեն…։

Բայց այս անգամ ալ, սենեակէն ներս, ճերմակ ու սեւ ճագարներու վլվլուք մը, վազվռտուք մը, պահուըտուք մըն է կը սկսի…։

– Աս ի՞նչ է նորէն, Մարիամ…։

– Աս լապստակ ները Էլմասենց Պօղոսին նուէրն են եղեր… անանկ կ՚ըսէ, որ երէկ գիշեր իր սիրականը մահուընէ էք ազատեր…։

Բայց ահա, դուռը նորէն կը զարնուի։

Տարիքոտ երիտասարդ մըն է, որ այս անգամ կը յառաջանայ՝ երկու ձեռքին երկու ողջ ֊ողջ գառնուկ բռնած…։

– Ասո՞նք որ սուրբին համար են, – կ ՚ըսեմ զարմանքէ զարմանք իյնալով։

– Սո՜ւսսսս… – կ՚ըսէ, մատը բերնին տանելով։ – Երէկ գիշեր ձեր ինծի ըրած բարիքը շուտով ֊շուտով մոռցուելիք բարիքներէն չէ…։

– Բայց…։

– Սո՜ւսսսս… – կ ՚ըսէ նորէն խորհրդաւոր մատը բերնին տանելով, – թող սպասուհին չիմանայ… Աղային աղջիկը գողտուկ լուր է ղրկեր ինծի, որ եթէ երէկ գիշեր դուք չըլլայիք, ան հիմա մեռած պիտի ըլլար արդէն… այս բոլոր եղածները իմ սիրոյս համար են…։

Վա՜յ, ցաւագար, վա՜յ…։

Հազիւ թէ այս մէկն ալ ճամբեցի եւ այդ հաւերը, լապստակները, գառնուկները տեղ մը թխմեցի, երբ դուռը նորէ՜ն զարնուեցաւ։

Եւ այս անգամ սենեակին դրան ճեղքէն երկու գլուխ մէկանց ներս նայեցան, ֊ մէկը մարդու գլուխ, միւսը իշու ձագի՜…։

– Կը ներէք, Տոքթէօր, բերած նուէրնիս պզտիկ է, բայց օր մը հարկաւ կը մեծնայ… ձեր ըրածը ասկէ աւելիին արժանի էր, բայց ի՜նչ ընեմ, ձեռքիս տակ աս կար, աս բերի… երէկ գիշեր դուք ոչ թէ մէկ այլ երկու հոգի մահէն ազատեցիք, Տո՛քթէօր։ Եթէ Աղաւնին մեռնէր, ես ինչպէ՞ս կրնայի ապրիլ… որովհետեւ, Տո՛քթէօր, աս մերինը մէկ օրուան սէր չէ, մենք օրօրոցէն իրարու խոստացուած ենք… բայց հիմա որ աղջիկը ուրիշի մը նշանեցին, ան ալ մեռնիլը աչք առեր է… աման, Տո՛քթէօր, դուք սըւոր հայրիկին հասկցնէիք որ…։

Ա՛ռ քեզի հիմա իշու ձագ մըն ալ, ա՜ս էր պակաս…։

Ի՞նչ երկնցնեմ։ Այդ օրը ինծի համար եղաւ փառքի եւ թագաւորութեան պէս օր մը, որուն նմանը ա՜լ կեանքիս մէջ չեմ կարծեր որ ունենամ։

Որովհետեւ այդ սատանորդի աղջիկը, իր բոլոր սիրահարներն ալ զատ ֊զատ համոզեր է, որ իրե՛ն համար թոյն է խմած… մինչդեռ անձնասպան ըլլալ նոյնիսկ չէ՜ փորձեր…։

Եւ ես, որ այս բոլոր գեղջուկ սիրահարներուն միամտութեանը վրայ կը խնդայի, ամէնէ՛ն մեծ խաբուողն եմ եղեր…։

Տոքթէօր Քօզմօզ, հետեւեալ օրն արդէն թաղէ թաղ սկսեր է լուր տարածել, թէ աղջկան իբրեւ թէ կերած հարիւր լուցկիները, անկողնին տակէն գտնուեր են…։

Հապա բերնին սխտոր հոտիլը ֆօսֆօր ի թունաւորման ստոյգ նշան մը չէ, պիտի ըսես։

Անշո՛ւշտ։ Բայց գիւղին մէջ որի՞ն բերանը հոտուըտացեր են եւ սխտորի հոտ չեն առեր…։

***

Տոքթէօր Քօզմօզ չարութենէն եւ ուրախութենէն երիտասարդացեր եւ ուրիշ մարդ մը եղեր էր։

Որոշեցի հետեւաբար քթէն ֊բերնէն բերել իր ուրախութիւնը եւ բերի՛ ալ։

Իր ամէնէն տկար կէտը, իր մեծութիւնն ու փոքրութիւնը կը կայանար իր մասնագիտութեան մէջ,– մէզի տարօրինա՜կ մասնագիտութիւն մը։

Այս տգէտ մարդը գաւառին մէջ անանկ համբաւ մը հանած էր, որ ինք կարող էր, առանց հիւանդը տեսնելու, պարզ գաւաթ մը մէզի մէջ կարդալ հիւանդին ո՞տքը թէ ակռան ցաւիլը։ Կամ, խելացի՞ թէ անխելք ըլլալը, քանի՞ տարի ապրիլը, վերջապէս ովկէա՜ն մը գիտութիւն, գաւաթ մը մէզի մէջ…։

Արդ, այդ աղջկան խնդրին համար անգամ մըն ալ Աղային տունը հրաւիրուած ըլլալով, խնդրեցի իրենցմէ գաւաթ մը մէզ ղրկել Քօզմօզին, քննելու համար։

Տոքթէօր Քօզմօզ, իր համայնագէտ քթին երկու խոռոչները գաւաթին մէջ մտցնելէ վերջ, արձակեր էր իր վճիռը.

– Այս հեղուկը յղի աղջկան մը մէզն է… յղութեան հեղինակն ալ անհաւատ Տոքթէօր մը…։

Է, գիտե՞ս ով էր այդ մէզին ալ հեղինակը։

Պարզապէս, Աղային ջորի՜ն…։

Կ՚երեւակայե՞ս հիմա, ամօթին, խաղքութեան, խայտառակութեան մեծութիւնը։ Ասիկա, կէս դար տեւած խեղճ ու կրակ բժշկութեան մը յանկարծակի սնանկութիւնն էր, տգիտութեան աշտարակի մը փլուզումը, աստուծոյ մը մա՜հը…։

Ու իրաւ ալ, հարուածին սաստկութենէն, Տոքթէօր Քօզմօզ մեռաւ սրտի հիւանդութեամբ մը։ Բայց մեռնելէն առաջ վսեմ խօսք մըն ալ ըսաւ, իբրեւ իր վերջին սուտը.

– Կեանքիս մէջ մէկ սխալ անալիզ մը ըրի, զաւակներս, ատոր համար ալ կը մեռնի՜մ կոր…։

Մարտիրոս պոլսեցեան

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊՈԼՍԵՑԵԱՆ

Բարեւ ձեզ, տոքթէօր։ Ծառայականս ազգիս պանդուխտ զաւակներէն եմ։ Օր մը երբ գրի առնուի մեր ցեղին այս վերջին արիւնոտ տագնապը, մենք ալ մեր համեստ անունը պիտի ունենանք մարտիրոսներու ցանկին մէջ…։ Արդէն անունս ալ Մարտիրոս Պոլսեցեան. ճակատագի՛ր…։

Արհե՞ստս. Մարտիրո՛ս, տոքթէօր, Մարտիրո՜ս…։ Ծննդավա՞յրս. Պոլսեցեան չըսի՞…։ Ես կ ՚ուզեմ որ երբ մէկու մը այցետոմս տամ, իսկոյն հասկնայ թէ անունս ի՞նչ է, ո՞ւր տեղ ծներ եմ, ի՞նչ գործով կը զբաղիմ. մարտիրոս մը ի՛նչ գործով կրնայ զբաղիլ վերջապէս…։

Ամբողջ կենսագրութիւն մը երկու բառով. Մարտիրոս Պոլսեցեան։ Ուշիմ մարդ մը կրնայ թուականն անգամ հասկնալ՝ որ այս խեղճը 1896֊ ի զոհերէն ըլլալու է։ Ճիշդն ալ այս է, տոքթէօ՛ր։

Այդ կարմիր թուականէն առաջ՝ ես Սամաթիոյ մօտերը ի՜նչ եզներ, ի՜նչ կովեր ունէի։ Բայց ո՛չ թէ դրամ շահելու համար։ Ես վաճառականի գլուխ ունի՞մ…։ Հապա, կուրծքս տկար ըլլալուն. այն ատենի բժիշկները աղբի կը դատապարտէին թոքախտաւորները։

Վրայ հասաւ կոտորածը։ Եզ, կով, ազգական, բարեկամ, ետեւ ձգելով փախայ Եգիպտոս։ Բայց այն ատենի Եգիպտոսը գիտէք. բոլոր ջարդէն փախչողները հոն էին։ Մէկը ջրկիր, միւսը բեռնակիր, միւսը գրագիր, ամէնքն ալ անօթի։

Իմ վտիտ առողջութիւնս այս կեանքին կրնա՞ր դիմանալ։ Նայեցայ որ հաշիշի առուտուրը խստիւ – բայց խստի՛ւ արգիլուած է։ Հետեւապէս ես այդ գործին նուիրուեցայ։ Արգելքին դէմ կռուիլը միշտ սիրած եմ արդէն։ Գրպանիս մէջ ոսկիները խրշկալ սկսան. ամէ՛ն օր նոփս֊նոր. որովհետեւ օրուան վաստակս գիշերը արաբական սրճարանի մը մէջ կ՚ուտէի։

Ես դրամ ծախսելը միշտ սիրած եմ արդէն։ Մա՛նաւանդ որ այդ սրճարանին մէջ սուրիացի երգչուհի մը կար, Աստծուն մէկ հրաշալիքը…։

Ի՜նչ հառաչներ արձակեցի, ի՜նչ շամփանիա ներ պայթեցուցի. բայց իմ կողմս չէ՛ր իսկ նայեր…։ Գիշեր մըն ալ ատրճանակս հանեցի, տա՛նկ, տա՛նկ, տա՛նկ, տա՜նկ, ո՛չ թէ երգչուհիիս վրայ, խե՞նթ եմ, այլ առաստաղին վրայ, պարզապէս ձայն հանելու համար։

Ի՞նչ, դատարա՞ն ըսիք։ Խելացի սրճարանապետ մը ինծի պէս առատաձեռն յաճախորդ մը դատարանին կը յանձնէ՞…։ Ընդհակառակը. շատ քաղաքավարութեամբ քովս եկաւ, ի՞նչ ուզելս հարցուց։ Ըսի որ ես այդ աղջկան գէշութիւն մը ցանկացած չունիմ, իմ միակ փափաքս այն է որ իրարու բարեկամ ըլլանք։

Վերջապէս ի՞նչ երկնցնեմ։ Այդ աղջիկը արիւնս խմեց, քսակս քամեց, անկողնի գամեց, ու գաղտնիքիս ալ մատնելով՝ զիս Եգիպտոսէն աքսորել տուաւ…։ Մարտիրո՜ս՝ չըսի՞…։

Պատմե՞մ հիմա աքսորականի կեանքս, անծանօթ երկիրներու տակ, անծանօթ երկիրներու մէջ, դատարկութիւնը գրպանիս գոգը, փտութիւնը թոքերուս խորը, պանդխտութեան ցուպը ձեռքիս…։ Կը հետաքրքրուի՞ք. գուցէ օր մը գրի կ՚առնէք… լալո՜ւ բան է…։

Ուրեմն հիմա ալ Գահիրէէն ելանք, Լոնտոն գացինք։ Բայց ասանկ վիթխարի ու եսասէր քաղաքի մը մէջ դուք ըլլաք նէ ի՞նչ կ'ընէք…։ Ես, անօթի ու հիւանդ, հազալով ու թքնելով, կը պտտէի Թայմզ գետին եզերքը։ Երբ օր մը շնորհքով հագուած անգլիացի մը քաղաքավարութեամբ ինծի մօտենալով տարօրինակ առաջարկ մը ըրաւ.

– Կը տեսնեմ որ ապրելու միջոց չունիս ու կեանքէդ յուսահատ ես, – ըսաւ։ – Առ քեզի սա ոսկին ու գետը նետուէ։

– Է՛, վերջը՞…

– Վերջը ես քեզ իսկոյն կ՚ազատեմ. դուն ոսկին պիտի շահիս, ես ալ ազատարար մէտայլ մը…։

Որոշումը տալս ու գետը նետուիլս մէկ եղաւ։ Միայն թէ ջուրէն հանուելուս պէս, անգլիացի փոլիսմէն ները զիս շիտակ բանտ տարին, թաց֊խխում…։

Մի՛ զարմանաք, այս ասպէ՛ս է։ Տարօրինակ երկիր մը։ Անօթի կը մնաս, հաց չեն տար։ Անձնասպանութիւնդ կ՚արգիլեն, ու մարդասպանութեան պէս կը պատժեն։

Ինչեւէ։ Ազատարարս կառավարութենէն իր մէտայլը շահեցաւ. ես ալ իրմէ ոսկի մը շահեցայ, միայն թէ այդ պաղ ջուրերուն մէջ կողատապ մըն ալ շահեցայ որ հաշուի մէջ չէր…։ Այս կողատապը ա՜լ աւելի ծանրացուց թոքախտս։

Հիմա ալ հազալով ու թքնելով, Լոնտոնէն ելանք, Փարիզ գացինք։

Յանձնարարական նամակով մը շիտա՛կ հայ որբեւայրիի մը տունը գացի ու – լոյս իջնէ իր հոգւոյն – հոն կառապանութեան ընդունուեցայ։

Քանի մը ամիս հանդուրժեցի այդ ախոռի հոտին։ Բայց այժմ արդէն բժշկական մէթօտ ները փոխուած էին, ու աղբին դրացնութիւնը ուղղակի գէշ կու գար կուրծքիս։

Նայեցայ որ ես այս կեանքով չեմ կրնար ապրիլ. ու օր մը տանտիկինիս նամակ մը գրեցի որ եթէ վեց ամսական իսկոյն կանխիկ տալով զիս ազատ չարձակէ, իր դիակը կառքիս ետեւէն կապելով Փարիզի փողոցներուն մէջ պիտի քաշկռտեմ…։

Պարա՛պ խօսք…։ Եկուր տես որ տիկինը այդ նամակով զիս դատարան յանձնեց։ Երբ դատարանը ինք հարցուց որ պաշտպանութեանս համար ըսելիք խօսք մը ունէի՞, յայտնեցի որ եթէ լեզու գիտնայի՝ հարկաւ ըսելիք բան մը կը գտնայի բայց. ես տանտիկինիս դառնալով.

– Աստուածամա՛յր, – ըսի, – ես փտած մարդ մըն եմ, ես քենէ կեանք մուրացի, դուն ինծի բանտ կը նետես…։

Միա՛յն այսքան։ Ես կտրուկ խօսքերը կը սիրեմ։ Ինք ալ բարեպաշտ կին մըն էր արդէն։ Նամակը ետ առաւ. ո՛չ միայն զիս ազատ արձակեց, այլ ուրիշ հայու մը համար ալ յանձնարարական մը տուաւ։

Այս մէկը հարուստ մարդ մըն էր. բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ թեթեւ խենթութիւն մը եկեր էր վրան։

Բաւական ատեն իրեն հետ երկիրէ երկիր ճամբորդեցինք։ Մէ՛կ հարցում մը ունէր՝ «Կլո՞ր է թէ ո՛չ», ու իմ պաշտօնս էր միշտ «Ո՛չ» պատասխանել։

Այս տգէտ խենթին ցաւը այն էր որ աշխարհը իրաւցընէ՞ կլոր է, թէ Կալիլէոս սխալած է պարզապէս…։

Օր մը լողալու համար ծով գնաց. յանկարծ ջուրին տակը մտաւ (տեսնելու համար որ ծովին տակն ալ կլո՞ր է… մարդերուն պէս) ու ա՜լ դուրս չելաւ…։ Ազգականներն ալ շատ խորը չփնտռեցին արդէն, որովհետեւ գոնէ՛ թողած ժառանգութիւնը կլոր էր…։

Աս կռնակիս մուշտակը, աս արծաթ գաւազանը, աս ոսկի շղթան, աս ձեռքիս մատանին, որոնց թերահաւատի աչերով կը նայէիք, համոզուեցէ՛ք որ կեղծ չեն,– ես կեղծ բան չեմ սիրած կեանքիս մէջ,– անոնք խենթիս ինծի թողած յիշատակներն են որ ծովէն ժողվեցի…։ Քանի մը բան ալ երախտապարտ ընտանիքը ինծի նուիրեց։

Բայց կը հաւատա՞ք, տոքթէօր, երբ ըսեմ թէ այդ մարդը իր խենթութիւնն ալ ինծի փոխանցեց, ճամբորդելու խենթութիւնը։ Ի՜նչ, յիմարութիւնը փոխանցիկ չէ՞՝ կ ՚ըսէք։ Հիմա ես ալ սկսայ ճամբորդել կլոր բաներ փնտռելու համար, բայց իմ փնտռածներս ուրիշ կլորներ էին…։ Լուսահոգիին մահէն ի վեր մոռցայ թէ անգլիական ոսկիները ի՞նչ ձեւի էին…։

Թերեւս դուք իմ հոգեբանութիւնս հասկնաք, տոքթէօր։ Թշուառ եմ ու թշուառութիւնը կ ՚ատեմ։ Ես անոնցմէ չեմ որ սոխ ու հաց կ ՚ուտեն ու փառք կու տան Աստուծոյ։ Եթէ ես իսկ հանդուրժեմ, առողջութիւնս կրնա՞յ հանդուրժել, տոքթէօ՛ր։

Բարեյիշատակ խենթիս շնորհիւ եւրոպական մայրաքաղաքներուն է՛ն մեծ պանդոկներուն մէջ դռնապանի ծանօթութիւններ հաստատեցի, որոնք կանխա՛ւ ինծի իմաց կու տան նշանաւոր ժամանումները։ Որովհետեւ եթէ թերթերուն գրելուն սպասեմ՝ այդ մարդերը մեկնած կ ՚ըլլան արդէն. չնայած որ շատերն ալ անուննին կը կեղծեն։

Ասկից զատ, ես ալ մեծահարուստներուն սովորութիւնները ուսումնասիրեցի։ Օրինակի համար, գիտեմ որ այսինչ երգչուհին ո՞ր օրը Մօնթէ ֊Քարլօ պիտի հասնի՝ քազինո յի բացումը ընելու. նո՛յն օրն իսկ Եիւդպաշէֆ հոն կը հասնի, նո՛յն ժամուն ես ալ հոն եմ…։ Ամէն Յուլիսի վերջը Պատրիկ պէյ Լօզան կը հասնի իր տղոց ամավերջի քննութիւններուն ներկայ ըլլալու. գիտեմ որ շնորհքով տղաքներ են, անպատճա՛ռ կը յաջողին, հետեւապէս ե՛ս ալ հոն կ ՚երթամ զիրենք շնորհաւորելու…։ Ամէն Մարտի սկիզբը Գալանթարօֆի աղջիկը Ժընեւ կու գայ… զաւակ մը ծնելու. Փարիզի հայ քահանային հոն հասած օրն իսկ, նո՛յն շոգեկառքով ե՛ս ալ հոն կը հասնիմ կնունքին…։

Ամէն մարդուն ուրախ ժամը գիտնալու է։ Ամէն սուրբ իր օրը ունի։ Ամէն քաղաք իր տօնը ունի։

Ձմեռը Նիս կը գտնուիմ ընդհանրապէս, առողջութեան եւ ուրիշ տեսակէտներով։

Գարնան Միջերկրականը կ ՚եզերեմ եւ Վենետիկ կը հասնիմ. հոն ոսկեզօծ ձուկեր կը լողան Լիտօ կղզիին շուրջը։

Ամառը Սէմբլօնէն կ ՚անցնիմ Զուիցերիա. Ալպեաններուն օդը սքանչելի է թոքերուս համար։ Ու շատ մը հարուստներ ալ ինծի պէս մտածելով միեւնոյն ատեն հոն կը հասնին։

Անկից Փարիզ քայլ մըն է. ու Փարիզն ալ աշնան թագուհին է…։ Գիտե՜մ, տոքթէօր, գիտե՜մ, այդ քաղաքին օդը ինծի չի գար…։ Բայց աղուէսին վերջին օթեւանը մուշտակավաճառի խանութն է՝ կ՚ըսեն. մեր վերջին հանգրուանն ալ Փարիզն է միշտ։ Մա՛նաւանդ որ հոն իւղոտ պատառներ չեն պակսիր աշնան։

Այսպէս, անգամ մը Մանթաշօֆն ու Պօղոս փաշան տեսայ թեւ֊թեւի, ու իսկոյն երկուքին ալ փէշերը պագի։ Յայտնի է թէ եթէ առանձին ֊առանձին ըլլային՝ ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընէին։ Բայց մարդերն այնպէս են, որ երբ քով քովի դնես ուրիշ մարդ կ ՚ըլլան։ Բժշկութեան մէջ ալ ասանկ դեղեր կան կարծեմ որ իրար միանալով գոյն կը փոխեն։ Այս բաղադրութիւնները գիտնալու է. արուեստին դժուարութիւններն են ասոնք…։

– Դուն դեռ հո՞ս ես, – կշտամբեց Մանթաշօֆ հայրաբար։

– Ամերիկա գործ գտայ բայց ճանապարհածախս կը պակսի, – կակազեցի։

Թղթապանակը բացաւ,– այն թղթապանակը որուն վրայ էր ամբողջ ազգին աչքը,– մէջէն քանի մը դրամատոմս հանեց.

– Վերցրու ու կորիր, – ըսաւ։

Բայց Պօղոս փաշան ալ պզտիկ մնալ չուզեց. երկու թուղթ ալ ան ոլորեց ձեռքիս մէջ։

– Աստուած ձեր երկուքն ալ անպակաս ընէ անտիրական ազգիս գլխէն…։

Հիմա պիտի հարցնէք որ ինչո՞ւ այդ դրամով Ամերիկա չգացի։ Բայց չէք մտածեր որ ես Ամերիկա երթալիք մա՞ր դ եմ. իմ թոքերս այդ գործարանի ծուխերուն ու ձիու միսերուն կրնա՞ն դիմանալ…։

Մանաւանդ որ այս անվերջ տեղափոխութիւններէն բոլորովին քայքայուած էր առողջութիւնս։ Կը զգայի որ ա՜լ մեռած մարդ մըն էի, ու այս իմ վերջին յաջողութիւնս էր։

Արեւոտ երկիր մը գացի թոքերս տաքցնելու։ Օր մը գրպանիս վերջին դրամը կ ՚ուտէի անձնասպանութենէ զատ ճար մը չգտնելով վաղուան համար, երբ յանկարծ՝ ժառանգութեան լուր մը հասաւ ականջիս…։

Ողորմած֊հոգի Արթին փաշա մեռնելով՝ Փարիզի հայ աղքատներուն 10.000 ֆրանք ձգեր էր բաժնուելու։ Իսկոյն հաշուեցի որ մենք հոն 17 հայ աղքատներ էինք, եւ ամէն մէկուս 588 ֆրանքի պէս բան մը կ ՚իյնար։

Շունչս Փարիզ առնելով շիտա՛կ Քահանային դիմեցի, անկէ Ատենապետին, անկէ Քարտուղարին, անկէ Գանձապետ պէյին։

Աշունը արդէն անցեր, ձմեռը եկեր էր, Փարիզի աղտոտ ձմեռ մը։ Ճաշարանի մը առջեւ ժամերով Գանձապետ պէյին սպասեցի, չեկաւ։ Միւս օր աւելի կանուխէն գացի հոն, դարձեալ սպասեցի, ոտքերս ցեխերու մէջ, ձեռքիս ծաղկավաճ առի կողով մը, ձիւներուն տակ առա՛նց վերարկուի։ Խոնաւութիւնը ոտքերէս վեր կ՚ելլէր, արիւնս կը սառեցնէր։ Հազացի, թուքս ձիւնը կարմրցուց …։ Պիտի գա՞ր, չպիտի՞ գար…։

Ա՜խ, տոքթէօր, հիւա՜նդ ըլլալ, ճերմակ բարձերու վրայ պառկիլ, փափուկ ձեռքերէ խնամուիլ. հիւանդութի՞ւն է այս…։ Բայց երբ ամէ՛ն հազալուդ թոքերուդ պատառ ֊պատառ փրթիլը կը զգաս, երբ կարմիր կը թքնես, երբ աշխարհէ աշխարհ դարման կը մուրաս, երբ ապրելու համար մէկու մը կնունքին, միւսի մը մահուան կը սպասես, երբ ցեխերուն մէջ կը դողաս որ Գանձապետ պէյը անցնի, ա՜խ, սարսափելի՜, սարսափելի՜ բան է, այս հիւանդութիւնը գիրքերուն մէջ չէ՛ գրուած…։

Բայց ահա ճաշարանին առջեւ գոց կառք մը կեցաւ. ճարպոտ մարդ մը դուրս ելաւ։ Առաջ նետուեցայ, տժգունեցաւ։

– Ի՞նչ կ ՚ուզես ինձմէ…

– Արթին փաշային ժառանգութիւնս…

– Կտակի մասնախումբին գնա…

– Ես քեզ չեմ ճանչնար. գնա դրա՛մ շահէ, խաչագո՛ղ…

Երբ այս բառը լսեցի, արիւնս գլուխս ցատկեց…։ Թոքախտ մարդուն խաչագո՜ղ ըսել…։

– Դուն որի՞ն դրամը որի չես տար, զզուելի՛ մակաբոյծ. հապա դուն օր մը դրամ շահած ունի՞ս…։

Այսպէս պոռալով վրան յարձակեցայ, սիլէնտր գլխարկը ցեխերուն մէջ գլորեցի, ածելիով մը երեսները քզքզեցի, բայց ո՛չ թէ մեռցնելու համար (խե՞նթ եմ), այլ իր խնամուած դէմքին վրայ անա՛նկ յիշատակ մը ձգելու՝ որ, երբ մեռնիմ զիս չմոռնայ…։

Ի՜նչ երկնցնեմ, տոքթէօր. ինծի օդ ու արեւ պէտք էր, զիս բռնեցին աղտոտ բանտ մը նետեցին։ Ամիսներով այդ խորշին մէջ ամբողջ թոքերս թուքի…։ Վա՜յ այն խեղճին որ ինձմէ վերջ այդ ծակը նետեցին. եթէ նոյնիսկ ըմբիշ մըն է, թոքախտաւոր պիտի մեռնի…։

Հիմա ալ, հազալով ու թքնելով, Փարիզէն ելանք ու Լօզան եկանք։ Լօզան շիտա՛կ քեզի եկանք, գրպանիս մէջ առանց մետաղի կտորի մը…։

Կը խնդրեմ, Տոքթէօր, օ՜, անհանգիստ մը ըլլաք, ես քենէ դրամ չեմ ընդունիր…։ Ուզածս միա՛յն… դեղի դրամ մը, ու թոքախտի վկայական մը՝ տեղացիներուն դիւրութեան համար…։

Արդէն դեռ քանի՞ օր հոս պիտի ապրիմ։ Երկու շաբաթէն Գալանթարօֆի աղջիկը Ժընեւ կու գայ՝ ծնելու…։

Yaş həddi:
12+
Litresdə buraxılış tarixi:
26 iyun 2017
Həcm:
170 səh. 1 illustrasiya
ISBN:
9781772467871
Müəllif hüququ sahibi:
Aegitas
Yükləmə formatı:

Oxşar kitablar